HY RU EN
Asset 3

Բեռնվում է ...

Էջի վերջ Այլ էջեր չկան բեռնելու համար

Որոնման արդյունքում ոչինչ չի գտնվել

Սագօ Արեան

Փրկել արիինը Ապու Կարօ

Սիրածս օրն է շաբաթը, մանաւանդ անոր յետմիջօրէն: Ունեցածս երկուեւ կէս ընկերներուս կը զանգեմ: Սկիզբը կ'ըսեմ եկէք, բան մը կ'ընենք: Առաջ կուգային պնակ մը բաչա ուտելու, հիմա ան ալ չեն ուզեր:Կ'ըսեմ ես գամ. Կը պատասխանեն մի գար զբաղած ենք...

....

Ընկերներ իշթէ:

....

Օրիանդալ ուտեստներու աշխարհս է Պուրճ Համուտը, տեսակ- տեսակ ուտելիքներ կան հոս, համեր, համեմունքներ, պիպառ եւ անանուխ, սոխ, սխտոր եւ լոպի: Քէպապանոցներու երկար շարան մը, ուր մարդիկ շարքի են կեցած: Տաք հացին վրայ, տաքդեղի կարմիր քսուկ, համմոս,մայոնէզ-սալատ եւ ազատգեղ կը զարդարեն  ախորժակները: Դեռ չեմ խօսիր ընկերվարական Ֆէլէֆիլին, անոր թահինին ու փուռէն դուրս վազող պիպառով պէօրէկներուն մասին ...

Հոս ամէն ինչի մէջ պիպառը իր արքայական տեղն ունի: 

Ապու Խալիլի ճաշարանը լաւագոյն ընտրանքն է հանդարտ մը նստելու եւ կտոր մը հաց ճաշակելու: Հոն օղի ալ կայ, բայց մինակդ օղի խմել չըլլար:

Այդպէս է: Մինակդ ըլլաս, օղին կուգայ կը խցանէ կոկորդ: Կը խեղթէ քեզ:

Կղիտնրի կարմիրով ամաններ, ձէթ, զէյթուն եւ անանուխ: Մանաւանդ լիբանանի հարաւէն բերուած ձէթը կը գերէ հոգիս: Սնոպարով համմոսը բացառիկ բան է: Դիմացս նստողին անունը Ապու Կարօ է, անծանօթ շախսո մը, որ եկած է կէսօրէ ետքը հոն անցընելու, ու բախտաւոր ըլլալով գտած է ընկերակից մը:

Երկուքով հացը կը կիսեն, կը սկսինք խօսակցիլ,  հարց կուտէ թէ ո՞ւրկէ եմ,կ'ուզէ ճանչնալ, սապէս ընդանուր ընկերներ գտնել, ու կ'ընէ բոլոր այն ճարպիկութիւնները որ մարդս կը փորձէ գործածել երբ կը  հանդիպի անծանօթի մը եւ միտքէն ըսէ՝ Ես ասոր դէմքը տեսած եմ, Ո՞ւր տեսած եմ ամմա ....

Օղի կը ֆշտացնէ, խմածը երկրորդ կարգի օղի է, օղի՝ Թումա, բոլոր հայերուն նախասիրած օղին է ասիկա, այնքան մը որ գործարանը իր բեռակիր կառքերուն վրայ ստիպուած եղած է գրել՝ «Օղիի Թագաւորը՝ Օղի Թումա»

Ո՞ւրկէ ես կ'ըսէ, կը խաբեմ զինք,  կ'ըսեմ ՝Իսթանպուլէն եմ,  շուտով կը պատմէ թէ ինչպէս ամառները մինչեւ Թաքսիմ կը հասնէր իր օդոյով: Ապու Կարօն դէմք է, վաթսունի շուրջ մարդ մը,  ճերմակ խիտ մազեր,  ճերմակ պեխեր եւ լայն ճակատ: Հայու ճակատ, իյնատ եւ պինդ: Ի՞նչ կ'ընես կ'ըսէ, քանի մը տեղի անտեղի հարցումներ կը նետէ ... յետոյ հեռատեսիլին կը նայի քիթին տակէն կը հայհոյէ «Ալ Ճազիրա»-ի խօսնակին, ցոյց տուէք հա ցոյց տուէք կ'ըսէ, կը քֆրտէ բարձրաձայն:

Ես զինք չափի մէջ պահելու պէս, կը բացատրեմ որ ֆիլմի վրայ կ'աշխատիմ, հոս ալ լիքը հայ ընկերներ ունիմ, թէ ես հայ եմ բայց եանը չեղջած եմ ապահովութեան համար, հայերուն մասին ալ կ'ըսեմ թէ հոն շատ են, կ'ըսեմ հոն բոլորը սանաատչի- արհեստաւոր են ...

