HY RU EN
Asset 3

Բեռնվում է ...

Էջի վերջ Այլ էջեր չկան բեռնելու համար

Որոնման արդյունքում ոչինչ չի գտնվել

Զաւէն Պիպեռեան՝ Պոլիսէն Պէյրութ

Սեւան Տէյիրմէնճեան

Զաւէն Պիպեռեան հետեւեալ նա­­­մակ­­­նե­­­­­­­րը գրա­­­ռած 1949-ին տա­­­կաւին հրա­­­տարա­­­կած չէր իր անդրա­­­նիկ վէ­­­պը՝ «Լկրտա­­­ծը», որ լոյս պի­­­տի տես­­­նէր տա­­­սը տա­­­րի անց, 1959-ին։ Ու­­­րեմն, ան այդ թո­­­ւական­­­նե­­­­­­­րուն սփիւռքի շրջա­­­նակ­­­նե­­­­­­­րուն առա­­­ւել ծա­­­նօթ էր որ­­­պէս Պո­­­լիս հրա­­­տարա­­­կուող «Նոր լուր» թեր­­­թի (Բ շրջա­­­նը՝ 1945-1954 թթ.) «խի­­­զախ խմբա­­­գիրը»։

Պի­­­պեռեան Յու­­­նո­­­­­­­ւար-Մարտ 1946 թթ. խմբագ­­­րած է «Նոր լուր»ը, ուր հրա­­­տարա­­­կած «Ա՛լ կը բա­­­ւէ» (5 Յու­­­նո­­­­­­­ւար 1946, թիւ 95) եւ յա­­­ջոր­­­դող մէկ քա­­­նի յօ­­­դուած­­­նե­­­­­­­րը «քիչ մը աղ­­­մուկ յա­­­րու­­­ցին Պոլ­­­սոյ թէ ար­­­տա­­­­­­­սահ­­­մա­­­­­­­նի մէջ», ինչպէս նշած է ան 3 Դեկ­­­տեմբեր 1962-ին Հր. Բա­­­լուեանին ուղղած ինքնա­­­կեն­­­սագրա­­­կան նա­­­մակին մէջ (տե՛ս Զ. Պի­­­պեռեան, «Մրջիւննե­­­րու վեր­­­ջա­­­­­­­լոյ­­­սը», Պո­­­լիս, 2007, էջ 549-556)։

Այդ օրե­­­րու յօ­­­դուած­­­նե­­­­­­­րէն մէ­­­կը՝ «Վեր­­­ջին ազ­­­դա­­­­­­­րարու­­­թիւն գրգռիչ­­­նե­­­­­­­րուն», «Նոր լուր»ի 98-րդ թո­­­ւակի­­­րին վրայ, ար­­­տատպած էր Գա­­­հիրէի «Արեւ»ը՝ «Հայ­­­կա­­­­­­­կան ար­­­դար զայ­­­րոյթը» խո­­­րագ­­­րով։ «Եթէ պէտք է հին հա­­­շիւ­­­նե­­­­­­­րը՝ մենք ալ կրնանք բա­­­նալ։ Եթէ պէտք է համ­­­րել ան­­­ցեալի իւ­­­րա­­­­­­­քան­­­չիւր դիակը՝ մենք ալ կրնանք համ­­­րել, որով­­­հե­­­­­­­տեւ աշ­­­խարհի բո­­­լոր ժո­­­ղովուրդնե­­­րուն պէս, ու քիչ մըն ալ աւե­­­լի, համ­­­րո­­­­­­­ւելիք դիակ­­­ներ ու­­­նինք։ Եւ հա­­­ւանա­­­բար նո­­­ւազ բա­­­ներ չենք ու­­­նե­­­­­­­նար ըսե­­­լիք «Թաս­­­վիր»ի ու թաս­­­վիրճի­­­ներուն, որոնց նման­­­ներն են պա­­­տաս­­­խա­­­­­­­նատուն այն մի­­­լիոնա­­­ւոր դիակ­­­նե­­­­­­­րուն որոնք կը նե­­­խին աս­­­դին, ան­­­դին։ … Այ­­­լեւս կա­­­րող չենք հան­­­դուրժե­­­լու այսքան նա­­­խատին­­­քի՝ անար­­­ժան արա­­­րած­­­նե­­­­­­­րու կող­­­մէ։ Ինչպէս ամէն ժո­­­ղովուրդ, մենք ալ գի­­­տենք մեր պա­­­տիւով ապ­­­րիլ, եւ իրա­­­ւունք ու­­­նինք մեր պա­­­տիւո­­­վը ապ­­­րե­­­­­­­լու։ Ամէն ինչ չափ մը ու­­­նի». տո­­­ղեր՝ գրուած 1940-ական թո­­­ւական­­­նե­­­­­­­րու Թուրքիոյ պայ­­­մաննե­­­րուն մէջ, աւե­­­լի քան կ՚ար­­­դա­­­­­­­րաց­­­նէին «Արեւ»ին՝ Պի­­­պեռեանին տո­­­ւած «խի­­­զախ» մա­­­կդի­­­րը։

