HY RU EN
Asset 3

Բեռնվում է ...

Էջի վերջ Այլ էջեր չկան բեռնելու համար

Որոնման արդյունքում ոչինչ չի գտնվել

Նշան Պէշիկթաշլեան․ Հայ աղբրտիք(Հայը, Անգլիացի գրող ու հայ գրող )

սկիզբը

Հայը

Աստուած Հայը հրեշտակ է ստեղծած. վերջը զղջացած է ու սատանայի է վերածած։ Յետոյ ջնջած է անոր սատանայութիւնն ալ։ Հայը, սակայն, երկու էակներէն մէյ մէկ բան պահած է իր մէջ։ Աստուած Հայը երկիր ղրկած է` իբրեւ ֆէնոմէն։ Հայը մարդ չկրցաւ ըլլալ աշխարհի մէջ։

Դիւրաւ կարելի է ճանչնալ զինքը։ Ունի գլուխ մը, որուն գանգուր մազերը մրրիկի մը մէջ են` նման իր լեռնաշխարհին ալեկոծութեան։ Իր աչքերը` սեւով ու լոյսով խառն, լիճեր են, որոնց մէջ նետուած են իր ցեղային հանճարին քնարները, նկարները, ճարտարապետական ոճերը, ազգային պատմութիւնը։ Այդ բոլորը վեր կ’ելլեն, երբ հով մը փչէ։ Իր լիճերէն կ’ելլեն բարութեան անոյշ գետեր։ Իր քիթը Արարատ մըն է։ Խօսակցութիւնն ալ երկրաշարժ։ Կռնակէն աւելի շուտ կարելի է ճանչնալ զինքը։ Երբ տեսնես մէկը, իր ետեւէն, որ ծոծրակին մազերը կտրել տալու համար շատոնց է սափրիչին չէ գացած, վստահ կրնաս ըլլալ, որ անիկա Հայ է։

Դժուար է, սակայն, զինքը ճանչնալ իր ներսէն։

Առաջին քննութեամբ կ’ըսես` թիւ է ան։ Կը կարդաս իր թուանշանները ու կը տեսնես, որ տակէն կ’ելլեն բառեր։ Կ’ըսես` խօսք է ան։ Կ’ընթեռնուս խօսքերը ու կը գտնես, որ ոտանաւոր է։ Կը նկատես, սակայն, որ բնաւ չափ չունի ու կ’եզրակացնես` հանելուկ է ան։ Կը ճգնիս գտնել ի՛նչ ըլլալը, մէյ մըն ալ կը տեսնես, որ առեղծուած է եղեր։ Կ’աշխատիս լուծել, սակայն, առեղծուածը քենէ աւելի կ’աշխատի չլուծուելու համար։ Հայը աշխատանք կը կարծես ու կ’ըսես իրեն. «Ի՜նչքան գործունեայ ես, եկուր միասին քրտինք թափենք հանրային գործի մը համար»։ Կուգայ, բայց ատեն մը վերջը կը խորհրդածես. «Ան գործի մարդ է անձնական ձեռնարկի մէջ ու խօսքի մարդ՝ հանրային ձեռնարկի մէջ»։ Օր մըն ալ կ’իմանաս, որ դրամ է դիզեր։ Ան` խաբուած Աստուծմէ ու իր արարածներէն, փարեր է մամոնային ու նոյնացեր է անոր հետ։ Շիներ է տուն, բացեր է խանութ, ի՜նչ փոյթ, թէ ոտքերը յաճախ իր տան պատուհանէն դուրս են ելած ու իր գլուխը իր խանութին դռնէն դուրս է։ Կը չափէ, կը կշռէ, թիւերը ձիւթ է ըրեր ու կը ծամէ։ Ճահիճը քաղաք կը շինէ ու անապատը` շուկայ։ Կը բացագանչես` Էվրէքա՜, նիւթ է ան։

Տօնական օր մըն ալ կը մտածէ եկեղեցիի ու դպրոցի մասին։ Իր մտածումին չափ արագ գրեթէ՝ կը կանգնէ տաճարը եւ ուսումնարանը։ Ծառի մը ճիւղերուն չափ միութիւններ կ’արձակէ։ Օրեր կ’անցնին, մեր ֆէնոմէնը մատուռին առջեւ կը հայհոյէ ու վարժարանին առջեւ կ’աղօթէ։ Իր լուտանքին ու փառաբանութեան մէջ միշտ յափշտակուած քրիստոնեան է։ Նոր եզրակացութեան մը հասած կ’ըսես` ոգի է ան։

