Յակոբ Պապիկեան․ «Ատանայի եղեռնը»
Տեղեկագիր Էտիրնէի երեսփոխան Յակոբ Պապիկեանի
«Արդարութիւնը կը բարձրացնէ ազգերը. եւ մեղքն ու ոճիրը կը կործանեն զայն»։ Սողոմոն
Թողած ըլլալով Պոլիսը 12 Մայիսին, մենք, Ֆայիգ պէյ (Պետական խորհրդոյ Նախադատ Ատեանի նախագահ) եւ Յարութիւն էֆ. Մոստիչեան (Մանասթըրի վիլայէթին Դատական Քննիչ)՝ պատուիրակներ Բ[արձրագոյն] Դրան. երեսփոխան Եուսուֆ Քէմալ պէյ եւ ես՝ պատգամաւորներ Օսմ[անեան] Խորհրդարանի, 16ին հասանք Ատանա, այդ քաղաքին եւ իր շրջանակներու մէջ տեղի ունեցած արիւնալի պատահարներուն, — որոնք տրտմեցուցած են բոլոր օսմանցիները — պատճառները եւ նկարագիրը ճշտելու եւ ճշմարտութիւնը ճանչցնելու պաշտօնով։
Մեկնելու ատեն կը մտածէի որ այս ցաւալի եղելութիւններու վերաբերեալ լուրերը շատ չափազանցուած էին, եւ խիստ կը փափագէի որ այնպէս ըլլար, վասնզի հին վարչութեան օրով, առանց ոչ մէկ պատճառի, հարիւր հազարաւոր անմեղ Հայերու արիւնը դեռ չէր չորցած, եւ այս խեղճ զոհերու անմեղութիւնն ալ վերջապէս երեւան ելած ըլլալով, մեր միւսլիման հայրենակիցները- մէջն ըլլալով կրօնաւորները եւ հասարակ ժողովուրդը, - անոնց հողակոյտը այցելած էին, որպէս զի ատով Հայերուն վիշտը կարենան մխիթարել եւ մանաւանդ ջնջել ամօթալի մէկ էջը քաղաքակրթութեան պատմութեան։
Այսպէս, բնականաբար ոչ ոք կը փափագէր դարձեալ կրկնուած տեսնել, ի՛նչ չափով որ ըլլայ, նոր դէպքեր՝ որոնք ողբերգութիւնները յիշեցնէին։
Սակայն, ստիպուած եմ հրապարակաւ յայտարարելու որ իմ անձնական հաստատումներս զիս բոլորովին յուսախաբ ըրին։
Թող ըսեն ի՛նչ որ կ՚ուզեն։ Ամէն ոք իր սեփական կարծիքը ունի։ Ըստ իս, նմանօրինակ դէպքերու կրկնութիւնը անվրէպօրէն արգիլելու միակ միջոցն է՝ ճշմարտութիւնը ծանօթացնել այնպէս՝ ինչպէս որ է, առանց ամենափոքր վերապահութեան։ Եթէ, ընդհակառակը, ջանք տարուի այս դէպքերու մեծութիւնը նուազեցնել, եթէ ուզուի պատասխանատուութեան բաժին մը վերագրել զոհերուն, ատիկա՝ իմ կարծիքով պիտի նշանակէր՝ բաց ճամբայ մը ձգել միեւնոյն դէպքերու կրկնութեան։
Ահա՛ թէ ինչո՛ւ կ՚ուզեմ յստակօրէն եւ անկեղծութեամբ ոչ ոքի դէմ ինայելով Ձեզ ծանօթացնել արդիւնքը իմ քննութիւններուս եւ հաստատումներուս։
Տասնչորս տարեկանէս սկսեալ կեանքիս մեծ մասը անցուցած եմ քաղաքական խռովութիւններէ փոթորկուած միջավայրերու մէջ։ Պուլկարական ապստամբութեան միջոցին Սօֆիա կը գտնուէի. Թուրքեռու պատերազմի ատեն Պոսնիա էի՝ կատարեալ քաղաքային պատերազմի մէջ։ Կ. Պոլսոյ Քըրք-Քիլիսէի ջարդերուն ականատես վկան եղած եմ։ Սակայն երբեք չեմ տեսած եւ ոչ իսկ կրցած եմ երեւակայել սարսափներ՝ որոնք Ատանային հետ բաղդատուէին։ Այս նահանգին ջարդերը շատ ու շատ գլած անցած են այն բոլորը՝ ինչ որ Համիտեան վարչութիւնը այս տեսակին մէջ կազմակերպած է եւ ինչ որ իր բնութեամբ պիտի մնայ յաւիտենական ամօթ մը Օսմ. Պատմութեան։
Համիտեան ջարդերու մեծ մասը, այսպէս ըսուած, ունէին տեսակ մը կանոնաւոր կազմակերպութիւն. կը խնայուէր տղայոց, կիներուն, հիւանդներուն, եւ կողոպուտի, հրդեհումի եւ քանդումներու մասին տեսակ մը սեղմում կը դնէին։ Ատանայի մէջ ողջ-ողջ այրած են հիւանդները եւ վիրաւորները։ Գիւղերու եւ շրջակայի ագարակներուն, Միսիսի եւ Համիտիէի գազաներուն՝ ինչպէս նաեւ Հասան Պէյլիի (Պաղչէի գազա) մէջ, իբրեւ հարստութիւն եւ կալուած այլեւս ոչինչ կը մնայ, կիներէն եւ հինգ վեց տարեկան տղաքներէն շատեր վիրաւորուած են. անոնք մինչեւ իսկ առարկայ եղած են ամենադժնի վարմունքներու։ Թարսուսի մէջ լսեցի վաթսունը անցուկ երկու խեղճ պառաւներու գանգատները. անոնք կ՚ողբային որ չէր յարգուի նոյնիսկ իսլամական օրէնքը՝ որ կեանքը կը ճանչնայ իբր Աստուծոյ պարգեւը, եւ կիներու պատիւը՝ փատիշահինը, այն աստիճան՝ որ մարդ ըլլալուս համար սարսափ կը զգայի։
Մեր առջեւ բերին 8-12 տարեկան բռնաբարուած 4 աղջիկներ, զանոնք, ի ներկայութեան Էսատ Րէուֆ պէյի ( կառավարիչ Մերսինի) եւ ուրիշ պատշօնատարներու՝ տարինք իսլամ դայեակի մը մօտ։ Տեղեկագիրը ըստ պատշաճի խմբագրուելով պահուած է տեղական իշխանութեանց մօտ։ Եղերերգութեան բոլոր ընդարձակութեանը եւ բոլոր զազրելի բարբարոսութեանը մասին գաղափար մը կազմելու համար կը բաւէր տեսնել անթիւ վիրաւորեալները, մանաւանդ խեղճ փոքրիկները՝ ապաստանած Mme. Doughty Wylieի (կին անգլ. հիւպատոսին) հաստատած հիւանդանոցին մէջ. այս ազնիւ կինը, առաւօտէն մինչեւ իրիկուն, հիւանդապահուհիի մը պէս զանոնք կը խնամէր, ամէն գովեստէ վեր յարգանքով մը եւ արիութիւնով մը։
Ֆրանսացի եւ գերման քոյրերն ալ անոնցմէ կը խնամէին անջատօրէն։
Գերման հիւանդանոցի քոյր մը դէպքերու պատմութիւնները ընելու ժամանակ, եկաւ վայրկեան մը՝ ուր անկարող եղաւ զայն շարունակել. յետոյ, իր յուզումը անցնելէ վերջ, մեզի ըսաւ որ Աբգարեան վարժարանին մէջ տեղաւորուած շարժելու անկարող 150 վիրաւորեալներ՝ շէնքին հրդեհումին ատեն ողջ ողջ այրուած էին։ Ատիկա ամէնէն կսկծալի մանրամասնութիւններէն մէկն է։
Շատ մարդիկ եւս մահը գտած են բոցերուն մէջ։
Սակայն որովհետեւ անկարելի է ամէն ինչ գրել, պիտի գոհանամ թուելով տակաւին 17 անձերու պարագան, — որոնցմէ երկուքը ամերիկեան միսիոնար եւ մէկը՝ բողոքական հովիւ, — անզէն, անպաշտպան եւ ոչ մէկ բանէ գանգատող, զորս այրած են Օսմեանիէի հայ եկեղեցիին մէջ՝ եկեղեցական պաշտամունքի ժամանակ։
Համիտի վարչութեան օրով՝ կիներու եւ տղայոց կը խնայէին եւ չէին յարձակեր ուրիշ ազգութեանց քրիստոնեաներուն, նոյնիսկ Հայ-Կաթոլիկներուն եւ Հայ Բողոքականներուն։ Մինչդեռ Ատանայի քրիստոնեաներուն միջեւ ոչ մէկ խտրութիւն դրած են։ Սուրիացիները (Սուրիանի-Քատիմ) եւ Սուրիացի կաթոլիկները (Սուրիանի-քաթոլիք), որ ըստ լեզուի եւ հանգամանքի հայերէն ոչինչ ունին, վասնզի արաբերէն կը խօսին- ունեցած են, առաջինները 400 զոհ եւ երկրորդները 65. Քաղդէացիները (Քիլտանի) ունեցած են 200. իսկ Յոյները՝ հարիւրեակ մը Ատանայի քաղաքին եւ նոյնքան ալ նահանգին մէջ։ Գալով Բողոքական-Հայերուն՝ անոնք ունեցած են 655 անձ սպաննուած, եւ Հայ-Կաթոլիկները՝ 200։
Ընդհանրապէս հաստատուած է որ ջարդերու վաղորդայնին միայն յանձնարարուած է Յոյները հանգիստ ձգել։ Ո՛չ մէկ տեղ քրիստոնեայ տարր մը չէ յարգուած, ինչ որ ալ եղած ըլլայ։
Ատենագրութիւնով մը հաստատուած է որ, Էրզինի (Ճէպէլի Պէրէքէթի սանճագին գլխաւոր քաղաք) մէջ երբ բանտը պարպուեցաւ, բանտարկեալներուն մէջ գտնուող երկու Յոյներ սպաննուած են՝ նոյն իսկ տեղական իշխանութեանց ներկայութեամբը։
Բոլոր այս փաստերը լայնօրէն կ՚ապացուցանեն որ, Ատանայի ջարդերը՝ միայն Հայերու հանդէպ սարքուած շարժումի մը նկարագիրը չունին, այլ շարժման մը քրիստոնեաներուն եւ ընդհանրապէս Սահմանադրութեան դէմ։
Բաց աստի, նախկին ջարդերու ընթացքին, կողոպուտը, եւ մանաւանդ տուներու եւ ինչքերու աւերումը, երբեք չեն ունեցած ա՛յնքան մոլեգնութիւն, եւ ո՛չ իսկ տեղի ունեցած են այնքան լայն աստիճանի մը վրայ՝ որքան հիմակուանը։
Մէկ բառով, բոլոր այս սարսափները կ՚ապացուցանեն թէ կատաղի խելագարութեան մը ուրականը անցած էր այս գաւառին վրայէն։ Այս վայրագութեան արդիւնքը այն աստիճանի է որ, անով թաթախուած հոգին կը քանդուի դատելու կարողութիւնը կը կորսնցնէ։
Ա.
