HY RU EN
Asset 3

Բեռնվում է ...

Էջի վերջ Այլ էջեր չկան բեռնելու համար

Որոնման արդյունքում ոչինչ չի գտնվել

Մատթէոս Զարիֆեան Արխիւ - Պէյրութ, Լիբանան

Հեղինակ՝ Նորա Սարաֆեան - Թաշճեան

Խմբագրութեան կողմէ

Այս էջով կը ներկայացնենք Մատթէոս Զարիֆեանի եւ անոր ընտանիքին լուսանկարները, վաւերաթուղթերը ու յիշողութեան առարկաները։ Մատթէոս Զարիֆեան (1894-1924) բանաստեղծ մըն է, որ ապրած եւ ստեղծագործած է իր ծննդավայր Պոլսոյ մէջ։ Այս էջին բոլոր նիւթերը կը պատկանին Մատթէոս Զարիֆիանի արխիւներուն եւ մեզի տրամադրուած են անոնց ժառանգորդ՝ Սիլվիա Աճէմեանի կողմէ։ Յուշամատեանի խումբը յատուկ շնորհակալութիւն կը յայտնէ Սիլվիային՝ այս էջին պատրաստութեան ընթացքին իր գործակցութեան համար։

 Հայ քնարերգութեան տաղանդաւոր ներկայացուցիչներէն՝ Մատթէոս Զարիֆեան ծնած է Պոլիս (Կէտիկ Փաշա թաղամաս), 1894-ին: Իր կարճատեւ կեանքին մեծագոյն մասը անցուցած է Պոլսոյ Սկիւտար թաղամասին մէջ:

Գրական ասպարէզ նետուած է 1918-ին եւ թոքախտէն մահացած՝ 1924-ին, 30 տարեկանին:

Հակասութիւններով լի կեանքի պատմութիւն մը, նման նոյն ժամանակաշրջանի հայ ժողովուրդի պատմութեան, ուր յոյսեր եւ յուսախափութիւններ, ճառագայթող մշակոյթ եւ աղէտներ, պատերազմ, գաղթ ու զինադադարի խանդավառութիւն փոխնիփոխ կը յաջորդեն իրարու:

Չորրորդ զաւակը՝ Տաճատ եւ Հռիփսիմէ Զարիֆեաններուն, Մատթէոս Զարիֆեան պատանեկութիւնն ու երիտասարդութիւնը կ՛անցընէ Սկիւտարի գեղատեսիլ բնութեան գիրկը: Պատանի տարիքին՝ դէմ յանդիման կը գտնուի մահուան, երբ կը կորսնցէ մեծ եղբայրը՝ Վահագնը: Վաղամեռիկ եղբօր յիշատակը իր հոգիին մէջ կը մնայ անբաժան եւ անոր կը ձօնէ իր բանաստեղծութիւններու առաջին հատորը:

Նախակրթութիւնը Սկիւտարի Ազգային վարժարանին մէջ ստանալէ ետք, կը յաճախէ Պէրպէրեան վարժարան (Քատըքէօյ թաղամաս), ապա Պարտիզակ քաղաքի ամերիկեան «Բիւթանիա» Bithynia գոլէճ, «Րոպըրթ» գոլէճ (Պէպէք թաղամաս), դարձեալ Պէրպէրեան վարժարան, ուրկէ 1913-ին կը վկայուի «Պսակաւոր Արուեստից» տիտղոսով:

Այդ տարիներուն, Պոլսոյ մէջ մարզական եւ սկաուտական շարժումները կ՛ապրին աշխոյժ վերելք: Զարիֆեան անմասն չի մնար այս շարժումէն: Շատ արագ կը դառնայ սիրուած եւ ծանօթ անուն մը մարզական կեանքին մէջ՝ օժտուած գերազանց յատկութիւններով եւ արժանացած բազմաթիւ մրցանակներու: Նոյն տարիներուն հայկական Պոլիսը կ՛ապրի ազգային-գաղափարական ոգեւոր շրջան մը: Զարիֆեան՝ աւարտելէ ետք Պէրպէրեան վարժարանը, 1913-ին կամաւոր կը մեկնի Կիլիկիա՝ ստանձնելու համար նոր սերունդներ դաստիարակելու պարտականութիւնը՝ իբրեւ Ատանայի Ազգային վարժարանի անգլերէն լեզուի եւ մարմնակրթութեան ուսուցիչ: Սակայն, տարեշրջանը չաւարտած ստամոքսային ծանր հիւանդութեան մը պատճառով կը հեռանայ Ատանայէն։

