HY RU EN
Asset 3

Բեռնվում է ...

Էջի վերջ Այլ էջեր չկան բեռնելու համար

Որոնման արդյունքում ոչինչ չի գտնվել

Մուսա Լեռ - Մշակութային կեանք

Հեղինակ՝ Վահրամ Շէմմասեան

Մուսա Լեռան մէջ տիրող ընկերատնտեսական դժուարութիւնները, որոնք թէեւ պատճառ դարձած էին ժողովուրդին աղքատութեան, սակայն անոնք չէին յաջողած ճնշելու անոնց մշակութային ցանկութիւնները: Հակառակ անոնց ունեցած սահմանափակ միջոցներուն և կրթութեան, անոնք ճիգ չէին խնայեր տարբեր միջոցներով արտայայտելու իրենց գեղարուեստական եւ մտաւոր ներուժը: Անոնք կը հիմնէին գրադարաններ, կ'ընթերցէին գիրքեր, կը պատմէին պատմութիւններ, կ'արտադրէին թատերախաղեր, կը տպէին ու կը բաժանորդագրուէին պարբերականներու, կու տային եւ կամ կը մասնակցէին դասախօսութիւններու եւ կը կազմակերպէին ամէն տեսակի մշակութային ձեռնարկներ: Մուսա լեռցիները հարուստ էին տաղանդներով եւ ստեղծագործական ներշնչումներով ու զանոնք սրամտօրէն կը դրսեւորէին մշակութային եւ համայնքային արտայայտութիւններու ամբողջական տեսականիով: Այս ընդհանուր շարժման մէջ մեծ դեր կ'ունենային կամաւոր գործող միութիւնները: Այս զարգացումներուն բերումով, կազմակերպողը եւ հանդիսատեսը կը գտնէին ու կը վայելէին նաեւ կեանքի աւելի հաճելի երեւոյթներ՝ հակառակ յամեցող դժուար պայմաններուն: Ժողովրդական երաժշտութիւնը, երգերն ու պարերը, թէեւ կարեւոր են ազգագրական տեսակէտէ, սակայն անոնք դուրս կը մնան այս յօդուածին շրջագիծէն, որ կ'ընդգրկէ երկու Համաշխարհային պատերազմներուն (1919-1939) միջեւ ինկած ժամանակահատուածը:

Գրադարաններ, ընթերցանութիւն, հեքիաթասացութիւն

Հայ քաղաքական կուսակցութիւնները, մասնաւորաբար՝ Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան կուսակցութիւնը (ՍԴՀԿ) և Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը (ՀՅԴ), երկակի նպատակով հետամուտ կ'ըլլային Մուսա Լեռան մէջ ընթերցասիրութեան տարածման՝ նախ դաստիարակելու իրենց անդամները և ապա ընդհանուր առմամբ լուսաւորելու հանրութիւնը: Հոկտեմբեր 1920-ի սկիզբը, ֆրանսական բանակի Արեւելեան Լէգէոնի (Légion d’Orient) կամաւոր եւ ՍԴՀԿ-ի գործունեայ անդամներէն Յաբէթ Իսկենտէրեանը Կիլիկիայէն իր հայրենի Հաճի Հապիպլի գիւղը վերադառնալով՝ ապարդիւն կը փորձէ վերականգնել իր կուսակցութեան գրադարանին գիրքերը, որոնք ինք եւ իր զինակիցներէն մէկը պահած էին քարայրի մը մէջ, 1915-ին: Քանի մը ցիրուցան թերթիկներու վրայ պատահաբար կոխելէ ետք միայն, ան կը յաջողի յայտնաբերել գիրքերը, որոնց մէկ մասը չվերանորոգուելու չափ փճացած էր: Անվնաս գտնուածներուն մէջ կային «Երիտասարդ Թուրքիա», «Կարիպալտի», «Մենք եւ անոնք», «Աշխատաւորական դասակարգը» խորագրեալ և այլ գիրքեր: [1] Այս փոքր հաւաքածոն կը կազմէր Հաճի Հապիպլիի մէջ գտնուող ՍԴՀԿ-ի գրադարանը, որ Պանդուխտ կը կոչուէր: Անոր հարստացման համար՝ գիրքերու, թերթերու եւ նկարներու հաւաք կը կազմակերպուի կուսակցութեան Հալէպի ներկայացուցիչին ճամբով: [2] ՍԴՀԿ-ի համեստ գրադարան մը գոյություն ունէր նաեւ Վագըֆի մէջ: [3]