-Հա կ'ըսէ հայերը աշխատող են գիտեմ:

Կ'ըսէ չաշխատիս կը մեռնիս, գործը մարդուն ուժ կուտայ ...իր արաբ բարեկամին ալ կը բացատրէ իմ մասին, եւ միւս կողմէն ալ կը խրատէ, որ վայրկեան առաջ դուրս ելլեմ ատ քաղաքէն որովհետեւ իմ նման մէկը,  կրնայ ամէն տեղ  գործ բռնել, կրնայ  աշխատիլ ու ապրիլ, կ'ըսէ օղլում հոն ինչ գործ ունիս .. ել հոնտեղէն ....ե՛լ արդըխ:

Ապու Կարօն միջին արեւելեան մեծ ու փոքր բօլիթիքներուն վրայ կը խօսի, կ'ըսէ պիտ ճզմէ անոնց ... գլուխը կը շարժէ, կը մտահոգուի հայերուն ճակատագրով, մինչ ես իբր չեմ հասկնար իր ըսածը, կը լսեմ մինչեւ ծայր, գլուխս կը շարժեմ իրեն պէս ու կտոր մը սոխ կը նետեմ բերանս:

Սոխի պատկերներ կը ցուցադրէ՝ «Ալ Ճազիրա»ն: Ամէն կողմ մեռել է, Հոմս, Համա եւ հիմա Հալէպ:

Մինչ շատերը իրենց լռութիւնը կը պահեն, շատերը կը լարքեն, կ'ըսեն բան մի չիկայ հոն եա, օդը լաւ է ու բերքն առատ է այս տարի .....

Բերքն առատ է այս տարի ....

Չեմ ուզեր հաւատալ, կուզեմ միայն  լռել այս պատկերներուն, այս մեծ մեռելներուն դիմաց :

Կուզեմ խորամանկ ու ճարպիկ ըլլալ մեր խմբագիրներուն պէս եւ ըսել, որ բան մը չէ եղածը եւ մտօք ընալեմ, որ ես միշտ յաղթողին հետ պէտք է  ըլլամ:

Սիկառ վարեմ, ձեռնարկի երթամ եւ առաջին շարքերը նստիմ ու պատկեր քաշուիմ:

Մեծ բոլիթիքով կը խօսին, քաղաքական մեծ շահերով, նաւթ եւ նաւատորմ կը խօսին մինչ ես մարդկայինը կը փնտռեմ ....

Բերքն առատ է այս տարի .... 

Քաղաքական մեծ ժողովներէ կը խօսին, ՄԱԿ , վերահսկող մարմիններ, ապահովութեան խորհուրդ,  Քոֆի Անանով կը խօսին, Ազնիւ Տիկին Հիլարի Պիլ Քլինթըն կը խօսի մարդկային արժէքներէ, Ռուս նաւաստիներ եւ իրենց ուսադիրներուն լենինեան  աստղեր սպիտակադէմ սալտաթներու եւ չինական «խաղալիքներ» ու լեզուով կը խօսին, եւրոպայի բոլոր կարծր ու կակուղ թաթիկներ անունով  կը խօսին... այս բոլորը հէչ ես մարդկային վէրքին եւ արիւնին մասին կը մտածեմ:

Եւ կ'ընէ արդէն մէկ տարի, որ Սուրիոյ այս ցաւոտ դէպքերը կը շարժեն մեր ուշադրութիւնը, ամէն արեւաբացի հետ, աղեղի սրութեամբ եւ նիզակի ցասումով խոր պատկերներ կը խրուին մեր ուղեղի սենեակներուն մէջ: Մեր ուղեղի սենեակները  հիմա լեցուն են միայն մահուան տեսարաններով, Հալէպն ու Հոմսը ինչպէս երէկ Նաճաֆն եւ Ֆալլուճան,  կը դառնան մահուան տափաստաններ ....