Քա­­­նի մը ամիս անց, Յու­­­նի­­­­­­­սին, «Արեւ» կը հա­­­ղոր­­­դէր, թէ ձեր­­­բա­­­­­­­կալուած ու բան­­­տարկո­­­ւած է «Նոր լուր»ի «խի­­­զախ խմբա­­­գիր» Զա­­­ւէն Պի­­­պեռեանը՝ իր ծա­­­նօթ յօ­­­դուած­­­նե­­­­­­­րուն պատ­­­ճա­­­­­­­ռով։ Ար­­­դա­­­­­­­րեւ, այդ շրջա­­­նին սփիւռքն ու սո­­­վետա­­­կան ձայ­­­նասփիւ­­­ռը կը խօ­­­սէին Պի­­­պեռեանի մա­­­սին, ինչպէս կը նշէ նոյ­­­նինքն լրագ­­­րո­­­­­­­ղը, կեան­­­քի վեր­­­ջին տա­­­րինե­­­րուն ֆրան­­­սե­­­­­­­րէնով գրա­­­ռած ու ցարդ ան­­­տիպ «Քան­­­զի կեան­­­քը պայ­­­քա­­­­­­­րիլ էր ու սի­­­րաբա­­­նիլ» ինքնա­­­կեն­­­սագրա­­­կանին մէջ, զոր «Արաս» հրա­­­տարակ­­­չա­­­­­­­տու­­­նը ար­­­դէն հրա­­­տարա­­­կած է։

Մի­­­ջոց մը բան­­­տարկո­­­ւած մնա­­­լէ ետք, զի­­­նուո­­­րական դա­­­տարա­­­նին կող­­­մէ կը դա­­­տուի եւ մամ­­­լոյ յան­­­ցանքնե­­­րու նե­­­րու­­­մէն օգ­­­տո­­­­­­­ւելով ազատ կ՚ար­­­ձա­­­­­­­կուի։ Ծանր տա­­­րիներ էին Թուրքիոյ մէջ եւ Զա­­­ւէն Պի­­­պեռեանի նման ար­­­դա­­­­­­­րամիտ ու իրա­­­ւապա­­­հանջ մտա­­­ւորա­­­կան­­­նե­­­­­­­րուն հա­­­մար երկրին պայ­­­մաննե­­­րը սկսած էին ան­­­տա­­­­­­­նելի դառ­­­նալ։

Ինչպէս կը գրէ Բա­­­լուեանին ուղղեալ վե­­­րոյի­­­շեալ նա­­­մակին մէջ, ոս­­­տի­­­­­­­կանու­­­թիւնը կը հե­­­տապնդէր զինք եւ չէր ար­­­տօ­­­­­­­ներ, որ աշ­­­խա­­­­­­­տիլ կա­­­րենայ որե­­­ւէ հաս­­­տա­­­­­­­տու­­­թեան մէջ։

