HY RU EN
Asset 3

Բեռնվում է ...

Էջի վերջ Այլ էջեր չկան բեռնելու համար

Որոնման արդյունքում ոչինչ չի գտնվել

Ընտրութիւն՝ որ յաղթող պիտի չունենայ

Պատրիարքական Աթոռի 13 տարիներու թափուր շրջանը, եթէ վերջին պահուն յանկարծ դատական արգելք մը չպատահի 11 Դեկտեմբերին պիտի տիրանայ իր նոր գահակալին։ Սակայն ընտրութեան ընդառաջ մեր դիմաց գլխաւոր հարցումն է, թէ քանի՞ հոգի պիտի մասնակցի ընտրութեան եւ ի՞նչ համեմատութիւն պիտի կազմէ երկու թեկնածուներուն ալ դէմ քուէարկողներու ձայնը։ Չէ որ պարտադրուած երկընտրանքէն խուսափողներու թիւը բաւականին բարձր է։ Նաեւ պէտք է նկատի ունենալ նման մտահոգութեամբ ընտրութեան մասնակցիլ չուզողներու գոյութիւնը։ 

Երկարատեւ եւ փո­­­թոր­­­կա­­­­­­­լից տա­­­րակար­­­ծութիւննե­­­րու շրջա­­­նէ մը ետք վեր­­­ջա­­­­­­­պէս հա­­­սած է Թուրքիոյ Հա­­­յոց Պատ­­­րիար­­­քա­­­­­­­կան Աթո­­­ռի 85-րդ գա­­­հակա­­­լը ճշդե­­­լու պա­­­հը։ Բա­­­ռին բուն իմաս­­­տով աղմկա­­­յարոյց այս շրջա­­­նի աւար­­­տին ան­­­շուշտ, որ կիր­­­քե­­­­­­­րը չեն հան­­­դարտած եւ ըստ երե­­­ւոյ­­­թի մին­­­չեւ վերջ ալ պի­­­տի շա­­­րու­­­նա­­­­­­­կուին նոյն թա­­­փով։ Ինչպէս ծա­­­նօթ է այս ընտրու­­­թեան նա­­­խօրեակին տե­­­ղի ու­­­նե­­­­­­­ցաւ ան­­­նա­­­­­­­խադէպ զար­­­գա­­­­­­­ցում մը եւ Ներ­­­քին Գոր­­­ծոց Նա­­­խարա­­­րու­­­թիւնը լրջօ­­­րէն սահ­­­մա­­­­­­­նափա­­­կեց ընտրու­­­թեան մաս­­­նակցե­­­լու իրա­­­ւունքը։ Մեր եկե­­­ղեցա­­­կան աւան­­­դութեան մէջ առա­­­ջին ան­­­գամ երկրէ դուրս գոր­­­ծող եպիս­­­կո­­­­­­­պոս­­­նե­­­­­­­րու առ­­­ջեւ պատ­­­նէշ մը դրո­­­ւեցաւ եւ ար­­­գի­­­­­­­լուե­­­ցաւ անոնց իրենց թեկ­­­նա­­­­­­­ծու­­­թիւնը առա­­­ջադ­­­րե­­­­­­­լու իրա­­­ւունքը։ Աւե­­­լի ծանր երե­­­ւոյ­­­թը գո­­­յացաւ, երբ ար­­­դար ընտրու­­­թիւն կազ­­­մա­­­­­­­կեր­­­պե­­­­­­­լու հե­­­ռան­­­կա­­­­­­­րով պաշ­­­տօ­­­­­­­նակո­­­չուած Նա­­­խաձեռ­­­նարկ Մար­­­մինն ալ հա­­­մակեր­­­պե­­­­­­­ցաւ այս անար­­­դա­­­­­­­րու­­­թեան եւ մեր­­­ժեց պե­­­տու­­­թեան դէմ առար­­­կե­­­­­­­լու վար­­­կա­­­­­­­ծը։ Առար­­­կութիւ­­­նը խա­­­փանող­­­նե­­­­­­­րը կ՚ար­­­դա­­­­­­­րանա­­­յին պնդե­­­լով թէ նման առար­­­կութիւն մը կրնայ աթո­­­ռին եր­­­կար տա­­­րիներ եւս թա­­­փուր մնա­­­լուն պատ­­­ճառ դառ­­­նալ։

Այս պայ­­­մաննե­­­րու տակ 7 Դեկ­­­տեմբեր շա­­­բաթ օր, Հո­­­գեւո­­­րակա­­­նաց դա­­­սը պի­­­տի ճշդէ կրօ­­­նական պա­­­տուի­­­րակ­­­նե­­­­­­­րը։ Իսկ յա­­­ջորդ օր Պոլ­­­սոյ եւ գա­­­ւառի բո­­­լոր եկե­­­ղեցի­­­ներուն մէջ ժո­­­ղովուրդը իրենց ձայ­­­նե­­­­­­­րով պի­­­տի ճշդեն պատ­­­գա­­­­­­­մաւոր­­­ներ, որոնք յա­­­ջոր­­­դող չո­­­րեք­­­շաբթի օր Պատ­­­րիար­­­քա­­­­­­­րանի մէջ կա­­­յանա­­­լիք ժո­­­ղովով մը պի­­­տի յայ­­­տա­­­­­­­րարեն Պոլ­­­սոյ Պատ­­­րիար­­­քա­­­­­­­կան Աթո­­­ռի 85-րդ գա­­­հակա­­­լը։