Զոհերու թիւը եւ նիւթական վնասներու կարեւորութիւնը
Զոհերու թիւի մասին հաստատած եմ որ կայ ահռելի տարբերութիւն մը պաշտօնական թիւերուն եւ ուրիշներու կատարած հաշիւին միջեւ։ Հայերը եւ օտար թերթերու թղթակիցները համաձայն են ընդունելու թիւ մը՝ որ կը յածի 25 եւ 30 հազարի մէջ։ Գալով կառավարութեան, նախ պաշտօնապէս ցոյց տուաւ իբր 1500 ոչ-իսլամ եւ 1900 իսլամ, իսկ այժմ՝ նոր քննութիւններէ վերջ, անիկա կ՚ընդունի 6000ի համագումար թիւը։
Կառավարութեան թիւերը հիմնուած են քաղաքային իշխանութեան տոմարներուն եւ կարգ մը վայրերու մուխթարներուն եւ կրօնականներու տուած ցուցակներուն վրայ։ Հարկ չի կայ ըսելու որ քաղաքային իշխանութեան տոմարները չեն կրնար ներկայանալ իբրեւ հաւատ ընծայուելիք աղբիւրներ, եւ խիստ բացայայտ է որ Ատանայի իշխանութիւնները ամէն տեսակ միջոցներու դիմեցին՝ քրիստոնեայ զոհերու իրական թիւը պահելու համար։ Ատկէ զատ բազմաթիւ վայրերու մէջ, նոյն ինքն քահանաները եւ մուխթարները կը գտնուին սպաննուածներուն մէջ։ Օրինակի համար, Համիտիէի մէջ 7 հոգի յաջողած են պահուելու տեղ մը գտնել, 8 հոգի ալ ապաստան փնտռած են M. Sabatier կոչուած ֆրանսացիի մը գործարանին մէջ, եւ բոլոր մնացեալը, — հաշուուած 2000 հոգի՝ օտար թղթակիցներէ, — ջարդուած են, մէջը ըլլալով քահանան եւ մուխթարը։
Պէտք է նկատի ունենալ որ՝ այդ եղանակին գործաւորներու ահագին թիւ մը եկած էր այս գազային մէջ, եւ որովհետեւ ասոնք չէին արձանագրուած, անկարելի է հաշուել անոնց ճշգրիտ թիւը։
Տա՜յր երկինք որ հիւպատոսներու եւ թղթակիցներու հաշիւները չափազանցուած ըլլային։
Սակայն տրուած ըլլալով Ատանայի կարեւորութիւնը՝ տնտեսական տեսակէտով, տրուած ըլլալով նաեւ որ ջարդերը տեղի ունեցած են աշխատանքի եւ առուտուրի ամէնէն եռուզեռ շրջանին, Անատօլուի զանազան նահանգներէն՝ եւ նոյն իսկ Մուսուլի նման այնքան հեռաւոր նահանգէ մը հասած գործաւորներու ընդհանուր թիւը 40 կամ 50 հազարէն նուազ պէտք չէր ըլլալ։ Այս թիւին առնուազն կէսը կազմուած էր Հայերէ՝ որոնց մեծագոյն մասը ջարդուած է։
Զիհնի փաշա (դէպքերէն վերջ կարգուած վալի Ատանայի) տեսակցութեան մը միջոցին օր մը կ՚ըսէր ինծի թէ՝ անկարելի էր ընդունիլ որ հայ զոհերու թիւը կարենար հասնիլ 15 հազարի, քանի որ պաշտօնական տոմարներու համաձայն, Ատանա քաղաքը 13 հազարէն աւելի Հայ չէր հաշուեր։ Սակայն, Նորին Վսեմութիւնը, ինչպէս որ կ՚երեւար, մոռցած էր որ, երբ իր գործունէութեան վրայ կը խօսէր, իբր յաջողութիւն կը նկատէր իրենց երկիրը ճամբած ըլլալը 10, 000 հայ գործաւորներ՝ որոնք հասած էին ուրիշ վայրերէ եւ բանակած՝ կայարանին մօտ վրաններու տակ կամ բացօթեայ։ Երբոր այս կէտը յիշեցուցի իրեն, Նորին Վսեմութիւնը ստիպուեցաւ լռել։ Կրնա՞ր այլ կերպ շարժիլ՝ իր պարծած յաջողութիւնը առանց կասկածի տակ թողելու։
Ենթադրենք որ այս խեղճ մարդոց կէսը գտնուելով հոս հոն, քաղաքէն դուրս, առանց զէնքի, կրցած է կեանքը ազատել, անշուշտ միւս կէսը կորսուած է առանց հետք մը ձգելու որեւէ պաշտօնական տոմարի մէջ։
Մնաց որ, ես քաղուած մը պիտի տամ Ներքին Գործոց Նախարարութեան ուղղուած հաւաքական տեղեկագրէ մը՝ ստորագրուած Բ[արձրագոյն] Դրան պատուիրակ Ֆայիգ պէյի եւ Մոստիչեան էֆ. [էնտի]ի ինչպէս նաեւ Մէրսինի կառավարիչ Էսատ Րէուֆ պէյի կողմէ։
«Ատանայի վիլայէթին ցաւալի դէպքերու ընթացքին սպաննուած անձերու թիւն է, քաղաքային իշխանութեանց տոմարներու համաձայն՝ 5683՝ մէջը հաշուելով զինուորները եւ ոստիկան զինուորները — որոնց 1487ը իսլամ եւ 4196ը ոչ-իսլամ։ Սակայն որովհետեւ հաւանական է որ ըլլար առժամապէս այս տեղերը հաստատուած եւ չարձանագրուած անձերու մեծ թիւ մը, հաւասարապէս մեռան. եւ որովհետեւ այժմ կարելի չէ այս անհատներու թիւը ճշտել, կը կարծենք որ սպաննուածներու ընդհանւոր թիւը պիտի ըլլայ, իսլամ եւ ոչ-իսլամ, մօտաւորապէս 15000 հոգի։ Միեւնոյն ատեն պէտք չէ մոռնալ որ 30, 000 անձեր, պատանի եւ տղայ, կը մնան առանց ապաստանի եւ առանց ոչ մէկ նիւթական միջոցներու»։
Կը կրկնեմ, տա՜յր Աստուած, որ այս պարոններն ալ խաբուած ըլլային զոհերու թիւին վերաբերմամբ։ Բայց շատ կը վախնամ որ այսպէս եղած ըլլայ։
Արդարեւ, պէտք է երեւակայել որ Հաճընի մէջ իսկ, ուր ջարդ տեղի չունեցաւ, — թէեւ Հայերը հոն 5 օր պաշարուած մնացին, — ցարդ ճշգրիտ լուր չէ առնուած 3000 հայերու մասին՝ որոնք Ատանայի նահանգին մէջ կը գտնուէին։ Հաճըն ըլլալով լեռնային եւ անբերրի քաղաք մը, իր բնակիչները ստիպուած են այլուր երթալ՝ օրապահիկ ճարելու համար։
Անհերքելի է որ ոչ-բնիկ զոհերու թիւը մեծ է. բայց առնուազն մէկ տարի պէտք է կարենալ հասկնալու համար ճիշդ թիւը այն անձերուն՝ որոնց ճակատագիրը անծանօթ կը մնայ, վասնզի այս թիւը իւրաքանչիւր վիլայէթի տուած պաշտօնական տեղեկութիւններու վրայ միայն կրնայ հիմնուիլ։
Ամէն պարագայի պէտք է ընդունիլ որ Ատանայի եւ շրջակայից մէջ բնակող օտարահպատակ գաղթականութեանց երեւելիները կրնան հաշուել աւելի պաղարիւնով, մանաւանդ օտար թղթակիցները՝ որոնք կրնային ամէն տեղեր ազատօրէն մուտք գործել իրենց հետախուզութեանց համար։ Հետեւաբար, սպասելով որ ճիշդ թիւերը ստուգուին իւրաքանչիւր վիլայէթի մէջ, իմ կարծիքով, այժմուս զոհերու ամէնէն հաւանական թիւն է օտարներու ցոյց տուածը՝ որ 20 հազարէն վար չէ։
Ինչ կը վերաբերի նիւթական կորուստներուն, բաւական է ինձ ըսել որ Ատանայի նահանգը, կայսրութեան ամէնէն բարգաւաճ եւ ամէնէն հարուստներէն մին, այսօր միմիայն աւերակներու կոյտ մըն է՝ տխրատեսիլ եւ լռին։
Զիհնի փաշայի համաձայն, Ատանա քաղաքին մէջ հրդեհուած եւ քանդուած շէնքերը, ըստ քանակութեան, կը ներկայացնեն ամբողջութեան մէկ հինգերորդը, եւ ըստ արժէքին՝ մէկ երրորդը։
Պատկանեալ վարչութեան տուիքերուն համաձայն, հրդեհուած կալուածներու համագումար արժէքը կը ներկայացնէ մօտաւորապէս 96, 000 օսմ. [անեան] ոսկի։ Իմ կարծիքով. աջ կողմէն զէրոյի մը յաւելումովն իսկ այս գումարը անբաւական պիտի ըլլար, վասն զի Սուրիացի երեւելի մը, Էլիաս Թիւրքմանի, տեսած է անէացումը իր անշարժ կալուածներուն՝ 30, 000 ոսկի արժէքով, գումար մը որ հիմնուած է վերոյիշեալ վարչութեան պաշտօնական թիւերուն վրայ։ Պաղչէի մէջ, ուր ամէն կարելի խնայողութիւններով ուզուած է շինել տնակներ՝ ուր հազիւ կարելի է պատսպարուիլ մթնոլորտի խստութիւններէն, հաստատուած է որ իւրաքանչիւրին համար պէտք էր ծախսել նուազագոյն 25 ոսկի։ Արդ, բացայայտ է որ յարաբերօրէն ճիշդ թիւ մը ունենալու համար պէտք է ընդունիլ 50 ոսկիի նուազագոյն եւ 500 ոսկիի առաւելագոյն չափ մը՝ իւրաքանչիւր այրած շէնքի համար, ինչ որ ցոյց պիտի տար պաշտօնական գնահատումներու իսկական արժէքը։
Հաւասարապէս օգտակար է յիշել որ Ատանայի մէջ ապահովագրական ընկերութեանց հատուցանելի վնասներու գումարը կը հասնի 750, 000 ոսկիի։ Աւելորդ փաստ մը եւս՝ պաշտօնական թիւերու արժէքը ցոյց տուող։
Հարկադրուած եմ եզրակացնել որ նիւթական կորուստներու ընդհանուր գումարը, անշարժ եւ շարժուն կալուածներով, 3 միլիոն օսմ. [անեան] ոսկիէն պակաս պէտք չէ ըլլայ։
Բ.
