HY RU EN
Asset 3

Բեռնվում է ...

Էջի վերջ Այլ էջեր չկան բեռնելու համար

Որոնման արդյունքում ոչինչ չի գտնվել

Սորվիլ կորսնցնելը

Թալին Սուճիեան

Նախորդ շաբաթ Եդուարդ Տան­­­­ձի­­­­­­­­­­­­­­­կեանի Փաս­­­­քալ Թէօրէն­­­­լիի մա­­­­հուան առ­­­­թիւ գրած­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րը եւ օգ­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­գոր­­­­ծած լու­­­­սանկար­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րը ան­­­­ցեալին եւ այ­­­­սօ­­­­­­­­­­­­­­­րուան մա­­­­սին բա­­­­զում յու­­­­շե­­­­­­­­­­­­­­­րու վե­­­­րաիմաս­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­ւոր­­­­ման պատ­­­­ճառ դար­­­­ձան։

Սա­­­­մաթիոյ Անա­­­­րատ Յղու­­­­թիւն վար­­­­ժա­­­­­­­­­­­­­­­րանի նստա­­­­րան­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րուն վրայ աշա­­­­կեր­­­­տութիւն ան­­­­ցուցած շա­­­­տերու նման ես ալ լսե­­­­լով պա­­­­րոն Փաս­­­­քա­­­­­­­­­­­­­­­լի մա­­­­հը, վե­­­­րադար­­­­ձայ այդ տա­­­­րինե­­­­րու յու­­­­շե­­­­­­­­­­­­­­­րուս։ Ան մեր հո­­­­գեբա­­­­նու­­­­թեան եւ հա­­­­յերէն լե­­­­զուի ու­­­­սուցիչն էր։ Պա­­­­րոն Փաս­­­­քա­­­­­­­­­­­­­­­լը ու­­­­նէր ազ­­­­դե­­­­­­­­­­­­­­­ցիկ բա­­­­զում ար­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­յայ­­­­տութիւններ, որոնց մէջ հա­­­­ւանա­­­­բար մեզ­­­­մէ շա­­­­տերը տպա­­­­ւորող կա­­­­րեւո­­­­րագոյնն էր. «Դժբախ­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­բար զե­­­­րօ»։

Պա­­­­րոն Փաս­­­­քալ յան­­­­կարծ կը դի­­­­մէր ան­­­­պատրաս­­­­տից բե­­­­րանա­­­­ցի քննու­­­­թիւննե­­­­րու, որոնց աւար­­­­տին շա­­­­տերուս կը վի­­­­ճակէր «Դժբախ­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­բար զե­­­­րօ»։

Այդ տա­­­­րինե­­­­րուն բնաւ չէի մտա­­­­ծեր, թէ այս ար­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­յայ­­­­տութիւ­­­­նը ու­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­ցած պա­­­­հուն Պա­­­­րոն Փաս­­­­քա­­­­­­­­­­­­­­­լի սիր­­­­տը կը ցա­­­­ւէր։ Այ­­­­սօր քիչ մըն ալ խղճի խայ­­­­թով կը զգամ, թէ այդ հա­­­­ւանա­­­­կանու­­­­թիւնն ալ բնաւ նո­­­­ւազ չէր։ Թէ շեշ­­­­տադրու­­­­մո­­­­­­­­­­­­­­­վը եւ թէ մեր մօտ ստեղ­­­­ծած հե­­­­տեւանքնե­­­­րու առու­­­­մով իրեն աշա­­­­կեր­­­­տած իւ­­­­րա­­­­­­­­­­­­­­­քան­­­­չիւր հայ պա­­­­տանի կեան­­­­քի մէջ գո­­­­նէ մէկ ան­­­­գամ պէտք է ապ­­­­րէր այդ փոր­­­­ձը։

Բո­­­­լորս նոյն դիր­­­­քի մէջ ըլ­­­­լա­­­­­­­­­­­­­­­լով տաս­­­­նա­­­­­­­­­­­­­­­մեակ­­­­ներ անց իսկ յի­­­­շած պա­­­­հուն ժպիտ ստեղ­­­­ծող զգա­­­­ցում մըն էր, որ կ՚ապ­­­­րէինք։