Սակայն, երբ իր խանութը երթաս, կը գտնես Հրեայ մը, երբ իր ժողովին երթաս, կը գտնես Բիւզանդացի մը, երբ իրեն հետ յարաբերուիս, յաճախ կը գտնես Քիւրտ մը, երբ հրապարակ երթաս, կը գտնես ճինիվիզ մը։ Բայց եթէ իր տունը երթաս, այնտեղ կը գտնես իր լաւագոյն յատկութիւնները։ Ու մէջէն չես կրնար ելլել։

*

Հայը, երբ կուսակցական է, կը ճառէ ազատութենէ, երբ չէզոք է, կը խօսի միութենէ։ Իբր մարդ՝ անիշխանական է, իբր Հայ՝ ազգայնական։ Անգամ մը որ տիրանայ իր հայրենիքին, կրկին անիշխանական կը դառնայ։

Քաղաքական կեանքի մէջ գործազուրկ է, ու գործազրկութեան նպաստ չի տրուիր իրեն։ Հայասէրներու բարոյական լումաներով կը կառուցանէ սպանիական դղեակներ եւ, անոնց մէջ նստած, կարկանդակներ կ’որոճայ։

Եթէ տարագրուի կամ աղքատանայ կամ երբ աշխարհի հեռաւոր մէկ անկիւնը իյնայ, շուտով կը գտնէ հացի ճամբան։ Փորձէ իրեն նպաստ տալ՝ այն ժամանակ կը ծուլանայ, մոլութենէ մոլութիւն կը գլտորի։

Կարելի չէ ոչ սուրով, ոչ հուրով սպաննել զինքը։ Զինքը մեռցնելու միակ միջոցը իրեն նպաստ տալն է։

Կրօնաւորները լաւ գիտեն այս գաղտնիքը ու հայուն վրայ կը վազեն աղէտներէ վերջը` տանելով նպաստի, կաթոլիկութեան կամ բողոքականութեան սնտուկներ եւ պարկեր։ Հայը լեռան մը վրայ կանգնած ըլլայ, ու միսիոնարը լեռան ստորոտը` պարկը բացած, Հայը ահագին բարձրութենէն, մէկ ոստումով, ամբողջ գլուխովը կը մտնէ պարկին մէջ։

Հայը, ինչով ալ զբաղի, կ’ընէ նաեւ դագաղագործութիւն։ Ան ամէն օր կը շինէ քանի մը դագաղ` բան մը թաղելով իրմէ։ Բարեբախտաբար, անսպառ է իր կենդանութիւնը։ Լաւ դագաղագործ ըլլալով` լաւ ալ մեռել թաղող եղած է։

Գիտունները կը փնտռեն յաւիտենական շարժումը։ Հայը կը խնդայ անոնց վրայ ու կ’ըսէ իւրովի. «Ե՛ս եմ յաւիտենական շարժումը, եւ ինծի է, որ կը փնտռեն»։ Ինքն ալ, սակայն, բան մը կը փնտռէ` Անկախութիւնը, ու զայն գտնելու համար օտարին դռները ափ կ’առնէ։ Կ’ըսես իրեն. «Անկախութիւնը դուն պիտի յայտարարես»։ Այս անգամ կը չէզոքանայ՝ անկախ հռչակուելու համար։

Շատ թերթ ու գիրք կը հրատարակէ։ Ասով կ’ապացուցանէ որ երբեք չէ ներկայացուած Տիար Յուսահատութեան եւ ոչ մէկ ծանօթութիւն ունի անոր հետ։

Ինչ որ իրն է ու անմիջապէս դրամի չի վերածուիր, չի գնահատեր։ Օրինակ իր տաղանդաւորները։ Բայց վա՜յ, եթէ իր ցեղին պատկանող միջակ մը ստանայ օտարներու ներբողականը. չտեսի մը նման, մեծով պզտիկով, բարեկենդան կը սարքէ, կ’ուռի եւ կը պայթի։

