Արամ Ա Կաթողիկոս. «Թռչնոց բոյնը կը մնայ մեր Սուրբ Աթուռին առաքելուեան կարեւոր մարզերէն մէկը»
ԱՆԹԻԼԻԱՍ - Երէկ, Վեհափառ Հայրապետը այցելութիւն մը տուաւ Թռչնոց Բոյն, աւելի մօտէն տեղեակ դառնալու հոն կատարուող աշխատանքին ընդհանրապէս, եւ թանգարանի շինութեան, մասնաւորաբար: Յայտնենք, որ երկու ամիսներ առաջ Վեհափառ Հայրապետը դարձեալ այցելած էր Թռչնոց Բոյն: Շուրջ երկու ժամ Վեհափառ Հայրապետը մնաց Թռչնոց Բոյնի մէջ, հանդիպումներ ունեցաւ տնօրէնութեան ու ուսուցչական կազմին հետ, այցելեց փոքրիկներու դասարանները, մանկամսուրը ու ննջարանները, եղաւ անոնց հետ եւ մօտէն հետաքրքրուեցաւ անոնց առօրեայ կեանքով ու աշխատանքով:
Վեհափառ Հայրապետը նաեւ այցելեց շինութեան ընթացքի մէջ եղող թանգարանը ու գնահատեց կատարուող աշխատանքը: Այս առիթով, Վեհափառ Հայրապետը շեշտեց «Թռչնոց Բոյնի եզակի դերը յատկապէս Սփիւռքի հայութեան կեանքէն ներս: Թռչնոց Բոյնը որբերու, լքուածներու, անտէր մանուկներու, ընտանեկան անբնական պայմաններու ենթակայ փոքրիկներու տունն է. հետեւաբար, ան ազգին տունն է: Մենք չենք ձգեր որ ոեւէ մէկ փոքրիկ անտէր մնայ: Թռչնոց Բոյնը անոր պաշտպանն է ու գուրգուրոտ ընտանիքը: Այսպէ'ս եղած է միշտ Թռչնոց Բոյնը եւ կը սպասենք, որ մեր ժողովուրդի զաւակները իրենց նիւթական աջակցութեամբ մասնակից դառնան Թռչնոց Բոյնի այս կարեւոր ծառայութեան»:
Խօսելով թանգարանի մասին, Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ. «յատուկ կարեւորութիւն ներկայացնող թանգարան մըն է շինութեան ընթացքի մէջ գտնուող այս թանգարանը: Ինչպէս Թռչնոց Բոյնը, այս թանգարանը եւս մեր հաւաքական յիշողութեան մաս կը կազմէ: Հոն պիտի ցուցադրուին ցեղասպանութենէն ճողոպրած մեր որբերուն ու անոնց խնամակալներուն առնչուած իրեր, յուշեր, յուշանուէրներ: Հոն այցելուներ իրենց դիմաց պիտի տեսնեն ցեղասպանութիւն տեսած ժողովուրդի մը թէ' տառապանքը եւ թէ վերածնունդը»: Վեհափառ Հայրապետը գնահատեց բոլոր անոնք, որոնք կը մասնակցին թանգարանի շինութեան ու կոչ ուղղեց մեր ժողովուրդի զաւակներուն իրենց գործնական նպաստը բերելու թանգարանի շինութեան ամբողջացման:
Լուսանկարները` այստեղ
Տեսանյութեր
Լուսանկարներ
Մեկնաբանել