Ինչպէս որ Տան­­­­ձի­­­­­­­­­­­­­­­կեան կը նշէ իր գրու­­­­թեան մէջ, պա­­­­րոն Փաս­­­­քա­­­­­­­­­­­­­­­լէն մե­­­­զի մնա­­­­ցած կա­­­­րեւո­­­­րագոյն յատ­­­­կութիւ­­­­նը իր մի­­­­ջոցաւ հա­­­­յերէն գրա­­­­կանու­­­­թիւնը սի­­­­րելն է։ Քաջ գի­­­­տեր թէ տա­­­­ռերը անըն­­­­թեռնե­­­­լի այդ գիր­­­­քե­­­­­­­­­­­­­­­րը կար­­­­դա­­­­­­­­­­­­­­­լու ցան­­­­կութիւն չու­­­­նէինք ոչ մէկս։ Հե­­­­տեւա­­­­բար չէր վհա­­­­տէր եւ ինք կը կար­­­­դար։ Խիստ էր ու խստա­­­­պահանջ, բայց բո­­­­լորս գի­­­­տէինք անոր այդ խստու­­­­թեան տակ պա­­­­հած հե­­­­ղինա­­­­կու­­­­թիւնը։ Երբ լի­­­­սէի երկրորդ դա­­­­սարան կը յա­­­­ճախէի, մայրս ձեռ­­­­նարկեց այ­­­­սօր Թուրքիոյ Կա­­­­թողի­­­­կէ հայ հա­­­­մայնքի հո­­­­գեւոր պետ դար­­­­ձած Հայր Լե­­­­ւոն Զէ­­­­քիեանի Վե­­­­նետի­­­­կեան դա­­­­սըն­­­­թացքնե­­­­րուն մաս­­­­նակցիլս ապա­­­­հովել։ Ուսման եւ կե­­­­ցու­­­­թեան վարձքե­­­­րը բա­­­­ւակա­­­­նին սուղ էին։ Գե­­­­րապայ­­­­ծառ Զէ­­­­քիեան խոր­­­­հուրդ տո­­­­ւաւ հա­­­­յերէ­­­­նի ու­­­­սուցի­­­­չէն յանձնա­­­­րարա­­­­գիր մը ու­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­նալու, որ­­­­պէսզի ապա­­­­հովէ կրթա­­­­թոշակ մը։ Երբ Պա­­­­րոն Փաս­­­­քալ լսեց, որ ցան­­­­կութիւն ու­­­­նիմ այդ դա­­­­սըն­­­­թացքնե­­­­րուն մաս­­­­նակցե­­­­լու, այդ պա­­­­հուն դէմ­­­­քին վրայ գո­­­­յացած ու­­­­րախ ժպի­­­­տը եր­­­­բեք չեմ մոռ­­­­նար մի­­­­նեւ կեան­­­­քիս վերջ։ Խոս­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­ցաւ մեծ հա­­­­ճոյ­­­­քով գրել պա­­­­հան­­­­ջո­­­­­­­­­­­­­­­ւած յանձնա­­­­րարա­­­­գիրը։ Այդ գրու­­­­թեան շնոր­­­­հիւ յա­­­­ջողե­­­­ցայ դա­­­­սըն­­­­թացքնե­­­­րուն հե­­­­տեւիլ։ 25 տա­­­­րուայ առա­­­­ջուան պայ­­­­մաննե­­­­րով այս դա­­­­սըն­­­­թացքնե­­­­րուն մաս­­­­նակցող ու­­­­րիշ մէ­­­­կը չեմ յի­­­­շեր։ Աշ­­­­խարհի տար­­­­բեր եր­­­­կիրնե­­­­րէն եկած հա­­­­յերով կա­­­­տարո­­­­ւած դա­­­­սըն­­­­թացքը մին­­­­չեւ օրս ան­­­­մո­­­­­­­­­­­­­­­ռանա­­­­լի է ին­­­­ծի հա­­­­մար։ Ամ­­­­բողջո­­­­վին նոր հո­­­­րիզոն­­­­ներ բա­­­­ցուած էին իմ դի­­­­մաց։ Վե­­­­րադար­­­­ձին պա­­­­րոն Փաս­­­­քալ մեծ հե­­­­տաքրքրու­­­­թեամբ հար­­­­ցուց, թէ ինչպէս ան­­­­ցած էր դա­­­­սըն­­­­թացքը։ Ոգե­­­­ւորու­­­­թիւնը դէմ­­­­քէն կա­­­­րելի էր նկա­­­­տել։