Ինկի՛ր, ու Հայը ձեռք մը կուտայ քեզի։ Ելի՛ր ու կ’ընդունիս իր ոտքը կամ իր նախանձէն եկող կիցը. որ, սակայն, ազգօգուտ է, որովհետեւ կը մարզէ քեզ եւ պատճառ կ’ըլլայ, որ պինդ կենաս ու ա՛լ չիյնաս։

Հայուն կրնաս ցոյց տալ բոլոր կարողութիւններդ, սակայն մի՛ յայտներ իրեն գրպանիդ կարողութիւնը, աւելի ճիշդը ըսելով` անկարողութիւնը։ Իր համարումը եթէ չվերնայ իսկ, անպայման կը պակսի։ Ան քեզ անգին կամ թանկագին կը կարծէր ու կը համոզուի, որ աժան ապրանք ես։ Ան չուզեր սորվիլ արժէքին ու գինին մէջ գտնուող տարբերութիւնը։

Հայը կապուած է իր ցեղին, իր լեզուին, քիչ թէ շատ` իր օրաթերթին ու գրականութեան եւ մշակոյթին։ Սակայն վայ, եթէ օտար լեզու մը սորվի կարդացածը հասկնալու չափ. կամացուկ մը «մնաս բարով» կ’ըսէ իր մշակոյթին` վերէն նայելով անոր վրայ, ու կը բռնէ այլասերման նրբուղին։ Հայուն իրապէս իր ցեղին կապուած ըլլալը այն ատեն միայն կը հասկցուի, երբ ան, օտար տարածուն լեզու մը գիտնալով հանդերձ, չի հեռանար Մեսրոպին աննման գիրերէն։

*

Հայուն մէջ երկու հոգի կայ` վախկոտ մը եւ քաջ մը, կամ ստրուկ մը եւ հերոս մը։ Ամէն ազգի մէջ վախկոտը կը կծկուի քաջին ետեւը. ընդհակառակն է Հայուն մէջ. քաջը կը գտնուի վախկոտին տակը։ Ամէն բռնակալ կրնայ իր առաջին հոգին հանել։ Հանե՞ց. սոսկալի է հրաշքը։ Կը ցցուի պահեստի հոգին` խենթի նման։ Ու կը զարնէ։ Եւ իր հարուածը անսխալական է… Պապին պէս։

Երբ վտանգի օրերը անցնին, Հայը կը մեռցնէ իր մէջի հերոսը ու վախկոտին հետ քաջաբար շուկայ կ’իջնէ` գրաւելու՛ համար Ոսկեբերդ մը։

*

Օտարներէն ոմանք կ’ըսեն, թէ առեւտուրի մէջ մէկ Հայ կրնայ խաբել երեք Իսրայելացի։ Իրենց ըսածը հաստատելու համար, սակայն, երեք հրեայ չեն կրնար ճարել` իբր սուտ վկայ։ Ու մանաւանդ կը մոռնան, որ քաղաքականութեան մէջ բաւական է եւրոպացի շոշորթ մը` խաբելու համար ամբողջ հայութիւնը։ Հայը, որ շէնցնող է, որ կը շինէ ոչ միայն իրը այլ եւ ուրիշներունը, անշուշտ, ունի վաճառականական տաղանդ. սակայն իր այդ ճարպիկութիւնը սկսած է այն տեղէն, ուր դադար մը առած է աշխարհի քաղաքական խարդաւանքը։

Աշխարհը ընդգրկող խաբէութեան մանեակ մը կայ։ Ճշդենք անոր վրայ Հայուն տեղը։ Հայը այդ խաբէութեան մանեակին մէջտեղէն կախուած մըն է։ Կախուած է` իբր խաչեցեալ ու Միւսին պէս, չէ կրցած միւռոնե՛լ խաչագողի երեսը՝ քրիստոնեայ աշխարհին։

*

Ըսինք, որ Հայը իր մէջ ունի հրեշտակային ու սադայէլական գիծեր։ Արեւուն տակ ան անմեղ եղաւ` հրեշտակի մը պէս, ու այս պատճառով է, որ հող չունեցաւ երկրի վրայ։ Հրեշտակները տեղ չունին աշխարհի մէջ։ Եղաւ նաեւ սատանայի մը չափ խելացի, բայց, հակառակ իր խելքին, սատանայի մը պէս ալ մնաց միշտ դժոխքի մէջ։

