
«Սովետական Հայաստանը եւ հոն տեղի մեր ժողովուրդը չափազանց կարեւոր են Սփիւռքահայութեան կեանքին համար»
Սեդա Գպրանեան-Մելքոնեան
1985-ին գրուած սա նախադասութիւնը, Մոնթէին բազմաթիւ այլ գրութիւններուն նման, կը մնայ այժմէական։ Սակայն այդ «չափազանց կարեւոր» ըլլալու գրաւականը հզօր Հայաստան ունենալն էր։ Գիտեմ, որ Խորհրդային Հայաստանը գովաբանելը նորոյթ չէ այս օրերուն։ Այնուամէնայնիւ նշեմ, որ հակառակ Խորհրդային Հայաստանի բացթողումներուն ու բարդ խնդիրներուն, մէկ բան անվիճելի էր Մոնթէին, իմ եւ մեր մարտական ընկերներուն համար. Հայաստանը յառաջդիմութեան մէջ էր։ Այո, բազմաթիւ սխալներ կային սրբագրելիք, բազմաթիւ փոփոխութիւններ՝ կատարուելիք։ Բայց Հայաստանի ժողովուրդին եւ ղեկավարութեան հայրենասիրութիւնը կասկածի ենթակայ չէր։
6 յունիս 1985-ին գրուած նամակի մը մէջ Մոնթէն կը նշէր, «վերջին շաբաթներուն բաւական լսած եմ Երեւանի մէջ եղած Ապրիլ 24-ի ելոյթներուն մասին։ Իսկապէս ոգեւորիչ լուրեր են։ Յաջորդ նամակիդ մէջ անպայման ինծի պատմէ անոր մասին։ Գիտեմ, որ դուն ալ ներկայ ըլլալու էիր եւ կ՚ուզէի քու տպաւորութիւններդ լսել։ Սովետական Հայաստանը եւ հոն տեղի մեր ժողովուրդը չափազանց կարեւոր են Սփիւռքահայութեան կեանքին համար։ Շատ-շատ ուրախ եմ երբ կը լսեմ իրենց հայրենասիրութեան մասին։ Երբ որ նամակներուդ մէջ ինծի կը պատմես Հայաստանի մասին եւ հոն տեղի քու փորձառութիւններուդ մասին ես թէ՛ կը սորվիմ, թէ՛ կ՚ուրախանամ որ դուն առիթ ունիս շատ տեղեր տեսնելու եւ աւելի մօտէն մեր հայրենիքը ճանչնալու»։
Խորհրդային տարիներու այդ կեանքն էր, որ մտերիմներուս եւ ինծի առիթ ընծայեց սիրահարուելու Հայաստանին։ Այդ օրերուն յաճախ կը կրկնէի, «Հայաստանը սիրած մարդու նման է։ Զինք կ՚ընդունիս իր սխալներով հանդերձ։» Ժամանակի ընթացքին սակայն սխալնները չէ որ մնացին, այլ հայրենիքին ու ժողովուրդին հանդէպ ցուցաբերուած սէրը։
Ապրիլ 22-ի շուրջ, ազգովին կը մասնակցէինք Լենինեան շաբաթօրեակին։ Մեղաւոր կը զգամ, որ բոլոր շաբաթօրեակներուն չեմ մասնակցած։ Սակայն յիշողութեանս մէջ կը մնայ Երեւանի պետական համալսարանին շուրջ ծառատունկը, ծաղկաստաններու մաքրումը, մեր հրաշալի գրականութեան դասախօս՝ Ընկեր Աթափէկեանին սրամտութիւնն ու խոնաւ հողին բոյրը։ Բազմաթիւ դասախօսներու եւ ուսանողներու հոգատար ձեռքը՝ մաքրելու, ցանելու, գեղեցկացնելու այն, ինչ բոլորիս կը պատկանէր։
Մոնթէն կ՚երազէր ա՛յդ հայրենիքին մասին։ Հայու ա՛յն տեսակին մասին, որ շինիչ ինքնաքննադատութեամբ պիտի սորվէր սխալներէն ու առաջ երթար։ Ա՛յն ժողովուրդին մասին, որը պիտի չիջնէր իրար անուն կպցնելու, մրցակցին մասին յերիւրանքներ տարածելու, աջ ու ահեակ զրպարտելու մակարդակին։ Մոնթէն պիտի ուզէր, որ կողքի մարդուն հանդէպ հոգատարութիւնը համատարած ըլլար, վկայ իր վարքը իր զինուորներուն հանդէպ։ Ան պիտի ուզէր, որ ամէն բնակիչ գիտակցէր իր պատասխանատուութեան։ Մոնթէն ամէն ինչ պիտի ընէր միահամուռ ջանքերով առաջքն առնելու ժողովուրդին ու երկրին սպառնացող ամէն մէկ աղէտի, ըլլայ ան համաճարակ թէ կաշառակերութիւն։
Գիտեմ, որ Մոնթէին սիրողները շատ են այսօր։ Բայց եկէք զինք սիրելէն անդին, գոնէ քիչիկ մը նաեւ սորվինք իրմէ։ Գոնէ քիչիկ մը, ապրինք իր օրինակով։
Մեկնաբանություններ (3)
Մեկնաբանել