1914-ի գարնան, կու գայ Լիբանան՝ բժշկուելու ստամոքսային անհանգստութենէ մը: Քանի մը ամիս ետք դարձեալ Պոլիս է եւ կ՛որոշէ բժշկութիւն կամ դեղագործութիւն կամ ճարտարագիտութիւն ուսանիլ, բայց Համաշխարհային առաջին պատերազմը կը խանգարէ այդ ծրագիրը: Կը զինուորակոչուի օսմանեան բանակ՝ որպէս ենթասպայ: Չհանդուրժելով զինուորական կեանքի պայմանները՝ կը դիմէ փախուստի եւ ըմբոստութեան բազմաթիւ փորձերու, որոնց պատճառով աքսորուելու վճիռ կը ստանայ զիւնուորական ատեանի մը կողմէ: Բազմաթիւ միջամտութիւններու շնորհիւ վճիռը կը մեղմանայ եւ կը բանտարկուի։ Կարճ ժամանակ ետք, նոյն բարեխօսութիւններու շնորհիւ ազատ կ՚արձակուի եւ կը դառնայ հիւանդանոցի մը մէջ «հիւանդապահ»:

Զինադադարէն ետք, Զարիֆեան թարգման է Պոլիսը գրաւած բրիտանական բանակին մէջ: 1919-ին բրիտանական քննչական յանձնաժողովի մը հետ կը մեկնի հայկական գաւառներ՝ տեղւոյն կացութեան մասին տեղեկագիր մը պատրաստելու եւ հայ որբեր հաւաքելու նպատակով:

1919-ի վերամուտէն մինչեւ 1921-ի ամառը կը պաշտօնավարէ Պոլսոյ Պէրպէրեան վարժարանին մէջ որպէս անգլերէն լեզուի եւ մարմնակրթութեան ուսուցիչ: Կը դառնայ վարժարանի աշակերտութեան եւ Պոլսոյ երիտասարդութեան կողմէ սիրուած բանաստեղծը՝ ինչպէս հետագային պիտի վկայէր այդ ժամանակաշրջանի վարժարանի աշակերտներէն՝ Շահան Շահնուր, որ Սիմոն Վրացեանին ուղղած նամակին մէջ կը գրէ. «Կը նախընտրէի մնալ իմ խումբիս մէջ, կազմուած Պէրպէրեանցիներէ, որուն առանցքը կը կազմէր բանաստեղծ մը, մերի՛ն բանաստեղծը՝ Մատթէոս Զարիֆեան» (Շահան Շահնուր, «Սիրելի Պրն. Վրացեան», Բագին ամսագիր, ԺԸ տարի, թիւ 4, 1979, Պէյրութ):

Անողոք հիւանդութիւնը շատ արագ կը հիւծէ մարզիկի կենսունակութեամբ լեցուն անոր երիտասարդ մարմինը եւ կը յառաջացնէ կեանքէն հեռանալու խոր զգացում, որ կը վերածուի գրական ստեղծագործական աշխատանքին փարելու մղումի: Մ. Զարիֆեանի առաջին գործը մամուլի մէջ կը տպագրուի՝ 1918-ին: 1919-1923 տարիները կ՛ըլլան Զարիֆեանի ստեղծագործական կեանքի բեղուն ժամանակաշրջանը:

Հիւանդութեան եւ տառապանքի այս մռայլ օրերուն, լոյս աշխարհ կու գան Զարիֆեանի երկու հատորները. «Տրտմութեան եւ խաղաղութեան երգեր»ը՝ 1921-ին եւ «Կեանքի եւ Մահուան երգեր»ը՝ 1922-ին, որոնք բաւարար կ՛ըլլան անմահացնելու 9 ապրիլ 1924-ին, վարդերու եւ եղեւիններու Մեծ կղզիին մէջ վերջնականապէս իր աչքերը փակող երիտասարդ բանաստեղծին անունը:

Կը թաղուի Սկիւտարի հայոց գերեզմանատան մէջ:

1956-ին Պէյրութի մէջ լոյս կը տեսնէ բանաստեղծին քրոջ՝ Սիրան Սեզայի (Սիրան Զարիֆեան Քիւփէլեան) եւ Վահէ Վահեանի խմբագրած «Ամբողջական գործեր» հատորը, որ կը բովանդակէ բանաստեղծի կենդանութեան լոյս տեսած երկու հատորներու բովանդակած բանաստեղծութիւններուն կողքին, անոր անտիպ քերթուածները, օրագրութիւնը, նամակները, ինչպէս նաեւ արձակ էջերը:

շարունակությունը՝ այստեղ

Մեկնաբանել

Լատինատառ հայերենով գրված մեկնաբանությունները չեն հրապարակվի խմբագրության կողմից։
Եթե գտել եք վրիպակ, ապա այն կարող եք ուղարկել մեզ՝ ընտրելով վրիպակը և սեղմելով CTRL+Enter