1921-22ին, ղեկավար անդամներ Սեդրակ եւ Կարապետ Իսկենտէրեաններու սպանութեան, ինչպէս նաև հետագային գիւղը մնացած անոնց երեք եղբայրներուն վտարումին պատճառով, ՍԴՀԿ նահանջ կ'արձանագրէ Հաճի Հապիպլիի մէջ եւ կը սկսի տարածուիլ Եողունոլուքի մէջ: Այս տեղաշարժը նաեւ կը ստիպէր Պանդուխտը տեղափոխել հոն իբրեւ կուսակցութեան կեդրոնական գրադարանը: Գրադարանին ղեկավարութիւնը կը վստահուէր վարչութեան մը, որ 1925-ին կը բաղկանար ինը անդամներէ, ընտրուած՝ կուսակցութեան Չորրորդ Շրջանային Ներկայացուցչական Ընդհանուր ժողովին կողմէ: [4] Վեցերորդ ժողովին, գումարուած 1930 Սեպտեմբերին, պատգամաւորները կը խոստանան իրենց անձնական գիրքերու ժողովածուն նուիրել գրադարանին: [5] Հակառակ այս միջոցառումներուն, գրադարանը չի զարգանար եւ որոշ ժամանակ մը նոյնիսկ կը մատնուի անդամալուծութեան: Հետեւաբար, 1932 Դեկտեմբերին՝ եօթներորդ Շրջանային ժողովը կ'որոշէ արագացնել գրադարանին վերակազմաւորումը: Այս մէկը կարելի դարձնելու համար, երկու կուսակցականներու պարտականութիւն կը տրուի գիրքեր հաւաքելու անհատներէ եւ զանոնք դնելու կուսակցութեան Ներկայացուցչական Մարմնի տրամադրութեան տակ: [6] Ամիս մը ետք, 1933 Յունուարին, այդ մարմինը ինքը յանձն կ'առնէ շրջիլ տարբեր գիւղեր եւ անհատ կուսակցականներէ հաւաքել գիրքեր եւ զանոնք մէկդի դնել շտեմարանի մը մէջ, որ տակաւին չէր կառուցուած: [7] Յաւելեալ տուեալներու բացակայութեան պատճառով, դժուար է ըսել, եթէ անկէ ետք Պանտուխդը դարձած է աւելի գործօն:

Իր կարգին, ՀՅԴ-ն կեդրոնական գրադարան մը կը ստեղծէր Եողունոլուքի մէջ: 28 Փետրուար 1920-ին արդէն, կուսակցութիւնը կ'որոշէր Մուսա Լեռ գաւառակին համար հիմնել գրադարան մը, որուն «դռները բաց պիտի ըլլային երկսեռ հայրենակիցներու առջեւ, այնպէս որ ամբողջ գիրք սիրող հասարակութիւնը պիտի շահէր»: [8] Առկայ յիսունէն վաթսուն հատոր գիրքի կորիզը մեծցնելու նպատակով, կը ձեռնարկուէր նուիրատւութիւններու արշաւի մը կուսակցութեան արտասահմանեան կառոյցներուն մօտ:  ՀՅԴ Եգիպտոսի կառոյցը կ'ուղարկէր շուրջ 400 գիրք, իսկ Միացեալ Նահանգներու արեւելեան շրջանը՝ նուազ թիւով, եւ առ այդ, Եողունօլուքի գրադարանի գիրքերուն թիւը կ'անցնէր 500-ի սահմանը: Տեղական, Մուսա Լեռան մէջ ծախուած վիճակահանութենէ մը գոյացած 5 օսմանեան ոսկին նաեւ կ'օգտագործուէր նոյն նպատակին համար: [9] Այս «փառահեղօրէն յարդարուած» գրադարանին կողքին [10] կը գործէր «ընթերցասրահ» մը «Բաբգէն Սիւնի»ի (Պետրոս Փարեան) անունով՝ [11] ՀՅԴ երիտասարդ ղեկավարը, որ 1896-ին կը սպաննուէր, երբ կը փորձէր գրաւել Պոլսոյ օսմանեան դրամատունը` Պանք Օթոմանը, մեծ տէրութիւններու ուշադրութիւնը Օսմանեան կայսրութեան մէջ ապրող հայերու ծանր վիճակին վրայ սեւեռելու նպատակով: [12] Իր 1932-33 տարիներու գործունէութեան տեղեկագրին մէջ, ՀՅԴ Սուրիոյ եւ Լիբանանի ղեկավարութիւնը կը նշէր Եողունոլուքի կեդոնական գրադարանը իբրեւ ամէնէն կարեւորներէն մէկը՝ Հալէպի, Պէյրութի, Դամասկոսի եւ Քեսապի գրադարաններուն կողքին: [13] 1921-ին, Խըտըր Պէկի մէջ կը գործէր նաեւ մեզի անծանօթ չափի ՀՅԴ գրադարան մը: [14]