Պի­­­պեռեան 1948-ին, 1949-ի դժո­­­ւար տա­­­րուան նա­­­խօրէին է որ հրա­­­ւէր ստա­­­ցած էր Պէյ­­­րութէն, սա­­­կայն հե­­­տեւեալ նա­­­մակ­­­նե­­­­­­­րէն կա­­­րելի կ՚ըլ­­­լայ եզ­­­րա­­­­­­­կաց­­­նել, թէ ճամ­­­բորդու­­­թեան ար­­­տօ­­­­­­­նու­­­թիւնը ու­­­շա­­­­­­­ցած է եւ այդ մի­­­ջոցին իրեն խոս­­­տա­­­­­­­ցուած աշ­­­խա­­­­­­­տան­­­քին հա­­­մար ալ այլ պաշ­­­տօ­­­­­­­նեայ մը գտնո­­­ւած ըլ­­­լա­­­­­­­լուն՝ ան դի­­­մած է Երո­­­ւանդ Մսրլեանի օժան­­­դա­­­­­­­կու­­­թեան։ Յա­­­մենայնդէպս, Պի­­­պեռեանի Պէյ­­­րութ եր­­­թա­­­­­­­լը այս նա­­­մակ­­­նե­­­­­­­րէն բա­­­ւական մը վերջ, հա­­­ւանա­­­բար 1949-ի Յու­­­նիս ամի­­­սէն ետք ըլ­­­լա­­­­­­­լու է, քա­­­նի որ ան բան­­­տէն ար­­­ձա­­­­­­­կուած էր 22 Յու­­­նի­­­­­­­սին։

«Մօ­­­տաւո­­­րապէս երե­­­քու­­­կէս տա­­­րի մնա­­­ցի Լի­­­բանան։ Սա նշա­­­նաւոր Սփիւռքէն ես ալ ճա­­­շակե­­­ցի փսխե­­­լու աս­­­տի­­­­­­­ճան։ Քա­­­ղաքա­­­կան լու­­­րե­­­­­­­րու խմբա­­­գիր եղայ «Զար­­­թօնք»ի, «Արա­­­րատ»ի գրա­­­կան կի­­­րակ­­­նօ­­­­­­­րեանե­­­րը պատ­­­րաստե­­­ցի մի­­­ջոց մը, chef de chantier եղայ, դա­­­տար­­­կա­­­­­­­պորտ եղայ, մեր ինքնա­­­կոչ գիտ­­­նա­­­­­­­կան­­­նե­­­­­­­րէն մէ­­­կուն անըն­­­թեռնե­­­լի եւ անըմբռնե­­­լի «Հա­­­յոց Պատ­­­մութիւն»ը շա­­­րեցի իբ­­­րեւ ե՛ս ալ ինքնա­­­կոչ գրա­­­շար։ Վեր­­­ջա­­­­­­­պէս հա­­­սայ այն եզ­­­րա­­­­­­­կացու­­­թեան թէ Սփիւռքը բա­­­ւական շա­­­հագոր­­­ծած էր իս­­­թանպուլցի մը եւս -այն Սփիւռքը որ cordialement կ՚ատէ ստամ­­­պոլցին-, ու 1953-ի աշ­­­նան առանց ցա­­­ւի, առանց ափ­­­սո­­­­­­­սան­­­քի վե­­­րադար­­­ձայ ծննդա­­­վայրս, ուր գո­­­նէ ոչ ոք կրնար զիս անօ­­­թի ձգել կամ փո­­­ղոց նե­­­տել իբ­­­րեւ ան­­­պաշտպան օտա­­­րական։ Չէ, Սփիւռքին ոչ ազ­­­գա­­­­­­­յին խա­­­չագող­­­նե­­­­­­­րը հաւ­­­նած էի, ոչ ազ­­­գա­­­­­­­յին յե­­­լու­­­զակնե­­­րը, ոչ ազ­­­գա­­­­­­­յին դա­­­ւաճան­­­նե­­­­­­­րը, ոչ ալ ազ­­­գա­­­­­­­յին ստրուկնե­­­րը։ Grandiloquence՚ը եւ chauvinismeն ալ ներ­­­հակ էին իմ ստա­­­ցած դաս­­­տիարա­­­կու­­­թեանս ու խառ­­­նո­­­­­­­ւած­­­քիս»։