Ան­­­շուշտ որ սա ինքնին պայ­­­ծառ երե­­­ւոյթ մըն է, որուն հա­­­մար պի­­­տի ղօ­­­ղան­­­ջեն եկե­­­ղեցի­­­ներու զան­­­գակնե­­­րը եւ պի­­­տի աւե­­­տեն նորըն­­­տիր պատ­­­րիար­­­քի գա­­­հակա­­­լու­­­թիւնը։ Սա­­­կայն դար­­­ձեալ ըստ երե­­­ւոյ­­­թի ստո­­­ւեր ին­­­կած պի­­­տի ըլ­­­լայ այդ ու­­­րա­­­­­­­խու­­­թեան վրայ եւս, քա­­­նի որ ներ­­­կայ անար­­­դա­­­­­­­րու­­­թեան պայ­­­մաննե­­­րուն մէջ հար­­­ցա­­­­­­­կան պի­­­տի ըլ­­­լայ կա­­­տարո­­­ւած ընտրու­­­թիւնը։ Սա ինքնին դժբախ­­­տութիւն է ար­­­դէն նո­­­րըն­­­տիր պատ­­­րիար­­­քի հա­­­մար։ Ան­­­շուշտ որ այդ դժբախ­­­տութեան գլխա­­­ւոր մե­­­ղաւոր­­­նե­­­­­­­րը պի­­­տի հա­­­մարուին բո­­­լոր անոնք, որոնք կազ­­­մա­­­­­­­կեր­­­պե­­­­­­­ցին այս դա­­­ւադ­­­րա­­­­­­­կան բե­­­մադ­­­րութիւ­­­նը։

Այս պա­­­հուն ան­­­շուշտ հար­­­ցա­­­­­­­կան է նաեւ ընտրու­­­թեան մաս­­­նակցե­­­լու հա­­­մեմա­­­տու­­­թիւնը։ Այդ տո­­­ւեալն ալ ինքնին բա­­­ցատ­­­րա­­­­­­­կան մը պի­­­տի ըլ­­­լայ «Ընտրեալ Պատ­­­րիարք» կո­­­չու­­­մին հա­­­մար։

Միւս կող­­­մէ Նա­­­խաձեռ­­­նարկ Մար­­­մի­­­­­­­նը կը փոր­­­ձէ զա­­­նազան եղա­­­նակ­­­նե­­­­­­­րով ար­­­գելք ըլ­­­լալ պա­­­րապ քո­­­ւէնե­­­րու գոր­­­ծա­­­­­­­ծու­­­թեան։ Դի­­­տումնա­­­ւոր կեր­­­պով կը խու­­­սա­­­­­­­փի ընտրող­­­նե­­­­­­­րու թի­­­ւին մա­­­սին յստակ յայ­­­տա­­­­­­­րարու­­­թիւններ ընե­­­լէ։ Այդ շրջա­­­նակ­­­նե­­­­­­­րէ հա­­­սած տե­­­ղեկու­­­թեան հա­­­մաձայն եկե­­­ղեցի­­­ներէ եկած ցան­­­կե­­­­­­­րով կը խօ­­­սուի 60 հա­­­զար ընտրող­­­նե­­­­­­­րու մա­­­սին, սա­­­կայն այս թո­­­ւան­­­շա­­­­­­­նը եւս կաս­­­կա­­­­­­­ծելի է, քա­­­նի որ ստոյք կեր­­­պով չէ յստա­­­կացած ձայ­­­նե­­­­­­­րու այժմէակա­­­նու­­­թիւնը։

Ընտրու­­­թեան ըն­­­դա­­­­­­­ռաջ մեր դի­­­մաց գլխա­­­ւոր հար­­­ցումն է, թէ քա­­­նի՞ հո­­­գի պի­­­տի մաս­­­նակցի ընտրու­­­թեան եւ ի՞նչ հա­­­մեմա­­­տու­­­թիւն պի­­­տի կազ­­­մէ եր­­­կու թեկ­­­նա­­­­­­­ծու­­­նե­­­­­­­րուն ալ դէմ քո­­­ւէար­­­կողնե­­­րու ձայնը։

նյութի աղբյուրը՝ Ակոս

 

Մեկնաբանել

Լատինատառ հայերենով գրված մեկնաբանությունները չեն հրապարակվի խմբագրության կողմից։
Եթե գտել եք վրիպակ, ապա այն կարող եք ուղարկել մեզ՝ ընտրելով վրիպակը և սեղմելով CTRL+Enter