Քաղաքական միջավայրէն դուրս, Պիթիասի բողոքականները կը ստեղծէին իրենց սեփական գրադարանը՝ մասամբ շնորհիւ Հալէպի «Քրիստոնէական ՋԱՆԻՑ Ընկերակցութեան»՝  «Քրիստոնէական Երիտասարդական ՋԱՆԻՑ Ընկերութեան Պիթիասի գրադարան»ին նուիրած շարք մը գիրքերուն: Միւս կողմէ, հակառակ անոր որ ՀԲԸՄ-ի մասնաճիւղերը չունէին իրենց առանձին գրադարանները կամ կեդրոնական գրադարան մը, սակայն Միութեան Գահիրէի կեդրոնը կանոնաւորապէս պաշտօնական հրապարակումներ կ'ուղարկէր Մուսա Լեռ: Անոնք կ'ընդգրկէին պատի օրացոյցեր, իբրեւ «ՀԲԸՄ-ի կեանքին եւ գործունէութեան նուիրուած խորհրդանշական պատկերազարդ արտայայտութիւն»՝ օգտագործուելու նաեւ որպէս «քարոզչութեան միջոց»: [16] Նոյնպէս, 1925-ին, Գահիրէ նուիրատւութիւններու եւ կտակներու վերաբերեալ բացատրական գրքոյկէ մը քսան օրինակ կ'ուղարկէ: Գրքոյկը ձրիաբար պիտի բաժնուէր ՀԲԸՄ-ի Հաճի Հապիպլիի անդամներուն: [17] Վերջապէս, ոչ նուազ կարեւոր, Վագըֆի և Հաճի Հապիպլիի մասնաճիւղերը, իւրաքանչիւրը կը ստանար հինգական օրինակ Վահան Քիւրքճեանի ՀԲԸՄիութեան Քսանամեակին նուիրուած հատորներէն (1906-1926), որոնք պիտի նուիրուէին անդամներու եւ համակիրներու: [18]

Բացի կազմակերպութիւններու գրադարաններէն եւ ՀԲԸՄ-ի հրապարակումներէն, որոշ անհատներ նաեւ ունէին անձնական հաւաքածոներ: Վարդան քհնյ. Վարդերէսեանը՝ Հաճի Հապիպլիէն, կը նկատուէր ամէնէն գործունեայ գրասէր անձը Մուսա Լեռան տարածքին: 1915-ին, ցեղասպանութիւնը դիմակալելու համար մղուած ինքնապաշտպանութեան կռիւներու նախօրէին, ան ապահով վայրի մէջ կը պահէր հինգ տուփ գիրք, իբրեւ «ազնուական գանձ»՝ աղէտի աւարտէն ետք զայն վերականգնելու նպատակով: 24 Հոկտեմբեր 1919-ին, Փոր Սայիտի գաղթականներու ճամբարէն  հայրենադարձութեան առիթով, ան իր հետ կը տանէր քսան տուփ անձնական իրեր. անոնց տասնը գիրքեր կը պարունակէին: [19] Նմանապէս, Միհրան Տմեանեանը՝ Եողունոլուքէն, կը հպարտանար իր «հարուստ գրադարանով», որ բաղկացած էր  հայերէն, անգլերէն, ֆրանսերէն և արաբերէն (կամ օսմաներէն թրքերէն՝ արաբատառ գրութեամբ) բազմաթիւ գիրքերէ, որոնք զետեղուած էին պատէն կախուած դարակներու վրայ: [20] Միւս կողմէ, Մարթա Շերպէթճեան Շէմմասեանը՝ Պիթիասէն, որ պաշտօնապէս մինչեւ նախակրթարանի երկրորդ դասարան յաճախած էր միայն, գիրքեր կ'ապսպրէր Հալէպէն: Անոնք կ'ընդգրկէին «Հացագործ կինը» (La Porteuse de pain), «Թշուառները» (Les Misérables) , «Լէյտի Իզապէլ», «Գանձերու կղզին» (Treasure Island) և այլ գործերու հայերէն թարգմանութիւնները, ինչպէս նաեւ՝ 19-րդ դարու աւարտին եւ 20-րդ դարու սկզբնաւորութեան պատահած հայկական յեղափոխութեան դրուագներ պատկերող վէպեր: [21] Շատ հաւանաբար, ուրիշներ նաեւ գիրքեր կը պահէին՝ թէեւ համեստ թիւով:

Որոշ անձեր իրենց գիրքերը կը բաժնեկցէին հարազատներու, դրացիներու եւ ընկերներու փոքր խումբերու հետ, որոնք ձմռան ուշ երեկոյեան կը հաւաքուէին տուներու մէջ՝ յաջորդական օրերու վրայ, գլուխ առ գլուխ լսելու իրենց համար կարդացուած պատմութիւնները: Ընթերցանութեան նման նիստեր, հետաքրքրասէր ունկնդիրներու համար կը ներկայացնէին հազուադէպ առիթ մը՝ ծանօթանալու  հայ եւ համաշխարհային գրականութեան` հետեւաբար ծառայելով իբրեւ անպաշտօն դպրոցներ: Օրինակ, Պիթիասի Մաղզանեան թաղամասին մէջ, երկու կամ երեք տուն պարբերաբար կարգ կ'առնէին՝ ունկնդիրներ հիւրընկալելու իրենց նստասենեակներուն մէջ տեղադրուած կրակի փոսերուն շուրջ, ինչպես նաեւ՝ անոնց հրամցնելու տնային պատրաստութեամբ քաղցրեղէն, ինչպէս՝ զիլիպիկ և խավէզ, խորոված եգիպտացորեն, սիսեռ, դդումի կուտ, Հալէպի պիստակ եւ բիվիկ (բեւեկնիի պտուղ): Ֆրանսական գրականութեան հանրածանօթ հետագայ գիրքերուն հայերէն թարգմանութիւնները կը կարդացուէին բարձրաձայն, ինչպէս՝ Վիքթոր Հիւկոյի «Թշուառները» վէպը և «Ռուի Պլաս» թատրերգութիւնը, Ալեքսանտր Տիւմայի «Կոմս Մոնթէ-Քրիսթօ»ն եւ«Երեք հրացանակիրները» վէպերը, Ժիւլ Վերնի «Ուղեւորութիւն դէպի երկրի կեդրոնը», «Երկրէն դէպի լուսին», «Աշխարհի շուրջը 80 օրուան մէջ» գործերը, եւայլն: Յովհաննէս Թումանեանի հեքիաթները եւ Րաֆֆիի ու Ծերենցի (Տոքթ. Յովսէփ Շիշմանեան) պատմական վէպերը մաս կը կազմէին հայկական սիրուած գիրքերու շարքին: [22]

Ալպերթա Մաղզանեանը իր յուշերուն մէջ կը գրէ կիներու մասնաւոր «գիրքերու ակումբի» մը մասին.

«Ուշ կէսօրէ ետք, յատկապէս ձմռան ամիսներուն, կեանքը գիւղին մէջ կը դանդաղէր: Մօրս «գիրքի ակումբը» կը հանդիպէր այդ խաղաղ կէսօրէ ետքերը: Քանի որ մենք հանրային գրադարան չունէինք և որովհետեւ մարդոց մեծ մասը գիրքեր չունէր՝ բացի Աստուածաշունչէն, մօրս ակումբը կը բաւարարուէր ընտրուած գիրքի մը մէկ օրինակով: Գիրքերը յաճախ կու գային հօրս փոքր հաւաքածոյէն, որ ան իր հետը բերած էր Միացեալ Նահանգներէն: Հաւաքուած կիները այդ մէկ օրինակը իրարու կը փոխանցէին և իւրաքանչիւրը բարձրաձայն կը կարդար պարբերութիւն մը, որուն կը յաջորդէր քննարկումը: Առաջին աշխարհամարտին պատճառով, մօրս կրթութիւնը առկախուած էր երկրորդ դասարանին, ուստի ան չէր սորված լաւ կարդալ, բայց ձեւով մը ան կը յաջողէր մասնակցութիւն բերել: Դպրոցէն տուն վերադառնալէ ետք, (քոյրս) Աննան եւ ես կը նստէինք անկիւն մը եւ ուշադիր մտիկ կ'ընէինք: Ամբողջ ձմեռ մը անցուցինք՝ հետեւելով Վիքթոր Հիւկոյի «Թշուառները» վէպի ընթերցումին: Գիրքերու սակաւութեան պատճառով, նման պատմութիւններ թանկարժէք կը դառնային: Երբ կիները կը խօսէին խեղճ Քոզէթին, Ժան Վալժանին եւ Ժավերին մասին, մեզի համար այդ կերպարները իրական անձնաւորութիւններու կը վերածուէին»: [23]