Պի­­­պեռեան Պէյ­­­րութի կե­­­ցու­­­թիւնը կը նկա­­­տէ կա­­­մաւոր աք­­­սո­­­­­­­րակա­­­նի շրջան մը՝ հե­­­ռու իր երկրէն եւ բո­­­լոր սի­­­րելի­­­ներէն. Պէյ­­­րութի երե­­­քու­­­կէս տա­­­րին տա­­­նելի դար­­­ձած էր ծո­­­վուն շնոր­­­հիւ, զոր շատ կը սի­­­րէր։

Պոլ­­­սա­­­­­­­հայ ար­­­ձա­­­­­­­կագ­­­րի (առ­­­հա­­­­­­­սարակ այդ շրջա­­­նին Պո­­­լիսէն Պէյ­­­րութ մէկ­­­նած մտա­­­ւորա­­­կան­­­նե­­­­­­­րու) պէյ­­­րութեան շրջա­­­նը առան­­­ձին ու­­­սումնա­­­սիրու­­­թեան մը նիւթ կրնայ դառ­­­նալ. Պի­­­պեռեան իր ինքնա­­­կեն­­­սագրա­­­կանին մէջ կը նշէ, թէ հոն սկսած էր գրել «Երբ բուրգին մէջ չեն» խո­­­րագ­­­րով քա­­­ռահա­­­տոր վէպ մը, որու երեք հա­­­տորը ամ­­­բողջա­­­ցած էր։ Դժբախ­­­տա­­­­­­­բար, վէ­­­պը կոր­­­սո­­­­­­­ւած է։ «Ծո­­­վը» պատ­­­մո­­­­­­­ւածքնե­­­րու հա­­­ւաքա­­­ծոյին մէջ (Պո­­­լիս, 1961) կան քա­­­նի մը պատ­­­մո­­­­­­­ւածքներ, որոնց թա­­­տերա­­­բեմը Պէյ­­­րութն է, կեր­­­պարնե­­­րը՝ պէյ­­­րութցի­­­ներ։

Զա­­­ւէն Պի­­­պեռեանի եւ իր նման որ­­­պէս կա­­­մաւոր աք­­­սո­­­­­­­րական Պո­­­լիսէն Պէյ­­­րութ գա­­­ցած մտա­­­ւորա­­­կան­­­նե­­­­­­­րու՝ սփիւռքի այս հա­­­մեմա­­­տաբար նոր գաղ­­­թօ­­­­­­­ճախին բե­­­րած նպաս­­­տին մա­­­սին ու­­­շագրաւ վկա­­­յու­­­թիւն մը ու­­­նի գրող Սար­­­գիս Վա­­­հագն (ծն. 1927, Պէյ­­­րութ)։

«Արե­­­ւելք» կայ­­­քին տո­­­ւած 5 Յու­­­լիս 2018 թո­­­ւակիր հար­­­ցազրոյ­­­ցին մէջ Վա­­­հագն խօ­­­սելով Պէյ­­­րութի գրա­­­կան կեան­­­քին ու իր սե­­­րունդի ձե­­­ւաւոր­­­ման մա­­­սին՝ կ՚ըսէ, թէ Պոլ­­­սոյ սե­­­րունդը մեծ ազ­­­դե­­­­­­­ցու­­­թիւն ու­­­նե­­­­­­­ցած էր իրենց վրայ։ Ի շարս քա­­­նի մը ան­­­ձե­­­­­­­րու, ան կու տայ նաեւ Զա­­­ւէն Պի­­­պեռեանի անու­­­նը։ «Այս խումբը «Գրա­­­կան շրջա­­­նակ»ին ջնա­­­րակը եղաւ, Եւ­­­րո­­­­­­­պան բե­­­րաւ մե­­­զի՝ եւ­­­րո­­­­­­­պական գրա­­­կանու­­­թիւնը»։ Վա­­­հագ­­­նի վկա­­­յու­­­թեամբ Պո­­­լիսէն եկած մտա­­­ւորա­­­կան­­­նե­­­­­­­րը գրա­­­կան շրջա­­­նակէն ներս ծա­­­նօթ էին «Արե­­­ւել­­­քի տղաք» անու­­­նով։