Խռովութեանց պատճառները. — Ինչպէ՞ս սկսան եւ իրենց ընթացքը շարունակեցին
Պոլսոյ մէջ Մարտ 31ի հակայեղափոխական շարժումը սկսելուն հետ միասին, միեւնոյն օրուան ցորեկէն վերջ, անմիջապէս որ հեռագիրը արձագանգը տուաւ այն դէպքերուն՝ որոնց մայրաքաղաքը թատր հանդիսացած էր, Ատանայի մէջ խռովութիւնները պայթեցան։
Յաջորդ օրը, չորեքշաբթի, այս խռովութիւնները կը փոխուէին ջարդերու՝ որոնք տեւեցին երեք օր եւ վերջացան Ապրիլ 3ին։
Յետոյ, Րումէլիէն եկած վաշտերուն հասած իրիկունն իսկ (Կիրակի, 12 Ապրիլ), անոնք կը վերսկսէին մինչեւ երեքշաբթի վերջ գտնելով։
Այս անիմաստ մոլեգնութեան իմաստը բաւարար կերպով հասկնալու համար, անհրաժեշտ է քիչ մը յետ երթալ, երթալ նոյն իսկ մինչեւ Սահմանադրութեան վաղորդայնը։
Սահմանադրական վարչութեան վերահաստատումը գէշ կերպով կը պատշաճէր շահերուն այս երեւելիներուն՝ որոնց հին վարչութիւնը ապօրէն հեղինակութիւն մը կ՚ապահովէր։ Ուրեմն ինքնաբերաբար այդ երեւելիները կը սնուցանէին ամենամեծ մախանք մը նոր վարչութեան դէմ, եւ, շատ բնականօրէն, ընդդէմ Հայերուն՝ որոնք պատրաստ էին իրենց արիւնը թափելու՝ այդ Սահմանադրութիւնը պահպանելու համար։ Այսպէս, այդ մարդերը մտածեցին որ՝ նոր րէժիմին դէմ յաջողութեամբ յարձակելու համար նախ պէտք էր Հայերը բնաջնջել։ Ամբոխին տգիտութենէն եւ միամտութենէն օգտուելով, ամէն կողմ Հայերու դէմ տարաձայնեցին զրպարտութիւններ — զրպարտութիւններ որոնք ժողովուրդի ամէնէն փափուկ զգացումերը վիրաւորելու բնոյթն ունէին։
Ասիկա չէր ամէնը։
Մերթ կ՚ըսուէր թէ Հայերը կը զինուէին իսլամները ջարդելու եւ անոնց կիները առեւանգելու նպատակով. մերթ սուտ զրոյցներ կը հանէին՝ որոնց համեմատ Հայերը իբրեւ թէ մեղանչած ըլլան իսլամական կրօնքին դէմ եւ անարգած՝ բարեպաշտական հաստատութիւնները։
Այսօր ստուգուած է որ իսլամ բնակչութիւնը գրգռելու ձգտող այս սուտերը տարածուած էին ամբողջ Անատօլուի մէջ։ Հին վարչութեան օրով ջարդեր տեսած նահանգներու կարգ մը երեսփոխաններ մեզի կը պատմեն թէ այն ատենուայ կարգախօսը կուգար մայրաքաղաքէն, պաշտօնական զեկոյցի ձեւով, ծանուցանելով հաւանական ժամանումը յեղափոխականներու, որոնք իբրեւ թէ կառավարութեան եւ իսլամական իրաւունքներու վրայ յարձակելու նպատակ ունէին՝ եւ կը յանձնարարէին իսլամ բնակչութիւնը տեղեակ պահել այս իրողութիւններուն։
Ցամաքի ճամբով մեկնած ըլլալով՝ գիշեր մը Գոնիայի մէջ անցուցինք։ Վիլայէթի թահրիրաթ միւտիրին եւ ոստիկան-զօրաց հրամանատարը կայարանը զմեզ դիմաւորած էին՝ վալիին անունով մեզի բարի մաղթելու համար։ Այս էֆէնտիները խօսակցութեան ընթացքին մեզի տեղեկացուցին թէ միեւնոյն օրը այդ քաղաքին մէջ որոշ չափով շարժումի նշաններ կը տեսնուէին, իսլամները շուկայ եկած էին՝ ցգլուխ զինուած, Հայերը ապաստանած էին իրենց տուները եւ կամ իսլամ բարեկամներու մօտ. բարեբախտաբար շուտ գիտցուած էր որ այս շարժումին պատճառը սուտ լուր մըն էր ու այսպէսով խռովութիւններէ խուսափած էին։ Անմիջապէս վալիին մօտ գացինք այս դէպքին նկարագիրը հասկնալու համար։
Ահա՛ թէ ի՛նչ էր խնդիրին էութիւնը։
Նախընթաց օր Պօղ-Քըրի (Գոնիայի գազա) գայմագամէն հեռագիր մը հասած էր որ կը հաղորդէր շրջող զրոյց մը՝ որուն համաձայն 5000 Հայեր գազային մէջ մտած՝ սկսած էին հրդեհել եւ աւերել գիւղերը, եւ թէ իսլամ բնակչութիւնը գերագրգռուելով, րէտիֆներու մթերանոցին մէջ գտնուած զէնքերը աւարի տուած էր։ Հեռագիրը կ՚աւելցնէր թէ, զինուորական ուժի մը չգոյութեան պատճառով, տեղական իշխանութիւնները իսլամ բնակչութիւնը կը ղրկէին շրջակայ գլխաւոր դիրքերուն վրայ՝ մինչեւ որ հասնէին գայմագամին պահանջած օգնութիւնները։
Այս հեռագրին հասնելուն վրայ, րէտիֆներու տեղական վաշտը զէնքի տակ կանչուած եւ հապճեպով ղրկուած էր, հանգստեան կոչուած տարիքոտ սպայի մը հրամանատարութեան տակ։ Սակայն վերջ ի վերջոյ հասկցած էին այս 5000 հայերու առասպելին էութիւնը։ Խնդիրը կը յանգէր յիսնակ մը գնչուներու վրայ, որոնք հոնկէ կ՚անցնէին, ինչպէս ամէն տարի սովորաբար։ Ահաւասիկ պատճառը բոլոր այս վլվլուկներուն…։
Գայմագամին հեռագիրը տեղի տուած էր զօրակոչի մը եւ Գոնիայի իսլամներուն միջեւ գրգռութեան մը՝ Հայերուն դէմ։
Բռնապետութեան ուրիշ կուսակիցներ. ինչպէս Հաճընի միւֆթին եւ իր զաւակները Ահմէտ, Ճէվտէթ եւ Իզզէթ էֆէնտիները, հարցաքննիչ-դատաւորի փոխանորդ Սապրի էֆէնտի, եւ Գօզանի (Սիս) նախադատ ատենի անդամ Հիւսէյին էֆէնտի՝ սանձարձակ կերպով դէմ յայտարարուած են Սահմանադրութեան եւ Հաւասարութեան դէմ, եւ բացայայտօրէն ժողովուրդը դրդած են քեաֆիրները սպաննել եւ իրենց ինչքերուն տիրանալ։ Այս դէպքը ապացուցած է Ատանայի պատժական դատարանը գտնուած թռուցիկ-կոչերով։
Հրապարակաւ միեւնոյն ուղղութեամբ պրոպականտ մը եղած է Պաղչէի նախորդ միւտիրին կողմէ։
Բացայայտ է որ այս արուեստական գրգռութիւնները հոս ու հոն տեղի տուած են հայկական ջարդերու սկզբնաւորութեանց։ Օրինակ, Էշճար- Ուշազըի մէջ սպաննուած են Հաճընցի երեք Հայեր. Քարսի ըսուած ուրիշ գիւղի մը մէջ ուրիշ երկու Հայեր սպաննուած են, յետոյ յօշոտուած եւ այրուած։
Այս ոճիրներու հեղինակները առանց այլեւայլի իրենց արարքը խոստովանած են իբր պատճառ ցոյց տալով վերոյիշեալ գրգռութիւնները։ Հակառակ ատոր, ասոնք, հիւանդութեան կեղծ պատրուակին տակ — իրականութեան մէջ անոնց փախուստը դիւրացնելու համար — Ատանայի հիւանդանոցը փոխադրուած են։
Վարուելու այս եղանակը քաջալերութիւն մըն էր բոլոր եղեռնագործներուն։
Ատանա քաղաքին մէջ, միապետութեան կուսակիցները ամէն յերիւրածոյ միջոցներու դիմեցին՝ իսլամներու կարծիքը Հայերուն դէմ հանելու համար։ Ժողովուրդէն մէկ մասին կ՚ըսէին թէ այգիներուն մէջ Հայ մը մեղապարտ յարաբերութիւններ ունցած էր իսլամ կիներու հետ. թէ այն հայ երիտասարդը, որ իսլամ մը սպաննած եւ ուրիշ մը վիրաւորած էր իր պատիւը պաշտպանելուն համար, Հայ թաղին մէջ պահուած կը մնար. թէ Հայերը մեծ քանակութեամբ զէնքեր գնած էին եւ կը պատրաստուէին յարձակիլ Իսլամներու վրայ։ Աւելի վար խաւերու եւ չարագործութեանց ընդունակ տարրերու կ՚ըսուէր թէ պէտք էր ջարդել քեաֆիրները՝ անոնց ինչքերուն տիրանալու համար. թէ Սահմանադրութիւնը, իսլամին օրէնքներուն հակառակ հռչակուած էր՝ ապահովելու համար քրիստոնեաներու՝ մասնաւորաբար Հայերու շահերը։
