HY RU EN
Asset 3

Բեռնվում է ...

Էջի վերջ Այլ էջեր չկան բեռնելու համար

Որոնման արդյունքում ոչինչ չի գտնվել

Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութիւնը կը յատարարէ «Խօսք առ» մրցանակին արդիւնքները

Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Բաժանմունքը ապրիլ 2020-ին մեկնարկեց Խօսք Առ մրցանակը։ Այս իւրայատուկ նախաձեռնութիւնը –եզակի իր տեսակին մէջ – հրաւիրեց աշխարհասփիւռ հայախօսներ ներկայացնելու տարբեր տեսակի նորարար լսատեսողական եւ գրական արտադրութիւններ, որոնք կը մղեն հայերէնով մտածելու եւ հայերէնով արծարծելու մարդկութեան դիմագրաւած այսօրուան հիմնահարցերը։

Ստացանք տասնըութը երկիրներէ եւ տարբեր ձեւաչափերու 165 դիմում. շարժանկար ու շարանկար, երգ ու երգիծանք, ծաղրանկար, բանաստեղծութիւն, արձակ, տեսահոլովակ, զանազան ձեւաչափերով արտադրութիւններ եւ աւելին։ Ամենէն երիտասարդ դիմողը ութ տարեկան էր, իսկ ամենէն տարիքովը՝ ութսուներեք։ Եօթ հոգիէ բաղկացած ներքին յանձնախումբը մեծ հետաքրքրութեամբ արժեւորեց բոլոր դիմումները, ու որոշեց յատկացնել վաթսուն մրցանակ։ Տրուած ըլլալով որ բազմաթիւ էին հետաքրքրական եւ որակեալ դիմումները, յիսունի փոխարէն տրուեցաւ վաթսուն մրցանակ. քսանհինգ մրցանակ Հայաստանէն դիմողներու, եւ երեսունհինգ Սփիւռքէն դիմողներու, որ կը համապատասխանէ դիմողներուն քանակին։ 

Խօսք Առ մրցանակին հիմնական նպատակներէն էր խթանել բոլոր տարիքի եւ տարբեր հետաքրքրութիւններ ունեցող մարդոց մտածելու հայերէնով եւ լեզուն գործածելու ստեղծագործ եւ այլազան ձեւերով։ Այս չափանիշերը, ինչպէս նաեւ ներկայացուած գործին կարողականութիւնն ու հոն արտայայտուած միտքերուն թարմութիւնը գնահատումի հիմնական չափանիշերն էին։

Յատկապէս ուրախ ենք որ մեծ քանակով երիտասարդներ դիմեցին Խօսք Առ մրցանակին՝ ստեղծագործ աշխատանքներով ուր հիմնական արտայայտչամիջոցը հայերէնն էր։ Մեծ ուրախութիւն է նաեւ տեսնել թէ այս մրցանակին շնորհիւ կը գոյանայ հայերէնով ստեղծագործելու փափաք մը. հայ երիտասարդ եւ ստեղծագործ միտքեր կը սկսին փնտռել իրենց նմանները եւ կը փափաքին, կապ հաստատելով, կորիզ մը կազմել։

Շնորհակալութիւն կը յայտնենք բոլոր մասնակիցներուն եւ կը շնորհաւորենք բոլորը։

Յաւելեալ տեղեկութիւններու եւ «Խօսք Առ»-ի մրցանակակիրներուն անուանացանկին ծանօթանալու համար այցելել՝ gulbenkian.pt/armenian-communities/

Մեկնաբանել

Լատինատառ հայերենով գրված մեկնաբանությունները չեն հրապարակվի խմբագրության կողմից։
Եթե գտել եք վրիպակ, ապա այն կարող եք ուղարկել մեզ՝ ընտրելով վրիպակը և սեղմելով CTRL+Enter