Քա­­­նի մը տող ալ Երո­­­ւանդ Մսրլեանի (Պի­­­պեռեան գրած է՝ Մսրլըեան) մա­­­սին, որու կեն­­­սագրու­­­թիւնը կը մարմնա­­­ւորէ անձ մը, որուն սրտի հանգստու­­­թեամբ կրնար դի­­­մել վտա­­­րան­­­դի լրագ­­­րո­­­­­­­ղը եւ օժան­­­դա­­­­­­­կու­­­թիւն ստա­­­նալ։ Ըստ Գառ­­­նիկ Ստե­­­փանեանի «Կեն­­­սագրա­­­կան բա­­­ռարան»ին, ծնած էր Պո­­­լիս, 1886-ին (ըստ Թէոդի­­­կի՝ 1888-ին), Քան­­­տիլլի թա­­­ղը։ Հայ­­­րը ցկեանս բեր­­­դարգե­­­լու­­­թեան դա­­­տապար­­­տո­­­­­­­ւած անձ մըն էր, քա­­­ղաքա­­­կան յան­­­ցանքի մը պատ­­­ճա­­­­­­­ռով եւ աք­­­սո­­­­­­­րի ղրկո­­ւած էր Տրի­­­պոլիս։ Կա­­­ռավա­­­րու­­­թիւնը Երո­­­ւանդն ալ կ՚ու­­­ղարկէ հօ­­­րը քով։ Ան Տրի­­­պոլ­­­սոյ մէջ կը յա­­­ճախէ Ֆռեր­­­նե­­­­­­­րու դպրո­­­ցը։ Հայ­­­րը երբ կը փախ­­­չի աք­­­սո­­­­­­­րէն, Երո­­­ւանդ Պո­­­լիս կը բե­­­րուի եւ ազատ կ՚ար­­­ձա­­­­­­­կուի երաշ­­­խա­­­­­­­ւորու­­­թեամբ։ 1902-ին գրա­­­շարու­­­թեան կը սկսի։ Յե­­­ղափո­­­խական խնդի­­­րի մը առ­­­թիւ ոս­­­տի­­­­­­­կանու­­­թեան կող­­­մէ կը հե­­­տապնդո­­­ւի եւ կը փախ­­­չի Գա­­­հիրէ, ուր կը միանայ հօ­­­րը։ Մսրլեան Գա­­­հիրէի մէջ կ՚աշ­­­խա­­­­­­­տի Journal du Caire-ի տպա­­­րանը, մին­­­չեւ օս­­­մա­­­­­­­նեան սահ­­­մա­­­­­­­նադ­­­րութեան հռչա­­­կու­­­մը 1908-ին։ Այդ թո­­­ւակա­­­նին կը վե­­­րադառ­­­նայ Պո­­­լիս, ուր Գաբ­­­րիէլ Յով­­­հաննի­­­սեանի հետ կը ստանձնէ «Ման­­­զումէի էֆ­­­քեար»ի գրա­­­շարա­­­կան գոր­­­ծը, ապա 16-օրեայ «Օրա­­­գիր»ը, պրակ առ պրակ կը հրա­­­տարա­­­կէ «Թշո­­­ւառ­­­նե­­­­­­­րը»։ Պոլ­­­սոյ մէջ գիր­­­քի մը պրա­­­կով տա­­­րած­­­ման գոր­­­ծը իրենցմով սկսած էր։ Միշտ Յով­­­հաննի­­­սեանի հետ կը հիմ­­­նէ «Կիւ­­­թէմպէրկ» տպա­­­րանն ու հա­­­մանուն մա­­­տենա­­­շարը՝ հրա­­­տարա­­­կելով «Երեք հրա­­­ցանա­­­կիր­­­ներ»ը, Բիւ­­­րա­­­­­­­տի «Իննսուն երեք»ը, Ծե­­­րեն­­­ցի գոր­­­ծե­­­­­­­րը եւլն.։ Առա­­­ջին աշ­­­խարհա­­­մար­­­տի նա­­­խօրէին կրկին կը մեկ­­­նի Եգիպ­­­տոս, Գա­­­հիրէի մէջ տպա­­­րան մը կը հիմ­­­նէ ու կը հրա­­­տարա­­­կէ «Խա­­­րաշօ» եր­­­գի­­­­­­­ծաթեր­­­թը, որ լոյս կը տես­­­նէ երեք թիւ միայն։ 1918-ին կը հիմ­­­նէ «Ոս­­­կե­­­­­­­տառ» տպա­­­րանը, 1919-ին՝ «Սկա­­­ւառակ» շա­­­բաթա­­­կան եր­­­գի­­­­­­­ծաթեր­­­թը, զոր կը հրա­­­տարա­­­կէ մին­­­չեւ իր մա­­­հը, 1971 թո­­­ւակա­­­նը։