Ջարդերէն քանի մը օր առաջ, Իթիտալ թերթին խմբագրութեան կողմէ կազմակերպուած միթինկի մը մէջ, բոլոր իսլամ դասակարգերը — պաշտօնեայ, կրօնական, զինուոր եւ գործաւոր — կ՚աշխատին զանգուածային յարձակման մը պատրաստուելու համար։ Վալին կը հաւաստէ որ զէնքերու մթերանոցը կողոպտուեցաւ այս գերագրգռուած ամբոխին կողմէ։ Սակայն տրուած ըլլալով որ մթերանոցը պահպանուած էր պահակախումբի մը կողմէ, եւ թէ այս պահակները, ո՛վ որ ալ ըլլար, առանց դիմադրութեան մտնելու պիտի չթողէին. թէ ապացուցուած չէ որ պահակներուն եւ ժողովուրդին միջեւ բախում մը տեղի ունցած ըլլայ. թէ միեւնոյն բանը պատահած է նահանգին բոլոր այն մասերուն մէջ՝ ուր այս պատճառներով ջարդեր տեղի ունեցած են, կասկած չի թողուր որ զէնքերը բաշխուած են կառավարական հրամանով։
Երկու հայ երեւելիներ սպաննուած են, մին նոյնինքն վալիին աչքին տակ, միւսը այն տեսակ վայրի մը մէջ՝ ուր գացած էր վերջնոյս կողմէ իրեն վստահուած պաշտօն մը կատարելու համար։ Կառավարութիւնը, ոչ միայն ոճրագործները չի ձերբակալեց՝ այլ անոնցմով անգամ չի շահագրգռուեցաւ։ Այս ընթացքը կը ձգտէր ոճրագործները քաջալերելու, զանոնք ամէն տեսակ գրգռութիւններու մղելու եւ հրահրելու անոնց յոռի բնազդները։ Ժամը 4ին բոլոր կառավարական պաշտօնեաները, երեւելիները, ինչպէս նաեւ խուժանը հաւաքուած էին՝ ամէնքը կրելով փաթթոց։ Ասոր վրայ Հայերը, որ առաւօտէն ի վեր իրենց գործերով զբաղած էին, ստիպուած են իրենց վաճառատունները գոցել եւ ապաստանիլ իրենց տուները։ Ասիկա բացարձակապէս անհերքելի ապացոյց մըն էր թէ իրենք չէին կրնար ոչ մէկ յարձակողական միտում ունենալ։
Անատօլուի ջարդերուն ժամանակ, մտքերը խաղաղեցնելու պատրուակին տակ, կը ստիպէին Հայերը որպէսզի տուներէն դուրս ելլեն եւ խանութները վերաբանան. իրականութեան մէջ նպատակնին էր զրկել զանոնք ամէն ինքնապաշտպանական միջոցէ եւ իսլամներու կողմէ անոնց բնաջնջումը դիւրացնել։ Ատանայի վալին դիմած է միեւնոյն միջոցին։ Այնպէս որ ջարդը եւ կողոպուտը մեթոտիկ կերպով սկսուած է խողխողումովը Հայերուն, որոնք վալիին պնդումներուն տեղի տալով, կը գտնուէին փողոցներուն կամ իրենց վաճառատուններուն մէջ։ Յետոյ ամբոխը յարձակած է Հայ թաղին վրայ՝ սպաննելու համար բոլոր անոնք որ տուն ապաստանած կամ հոնկէ բնաւ դուրս չէին ելած։ Այն ատեն է միայն որ Հայերը գտնուելով օրինաւոր ինքնապաշտպանութեան մը հարկին տակ, զինուած դիմադրութիւն մը ցոյց տուած են, ուրկէց պատահած են երկուստեք կորուստներ։ Սակայն, որովհետեւ ո՛չ մէկ Հայ երբեք չէ յարձակած իսլամ թաղին վրայ, եւ որ բոլոր իսլամ սպաննուածները գտնուած են Հայ թաղին կամ ասոր մօտակայ դիրքերու վրայ, բացարձակօրէն անկարելի է պնդել որ Հայերու ձեռք առած միջոցը պաշտպանողական եւ թուրքերունը յատկապէս պատրաստուած յարձակողական չըլլայ։
Խռովութիւնները այսպէս իրենց ընթացքը շարունակեցին մինչեւ 4 Ապրիլ։
Օսման էֆէնտի անունով իսլամի մը ընտանիքը կը բնակէր Հայոց թաղին մէջ։ Այս ընտանիքը ոչ միայն ոչ ոք չի խորհեցաւ նեղել, այլ ընդհակառակը, ամէն վտանգէ ապահով տեղ մը դրին զայն։ Նմանապէս Հաճընի եւ Չորքմարզուանի (Տէօթ-Եօլ) մէջ գտնուող իսլամ ընտանիքներ, հեռի ամենափոքր մտահոգութեան մը ենթարկուելէ Հայերու կողմէ ամէն կարգի հոգածութեան առարկայ եղան։
Ահաւասիկ դարձեալ նիւթական եւ շօշափելի ապացոյց մը որ Հայերը՝ Իսլամներ կոտորելու վատ մտադրութիւնը չեն ունեցած երբեք։
Կուսակալ Ճէվատ պէյ, Ներքին Գործոց Նախարարութեան ուղղուած տեղեկագրով մը կը պնդէ որ իրեն անկարելի եղած էր կարգը պահպանել զինուորական միակ ջոկատով մը ընդդէմ չարագործներու եւ մարդասպաններու՝ որոնք ոչ մէկ բանի կ՚ուզէին ականջ դնել։
Սակայն Ապրիլ 4ին, Հայոց թաղը բնակող վերոյիշեալ Օսման էֆէնտիի միջոցաւ Հայերը նամակ մը ուղղեցին կառավարութեան, ուր կը կրկնէին այն հաւաստիքը թէ իրենք երբեք գէշ դիտումներ ունեցած չեն։ Արդ, այս գրութենէն անմիջապէս վերջ տրուած կառավարական միակ հրաման մը բաւական եղաւ յարձակումը դադրեցնելու։ Դարձեալ այս պարագան յայտնի փաստ մըն է որ՝ կոտորածները պատրաստուած եւ կազմակերպուած էին տեղական իշխանութեանց գիտակցութեամբ եւ հրամանով։
Ապրիլ 12ին սկսուած ջարդը, ինչպէս Ապրիլ 1ինը, վերագրուած էին ծիծաղելի կերպով յարմար արտառոց պատճառի մը, որպէսզի ատով պատասխանատուութիւնը ձգեն Հայերուն վրայ։
Ճէվատ պէյ, իր տեղեկագրին մէջ, կ՚ուզէ հաւատալ եւ հաւատացնել որ Հայոց թաղէն զինուորական ջոկատներու վրայ կրակուած ըլլալով, վերջինները յարձակած են այդ թաղին վրայ։ Իսկ հրդեհումներու եւ աւարառութիւններու վրայէն լռութեամբ կ՚անցնի։
Սակայն քննութիւնը ցոյց տուաւ որ՝ ո՛չ թէ միայն նիւթապէս անկարելի էր Հայոց թաղէն կրակել զինուորական բանակատեղիին վրայ, այլ նաեւ այն տունը, ուրկէ կը պնդուէր թէ հրացան պարպուած է, իսլամէ մը բնակուած էր։ Խնդիրը կը կայանար ուրեմն կարգ մը իսլամներու խառնակչութեան վրայ, այդպէսով զինուորները Հայոց դէմ գրգռելու համար։
Յարգելի երեսփոխանները անշուշտ կը յիշեն որ Մարտ 31ի շարժման ժամանակ, յետադիմական մը — թերեւս Շէյխ Վահտէթի — երեսփոխանական ժողովէն հրացան պարպեց Այա-Սօֆիայի հրապարակը բանակած զինուորներու վրայ՝ որոնք փոխադարձեցին։
Այս միջոցը, — որուն նպատակն էր երեսփոխաններու կոտորածը առաջացնել — ինչպէս կը տեսնուի, ճիշդ ու ճիշդ այն միջոցն է որ գործադրուեցաւ Ատանայի մէջ։ Երկու շարժումներու նմանութիւնը աչքառու է։
Յարգելի ընկերս Եուսուֆ Քէմալ պէյ կը գրէ. «…Թէպետ հրացան նետուած վայրերու մօտակաները կարգ մը հայոց տուներ կային…»։ Ատով կարծես բոլորովին չի մերժեր այն կարելիութիւնը թէ՝ հրացանաձգութիւնը հայերու կողմէ կատարուած ըլլար։ Սակայն, իմ հասկացողութեամբս, այս մասին ամենափոքր կասկած մը ներելի չէ, նկատելով որ իրենց սեփական թաղէն դուրս բնակող բոլոր հայերը Ապրիլ 4ին սպանուած էին, այնպէս որ 12ին — թուական երկրորդ կոտորածին — այդ շրջանակներու մէջ ոչ մէկ հայ մնացած էր։ Ուստի, զինուորներու վրայ կատարուած հրացանաձգութիւնը իսլամի մը կողմէ միայն կրնար տեղի ունենալ։
Անկարելի է բաւական ուժգին բացատրութիւններ գտնել՝ նկարագրելու համար սարսափը եւ վայրագութիւնը այս երկրորդ կոտորածին՝ որ տեւած է երկու օր։
Այս սպանդի միջոցին էր որ ողջ ողջ այրած են հիւանդները եւ այն վիրաւորները՝ որոնք հասած էին շրջակայ ագարակներէն եւ գիւղերէն եւ կամ կը գտնուէին դպրոցական շէնքին մէջ։