Աշխարհը կը դառնայ մահուան աքցանին մէջ բռնուած բնակարան: Մեր աշխարհը, իմ աշխարհս, իմ Հալէպի ընկերներս ու յիշատակներս, այցս մեծն Յակոբ Օշականի շիրիմին, Տիգրանին հետ հանդիպումներս, եւ Հալէպի հինաւուրց բերդին մէջ պտոյտներս Մարուշին հետ,  հայոց հին ու աղօթող գմբէթներուն բոլոր փայլուն պատկերները կը թաթխուին արեան տակառներու մէջ... Ի՞նչպէս պիտի մաքրեմ այս պատկերները ....

Եւ դեռ նոր մեռելներ, նոր լրագրողներ իրենց արիւնով կը ներկեն այս տեսարանները:

Անթոնի Շտիտ եւ շատ ուրիշներ կ'իյնան ճշմարտութիւնը որոնելու ճամբուն վրայ:

Աշխարհը նաւթի եւ դրամի զոյգ  նժարերով կ'առաջնորդուի մինչ ես, խիղճի աղաւնին կը փնտռեմ ու չեմ յիշեր որ այդ խեղճ սպիտակ աղաւնին վաղուց արդէն մեկնած է հոսկէ ....

...

Հոս միջին Արեւելքն է: Ուրեմն եւ միջին տեսակի մահերը հոս կը գոյանան: Հոս է ճանապարհը ելքի: 

Նստած եմ սենեակիս մէջ, փոքր սպիտակ լոյսին տակ, շուրջս արիւն ու մահահոտ,  լռութեան մէջ կը խորհիմ որ այս արեան բաղնիքը կրնայ վնասել ու պիտի վնասէ մեզ բոլորս:

Նաւթ փնռտռելու, նաւթահորերը դատարկելու այս յիմար խաղերը պիտի հատնին ի վերջոյ ու մէկը գուցէ մէկը պատասխան պիտի տայ այս եղածներուն համար:

Այս ծանր ու սեւ դէպքերուն համար որ կը լեցնեն մեր օրերը ....

Աշխարհի գութը լուռ է, աշխարհի բանաստեղծները զբաղ են գրական ժողովներով, մեծ ու փոքր մուկերու եւ առնէտներու հաւաքներով ...(աւետարան ըստ ՝Վ.ի)

Ու ինչ կարեւոր այս բոլորը,  թող մորթուին  ժողովուրդները բոլոր,  մեզի նոր արիւն է պէտք:

Բերքն առատ է այս տարի ....

....

Այս դէպքերէն յաղթական դուրս ելլող, եւ իրենց կռունկներուն տակ ամէն բան  ճզմող բոլոր ապու կարօները, վաղը պիտի անդրադառնան որ բոլորս ալ պարտուած դուրս պիտի գանք այս վէրքերէն, այս արիւնէն ու մահահոտ  տաբաստաններէն:

Եւ ինչպէս Մանուէլ Քէշիշեանը կը գրէր որ միասնաբար պէտք է գուրգուրանք ու աչքի բիբի պէս պահենք, մեր Հալէպը, այսօր գրելու ենք, որ այս մեղաւորութիւնը, այս թափուած արիւնը, այս խոշոր  վէրքը անպայման ունի աւարտ մը:

Կ'արժէ մտածել այս մասին: Ու ատենն է որ հաւաքական այս սթրէսը հասնի իր լրումին:

Մեզի չեն հետաքրքրեր յաղթանակները:

Մարդկային արիւնը ամէն բանէ վեր է:

Արաբի, Ալեւիի, Քիւրտի կամ Պէտէւիի արիւնը, մարդկային արիւն է ի վերջոյ:

Բոլոր թափուած արիւնները Հայու արիւն են:

Կը լսե՞ս Ապու Կարօ եւ միւս մնացած բոլոր Ապու Կարօնները կը լսե՞ն ըսածս:

Մեկնաբանել

Լատինատառ հայերենով գրված մեկնաբանությունները չեն հրապարակվի խմբագրության կողմից։
Եթե գտել եք վրիպակ, ապա այն կարող եք ուղարկել մեզ՝ ընտրելով վրիպակը և սեղմելով CTRL+Enter