Հայը իր տառապանքին չափ բարձր էակ մըն է։

Ան, արիւնաքամ, իր Գողգոթային կատարէն, ներողութեամբ, բարեսիրտ հեգնութեամբ եւ աստուածային քաղցր ակնարկով կը նայի վար` զօրաւորներու խաժամուժներուն, որոնք կը համարձակին դեռ աղմկել Ազատութեան, Արդարութեան, Եղբայրութեան եւ փոքր ազգերու պաշտպանութեան անունով։

 

Անգլիացի գրող ու հայ գրող

 

Ամպուազ հասնելուս հետեւեալ օրը տանտիրուհիս, ըստ օրինի, տպուած ցուցակ-հարցարանը ներկայացուց ինծի, որպէսզի լեցնեմ։

Նշանակեցի անունս, մականունս, ծննդավայրս, ծննդեան թուականս, ազգութիւնս, զբաղումս, ինքնութեան թուղթի թիւս, փարիզեան հասցէս եւայլն։

Տանտիրուհիս, որ գլխուս վերեւ կեցած էր, աչք մը նետելէ վերջ բացագանչեց.

- Բայց, պարոն, գրո՞ղ էք դուք…

- Այո՛, տիկին, գրող եմ։

- Ի՜նչ կ’ըսէք… ուրեմն, ահագին դրամ կը շահիք…

- Գրող եմ, սակայն հայերէն գրող։ Ֆրանսացի գրողներն են, որ հիմա լաւ կը շահին։

Համոզուեցայ, որ տանտիրուհին տարհամոզել անկարելի է։ Ան զիս հարուստի տեղ դնել սկսած էր։ Որպէսզի այլապէս ջրեմ իր համոզումը, ըսի.

- Աւա՜ղ, տիկին, ես աննշան, ես անտաղանդ, ես խեղճ գրող մըն եմ։

- Օ՜, վստահ եղէք, մէկ-երկու տարիէն դուք ալ նշանաւոր, տաղանդաւոր ու հարուստ պիտի ըլլաք։ Ի՜նչ լաւ գործ, ի՜նչ լաւ գործ։ Գիտէ՞ք, պարոն, իմ վարձակալներուս մէջ ուրիշ գրող մըն ալ կայ։ Անգլիացի մըն է, իր սիրուհիին հետ։ Առաջին առթիւ ձեզի կը ներկայացնեմ։ Առատաձեռն, քաղաքավար, շատ ազնիւ երիտասարդ մըն է։ Շատ գոհ պիտի ըլլայ։

- Իսկ ես շատ գոհ կ’ըլլամ, եթէ չներկայացնէք զիս։

- Բայց ինչո՞ւ, պարոն, ի՞նչ պատճառով։

- Անպատճառ ան մեծ գրող մըն է, նշանաւոր, մեծ գումարներ շահող մանաւանդ։ Ես պիտի ամչնամ իրեն հետ խօսելու։ Ատկէ զատ անիկա անպատճառ զարգացած անձ մըն է, մինչդեռ ես հասարակ տգէտին մէկն եմ։ Կայ տակաւին ուրիշ պարագայ մը. ես անգլերէն ալ չեմ գիտեր։

- Ան ֆրանսերէն բաւական կը խօսի։ Պիտի ներկայացնեմ։

Երկու օր վերջ ո՛չ միայն անգլիացի գրողը այլ նաեւ ամբողջ քաղաքը գիտէր, որ հայ գրող մը ժամանած է։

Ու ծանօթացուց զիս անգլիացի գրողին հետ։

Անգլիացին, իր սիրուհիին հետ ամէն օր ճամբորդութեան մէջ էր, գինովութեան մէջ, ճաշկերոյթի մէջ, նաւակի մէջ, հաճոյքի եւ զեղխութեան մէջ։ Միշտ աչքերուս կը նայէր ժպտելով ու կը բարեւէր։ Օր մը պատուհանիս առջեւ եկաւ, ներս հրաւիրեցի զինքը։ Քիչ մը խմած էր ու ներսէն դուրսէն սկսաւ խօսիլ.

