Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ Կեդրոնական Վարչութեան, առաջնորդներու ու ազգային իշխանութեանց ներկայացուցիչներու հանդիպումներ
Անթիլիաս - Ներկայ շաբթուան ընթացքին, 13-17 մարտ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի նախագահութեամբ յաջորդաբար տեղի պիտի ունենան Ազգ. Կեդրոնական Վարչութեան Կրօնական ու Քաղաքական ժողովներու լիակատար նիստեր, Ազգ. Կեդրոնական Վարչութեան, թեմակալ առաջնորդներու ու ազգային իշխանութիւններու ներկայացուցիչներու հաւաքական հանդիպումներ, ինչպէս նաեւ միաբանական հաւաք:
Վերոյիշեալ հանդիպումներուն ընթացքին պիտի քննարկուին Հայաստան-Սփիւռք գորածկցութեան, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան ու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միջեւ ծաւալող գործակցութեան, Ս. Աթոռի առաքելութեան զանազան բնագաւառներուն առնչուած հարցեր ու ծրագիրներ, Ցեղասպանութեան 100-ամեակի ծրագրում, ինչպէս նաեւ թեմերուն հետ աղերս ունեցող մտահոգութիւններ ու կարեւոր ծրագիրներ:
Տեսանյութեր
Լուսանկարներ
Մեկնաբանել