Ճէվատ պէյ իր տեղեկագրին մէջ աւելորդ համարած է խօսիլ այն սարսափելի մահացումին մասին՝ որուն այդ դժբաղդները ենթարկուեցան բոցերուն մէջ. բառ մը չըսեր փորերնին պատռուած յղի կիներու, խողխողուած մանուկներու եւ ուրիշ հազար տեսակի անանուն վայրագութիւններուն վրայով։ Բայց չէ մոռցած խնամով նօթագրելու որ Հայոց թաղին հրդեհումին միջոցին մեծ քանակութեամբ ռումբեր եւ ուժանակներ պայթած են։ Այս զրպարտութեան լաւագոյն հերքումը կուտայ այն պարագան որ, Հայերը, իրենց ինքնապաշտպանութեան միջոցին, ռումբեր կամ ուժանակներ չեն գործածած։ Իրենց պաշտպանութիւնը կատարած են հասարակ զէնքերով, այնպէս որ բացայայտ է որ եթէ տէր եղած ըլլային նմանօրինակ միջոցներու՝ կրնային զանոնք դիւրութեամբ գործածել եւ անոնց արդիւնքը կարելի էր շատ դիւրութեամբ ճանչնալ։ Նմանօրինակ պայթուցիկներու ամենափոքր մէկ հետքին անգամ չենք պատահած, որպէսզի կարողանայինք անոնց գործածութիւնը ենթադրել, ուստի եւ շատ բնական է թէ ատիկա յայտնի չարախօսութիւն մըն է՝ որուն նպատակն է Հայերու վրայ ձգել դէպքերու պատասխանատուութիւնը։
Գալով այն թնդանօթ կոչուածներուն, որոնք իբրեւ թէ խռովութեանց միջոցին Ատանայի շրջակայքը գտնուած են, ատոնք երկու հատ ջուրի խողովակներ էին՝ փայտով շրջապատուած եւ վառօդով լեցուած։ Նաճար օղլու գիւղին Հայերը զայն պատրաստած էին գործածելու համար՝ չունենալով ուրիշ պաշտպանութեան միջոցներ. ու ասիկա անգամ մը եւս կուգայ ապացուցանելու որ այդ կողմերու Հայերը ապստամբութեան գաղափարներ սնուցանելէ շատ հեռի էին։
Բոլոր այս մանրամասնութիւնները վճռականօրէն կ՚ապացուցանեն իրողութիւն մը. այսինքն այն թէ՝ Ատանայի մէջ կառավարական պաշտօնեաները եւ անոնց արբանեակները կանխահոգ կարգադրութեամբ պատրաստած են այնպիսի պարագաներ, որ իրենց մտածումով՝ իրենց վրայ ինկած պատասխանատուութիւնը պիտի կարենային նուազեցնել այն ջարդերուն մէջ՝ զոր իրենք իսկ ծրագրեցին եւ որոշեցին, գէթ պաշտօնապէս, այդ պատասխանատուութիւնը նետել Հայերուն վրայ։ Այս նպատակին հասնելու եւ Իսլամներու վայրագ մոլեգնութիւնը արդարացնելու համար, դիմեցին ամէն տեսակ սուտերու եւ զինուորներու բանակատեղիին վրայ կրակելու զազրելի միջոցին։
Ճէվատ պէյ կ՚աւելցնէ թէ Հայերը բազմաթիւ զէնքեր գնած են եւ թէ մէկ քանի ամսուան միջոցին Ատանա ներմուծուած են 12, 000 կտոր հրացաններ։
Ճիշդ է որ Հայերը զէնքեր գնած են։ Սակայն ներածուած բոլոր մթերքը Հայերու կողմէ չէ գնուած։ Ընդհակառակը, — ինչպէս արդէն ամէն տեղ — այո զէնքերուն մեծագոյն մասը առնուած է Իսլամներու կողմէ։
Հոս հարցում մը կը ցցուի։
Հայերը իրաւունք ունի՞ն զէնքեր գնելու։
Իմ կարծիքով, այս խնդիրը գլխաւոր կարեւորութիւն մը ունի Ատանայի դէպքերուն լուծման համար, եւ կ՚արժէ որ ատոր պատասխանենք ամէն բանէ առաջ։
Կը կարծեմ թէ անկարելի է Հայերուն զլանալ բոլոր օսմանցիներուն հասարակաց եղող իրաւունք մը։ Եւ Հայերը նոյն իսկ ամէն ժամանակ — եւ միչեւ ցարդ — նշաւակ եղած ըլլալով ամէն տեսակ յարձակումներու, կեղեքումներու եւ կոտորածներու, կայսրութեան միւս տարրերէն աւելի իրենց օրինաւոր ինքնապաշտպանութեանը համար զինուելու հարկին տակ կը գտնուին։ Կառավարութիւնը Հայերը այն պարագային միայն պէտք էր արգիլել, երբ առանց բացառութեան բոլոր օսմանցիներու զէնք կրելու արտօնութիւնը վերցնէր եւ զանոնք կատարելապէս զինաթափ ընէր։ Բայց մերժել այս իրաւունքը ցեղի մը՝ որ զէնքին կը դիմէ մի միայն ինքնապաշտպանութեան համար, մինչդեռ զայն կ՚արտօնեն յարձակող տարրերու — ինչ որ են նաեւ ներկայ րոպէիս — պարզապէս պիտի նշանակէր Իսլամներու կողմէ ոչխարներու պէս բնաջնջման դատապարտել զանոնք։ Ոչ մէկ օսմանցի պիտի ընդունէր այդ կարգի անարդարութիւն մը։
Հետեւաբար երբ Հայերուն, ուրիշ տարրերու օրինակին վրայ, զինուած ըլլալը նկատուի խռովութեան կամ ապստամբութեան նշան մը. կարելի չէ ընել այդ՝ առանց արդարութիւնը եւ ողջմտութիւնը բռնաբարելու։ Եւ հարկադրուած ենք ընդունելու որ, Ատանայի դէպքերը այնպէս էին որ Հայերը չէին կրնար չի հպատակիլ՝ իրենց օրինաւոր ինքնապաշտպանութեան հրամայական պահանջին։
Անկասկած պիտի գայ օր մը՝ ուր սահմանադրական կառավարութիւնը յարգել պիտի տայ իր իշխանութիւնը հանդէպ թալանիչներուն եւ ոճրագործներուն եւ պիտի զինաթափ ընէ բոլոր Օսմանցիները։ Այն ատեն ոչ ոք հարկ պիտի տեսնէ մտածելու ինքնապաշտպանութեան վրայ։ Սակայն համոզուած եմ որ, մինչեւ այդ երջանիկ օրուան ժամանումը, ո՛չ մէկ օրէնք, ո՛չ մէկ խիղճ պիտի կրնար մեղադրել Հայերը՝ իրենց օրինաւոր ինքնապաշտպանութեանը համար։
Այս չէ բոլորը։
Ամբողջ աշխարհ համաձայն է որ բացարձակ միապետութեան մը վերադարձի վտանգները դեռ կատարելապէս հեռացուած չեն։ Հետեւաբար, ամէն օսմանցի, պարտաւոր է արթուն մնալ նման հաւանականութեան մը հանդէպ, եւ հակառակ պարագային, Սահմանադրութիւնը պաշտպանել զէնքով։
Ընդհանուրին ծանօթ է որ երկու հայ կուսակցութիւնները, Դաշնակցութիւն եւ Հնչակ, հաւասար Իթթիհաթ եւ Թէրագգըի, իրենց բոլոր ջանքերը կեդրոնացուցած են այս նուիրական պարտքին կատարման։
Մարտ 31ի պատահարներու ատեն Պոլսոյ մէջ Հայերը պատրաստ էին իրենց կեանքին գինովը պաշտպանելու Սահմանադրութիւնը։ Ատանայի, ինչպէս ամբողջ կայսրութեան մէջ, Հայերու ընթացքը միեւնոյնը եղած է։ Ինչպէս — առ ի չգոյէ ապացոյցի — կարելի չէ եղած գտնել փաստ մը՝ որ կարենար ենթադրել տալ թէ Հայերը կը սնուցանէին հայրենասիրական զգացումներու հակառակ գաղափար մը, այսինքն անջատողականութիւն. բան մը որ, մանաւանդ հրապարակաւ գնուած զէնքեր՝ չէին կրնար վերագրուիլ յետին նպատակներու։ Եթէ Հայերը Օսմ. [անեան] Հայրենիքին հանդէպ գէշ դիտումներ սնուցած ըլլային, անոնք, Պոլսոյ դէպքերու ընթացքին, չպիտի նուիրուէին այնքան կատարեալ անձնուրացութեամբ եւ վեհանձնութեամբ՝ Սահմանադրութեան պաշտպանութեան եւ կարգի պահպանութեան համար, հակառակ այն մոլեգին վիշտին՝ զոր Ատանայի դէպքերը արթնցուցած էին անոնց սրտին մէջ։
Կը կարծեմ թէ ամէն անկողմնակալ Օսմանցի զայրոյթ պէտք է զգայ Հայերու ցոյց տուած ուղիղ եւ օրինաւոր վարմունքին ի վնաս՝ անոնց հանդէպ նետուած գարշելի զրպարտութիւններէն։
Օսմանիէ, Համիտիէ, Թարսուս, Չորք-Մարզուան, Հաճըն եւ այլուր, դէպքերը պատահած են — համեմատութիւնները պահելով — միեւնոյն եղանակաւ։ Յերիւրածոյ սուտերը եւ Հայերու վերագրուած արուեստական խռովութիւնները եւ յարձակմանց կեղծ իրարանցումները՝ միեւնոյն վաճառանիշը կրող ապրանքներ էին։