Տան­­­­ձի­­­­­­­­­­­­­­­կեանի գրու­­­­թիւնով վե­­­­րահա­­­­սու եղայ, թէ պա­­­­րոն Փաս­­­­քալ այժմու պոլ­­­­սե­­­­­­­­­­­­­­­ցինե­­­­րու մե­­­­ծամաս­­­­նութեան նման բա­­­­ւական ուշ սոր­­­­ված էր իր մայ­­­­րե­­­­­­­­­­­­­­­նին։ Այս իրո­­­­ղու­­­­թիւնը լաւ գի­­­­տեմ, բայց նո­­­­րէն ալ զար­­­­մա­­­­­­­­­­­­­­­ցայ։ Մայ­­­­րե­­­­­­­­­­­­­­­նիի նկատ­­­­մամբ իր հո­­­­գատա­­­­րու­­­­թիւնը ար­­­­գելք մըն էր ու­­­­րիշ տե­­­­սակ մտա­­­­ծելու, թէ ան կրնար հա­­­­յերէ­­­­նը շատ աւե­­­­լի ուշ սոր­­­­ված ըլ­­­­լալ։ Մինչդեռ պա­­­­րոն Փաս­­­­քա­­­­­­­­­­­­­­­լի սե­­­­րունդին հա­­­­մար, եթէ անոնք ծնած են Իս­­­­թանպու­­­­լէ դուրս որե­­­­ւէ գա­­­­ւառէ եկած ան­­­­հատ եր­­­­բեք չեն կրցած հա­­­­յերէն խօ­­­­սիլ։ Պա­­­­րոն Փաս­­­­քա­­­­­­­­­­­­­­­լին տի­­­­րացած ըլ­­­­լալնուս մէջ շատ կա­­­­րեւոր բա­­­­ժին ու­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­ցած է մեր այ­­­­սօր խօ­­­­սած թրքե­­­­րէնի հիմ­­­­նա­­­­­­­­­­­­­­­դիր Յա­­­­կոբ Մար­­­­թա­­­­­­­­­­­­­­­յեանը։ Ան Ան­­­­գա­­­­­­­­­­­­­­­րայի Թուրք Լե­­­­զուա­­­­կան Կա­­­­ճառի եր­­­­թի­­­­­­­­­­­­­­­քին տակ աշ­­­­խա­­­­­­­­­­­­­­­տած օրե­­­­րուն ոչ միայն Ան­­­­գա­­­­­­­­­­­­­­­րայի հա­­­­յոց, այլ մին­­­­չեւ մեր օրե­­­­րուն հաս­­­­նող ազ­­­­դե­­­­­­­­­­­­­­­ցու­­­­թեան գօ­­­­տի մը ստեղ­­­­ծած էր։ Նա­­­­խորդ շա­­­­բաթո­­­­ւայ գրու­­­­թեան մէջ արեւմտա­­­­հայ բա­­­­նաս­­­­տեղծու­­­­թեան Ի. դա­­­­րու ամե­­­­նաս­­­­րա­­­­­­­­­­­­­­­միտ դէմ­­­­քե­­­­­­­­­­­­­­­րու կար­­­­գին էր Զահ­­­­րատ։ Մաս­­­­նակցած էի անոր Թրքա­­­­հայ Ու­­­­սուցչաց Միու­­­­թեան մէջ սար­­­­քած դա­­­­սըն­­­­թացքնե­­­­րուն։ Միւնխէ­­­­նի հա­­­­մալ­­­­սա­­­­­­­­­­­­­­­րանի մէջ Արեւմտա­­­­հայե­­­­րէն դա­­­­սաւան­­­­դե­­­­­­­­­­­­­­­լու սկսած 2009-էն ի վեր դա­­­­սերուն մաս­­­­նակցող իւ­­­­րա­­­­­­­­­­­­­­­քան­­­­չիւր ու­­­­սա­­­­­­­­­­­­­­­նող ծա­­­­նօթա­­­­ցաւ Զահ­­­­րա­­­­­­­­­­­­­­­տի հետ։ Եւ թէ դա­­­­սըն­­­­թացքնե­­­­րուն սկսած առա­­­­ջին օրէն։ Զահ­­­­րա­­­­­­­­­­­­­­­տի «Զե­­­­րօ» խո­­­­րագ­­­­րեալ բա­­­­նաս­­­­տեղծու­­­­թիւնը հա­­­­յերէ­­­­նով սոր­­­­վե­­­­­­­­­­­­­­­լու փոր­­­­ձը արեւմտա­­­­հայե­­­­րու աշ­­­­խարհը ըն­­­­կա­­­­­­­­­­­­­­­լելու լա­­­­ւագոյն եղա­­­­նակն է։