Հե­­­տեւեալ նա­­­մակ­­­նե­­­­­­­րը Երե­­­ւանի «Եղի­­­շէ Չա­­­րեն­­­ցէ գրա­­­կանու­­­թեան ու արուես­­­տի թան­­­գա­­­­­­­րանին մէջ կը պա­­­հուին, Երո­­­ւանդ Մսրլեանի թո­­­ղօնի թիւ 146 թղթա­­­պանա­­­կին մէջ։

Պո­­­լիս, 25 / 3 / 1949

Սի­­­րելի ըն­­­կեր Ե. Մսրլըեան,

Թէեւ 8 Յու­­­նո­­­­­­­ւար թո­­­ւակի­­­րիս պա­­­տաս­­­խան չեմ ստա­­­ցած ցարդ, կը յու­­­սամ սա­­­կայն թէ դար­­­ձեալ առող­­­ջա­­­­­­­կան կամ կա­­­րեւոր պատ­­­ճառ մը չէ ձեր լռու­­­թեան շար­­­ժա­­­­­­­ռիթը, եւ այս նա­­­մակը կը գրեմ աւե­­­տիս մը տա­­­լու հա­­­մար։

Ճամ­­­բորդու­­­թեան ար­­­տօ­­­­­­­նու­­­թիւնը ստա­­­ցայ։ Կը կար­­­ծեմ որ հաս­­­տատ է այս ան­­­գամ։ Հրա­­­մանը ընդհ. դա­­­տախա­­­զու­­­թե­­­­­­­նէն տրո­­­ւած է իմ մէկ խիստ աղեր­­­սագրիս վրայ։ Ուստի վերստին ձեռ­­­նարկած եմ ան­­­ցա­­­­­­­գիրի եւ վի­­­զէի գոր­­­ծո­­­­­­­ղու­­­թիւննե­­­րուն։ Ես հոս ոեւէ կեր­­­պով ճար ճա­­­րակ պի­­­տի ընեմ, մէկ­­­նումի գու­­­մար մը պի­­­տի ապա­­­հովեմ։ Ան­­­ցա­­­­­­­գիրս միշտ Պէյ­­­րութի հա­­­մար է, եւ մտա­­­դիր եմ հոն եր­­­թալ, որով­­­հե­­­­­­­տեւ աւե­­­լի մօտ է եւ աւե­­­լի աժան՝ ամէն ծախ­­­քը։