- Հրատարակչական ընկերութեան մը հետ պայմանագրուած եմ։ Երկու ամիսը անգամ մը վէպ մը կը գրեմ ու կը յանձնեմ։ Տարին հինգ վէպ։ Երկու ամիս արձակուրդ։ Ամէնն ալ շուտով կը սպառին։ Տարին 160, 000 ֆրանք միայն հրատարակիչէս կը ստանամ։ Գրելու մեծ դիւրութիւն չունիմ։ Աւելի, քան կրկինը կրնայի շահիլ, եթէ այդ դիւրութիւնը ունենայի։

- Ի՞նչ նիւթերու մասին կը գրէք։

- Ես ոստիկանական, ոճրագործական, աւազակային, խորհրդաւոր վէպեր կը գրեմ։ Ինչպէս ըսի, երեք տարի է, որ սկսած եմ այս գործը։ Յիմար եմ եղեր անկէ առաջ։ Առաջին վէպիս նիւթն էր աղջիկ մը, որ սիրահարուած է գաղտնի ոստիկանի մը։ Երկրորդ վէպիս նիւթն էր ուրիշ աղջիկ մը, որ սիրահարուած է աւազակապետի մը։ Երրորդ վէպիս նիւթն էր տիկին մը, որ սիրահարուած է միանգամայն ոստիկանապետի մը եւ անոր հակառակորդ ոճրագործի մը։ Չորրորդ վէպիս նիւթն էր աղջիկ մը, որ խենթի պէս սիրահարուած է գողի մը տղուն։ Հինգերորդ վէպիս նիւթն էր դպրոցական աղջիկ մը, որ սիրահարուած է ոստիկանի մը։ Վեցերորդ վէպիս նիւթն էր մայրապետ մը, որ սիրտ տուած է արիւնկզակ աւազակի մը։ Եօթներորդ վէպիս նիւթն էր քսակահատ մը, որ սիրահարուած է գաղտնի ոստիկանի մը աղջկան։ Ութերորդ վէպիս նիւթն էր ոստիկանի մը աղջիկը, որ սիրահարուած է խաչագողի մը։ Իններորդ վէպիս նիւթն էր ոճրագործ մը, որ սիրահարուած է իր զոհին աղջկան։ Տասներորդ վէպիս նիւթն էր ոստիկանի մը շունը, որ սիրահարուած էր մարդասպանի մը շանը։ Տասնըմէկերորդ վէպիս նիւթն էր գաղտնի ոստիկան մը, որ սիրահարուած է գող կնոջ մը։ Տասներկուերորդ վէպիս նւթն էր ոստիկանապետի մը կինը, որ սիրահարուած է վարդապետի մը, մաքսանենգի մը եւ ծովահէնի մը, միաժամանակ։ Տասներեքերորդ վէպիս նիւթն էր ոստիկան մը եւ գող մը, որոնք սիրահարուած են միեւնոյն կնոջ։ Տասնըչորրորդ վէպիս նիւթն էր դատական նախարարի մը աղջիկը, որ սիրահարուած է գողի մը եւ նոյն գողին տղուն։