Օրինակի համար, Ասաֆ պէյ, Ճէպէլի-Պէրէքէթի կառավարիչը, Ապրիլ 2ին հեռագրած է կուսակալութեան եւ Օսմանիէի գայմագամութեան թէ՝ անհիմն է Չորք-Մարզուանի Հայերուն վերագրուած յարձակումը, եւ թէ ընդհակառակը, այս վերջինները օգնութիւն կը խնդրէին։ Միեւնոյն օրը կուսակալութեան կը հեռագրէ նաեւ որ Թաճիրլիի աշիրէթը — որ Օսմանիէի մէջ աւերումներու սկսած էր — յարձակած էր Չորք-Մարզուանի վրայ։ Օսմանիէէն, Համիտիյէէն, շրջակայ ուրիշ գիւղերէ ստացուած հեռագիրներ կը ծանուցանէին թէ ամէն տեղ՝ Ատանայէն խմբովին հասնող բնիկ կամ եկւոր Իսլամներէն էին որ ոճիրներ կը գործէին եւ հանրային կարգը կը խանգարէին։
Հակառակ ասոր, միեւնոյն Ասաֆ պէյը, Ապրիլ 3ին կը հեռագրէ Ներքին Գործոց Նախարարութեան թէ՝ Հասան-Պէյլիի եւ Զէյթունի ֆէտայիները հաւաքուած են սանճագը քարուքանդ ընելու համար եւ շատ հաւանաբար պիտի գան մինչեւ Ատանա։ Ապրիլ 4ին, հեռագրաւ հրահանգ կ՚ուզէ Նախարարութենէն եւ Կուսակալութենէն՝ Փափազ-Քալէի 400 բանտարկեալները ազատ արձակելու, անոնցմով կազմելու համար վաշտ մը եւ զանոնք զինել հրացաններով եւ ռազմանիւթերով՝ զորս կը պահանջէ Իսկէնտէրունէն։ Իր ծրագիրը կը գործադրէ. կ՚արձակէ բանտարկեալները, կը զինէ եւ զանոնք կը մղէ Հայերուն դէմ։
Ի՞նչպէս բացատրել շարժելու այս եղանակը եւ ինչո՞վ որակել զայն։
Ասաֆ պէյ կ՚ուզէ հաւատացնել որ Համիտիէի կոտորածը սկսած է՝ այդ քաղաքին քահանային կողմէ Արսլան պէյի վրայ պարպուած ատրճանակի հարուածէ մը։ Սակայն ապացուցուած է որ յիշեալ քահանան հողի մը գնման համար վճարած էր 40 ոսկի եւ կառավարատուն գացած էր՝ իր գնած հողին պաշտօնական մուրհակները ստանալու համար։ Ուստի, ողջմտութեան հակառակ է ընդունիլ որ միայնակ կառավարատուն եկած անձ մը կարենար մարդասպանութիւն մը գործել, եւ յայտնապէս երեւան կուգայ որ ցոյց տրուած փաստը ամենապարզ սուտ մըն է։
Մնաց որ, Ֆրանսացի մը, M. Sabatier եւ Ապտիւլ Խալիք անունով պարկեշտ միւսլիման մը, վկայած են որ քահանան Իսլամներուն կողմէ սպաննուեցաւ՝ առանց ոչ մէկ պատճառի։
Իմ կարծիքով, Ատանայի դէպքերուն նկարագիրը բաւական չափով կը յայտնուի այն ուրախութիւններէն՝ որոնցմով Հայերու եւ ընդհանրապէս քրիստոնեայ տարրին դէմ տարուած յաղթանակը տօնուեցաւ։ Ապրիլ 12ին, մինչդեռ մէկ կողմէն քանի մը ոստիկան-զինուորներ՝ ջարդերէն վերապրած խեղճ Հայերու խումբ մը քաղաքէն դուրս կը վանէին, ուրիշ ոստիկան-զինուորներ վիլայէթին բոլոր բարձր պաշտօնատարներուն ներկայութեանը. «Կեցցէ՜ Սուլթան Համիտ, անկցի՛ ազատութիւնը» աղաղակներով Սահմանադրութեան վաղորդայնին քաղաքին հրապարակին վրայ կանգնուած յաղթական կամարը կը քանդէին։
Այս միջադէպը շատ յատկանշական է։
Գ.
Կառավարութեան ընթացքը դէպքերէն առաջ եւ վերջը
Վերեւ յիշատակուած իրողութիւնները ներկայացնելէ վերջ, ինծի աւելորդ կը թուի զբաղիլ կուսակալ Ճէվատ պէյի եւ Ատանայի պաշտօնատարներուն՝ ինչպէս նաեւ Ճէպէլը-Պէրէքէթի կառավարիչին ընթացքին վրայ։ Իմ կարծիքով, իրենց ընթացքը ապացուցած է, օրէնքով ճշտուած բոլոր պայմաններուն մէջ, որ անոնք բացարձակապէս յանցապարտ են իրենց խառնակչութիւնով, կազմակերպչութիւնով եւ աշխատակցութիւնով։ Սակայն ինչ որ ամէնէն սարսափելին է այս զարհուրելի դէպքերուն մէջ, իմ կարծիքով, վարուելու այն եղանակն է՝ որուն Հայերը ենթարկուեցան կոտորածներէն ետք, ինչպէս նաեւ այն դժոխային միջոցները՝ զորս գործադրեցին վերապրողները բնաջնջելու համար։
Ջարդերէն վերջ Ատանայի մէջ գրեթէ Հայեր մնացած չէին։ Մէկ մասը սպաննուած էր, միւսը յաջողած էր փախչիլ. մնացորդը ոչխարի հօտի մը նման դրուած էր քանի մը ոստիկան-զինուորներու հսկողութեան տակ։ Երբ քննութիւնը սկսաւ, մէկ կողմէ կը տեսնուէր մարդկային խեղճուկ բեկորներ՝ սիրելիներու մարմիններուն վրայ թափուած արցունքներէն սպառած. միւս կողմէ՝ բոլոր գրգռիչները, ոճիրներու կազմակերպիչները, թալանչիները եւ մարդասպանները։ Այս պայմաններուն տակ ի՞նչ ըրած է տեղական կառավարութիւնը։ Անիկա բանտարկեց վերապրողներուն մէջ աչքի ընկնող բոլոր անձերը եւ զանոնք շղթայի զարկաւ՝ կառավարութեան դէմ ապստամբած եւ զինուորներուն վրայ զէնք պարպած ըլլալու ամբաստանութեամբ։
Այս տարօրինակ ընթացքը արդիւնքը ունեցաւ չգիտցողներուն ալ սովրեցնելու որ՝ կոտորածներու հեղինակը եւ կազմակերպիչը նոյնինքն տեղական կառավարութիւնն էր։
Երբեք չէ ուրացուած որ Հայերը զէնք գործածած են։ Ոչ ոք ուզած է նոյնպէս ուրանալ որ զինուորներ եւ ուրիշ իսլամներ սպաննուած են Հայերու նետած գնտակներէն։ Բայց խնդիր է գիտնալը թէ՝ նման պարագաներու տակ զէնքի գործածութիւնը կարելի՞ է պատժել։ Ահա այն խնդիրը՝ զոր մինչեւ այսօր լուծելու մասին պատերազմական ատեանը բոլորովին անփոյթ կը գտնուի։
Ինչպէս արդէն ըսինք, Հայերը ապաստանած ըլլալով իրենց թաղը՝ իրենց տուներուն մէջ, իսլամ ամբոխը եւ զինուորները նոյն տեղը անոնց վրայ յարձակած են. այնպէս որ Հայերը միմիայն զբաղած են իրենց պաշտպանութիւնով։ Այս մասին ոչ մէկ կասկած գույութիւն ունի։ Այն տուներուն ճակատները, ուր Հայերը դիմադրեցին, թէ՛ զինուորներու եւ թէ պաշըպօզուքներու կողմէ արձակուած գնդակներէն ծակծկուած են։
Ո՞ր օրէնքը կամ խիղճը պիտի կարենար թոյլ տալ պատժելու անձ մը՝ որ սպաննած է նախայարձակ մէկը՝ նմանօրինակ պայմաններու մէջ։
Օրինաւոր ինքնապաշտպանութիւնը՝ ոչ միայն օրէնքով ընդունուած է՝ այլ նաեւ բնական օրէնք մըն է՝ հաստատուած մարդկային խիղճով։ Չկայ մարդ մը, նոյնիսկ անասուն մը, որ չը զգայ ինքզինք պաշտպանելու բնածին պէտքը։
Ի՞նչ պատճառաբանութիւն կարելի էր մէջ բերել՝ ընդունելու համար որ Հայ տարրը զուրկ ըլլայ այս իրաւունքէն։
Տեղական կառավարութիւնը, իր ոճիրը թագցնելու նպատակով, պատերազմական ատեանի կազմութենէն առաջ իսկ պատրաստեց սուտ վկաներ եւ ամբաստանողներ։ Օգտուելով ջարդէ պրծած Հայերու վերադարձէն եւ այդ տարաբախտներու ազատ կերպով արտայայտուելու անհամարձակութենէն, ամէն ճիգ թափած է այս զարհուրելի դէպքերու մեծութիւնը ծածկելու եւ անոնց բնոյթը եղծելու համար։ Բոլոր այն Հայերը, որոնք օրինաւոր ինքնապաշտպանութեամբ իրենց զէնքին դիմած էին, քննութիւն կատարելու կամ վկայութիւններ առնուելու կեղծ պատրուակին տակ՝ ոճիրով ամբաստանուեցան։
Յիշեալ կառավարութիւնը իր գործունէութեան չափանիշը ցոյց տուաւ, պատերազմական ատեանին առջեւ զրկելով անմեղներու այս խումբը՝ զանոնք դատապարտել տալու նպատակով։
Դ.
