HY RU EN
Asset 3

Բեռնվում է ...

Էջի վերջ Այլ էջեր չկան բեռնելու համար

Որոնման արդյունքում ոչինչ չի գտնվել

Սագօ Արեան

Հացի և տխիլի մասին

Ես տխիլ կերայ: Անոնց համար, որ օղիի բաժակը կը պահեն ու մոմ չեն վառեր տան մէջ: Փոքր տոպրակին մէջ եւ երրորդ դարակին մէջ պահուած տխիլը հետս տուն հանեցի, տունը ցուրտ էր,  տանը լռութիւնը  ներծծելով սկսայ մարմնիս ցաւերուն հետ հաղորդուիլ:

Յոգնած եմ ըսի, այսօր գրելու հավէս չունիմ: Ոտքերս երկարեցի տիվանին ու ձեռքի հեռախօսով մտայ Ֆէյսի աշխարհս: Տեսնեմ ինչ է այսօր պատահած:

Ընկերներս, գիրքի թանկացման դէմ  բողոքի ցոյց կ'ընեն Երեւանի մէջ, քանի մը ծանօթներ լայքեր նետելով քսուած անցած են Պլոկի պատերուն, ուրիշ բարեկամ մը կը մեկնաբանէ ֆուտպոլի խումբի մը յաղթանակը, քիչիկ մը արիւն կայ պատերուն վրայ, սուրիական արիւն կայ,  նահատակուած լրագրողներու անուններն ու պատկերները կան տեղադրուած, մինչ բանաստեղծ եղբայրս Էտուարտ Հարենցը, կը յայտնէ որ շուտով նոր գիրք պիտի լոյսին տայ ...... ահա այսպիսի բաներ:

Շարունակեցի տխիլ ուտելս, օղի ալ բերի, մտայ Մարսէլ Խալիֆէի ձայնային   խազերուն մէջ: Սի. Տի.ն որ կը լսեմ, կը կոչուի «Կտրուածքներ» կամ« Բաժանումներ», ուտի ձայնը շքեղութիւն մը կուտայ կտորին: Մոմ կ'ելլեմ վառելու,վազ կ'անցնիմ յետոյ, իրապէս որ հավէս չունիմ, եւ  ցուրտ է հոս ...

Բայց ցուրտը չի խանգարեր:

Ա. Թ.ն կը զանգէ, ո՞ւր ես հարց կուտայ, պատասխանը մէկ է, պատասխանը դարաւոր լռութիւնն է: Կ'ըսէ մեր մօտ փոթորիկ է ու հեղեղ: Ի՜նչ հոգ կը պատասխանեմ:

Ցուրտը չի խանգարեր: 

Լռութեանս պահերը ամէնէն թանկագին պահերն են: Կը զօրացնեն, հոգիս, կոշկոռ կը կապէ իր վրան, սապէս վէրքին վրայ կեղեւ կը կապէ. Ես ներս կը մտնեմ, պատուհաններուս վրայ կապոյտ վարագոյր կը քաշեմ, չեմ ուզեր յիշել օրուան եւ օրերուն  տուած բեռն ու ծանր պահերը:

Տխիլը վերջանալու վրայ է: Սառնարան կը տանիմ մնացած քանի մը հատը: Ես տխիլ սիրողը չեմ, բայց երբ ստիպուած ըլլաս, տխիլն ալ կը սկսիս սիրել: Նոյնիսկ սոված քնանալս պարկեշտութեան ու մեղքերէն ելլելու պէս բան մը կը սեպեմ: Տեսնես քանի -քանիներ անկողին կ'երթան առանց  կտոր  մը հաց  կրնալ ունենալու, կրնալ  ուտելու ...

Աշխարհի բոլոր բանուորները կ'աշխատին կտոր մը հացին համար,  հիմա կը վերյիշեմ Կարպիս Ճանճիկեանը, որ զարմանքով,  անօթի աչքերով, անօթի հոգիով մը գրած էր հացի մասին ազնուական կտոր մը:Սկիզբէն էր հացը: Հացը ոգի  էր, հացը մարդուն հոգին լեցնելու եւ անոր յաւիտենական ճիգին պատասխանն էր ձեւով մը:

Հացը մարդուն որոնումներու ճանապարհին վրայ եղող կէտ մըն եղաւ:

Սկիզբին ու աւարտին պէս: Կեանքի սկիզբին եւ կեանքի աւարտին միանգամայն:

Հացին համար ապրեցաւ,  կտոր մը հացի համար եկաւ, պատառ մը հաց էր կերածս, սեւ հաց էր, որ կերանք, հացին մէջ արիւն կար, աղքատներուն հացն անգամ չունեցաւ, չոր ու ցամաք հաց կ'երանք : Այսօրինակ բառակապակացութիւններ են,  որ կը պտըտին մեզմէ իւրաքանչիւրին աուրային մէջ: Մեր ինքնութեանը  կը խառնուի հացը, տարբեր -տարբեր հացեր կը պատրաստեն, տարբեր գոյնի ու ձեւի հացեր է, որ կը պատրաստեն ու փուռը կը նետեն:

Հացը մարդուն տիեզերական տագնապին  բարձրաձայնողն է: Տագնապին տագնապն է հացը:

Երեւի անոր համար, որ մեր վաղ մանկութեան, երբ  թաղերուն մէջ կտորիկ մը  գետինը  մոռցուած  հաց  կը գտնէինք,  կը հանէինք գետնէն ու հոն  բարձր տեղ մը, քարի մը վրան   կը զետեղէինք :Կտորիկ մը պէօրէկ, կտոր մը սեւ հաց, կտոր մը չկերուած հաց. կը հաւաքէինք  այդ հացերը:Մեծերն այդպէս էին սորվեցուցած մեզի:

Մեծերն այդ հացերուն համար մեծ էին դարձած :

 

Հացը մեր գոյութեան պատճառն է.  Երկրի վրայ մեր շարունակութիւնը ապահովող տեսակ մը կախարդող մասնիկը, մեր էութիւնն է:

Մենք տակաւին հացի պատմութիւնն է, որ կը պատմենք. կ'ապրինք անոր ժամանակին մէջ:

Տխիլը մինչ այդ հողին   ցցուող եւ հողէն արտահան եղած սուր ճիչի մը մասնիկն է:

Տխիլը կը յուշէ հողին մասին:

Տակաւին շուտ  է այսօր խօսիլ ու ապրիլ հողին համար, տակաւին շուտ է մտնել հողի ճանապարհին մէջ:

Անհրաժեշտ է քալել,     կամ ալիւրի  պարկեր մեր ուսերուն , ու տեսէք ինչ իրաւ  իմացում կայ,  այն պատկերին դիմաց, երբ օրուան բոլոր հարուածներէն ու մտատանջութիւններէն ետք փուռի մը առջեւ կը կենաս   կապոց մը հաց տուն հասցնելու համար:

Ապրելու մղում տեսակ մը:

Վարուժան Նալբանդեանը կը յիշեմ, որ հացի պասթոն մը ձեռքին ու շիշ մը թարմ կաթ կը մօտենար մեզմէ, ըսելու պէս, որ հացն է կարեւորը, հացն է արքայականը, մնացածը փուճ է:

Վահան Թամարեանը կը յիշեմ այսօր, որ մատնաքաշ կը բերէր իր հետ, կանաչ ծիծակ, մատնաքաշ եւ արաղ: Կեանքը գեղեցիկ է ըսելու պէս, վայելենք մեր օրուան հացը:  Ապրինք այդ հացով ու գրենք այդ հացին համար:

Կենցաղային չէ այս ամէն ինչը, մեր կեանքի ճանապարհին վրայ դրուած աղօտ լամբարներու շքեղ նշաններուն եւ կորսուած մեր ինքնութեան առջեւ, մեր որոնումներուն ու բարձրաձայն բողոքներուն առջեւ եւ համար: Հացը կենդանի, ապրող մասն է մեզմէ:

Մտահոգ մի գրէք պիտի ըսեմ: Չեմ ալ մտածեր յաւիտենութեան մասին,  կամ չեմ գրեր սապէս խաբելու պէս: Ապրելու համար գրել, հացին համար գրել, մնացածը ժամանակին տալ, ժամանակի մեծ հովերուն:

Իմ պէտքս չէ մտածել յետոյին մասին: Ատիկա  տասնըութ տարեկան մնացած բանաստեղծներուն եւ գրչակներուն գործն է:

Մեզի համար կարեւոր է   ապրիլ այսօրը:

Հացը այդ այսօրին մէջ է, հացը փոքր գրականութեան կը պատկանի ու ինչ  կատարեալ է փոքր գրականութեան  ծիրին մէջ գրել եւ զգալ: Որովհետեւ  գիրը քեզի դուրս պիտի հանէ օրուան ցեխէն :

Ցեխին մասին հիմա չէ:

Ցեխին մասին այլ առթիւ:

Մեկնաբանել

Լատինատառ հայերենով գրված մեկնաբանությունները չեն հրապարակվի խմբագրության կողմից։
Եթե գտել եք վրիպակ, ապա այն կարող եք ուղարկել մեզ՝ ընտրելով վրիպակը և սեղմելով CTRL+Enter