Զե­­­­րօ

Մէկ ան­­­­գամ մէկ մէկ

Մէկ ան­­­­գամ Կի­­­­կօ զե­­­­րօ

Եր­­­­կու ան­­­­գամ մէկ եր­­­­կու

Եր­­­­կու ան­­­­գամ Կի­­­­կօ զե­­­­րօ

Տասն ան­­­­գամ մէկ տա­­­­սը

Տասն ան­­­­գամ Կի­­­­կօ զե­­­­րօ

Հա­­­­րիւր ան­­­­գամ մէկ հա­­­­րիւր

Հա­­­­րիւր ան­­­­գամ Կի­­­­կօ մենք

Զահ­­­­րա­­­­­­­­­­­­­­­տի «Զե­­­­րօ» բա­­­­նաս­­­­տեղծու­­­­թիւնը պա­­­­րոն Փաս­­­­քա­­­­­­­­­­­­­­­լի «Դժբախ­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­բար զե­­­­րօ» կողք կող­­­­քի յի­­­­շելով յա­­­­տուկ միաս­­­­նութիւն մը կազ­­­­մե­­­­­­­­­­­­­­­ցին աչ­­­­քե­­­­­­­­­­­­­­­րուս առ­­­­ջեւ։ Կորսնցնե­­­­լու խոր­­­­հուրդին զօ­­­­րակ­­­­ցութեան զգա­­­­ցու­­­­մի հետ ամե­­­­նաքաղցր պատ­­­­կե­­­­­­­­­­­­­­­րը կազ­­­­մեց «Դժբախ­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­բար զե­­­­րօ» ար­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­յայ­­­­տութիւ­­­­նը։ Երբ կը դի­­­­տենք արեւմտա­­­­հայոց աշ­­­­խարհը, այ­­­­սինքն բազ­­­­մա­­­­­­­­­­­­­­­պատ­­­­կո­­­­­­­­­­­­­­­ւած ապա բա­­­­ժանո­­­­ւած եւ վեր­­­­ջա­­­­­­­­­­­­­­­պէս զե­­­­րոյի հա­­­­ւասա­­­­րած աշ­­­­խարհի մը նա­­­­յելու պա­­­­հուն կը յի­­­­շենք այս լե­­­­զուին նո­ւիրո­­­­ւած եր­­­­կու անուննե­­­­րու այ­­­­սօր իսկ կո­­­­րած աշ­­­­խարհի մը՝ զե­­­­րոյին յա­­­­րատե­­­­ւու­­­­թեան մա­­­­սին աննման, ան­­­­զուգա­­­­կան եւ հիանա­­­­լի յա­­­­մառու­­­­թիւնը տես­­­­նել։

Աս­­­­տո­­­­­­­­­­­­­­­ւած լու­­սաւորէ իրենց հոգիները։

նիւթի աղբիւրը՝ Ակօս

Մեկնաբանել

Լատինատառ հայերենով գրված մեկնաբանությունները չեն հրապարակվի խմբագրության կողմից։
Եթե գտել եք վրիպակ, ապա այն կարող եք ուղարկել մեզ՝ ընտրելով վրիպակը և սեղմելով CTRL+Enter