Պատերազմական Ատեանը
Պատերազմական Ատեանը կազմող սպաներու պատուաւորութիւնը եւ պարկեշտութիւնը վիրաւորող ոչինչ պիտի ըսեմ։ Սակայն, պէտք է յայտարարեմ որ անոնք չունէին բաւարար չափով օրինական եւ քննչական ծանօթութեանց զարգացումը։ Չեմ կրնար նմանապէս իմ զարմանքս ծածկել այն իրողութեան որ միամտութիւնն ունեցան իբր դատական հիմ ընդունելու՝ տեղացի բարձր պաշտօնեաներուն եւ ժողովուրդի զանազան խաւերուն կողմէ պատրաստուած դատախազներու բերած սխալ վկայութիւնները՝ մէկ կամ ամբողջ, մեծ ու պզտիկ բոլոր գործերուն մէջ, այնքան խոր կերպով ընդելուզուած էին։
Ատանայի պատերազմական ատեանի վճիռները տրուած ըլլալով այս հիմերուն վրայ, բնականօրէն զուրկ են դատաստանական եւ օրինական արժէքէ։
Վեց Հայեր յիշեալ ատեանին կողմէ դատապարտուած են մահուան՝ Օհան Օղլու խան կոչուած խանի մը մէջ յիսնեակ մը իսլամներ սպաննած ըլլալու յանցանքով։ Սակայն զարմանալի է որ նկատի չէ առնուած թէ, 1. Խնդրոյ առարկայ սպաննուած իսլամները այդ խանին մէջ բնակողներ չէին. 2. Թէ անոնք կասկածելի մարդիկ էին, քաղաքին զանազան թաղերէն հասած՝ Հայոց թաղին կից այս խանին մէջ, ուր ընելիք բան մը չունէին, ինչ որ կ՚ապացուցանէ թէ հոն հաւաքուած էին Հայերուն վրայ յարձակելու նպատակով. 3. Թէ իրենց մահը կը զուգադիպի ճիշտ Հայերուն դէմ եղած յարձակումին միջոցին։
Այն իրողութիւնը որ հանգիստ թողուած են հեղինակները այն անանուն ոճիրներուն՝ որոնց Ատանա եւ իր շրջակաները թատր հանդիսացած են եւ որոնք ազգային աղէտքի մը համեմատութիւնները առած են. այն իրողութիւնը՝ որով խնայուած է այս յելուզակներուն, եւ ասոր փոխարէն դատապարտուած են Հայ դժբախտ վերապրողներ, որոնց միակ յանցանքը օրինաւոր ինքնապաշտպանութեամբ մահուընէ խուսափիլը եղած է, չեմ կրնար ինքզինքս արգիլել տեսնելէ կրկին տպագրութիւն մը՝ վերստին աչքէ անցուած եւ ճոխացած — Պոլսոյ համիտական կոտորածներուն։
Պատերազմական Ատեանի այդ էֆէնտիները բոլորովին կ՚անգիտանան որ՝ ոճիրներու վերաբերեալ խնդիրներու մէջ դատաւորները ստիպուած չեն իբր պարզ ճշմարտութիւն ընդունիլ վկաներու բոլոր ըսածները, եւ թէ ընդհակառակը, անոնք օրէնքով պարտաւոր են ճշտելու թէ այդ տրուած վկայութիւնները կը յարմարի՞ն նիւթական կարելիութիւններու հետ, եւ հետեւաբար, ընդունելի՛ կամ ոչ։
Քննչական պայմաններու անբաւականութեան պատճառովն է որ պատերազմական ատեանը կը շարունակէ դատապարտել այնպիսի անձեր, որ շուկայէն փախչելով ապաստանած են օտարահպատակներու տուներ, ուրկէ, նոյնիսկ օտարահպատակ երեւելիներու հաւաստումներուն համաձայն, խռովութեանց բովանդակ տեւողութեանը միջոցին դուրս չէին ելած։
Պարտաւոր ենք հաւասարապէս մտածել որ՝ պատերազմական ատեանը նմանապէս տեղեակ չէ Սահմանադրութեան պատմութեան եւ օսմանեան տարրերու քաղաքական կեանքին. վասնզի անիկա Դաշնակցութեան կուսակցութենէն զատ Դրօշակ կոչուած յեղափոխական ինքնակոչ կուսակցութեան մը վրայ ալ կը խօսի, եւ յայտնի կերպով կատարելապէս կ՚անգիտանայ որ Դաշնակցական կուսակցութիւնը նոյնքան կանոնաւոր եւ յարգելի կուսակցութիւն մըն է՝ որքան Իթթիհատ եւ Թէրաքքըն։ Ատեանին մահավճիռները տրուած են այն միեւնոյն նախապաշարումներով՝ որոնց Հայ Կուսակցութիւնները նշաւակ եղած էին հին վարչութեան օրով, եւ այսպէս անիկա կը կործանէ՝ Օսմեանեան Սահմանադրութեամբ հաստատուած իրերու կարգը եւ քաղաքական եւ ընկերային կեանքը։
Այս ամէնը կրնա՞յ մեր արժանիքը եւ մեր ազգային պատիւը բարձրացնել յաչս քաղաքակիրթ աշխարհի։
ՎԵՐՋԱԲԱՆ
Այս սարսռալի ճշմարտութիւնները ճանչցնելու համար որոշումս տալէ առաջ՝ շատ տատամսեցայ ու երկարօրէն մտածեցի։ Գաղափարն ունեցայ նոյն իսկ զանոնք թեթեւցնելու՝ որպէս զի չի վշտացնեմ իմ Իսլամ ընկերակիցներս։
Սակայն ազգի մը անդամներէն կամ կրօնքի մը յարողներէն միոյն կողմէ գործուած ոճիրներու պատասխանատուութիւնը՝ չի կրնար հաւաքարար կշռել այդ ազգին կամ կրօնքին վրայ։
Իսլամական օրէնքը, հեռի՜ ընդունելէ այդ կարգի վայրագութիւններ, ամենափոքր անարդարութիւն մը չի թոյլատրեր։ Անիկա կը հրամայէ ամէն բանի մէջ ճշմարտութիւնը որոնել։ Այս այսպէս ըլլալով, հարկ չի տեսայ ծածկելու այն իրողութիւնները՝ զորս ես հաստատած եմ եւ որոնց համոզումը ունիմ։
Չեմ կարծեր որ այդ ճշմարտութիւններու մերկացումը կարենայ տարրերու միջեւ անհամերաշխութիւնը աւելցնել։ Վասն զի ես յոյս ունիմ որ այս վայրենի խելագարութիւնը չպիտի երկար տեւէ։
Հին վարչութեան օրով սովորութիւն էր ոճիրները պահել, ուրանալ, փաստերը խեղաթիւրել։
Այդ վնասակար դրութեան շնորհիւ, այն հիւանդութիւնը, որմէ երկիրը կը տառապէր իբր շարաւալից վէրքէ մը, Կայսրութեան կողին փակչած փտախտի մը ձեւն առած էր։
Արդ, հիւանդութիւն մը կը բուժուի այն ատեն միայն՝ երբ կ՚ախտաճանաչուի եւ կը դարմանուի։
Պահելով զանիկա՝ կարելի չէ բուժումը ձեռք բերել։
Գո՛նէ այդպէս է իմ կարծիքս։
Վերջացնելէ առաջ ստիպուած եմ ամենախոր ցաւով աւելցնելու որ, Իթթիհատ եւ Թէրաքքը կուսակցութեան անդամները, Ատանայի վայրագ եղերերգութեան կազմակերպման եւ գործադրութեան մասնակցած են։ Այս իրողութիւնը հաստատուած է նահանգին զանազան տարրերուն կողմէ, հիւպատոսներէ, ամերիկացի միսիոնարներէ եւ լատին քահանաներէ։
Բաց աստի, օտար թերթերը արձագանգը եղած են այս սարսափներուն, եւ հասարակաց կարծիքը գրեթէ համոզուած է որ՝ անոնք գործն են Իթթիհատ եւ Թէրաքքըին։
Այն պարագային, որ Կուսակցութեան մասն կազմող ոճրապարտ անհատներ չարտաքսուին իր ծոցէն եւ իրենց արժանի պատիժը չի կրեն, Իթթիհատ եւ Թէրաքքըի վրայ ծանրացող մեղքերը անհերքելի պիտի մնային։