Կը պատահէր, որ գիրքերու տէրերը պատմէին եւ ո՛չ թէ պատմութիւնները կարդային իրենց շրջանակին: Ուշագրաւ պարագայ է հետեւեալը. Եողունոուլքէն Անանիա Չանչանեանը, որ սանտրագործ էր, աշնան իր գիրքերը կ'ապահովէր Անտիոքէն և զանոնք՝ մասնաւորաբար Րաֆֆիի ծաւալուն վէպերը, մանրամասնօրէն կը պատմէր ձմռան՝ անհամբեր սպասող իր արական ընկերներուն: Եողունոլուքի մէջ տիրող պահպանողականութեան պատճառով, իգական սեռը չէր մասնակցեր, առնուազն՝ այս մասնաւոր պարագային: Մտիկ ընող հիւրերը իրենց բաժինը կը բերէին պտուղներով, խոզկաղիններով, ծխախոտով եւ տան մէջ պատրաստուած ոգելից ըմպելիներով: Այս հիանալի երեկոները յաճախ կը տեւէին մինչև արշալոյս: «Կեանքը շատ պարզ էր, հաճելի եւ անհոգ, ձայնասփիւռ եւ պատկերասփիւռ չկային...»: Մարդիկ իրենց զուարճանքներն ու կրթութիւնը ուղղակիօրէն կը քաղէին իրարմէ: [24]

Թէեւ կարդացուած գիրքերուն մեծամասնութիւնը գրուած էր ոչ մուսալեռցի հայերու կամ ոչ-հայերու կողմէ, երկու տեղացի անձեր նաեւ ներառնուած էին ընթերցուած հեղինակներու ցանկին վրայ՝ Ա. Լէյլանին (Մովսէս Տէր Գալուստեանի գրչանունը) եւ բողոքական Վերապատուելի Տիգրան Անդրէասեանը: Ա. Լէյլանին հրապարակած էր երկու կարճ ստեղծագործութիւններ՝ «Երազանքի դաշխուրան»ը (արձակ) եւ «Սիրոյ սկիհ»ը: «Երազանքի դաշխուրան»ը կը սկսի «Իտէալին նաւը» խորագրեալ արձակ բանաստեղծութեամբ մը, որ փաստօրէն հեղինակը գրած է 8 Սեմտեմբեր 1915-ին, այսինքն՝ ցեղասպանութեան դէմ մղուած ինքնապաշտպանութեան կռիւներուն ընթացքին, երբ մարտնչողները փրկելու մտադրութեամբ՝ ճիգ կը թափուէր գրաւելու Դաշնակիցներու պատկանող մարտանաւերու ուշադրութիւնը: [25] «Սիրոյ սկիհ»ը արձակ բանաստեղծութիւններու հաւաքածոյ է: Կը բովանդակէ նաեւ «Աւագ Ուրբաթի գարունը» եւ «Ողբացող ժայրը» մուսատաղեան պատմուածքները: [26]

Երկրորդ հեղինակը՝ Վերապատուելի Անդրէասեանը, որ 1915-ի հերոսամարտի օրերուն Կեդրոնական Մարմնի ատենապետ էր, Հոկտեմբերին, երբ մուսալեռցիք հազիւ էջք կատարած էին Եգիպտոս, ան Գահիրէի ամերիկեան առաքելութեան մօտ հրապարակային դասախօսութիւն մը տուած էր անոնց տառապանքին մասին: Ան հետագային իր խօսքը հրապարակած էր գրքոյկով մը՝ անգլերէն, ֆրանսերէն եւ գերմաներէն թարգմանութեամբ: Հայերէն բնագիրը խորագրուած էր «Զէյթունի անձնատւութիւնը եւ Սուէտիոյ ինքնապաշտպանութիւնը»: [27] 1935-ին, վերամշակուած տպագրութիւն մը կը յայտնուէր Հալէպի մէջ՝ «Զէյթունի տարագրութիւնը եւ Սուէտիոյ ապստամբութիւնը» խորագրեալ:[28] Այս գրքոյկը կը մնայ ամէնէն վստահելի աղբիւրը, իբրեւ ականատեսի վկայութիւն` Մուսա Լեռան ինքնապաշտպանութեան իրադարձութիւններուն վերաբերեալ: Մուսա Լեռ ծնած այլ գրողներ, ինչպէս Եդուարդ Պոյաճեան եւ Պողօս Սնապեան, տարբեր սեռերու մենագրութիւններ պիտի հրապարակէին հետագայ տասնամեակներուն: [29]

