HY RU EN
Asset 3

Բեռնվում է ...

Էջի վերջ Այլ էջեր չկան բեռնելու համար

Որոնման արդյունքում ոչինչ չի գտնվել

Ամերիկեան եւ բրիտանական գնահատականներ

Հայաստանի մէջ Մեծն Բրիտանիոյ դեսպանը տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւնները գնահատած է ընդհանրապէս դրական, կեդրոնացած է Հրազդանի ընտրութիւններուն վրայ' զանոնք յատկանշելով մրցակցային ուժեղ քարոզարշաւով: Ապա, դեսպանը փոխանցած է նաեւ իր վերապահութիւնները, ըստ որոնց, եղած են ձայներու գնումներ, ընտրակաշառքներ բաժնելու երեւոյթներ եւ վարչական գործողութիւններու թերութիւններ: Այնուամենայնիւ, ըստ բրիտանացի դեսպանին, յառաջիկայ խորհրդարանական ընտրութիւններուն այս երեւոյթները կը սրբագրուին եւ անոնք կ՛անցնին աւելի ժողովրդավար:

Այս գնահատականին տեղեկացողը անպայման պիտի վերյիշէ տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններուն Հրազդանի ընտրատեղամասերուն մէջ անձամբ ընտրական գործողութիւններուն հսկած ամերիկացի դեսպանին գնահատականը: Բրիտանացի եւ ամերիկացի դեսպաններուն գնահատականներուն քաղաքական հիմնական պատգամը միեւնոյնն է. կան ի հարկէ գնահատականի որոշ տարբերութիւններ:

Նախ շեշտենք նոյնութիւնները: Երկու դեսպաններն ալ կեդրոնացած են Հրազդանի ընտրատեղամասերուն վրայ: Թէեւ ամերիկացի դեսպանը անձամբ հսկած է ընտրութիւններուն, իսկ բրիտանացի դեսպանը' հեռակայ կարգով հետեւած, այսուհանդերձ երկուքին գնահատականները' մրցակցային քարոզարշաւը եւ սուր մրցակցութիւնը երկու հիմնական ուժերու միջեւ դրական նկատելու առումով շատ համահունչ են:

Այստեղ ակներեւ է նաեւ Հրազդանի շրջանին վրայ կեդրոնանալու միացեալ մօտեցումը: Արագ հայեացքով այդ համատեղելիութիւնը կը բացատրուի ամենասուր ընտրապայքարի դրսեւորումով: Կայ սակայն հիմնական երկրորդ կարեւոր պատճառը. մրցակցային ուժերը ՀՀԿ-ն եւ ՀԱՔ-ն են այս պարագային, եւ երկու ուժերուն դրսեւորած մրցակցային, երեւոյթը դրական գնահատականի կ՛արժանանայ արեւմտեան գերտէրութիւններու ներկայացուցիչներուն կողմէ:

Այս օրինակն է փաստօրէն, որ կ՛ընդհանրացուի երկու դիւանագէտներուն կողմէ եւ կը տարածուի մինչեւ Ազգային ժողովի ընտրութիւններ: Հրազդանը նմուշ ընտրութիւն է, իր մրցակցային պատկերով, իր ժողովրդավար երկկողմանի քարոզարշաւով, որ ըստ ամերիկացի եւ բրիտանացի պաշտօնատարներուն, պէտք է երեւի աւելի լայն մակարդակով համապետական ընտրութիւններուն ընթացքին: Ընտրական այս մանրանկարը պէտք է տարածուի խորհրդարանական ընտրութիւններու խորապատկերին վրայ:

Ի տարբերութիւն ամերիկացի իր պաշտօնակիցին, բրիտանացի դեսպանը խօսած է վերապահութիւններու մասին, մասնաւորելով օրինակներ: Ամերիկացի դեսպանին գնահատականին մէջ չկար ժխտական բաժին: Կանուխ է եզրակացնելը, որ որեւէ էական նշանակութիւն ունի՞ քննադատական այս մօտեցումը: Տարբերուող այս բաժինը կը թուի, թէ երկրորդական նշանակութիւն ունի:

Կարեւորը այս պարագային տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններուն առիթով յառաջիկայ խորհրդարանական ընտրութիւններուն գնահատականին նախաբանը կատարելն է: Երկու գէրտերութիւններու դիւանագէտները կը նախանշեն, որ իրենց յառաջիկայ տեղեկագիրները խորհրդարանական ընտրութիւններուն մասին նկատած պիտի ըլլան դրական տեղաշարժեր Հայաստանի Հանրապետութեան ընտրական համակարգին մէջ:

Այն մեքենականութիւնները, որոնք կիրարկուեցան տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններուն, մօտաւորապէս կը կրկնուին խորհրդարանական ընտրութիւններուն, որոնք սարերու ետին չեն յամենայն դէպս: Իսկ քանի մը ամսուան ընթացքին որակական յեղափոխութիւն դժուար թէ իրականանայ ընտրակարգին եւ առհասարակ կիրարկուած համակարգին մէջ:

Երկու դեսպաններուն տուած գնահատականը ուրեմն, քաղաքականացուած է ըստ ամենայնի եւ յստակօրէն կը նախանշէ վաղուան ձեւաւորուելիք խորհրդարանին նկատմամբ անոնց ներկայացուցած պետութիւններուն դիրքորոշումները:

Կայ տակաւին հիմնական երրորդ գործօնը: Ճիշդ է, որ տարբեր են խորհրդարանական եւ նախագահական ընտրութիւններուն նկատմամբ դիրքորոշուելու պատճառները, շարժառիթներն ու քուէներու կեդրոնացումի կամ ցրուումի գործընթացները, այսուհանդերձ մնալով արժեւորումները քաղաքականացնելու իրականութեան տրամաբանութեան մէջ, կ՛արժէ դիտարկում ընելը Ռուսիոյ տարածքին կայացած նախագահական ընտրութիւններուն արեւմտեան ուժերու եւ դէտերու տեղեկագրումներուն եւ նոյն ուժերուն արձանագրելիքներուն մօտ յառաջիկային Հայաստանի մէջ տեղի ունենալիք խորհրդարանական ընտրութիւններուն:

Շահան Գանտահարեան
«Ազդակի» գլխաւոր խմբագիր

 

Մեկնաբանել

Լատինատառ հայերենով գրված մեկնաբանությունները չեն հրապարակվի խմբագրության կողմից։
Եթե գտել եք վրիպակ, ապա այն կարող եք ուղարկել մեզ՝ ընտրելով վրիպակը և սեղմելով CTRL+Enter