Ներկայ ժամուս, ուր կառավարութիւնը, եթէ կարելի է այսպէս ըսել, բոլորովին մեր կուսակցութեան ձեռքը կը գտնուի, կրնանք զոհերուն անմիջական օգնութիւն մը հասցնել, առանց բացառութեան յանցաւորները պատժել Օրէնքին բոլոր խստութիւնովը, եւ, նման աղէտներու կրկնութիւնը արգիլող անվրէպ միջոցներ ձեռք առնել, ու այսպէս Կուսակցութեան եւ Կառավարութեան վարկը վերահաստատել եւ Հայրենիքը փրկել։
13/25 Յունիս (1909)
----------------------------------------------------------------------
Ադանայի կոտորածները և Յակոբ Պապիկեանի Տեղեկագիրը
Նախազգուշացումներ Մեծ եղեռնից տարիներ առաջ
Պատմությունից հայտնի աբդուլհամիդյան հայահալած քաղաքականության «սուրի և սովի» /Դ․Վարուժան/ մղձավանջի զարհուրելի ժամանակագրությունը և հետագա տարիներին ֆրանսիական հեղափոխության՝ «Ազատություն, հավասարություն, եղբայրություն» կարգախոսով իշխանության եկած երիտթուրքերի քաղաքական խարդավանքները, որոնց ականջալուր հայության մի զանգված՝ Հայ հեղափոխական դաշնակցության և Հնչակյան կուսակցության հորդորով միացավ համիդյան վարչակազմի տապալմանը՝ լիահույս լինելով այնքան սպասված, տարիներ շարունակ խոստացված լայն բարենորոգումների՝ հայ զանգվածներով բնակեցված վիլայեթներում։
Այս ամենը խոստումներին զոհ գնալու ի գին, բայց կային իրատես և հույժ մտահոգ քաղաքական գործիչներ, թե հայ և թե օտարազգի, որոնք ժամանակից շուտ արդեն գիտակցում ու զգուշացնում էին․ նրանցից «գերման թերթերու թղթակից», ինչպես նաև Ռուսական հեղափոխության մեջ ծանրակշիռ ավանդ ունեցած, Կայզերական Գերմանիայի ռեզիդենտ, հայտնի Պարվիուսը, որի նախազգուշացումները չափազանց իրատեսական էին․ «Դուք ասում եք թուրք հեղափոխություն․ ես տեսնում եմ, որ չկա հեղափոխություն, այլ կա հեղաշրջում։ Դուք ասում եք հին ու նոր իրավակարգեր, բայց ես չեմ տեսնում, այլ տեսնում եմ անձանց և դերակատարների փոփոխություն միայն, որը չի նշանակում հեղափոխություն։ Այդ պատճառով է համեմատորեն անարյուն «թուրքական հեղափոխությունը»՝ ի տարբերություն ֆրանսիականի, որն արյունալի էր, որովհետև իրավ հեղափոխություն էր՝ պաշտոնների նոր բաժանումով։ Պարվիուսի կասկածները պարզվեցին հետագայում․ ընդամենը իշխանության գալուց մեկ տարի անց /1909/՝ Ադանայի կոտորածների օրերին թուրքական վայրագություններին զոհ գնացին շուրջ 30000 հայեր՝ հույժ թրքաբարո գործելակերպ, և բնական է, որ Իթթիհատի վարչակազմը պետք է ձեռնպահ մնար ոճիրից։ Բայց ստեղծվեց, ամենայն առումով ձևականորեն, կոտորածների ուսումնասիրման հանձնախումբ, որում ընդգրկվեց Օսմանյան սահմանադրության Քննիչ հանձնաժողովի անդամ Յակոբ Պապիկեանը․ նա ծնունդով Էտիրնե քաղաքից էր /ծնվ․ 1856/, ավարտել էր տեղի ազգային և ֆրանսիական վարժարանները, դիվանագիտական գործունեությունը սկսել էր Բոսնիայում՝ Թուրքիայի արտաքին գործերի տեսչությունում՝ զբաղեցնելով տեսուչի օգնականի պաշտոնը։ Այնուհետև իբրև իրավագետ և փաստաբան պաշտոնավարել էր մի շարք առանցքային գերատեսչություններում՝ ընդհուպ մինչև Վերաքննիչ ատյանի անդամ։ 1908թ․ ընտրվում է Օսմանյան առաջին խորհրդարանի անդամ՝ երիտթուրքերի ցուցակով։ Այս ընթացքում Երեսփոխանական ժողովի համար պատրաստում է Տեղեկագիր՝ Ադանայի եղեռնի վերաբերյալ, անձամբ լինելով Դանթեի դժոխքն ուղղակիորեն հիշեցնող վայրերում՝ մեծանուն գրող Զապէլ Եսայեանի հետ․ սա է հիմնական պատճառը չպարզված հանգամանքներում Յակոբ Պապիկեանի մահվան․ ըստ որոշ աղբյուրների՝ թունավորման։
«Ադանայի ջարդերը ամենամեծ չափով ցույց են տալիս թուրք կառավարության ուղղակի պատասխանատվությունը։ Երիտասարդ թուրքերը հեղափոխության հանդեպ հայերի ունեցած բարի տրամադրությունը և զորակցությունը, տարած եռանդուն մասնակցությունը անտեսեցին՝ ամեն ինչ արեցին խեղդելու զոհերի գանգատները․․․»։ Այս մասին է վկայում ֆրանսիացի պատմաբան, իրավապաշտպան Ֆրենսիս դը Պրեսանսեն։
Յակոբ Պապիկեանի «Տեղեկագիրը» նրա մահից հետո սկզբնապես գաղտնի է պահվել․ ձեռագիր տարբերակը /կամ սևագիր օրինակը/ «Հայերուն ձեռքը անցած է» և ահայտ պայմաններում բազմացված-տարածված։ Իսկ մեկ օրինակը ամերիկյան «Թայմզ» թերթի թղթակիցը ընդարձակ մեջբերումներով վերլուծաբար թարգմանել-հրատարակել է։ «Տեղեկագիրը» միայն տարիներ անց է տպագրվել Սփյուռքի մամուլում։
Անդրադառնալով Ադանայի կոտորածներին, ահա թե ինչ է գրում Ռուբէն Տէր Մինասեանը․ «Հայ յեղափոխականի մը յիշատակները բազմահատորյակում /հտ․6/․ «Այսօր ահա քառասուն տարիներ են անցած Ադանայի ջարդեն, բայց անոր պատճառները և թելադրիչները կմնան անհայտության մեջ։ Սահմանադրական պետական շրջանակները, խորհրդարանի մեծամասնությունը և ժողովրդին մեկ մասը կհավատացնեն, որ ջարդը կազմակերպված էր Սուլթան Համիդի և անոր շրջապատի հետադիմականներու կողմէ՝ այն միտումով, որ եվրոպական միջամտություն առաջ գա։ Բայց եթե այդ վարկածը ճիշտ էր, ինչու Սահմանադրականները, որ տիրացած էին իշխանության, դատի չենթարկեցին Համիդին և անոր շրջապատը՝ պետական այս ոճիրին համար։ Հետադիմականները կփսփսային, որ ոճիրը Իթթիհատի և սահմանադրականերու գործն է, այն միտումով, որ անգամ մը ևս վարկաբեկվի Համիդի ռեժիմը և ցուցադրվի սահմանադրական կարգերու հաստատման անհրաժեշտությունը»։
Ադանայի կոտորածների գեղարվեստական վավերագրությունը արտացոլված է նաև Զապէլ Եսայեանի «Աւերակներուն մէջ» ուղեգրական պատումում՝ Սփյուռքում բազմիցս հրատարակված։ Հայաստանում այն տարիներ շարունակ «տեղ չի գտել» գրողի ժողովածուներում, միայն մեր առաջաբանով և խմբագրությամբ է հրատարալվել /2008, «Հայաստան» հրատ․/։ Կարելի է նշել, որ Յ․ Պապիկեանի «Տեղեկագրի» /ներկայացնում ենք որոշ հապավումներով/ և Զ․Եսայեանի պատումում նույն մղձավանջային իրականությունն է՝ դժոխքի ափերից դուրս եկած մի հորդահոս գետ, որի ալեկոծությունները «լսելի եղան» նաև 1915թվականին։
Արթուր Անդրանիկյան
Տեսանյութեր
Լուսանկարներ
Մեկնաբանել