- Ձեր յաջորդ վէպին նիւթը ի՞նչ պիտի ըլլայ…

- Խիստ ինքնատիպ բան մը։ Ոստիկան մը, որ սիրահարուած պիտի ըլլայ գողի մը…

- Ի՞նչ…

- Կամ գող մը, որ սիրահարուած է ոստիկանի մը…

- Իսկ անկէ վերջը գալիք վէպին նի՞ւթը…

- Զգայացունց բան մըն է։ Երկու գաղտնի ոստիկան եւ երկու աւազակ` սիրահարուած մէկը միւսին կնոջ։ Այսպէս՝ առաջին գողը սիրահարուած է երկրորդ ոստիկանին կնոջը, երկրորդ գողը սիրահարուած է առաջին գողին կնոջը։ Իսկ չորս կիները, իրենց կարգին, սիրահարուած են մարդու մը` աշխարհահռչակ կռփամարտիկի մը։ Կիներուն սէրը մէջտեղ կ’ելլէ ու երկու ոստիկաններն եւ երկու գողերը դաշնակցած, նեղ տեղ մը, կը բռնեն կռփամարտիկը։ Ահռելի կռիւ։ Կռփամարտիկը չորս հոգիի դէմ ու յաղթական է։ Վերջին պահուն, սակայն, գետինը տապալած գողերէն մին, դժուարաւ ոտքի ելլելով, շիշ մը կը զարնէ կռփամարտիկին գլխուն, որ զգայազիրկ կ’իյնայ գետին։ Միւսները անմիջապէս կը բռնեն մարտիկը ու կը նետեն գետը։ Կռփամարտիկը ունէր սիրուհի մը, որ շարժանկարի նշանաւոր դերասանուհի մըն է։ Արուեստագիտուհին կը փնտռէ ու փնտռել կուտայ իր սիրահարը ամիսներով։ Միլիոններ կը ծախսէ, ահագին իրարանցում, հետքեր, կասկածներ, խորհրդաւորութիւն, խուզարկութիւն եւ, սակայն, ոճրագործները չեն բռնուիր։ Օր մը դերասանուհին ծովուն մէջ լողացած պահուն՝ դիպուածով կը գտնէ իր սիրահարին դիակը։ Գաղտնի ոստիկանուհիի մը նման ինք կը լծուի գործի` օգնական առնելով քանի մը վարժ գաղտնի ոստիկաններ, որոնց մէջ է նաեւ ոճրագործ ոստիկաններէն մին։ Ու դաւադրութիւն։ Ոստիկանը օր մը բլուրի մը վրայէն վար կը հրէ դերասանուհին, որ կ’իյնայ եւ կը ջախջախուի ժայռերու վրայ։ Այդ միջոցին դերասանուհիին եղբայրը, Աւստրալիայէն վերադարձած ըլլալով, գործի կը լծուի եւ ոճրագործ գողերուն եւ ոստիկաններուն կիներուն մատնութեան շնորհիւ մէջտեղ կը հանէ յանցագործները։ Զգայացունց դատավարութիւն։ Դիմակները վար կ’առնուին, արդարութիւնը կը գործադրուի եւ դերասանուհիին Աւստրալիայէն եկող եղբայրը կ’ամուսնանայ առաջին ոստիկանին կնոջ հետ ու քիչ յետոյ կը սիրահարուի առաջին գողին կնոջը, տարի մը վերջ կ’ամուսնալուծուի, սիրուհին ալ կը լքէ ու կը նշանուի երկրորդ ոստիկանին կնոջը հետ` խենթի պէս սիրահարուելով երկրորդ գողին կնոջը։ Յոյս ունիմ, որ այս վէպս առնուազն մէկ միլիոն օրինակ պիտի տպուի։ Ի՞նչպէս կը գտնէք։

- Կատարեալ, գլուխգործոց մը։ Ճարտարապետութիւն, երեւակայութիւն, թռիչք, խորք, գիւտ, նրբութիւն, զգացում։ Ամէն ինչ կայ։ Կատարելութիւն մըն է։ Պէտք է, որ մէկ միլիոնէ աւելի ծախուի այսպիսի գեղարուեստական բարձր ստեղծագործութիւն մը։

- Մի մոռնաք, որ դեռ երեք տարուան գրող եմ։ Երեք տարի վերջը յաջողութիւնս մեծ պիտի ըլլայ, ու ես` միլիոնատէր։

- Կասկած չունիմ։

- Իսկ դուք ի՞նչ կը շահիք…

Ի՞նչ սուտ խօսէի, Աստուած իմ, ի՞նչ սուտ… Մատիտը առի ու թերթի մը վրայ գրեցի հինգ հազար։ Անգլիացի գրողը աչքերը բացաւ եւ ըսաւ.

- Օրակա՞ն, շաբաթակա՞ն, թէ ամսական…

Ասոր ի՞նչ ըսէի։ Նետեցի.

- Ամսական։

- Ի՞նչ կ’ըսէք։ Այդքան քի՞չ, այդքան քի՞չ… Եւ ինձմէ աւելի հին գրող մը ըլլալով։ Երեւակայեցէք, որ երեք տարի առաջ Լոնտոնի փողոցներուն մէջ լուցկի կը ծախէի ես ու հիմա տարեկան 160, 000 կը շահիմ։ Իսկ դուք… Ահաւոր է մեր մէջ եղած տարբերութիւնը։

- Տարբերութիւնը այնքան ալ մեծ չէ։ Դուք երեք տարի առաջ լուցկի կը ծախէք եղեր փողոցները։ Ես ալ երեք տարի վերջը պիտի պարտաւորուիմ լուցկի ծախել։

(շարունակություն)

Մեկնաբանել

Լատինատառ հայերենով գրված մեկնաբանությունները չեն հրապարակվի խմբագրության կողմից։
Եթե գտել եք վրիպակ, ապա այն կարող եք ուղարկել մեզ՝ ընտրելով վրիպակը և սեղմելով CTRL+Enter