Բայց հոն ոեւէ մէ­­­կու չեմ կրնար յոյս կա­­­պել։ Մեր բա­­­րեկամ­­­նե­­­­­­­րը, որոնք յանձնա­­­ռու եղած էին ին­­­ծի եւ կնոջս գործ ապա­­­հովել, քա­­­նի մը ամիս առաջ գրե­­­ցին որ բնա­­­կանա­­­բար կա­­­րող չէին այսքան եր­­­կար ատեն սպա­­­սելու ին­­­ծի եւ ու­­­րիշ մէ­­­կը կո­­­չած էին ին­­­ծի խոս­­­տա­­­­­­­ցուած պաշ­­­տօ­­­­­­­նին։ Այս պայ­­­մաննե­­­րու մէջ, այնպէս կ՚երե­­­ւի որ առա­­­ջին օրերս կա­­­տարե­­­լապէս ան­­­նե­­­­­­­ցուկ պի­­­տի անցնին հոն։ Ձե­­­նէ կը խնդրեմ որ ին­­­ծի հա­­­ղոր­­­դէիք վստա­­­հելի բա­­­րեկա­­­մի մը անու­­­նը եւ հաս­­­ցէն, որուն կա­­­րենամ դի­­­մել ոեւէ դիւ­­­րութեան, ոեւէ գործ կար­­­գադրե­­­լու հա­­­մար։ Կը խնդրեմ մա­­­նաւանդ որ նա­­­մակս առ­­­նելնուդ պէս խիստ փու­­­թով պա­­­տաս­­­խա­­­­­­­նէք, որով­­­հե­­­­­­­տեւ ան­­­ցա­­­­­­­գիրիս պայ­­­մա­­­­­­­նաժա­­­մը վերջ կը գտնէ Մա­­­յիս 26-ին, որով ստի­­­պուած եմ աճա­­­պարել ու մէկ­­­նիլ մէկ-մէ­­­կու­­­կէս ամի­­­սէն։

Եթէ չէք կրնար ոեւէ աջակ­­­ցութիւն ապա­­­հովել ին­­­ծի Պէյ­­­րութի մէջ, ատ ալ գրե­­­ցէք ան­­­մի­­­­­­­ջապէս, որ­­­պէսզի ըստ այնմ խոր­­­հիմ եւ մի­­­ջոց­­­ներ ձեռք առ­­­նեմ։ Բայց վստահ եմ որ ձեր անձնա­­­կան բա­­­րեկա­­­մու­­­թիւննե­­­րը կա­­­րող են ին­­­ծի թի­­­կունք ըն­­­ծա­­­­­­­յելու առա­­­ջին օրե­­­րուն, մին­­­չեւ որ ինքնա­­­բաւ դառ­­­նամ ու զբա­­­ղում մը ու­­­նե­­­­­­­նամ։

Ամ­­­բողջ յոյսս ձեր աջակ­­­ցութեան եւ յանձնա­­­րարու­­­թիւննե­­­րուն վրայ է, սի­­­րելի ընկ. Մսրլըեան։ Վստահ եմ որ ի դե­­­րեւ չպի­­­տի հա­­­նէք յոյսս։

Դար­­­ձեալ կ՚աղա­­­չեմ, խիստ փու­­­թով պա­­­տաս­­­խա­­­­­­­նեցէք սոյն նա­­­մակիս։ Անձկա­­­նօք կը սպա­­­սեմ։

Ձերդ ան­­­կեղծօ­­­րէն՝ Զա­­­ւէն Պի­­­պեռեան

***

Պո­­­լիս, 7 / 4 / 949

Սի­­­րելի ըն­­­կեր Ե. Մսրլըեան,

Ստա­­­ցայ ձեր 31 / 3 թո­­­ւակի­­­րը, որ խիստ ու­­­րա­­­­­­­խացուց զիս։ Աւօն վեր­­­ջերս դժո­­­ւարու­­­թիւններ ու­­­նե­­­­­­­ցեր է բնա­­­կու­­­թեան ար­­­տօ­­­­­­­նու­­­թեան հա­­­մար։ Մաղ­­­թենք որ մին­­­չեւ հի­­­մա կար­­­գադրո­­­ւած ըլ­­­լայ։

Ու­­­րախ եղայ կար­­­դա­­­­­­­լով որ հոտ ալ հայ հա­­­մայնքը ան­­­բա­­­­­­­սիր եւ օրի­­­նակե­­­լի է, եւ կը վա­­­յելէ երկրին ու կա­­­ռավա­­­րու­­­թեան հա­­­մակ­­­րութիւ­­­նը։ Հա­­­յերը եւ Արաբ­­­նե­­­­­­­րը ար­­­դէն միշտ մօտ եղած են իրա­­­րու, հասկցած են զի­­­րար, որով­­­հե­­­­­­­տեւ բախ­­­տա­­­­­­­կից եղած են յա­­­ճախ։ Ար­­­դէն այ­­­սօր կրօն­­­քը դադ­­­րած է պա­­­ռակ­­­տումի եւ թշնա­­­մու­­­թեան ազ­­­դակ մը ըլ­­­լա­­­­­­­լէ՝ ժո­­­ղովուրդնե­­­րու մի­­­ջեւ։