Գիրքերը վստահաբար կը բաւարարէին և յաւելեալ խթան կը հանդիսանային ընկերութեան տարբեր հատուածներուն մէջ մտաւոր և գրական հետաքրքրութեան զարգացման: Բայց, կարծէք, պատմախօսութիւնը (կամ հեքիաթասացութիւն) աւելի ընդունելութիւն գտած էր: Հեքիաթները, որոնք կը համեմուէին իւրաքանչիւր գիւղի վարպետ պատմախօսերուն կողմէ, ունկնդիրները կ'առաջնորդէին դէպի երևակայութեան հրաշալի աշխարհներ: Նոյնիսկ հովիւներն ու փայտածուխի եւ վառօդաշինութեան մէջ աշխատողները, որոնք երկար ժամանակ տունէն հեռու կը մնային, կ'առանձնանային որոշ վայրերու մէջ` այս ամէնէն գրաւիչ ժամանցէն չզրկուելու համար: Տեղացի պատմախօսներ նոյնիսկ կը մրցէին իրենց շրջիկ պաշտօնակիցներուն հետ: Իբրեւ կանոն, պատմախօսները «իրենց նիստերը կը սկսէին ասմունքելով ոտանաւորներ թիւր հաւատալիքներու և զաւեշտական ​​ անկապակցութիւններու մասին՝ ուրախացնելով ներկաները: Զաւեշտական այս ներածականը կը կոչուէր թաքարլամա և յաճախ կը կատարուէր թրքերէնով»: Հերոսները, որոնց մասին կ'ըլլային պատմութիւնները, կ'ընդգրկէին «թագաւորներ, իշխաններ, իշխանուհիներ, առևտրականներ, կարաւաններու տէրեր, գաղթական բանուորներ կամ այր ու կին շինականներ», որոնց նկարագիրը աւելի կարեւոր էր քան անոնց ընկերային կարգավիճակը կամ զբաղումը:Բարոյականութիւնը, պարկեշտութիւնը, արժանապատւութիւնը, պատիւը, համարձակութիւնը, ճնշման մերժումը, սրամտութիւնը, իմաստութիւնը, առաքինութիւնը, հմտութիւնը և այլն, բոլորը կը բնութագրէին հերոսներն ու հերոսուհիները: Այս արժէքներուն, առաքինութիւններուն եւ կամ ցանկալի յատկութիւններուն արծարծումը յաճախ հեքիաթասացութեան առիթը կը վերածէր իրական կեանքէ քաղուած իրավիճակներ քննարկող եւ մեկնաբանող համաժողովի մը՝  ինչպէս 1915-ի ցեղասպանութեան դէմ մղուած ինքնապաշտպանութեան կռիւները եւ հետագային վերապրողներու վրանաբնակեցումը Եգիպտոսի Փօր Սայիտ քաղաքին մօտ: [30]

Ամփոփելու համար, գրադարանները, գիրքերու անհատական հաւաքածոները, ընթերցանութիւնը և պատմախօսութիւնը առիթ կ'ընծայէին ընդհանուր գիտելիքներու, մշակութային և գեղարուեստական սխրանքներու, ազգայնական տրամադրութիւններու եւ բարոյական արժէքներու երաշխաւորման, ինչպէս նաեւ` կը թրծէին նկարագրային անձնական գիծեր եւայլն: Այս ձեւով, անոնք միաժամանակ կը կատարելագործէին ճանաչողական հմտութիւնները, կը բարելաւէին քննադատական մտածողութեան ունակութիւնը եւ կ'ամրացնէին մուսալեռցիներու մէկ զգալի թիւին երեւակայութիւնն ու վճռականութիւնը: Գիւղերու բնակիչները նաեւ կը բացուէին արտաքին աշխարհին՝ հետեւաբար շփուելով իրենց շրջապատէն դուրս անձերու հետ:

Թատրոն

Մուսա Լեռան հայութիւնը առանձնայատուկ գուրգուրանք կը դրսեւորէր թատերական արուեստին նկատմամբ: Ներկայացումները եւ զաւեշտները մաս կը կազմէին դպրոցական բազմաթիւ հանդէսներու, տօնակատարութիւններու եւ կամ կարեւոր տարեդարձներու: Անոնք նաև առանձնաբար կը բեմադրուէին տարբեր խումբերու եւ կազմակերպութիւններու կողմէ: 

Ներկայացումները թափ կ'առնեն 1922-ին, երբ բնականոն վիճակ մը կը սկսի տիրել Մուսա Լեռան վրայ՝ անկայուն ու վտանգաւոր շրջանէ մը ետք: Այդ տարին, Հաճի Հապիպլիի Դպրոցասիրաց Միութիւնը` Սուրբ Աստուածածին առաքելական եկեղեցւոյ մէջ կը բեմադրէր ամէնէն աւելի ժողովրդականութիւն վայելող «Աւարայրի ճակատամարտը» (կամ «Աւարայրի արծիւը») ներկայացումը: ՀԲԸՄի դպրոցին տնօրէնին՝ Գրիգոր Արոյեանի հրաւէրով, Մովսէս Տէր Գալուստեան ճառ մը կ'արտասանէր այդ առիթով: [31] Վարդերէսեան քահանան կ'ընդդիմանայ, երբ երկու տարի ետք, ներկայացումը կը կրկնուի նոյն վայրին մէջ: Ան կը գրէ.

«Արդեօք սխալա՞ծ էի ըսելով, որ անպատշաճ էր Վարդանանց տօնին առիթով ներկայացուելիք «Աւարայրի արծիւ» տրաման խաղալ օծուած եկեղեցիին մէջ: Անոնք զիս պիտակաւորեցին խաչագող, մատնիչ և այլ ածականներով, որոնց յիշատակումը ամօթալի կը նկատեմ…: Անոնք ներկայացուցին տրաման, բայց հարց կու տամ, թէ արդեօք կրցա՞ն վայելել սուրբ տաճարին սրբապղծումը:

Միթէ այնպէս չէ՞, որ նոյնիսկ սիւներուն հիմը նուիրուած է… այս կամ այն առաքեալին: Ապա ի՞նչ ըսել (սուրբ) սեղանին, բեմին (այսինքն ՝ խորանին) մասին, ուր ամբոխը խռնուած էր զանազան և տարբեր անպատշաճութիւններով՝ դիտելու (ներկայացումը) եւ զուարճանալու:

… Ինչու՞ տրամայի ժամանակ հաւաքուած խուժանը, գոնէ կիրակի օրերը, կիսով, ըսեմ քառորդով՝ թատերախաղը դիտելու փոխարէն, պիտի չհաւաքուէր ու սրտի խորերէն պիտի չկարդար Աստուծոյ խօսքը: Աւելի լաւ պիտի չըլլա՞ր արդեօք, կը զարմանամ»: [32]

Յաջորդ ներկայացումը ՝ Սեդրակ Շահէնի «Տանջուածները» տեղի կ'ունենար կիրակի, 27 Յուլիս 1924-ին: [33] 

Քանի որ ներկայացումը կը պահանջէր աւելի յարմար վայր, Դպրոցասիրացի անդամները կը մաքրեն տեղական անաւարտ դպրոցի մը շէնքին ներսը, կը հանեն ժայռերն ու փուշերը, կը հարթեն գետինը և մօտակայ անտառէն բերուած փայտով կը կառուցեն տանիքը: Անոնք նաեւ տոմս կը վաճառեն դրացի Պիթիաս գիւղը ամառնային արձակուրդի համար ժամանած այցելուներուն: Գիւղին կիները ընթրիք կը պատրաստեն ու զայն կը վաճառեն 1 մէճիտիայի:

Առաջին տեսարանը կը բացուի ցոյց տալով գաղթականներ, տարեցներ ու անչափահասներ, որոնք իրենց ծարաւը յագեցնելու համար միաժամանակ շարուած են ջրհորի մը շուրջ՝ բողոքելով իրենց ճակատագրին դէմ: Հանդիսատեսը խոր հասկացողութեամբ կը հետեւի նիւթին: [34] Այս իւրայատուկ գործին անդրադարձող մամլոյ թղթակցութիւն մը կը նշէ, որ Հաճի Հապիպլին Մուսա Լեռան միակ գիւղն էր, ուր իգական սեռը կը մասնակցէր թատերական նման գործերու: [35] Իրականութեան մէջ, կիները նման ներկայացումներու մասնակցած էին նաեւ Պիթիասի մէջ, ինչպէս որ նշուած է ստորեւ:

Սեպտեմբեր 1925-ին, Հաճի Հապիպլիի հանրութեան կը ներկայացուի «Արշին Մալ Ալան» անունով քրքջալիր օփերէթ (կարճ օփերա) մը: [36] Ստեղծուած 1913-ին, Ռուսիոյ Սուրբ Փեթերսպուրկ քաղաքին մէջ, Ուզէյիր Հաճիպէյովի անունով ազերիի (թաթար) մը կողմէ, այս չորս արարով երաժշտախառն ներկայացումը կը վերաբերի Լեռնային Ղարաբաղի Շուշի քաղաքին մէջ ապրող ամուրի մարդու մը, որ կին կը փնտռէ: Այս գործը շատ մեծ ժողովրդականութիւն կը վայելէր աշխարհի տարածքին բազմաթիւ երկիրներու մէջ ապրող ազգային խմբաւորումներու տարբեր շրջանակներուն մէջ: [37] Միայն Հայաստանի մէջ, ութ տարուան ընթացքին, անիկա բեմադրուած է 965 անգամ, իսկ Միացեալ Նահանգներու մէջ՝ քառասունութ անգամ, ութ ու կէս ամսուան ընթացքին: [38] Զէյթունցի եւ Հաճի Հապիպլիի գործունեայ երկու եկեղեցեկաններէն մէկը՝ Խաչատուր քհնյ. Գերմանիկեանը, որ վարպետ երաժիշտ էր, ինք կը բեմադրէ Դպրոցասիրացի այս նախաձեռնութիւնը: Բացասաբար խօսելով երգերուն ժողովրդականութեան մասին, Վարդերէսեան քահանան կը գրէ. «անոնք այսօր այնքա՛ն տարածուած են ժողովուրդին մէջ, որ ամէն առիթով կ'երգուին: Եւ այդ օփերէթը վատ ազդեցութիւն ձգած է. վախնամ տխուր միջադէպերու պատճառ դառնայ»: Ան կ'աւելցնէ. «օփերէթը կը բովանդակէ դերեր, որոնք անյարիր են մեր միջավայրին, և ... հոգեւորական մը պէտք չէր իրագործէր զայն»: Իբրեւ հետեւանք եւ Վարդերէսեան քահանային համաձայն, նոյնիսկ Գերմանիկեանի ծխականները կը զգուշացնեն զինք, մանաւանդ որ ներկայացման մէջ, ան ընդգրկած էր նաեւ դերասանուհիներ:

Փաստօրէն, Վարդերէսեանի քննադատութիւնը կը բխէր երկու մտահոգութիւններէ՝ Հաճի Հապիպլիի մէջ երկու քահանաներու առկայութիւնը, որոնք կը բաժնուէին եկեղեցիներուն արդէն իսկ անբաւարար եկամուտները՝ նուազեցնելով իր եկամուտը, նաեւ իր նախանձախնդրութիւնը՝ հաւատացեալները առաջնորդելու դէպի «սրբազան ներկայացում», այսինքն՝ «Սուրբ պատարագ», աշխարհական թատերախաղերու փոխարէն: Գերմանիկեանը և Դպրոցասիրացը հրաւէրներ կը ստանան Արշին Մալ Ալանը նաև կատարելու Մուսա Լեռան միւս գիւղերուն մէջ: [39] Անոնք կը բեմադրեն նաև Հաճիպէյովի Մաշատի Իպատը, որ վերնագրուած է նաև «Եթէ ոչ այդ մէկը, ուրեմն այս մէկը»՝ [40] չորս գործողութեամբ երաժշտական կատակերգութիւն մը, որ գրուած է 1910-ին եւ կը պատկերէ «ընկերային և ամէնօրեայ յարաբերութիւնները նախայեղափոխական Ատրպէճանի մէջ»։ [41] Վերջապէս, 1929-ին, Դպրոցասիրացը կը կրկնէր «Քսան կախաղանները» գործը, որ կը նկարագրէր 1915-ին, Պոլսոյ մէջ ՍԴՀԿի անդամ յեղափոխականներու կախուիլը: [42]

Շարունակութիւնը՝ Ակօս։

Մեկնաբանել

Լատինատառ հայերենով գրված մեկնաբանությունները չեն հրապարակվի խմբագրության կողմից։
Եթե գտել եք վրիպակ, ապա այն կարող եք ուղարկել մեզ՝ ընտրելով վրիպակը և սեղմելով CTRL+Enter