Շնոր­­­հա­­­­­­­կալու­­­թիւն՝ ձեր նո­­­ւէրի մա­­­սին բա­­­րեկա­­­մական բաղ­­­ձանքնե­­­րուն։ Ձեր այդ զգա­­­ցու­­­մը բաւ է եւ լա­­­ւագոյն նո­­­ւէրը ին­­­ծի պէս մե­­­կու­­­սա­­­­­­­ցած մար­­­դու մը։ Չա­­­րաչար աշ­­­խա­­­­­­­տան­­­քով կը յա­­­ջողիմ իմ եւ կնոջս ապ­­­րուստը ճա­­­րել։ Այժմ ամ­­­բողջ աշ­­­խա­­­­­­­տանքս, ջան­­­քերս կը ձգտին նիւ­­­թա­­­­­­­կան կա­­­րելիու­­­թիւններ ապա­­­հովե­­­լու՝ մօ­­­տալուտ ու­­­ղե­­­­­­­ւորու­­­թեան հա­­­մար։ Ին­­­ծի շատ հրճո­­­ւանք առ­­­թեց այս պա­­­րագան թէ զի­­­րար պի­­­տի կա­­­րենանք տես­­­նել Ան­­­թի­­­­­­­լիասի մէջ։ Ան­­­շուշտ ես ձե­­­նէ առաջ պի­­­տի հաս­­­նիմ Լի­­­բանան, որով­­­հե­­­­­­­տեւ Մա­­­յիս 26-ին կ՚աւար­­­տի ան­­­ցագրիս պայ­­­մա­­­­­­­նաժա­­­մը, եւ պէտք է մեկ­­­նիմ առա­­­ւելն ամի­­­սէ մը։ Պէյ­­­րութէն կը գրեմ ձե­­­զի, կը տե­­­ղեկաց­­­նեմ հաս­­­ցէս։ Ու երբ հոն միանանք ու … մէկ քա­­­նի հատ կոն­­­ծենք գլուխ գլխի, ես շու­­­տով կը հա­­­մոզեմ ձեզ թէ մարդ պէտք չէ եր­­­բեք յու­­­սա­­­­­­­հատի նոյ­­­նիսկ երբ 61 տա­­­րեկան է եւ նոյ­­­նիսկ երբ թրօմ­­­պօլ ու­­­նի կռնա­­­կը շալ­­­կած… Մինչ այդ, առող­­­ջութիւն եւ զո­ւարթ տրա­­­մադ­­­րութիւն կը մաղ­­­թեմ լա­­­ւագոյն օրե­­­րու հա­­­մար։

Յար­­­գանքներս Տի­­­կինին՝ ինձմէ եւ կնոջ­­­մէս։

Ձերդ եղ­­­բայրա­­­բար՝ Զա­­­ւէն Պի­­­պեռեան

* [1] Խօս­­­քը հա­­­ւանա­­­բար կը վե­­­րաբե­­­րի պոլ­­­սա­­­­­­­հայ մտա­­­ւորա­­­կան ու հան­­­րա­­­­­­­յին գոր­­­ծիչ Աւե­­­տիս Ալէք­­­սա­­­­­­­նեանին (Պո­­­լիս, 1910-1984, Փա­­­րիզ)։

նյութի աղբյուրը՝ Ակոս

Մեկնաբանել

Լատինատառ հայերենով գրված մեկնաբանությունները չեն հրապարակվի խմբագրության կողմից։
Եթե գտել եք վրիպակ, ապա այն կարող եք ուղարկել մեզ՝ ընտրելով վրիպակը և սեղմելով CTRL+Enter