HY RU EN
Asset 3

Բեռնվում է ...

Էջի վերջ Այլ էջեր չկան բեռնելու համար

Որոնման արդյունքում ոչինչ չի գտնվել

Սագօ Արեան

Պէյրութ խօսի՛ր

Ապրիլ ամսուան տասնըերեքը միշտ ալ կարեւոր եմ նկատած: Այն կը զուգադիպի Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի սկզբնաւորութեան: Այդ չարաբաստիկ օրը՝ Այն Ըլ Րմէնէի շրջանին մէջ, մարդատար մեքենայ մը, որուն մէջ կային պաղեստինցիներ, կ'ենթարկուի յարձակման: Պատմութիւնը երկար է, հազար լուսանկար ու ժապաւէն եմ տեսած պատկերացնելու եղած դէպքերն ու դէմքերը: Անթիւ անհամար զոհերէն մեզ ալ բաժին են հանած: Ունեցած ենք նահատակներ, ու այդ զոհերուն առթած վիշտին պատճառով հողին ենք տուած շատ մը ընտանեկան պարագաներ:

Լիբանանեան վէրքին արիւնը մտած է բոլոր-բոլոր սենեակներէն ու պատուհաններէն ներս:

Օրինակ 1977-ին Պուրճ Համուտի մեր տան լուսամուտը ստացած է փամփուշտներ, երբ փաղանգաւոր քրիստոնեայ ուժերը փորձած են «գրաւել»' Պուրճ Համուտը: Այդ մասին միշտ ալ պատմած եմ ընկերներուս, որ տեսէք մեր պատուհանն ալ թիրախ էր՝ «թշնամուն»:

Թշնամին միշտ ալ աներեւակայելի էր, նոյնիսկ անհասկնալի:Լիբանանեան օրագրութեան մէջ, երէկուան եղբայրները յանկարծ կը դառնան ոխերիմ ու արիւնարբու տուշմաններ: Եւ հակառակն է ճիշդ:

Իսկ հայկական մեծամասնութեան կարծիքը եւ կեցուածքը միշտ ալ ճիշդ չէ հասկցուած, յատկապէս՝ քրիստոնեայ կողմերուն կողմէ, որոնք ուզած են, միշտ ալ շոյանքով ուզած են հաւատալ որ հայերն իրենց կողքին են:

Ինչ կողքին ինչ բան:

Ինչ ընէին հայերը երբ օր ցերեկով նոյն քրիստոնեայ սեպուող եղբայրները, ելած էին իրարու աչք յօշոտելու, իրարու վէրք ու մեռել առնել-տալու:

Միւս կողմէ տրուած ըլլալով որ հայերը իսլամական շրջաններուն մէջ եղած են փոքրամասնութիւն, կարողացած են վարկ ու բարի վարուց վկայագիր ապահովել:

Այդ բարի վարուց վկայագիրը մինչեւ հիմա ալ կարող ենք օգտագործել:

....

Լիբանանեան պատերազմի խճանկարը այնքան է հարուստ ու բազմագոյն որ մարդ կրնայ շփոթի մատնուիլ, ուրկէ սկսելու եւ ուր վերջացնելու իր խօսքը:

Քանի մը տեսարաններ կան սակայն որոնք քանդակուած են մնացած են մեր յիշողութեանը մէջ:

Թուեմ անոնցմէ մի քանին միայն:

Մայրս է պատմողը թէ ինչպէս մօրեղբայրս իր՝ Մաարատ նշանաւոր փողոցի վրայ գտնուող խանութը բանալու ատեն, զինք անակնկալի են բերած՝ Սոմալցի վարձկան պատերազմողներ, այն ժամանակ շատ էին անոնք որ ստակի դիմաց ու համար կու գային՝ Պէյրութ մասնակից դառնալու այն մեծ քանդումին, որ ողջունելի բան էր կարծես ամբողջ աշխարհին կողմէ: Մօրեղբօրս լեղին կը պատռէր, ահէն ու անակնկալէն կիյնար գետին, կը փոխադրուէր հիւանդանոց ու հոն ալ կը մահանար:

Տխուր պատում է ասիկա: Քիչ անց ՝Մաարատի շրջանը կ'այրէր ամբողջութեամբ: Մօրեղբօրս կեանքի վաստակը եւ միակ ունեցած- չունեցած սեպուած խանութն ալ կը դառնար հրոյ- ճարակ:

Աւելի ուշ՝ Պաղեստինցի- քրիստոնեայ հակամարտութիւնը կը վերածուէր այլ տիպի կռիւներու, հերթաբար քրիստոնեայ-իսլամ, իսլամ-իսլամ կռիւները կը դառնային յաճախակի, կ'ըզգենույին նոյնիսկ համայնքային հակամարտութեան տեսարան: Կաւերուէր ամբողջ երկիրը, Լիբանանը կ'ապրէր իր պատմութեան ամէնէն արիւնարբու, եւ վայրագ օրերը:

Պէյրութը կը կիսուէր ուր նոր խաղի օրէնքները կը պարտադրուէին, իսլամական Պէյրութ- յառաջդիմական Պէյրութ կը յորջորջուէր, համեմատաբար աւելի ձախին յարած ուժեր տեղ կը գտնէին հոն: Մտաւորական շրջանակներ եւ Իսրայէլի դէմ պատերազմի ելլելու կոչերը կը բարձրաձայնուէին այդ կողմերէն:

Միւս կողմէ Քրիստոնեայ Պէյրութն էր, քիչ մը լայիք, արեւմտեան- իբր- արժէքներով յայտնի դարձող Պէյրութը, իր միլիսներով, ապօրինի խաղերով, ապօրինի դրամի լուացումներով Պէյրութը, ու այս մասերուն մէջ էր որ կը ծաղկէր նորին՝ Պուրճ Համուտը եւ որ շրջանի մը համար, աչքի փուշն էր դարձած քրիստոնեայ միլիսներուն համար: Անոնք միշտ ալ բողոքած էին հայերէն, որովհետեւ իրենց համար խորթ կը թուէր հայկական ճակատին լեզու գտնելու փորձերը՝ պաղեստինեան գաղթակայաններուն ու անոնց ղեկավարութեան հետ: Այս մէկը կարեւոր հանգամանք կը նկատուէր, որովհետեւ հակառակ պարագային, այդ կայաններուն կրակակէտը պիտի դառնար հայահոծ թաղամասերը:

Պետութիւնը կար որպէս պատկեր:

Կարեւոր էին համայնքի կրօնապետերուն խօսքերը եւ շրջանները կենթարկուէին բնակչութեան մաքրազտումի: Իսլամները կը հեռանային, քրիստոնեայ շրջաններէն ու նոյնը կը կատարուէր իսլամական շրջաններուն համար:

Լիբանանի մտաւորականութեան խօսքը ընդհանրապէս չկար: Մտաւորականութիւնը կը բացակայէր, գաղթ-գաղթի վրայ ու անուանի մարդիկ իրենց վերջին հետքն անգամ կը չքացնէին քաղաքէն: Միով բանիւ զգալի էր որ մտաւորական մարդիկ կը յառէին ձախ կոչուած ու աւելի յառաջդիմական գիծով ճանչցուած արեւմտեան Պէյրութին:

Հայկական ճակատին վրայ ալ, գաղութը կը նօսրանար, ամենուրէք զոհեր ու աւերներ:

Կը պահուէր Պուրճ Համուտը իբրեւ ամրոց:

Ու այն ալ յստակ է որ կը պահուէր ինչ-ինչ զոհողութիւններով, զինեալ տղոց բիւր-բիւր նուիրումով ու նուիրաբերութեամբ:

Գարուն հասակներ կուտայինք հողին ու լաւ կը յիշեմ որ լիբանանեան պատերազմի ներքին կեղտոտ խոհանոցի լէշն ալ կը հասնէր մեզի:

Կ'իրականացուէին ահագին ոճիռներ եւ առեւանգումներ, զոհերու ետին էր որ կը քալէինք, հպարտ էինք, բայց դեռ պատանի. չէինք գիտեր թէ ինչու էին այդ բազմահոծ թափօրները:

Լաւ կը յիշեմ թէ ինչ անձրեւոտ օր մը, ինչպէս հրաժեշտ տուինք՝ Վարդգէս Տէր Կարապետեանին, Լեւոն Պէրպէրեանին, Ներսէս Խիւտավէրտեանին... Այս ամէնը ապրեցանք, այս բոլորը դարձան մեր գոյութեան եւ կեանքի իմաստը:

Մաքառում կար, Սերունդը նոյնիսկ կը կոչուէր Քալաշնիքոֆի սերունդ: Տղաքը նոյնիսկ գնացիրներուն վրայ, Գ.Նժդեհին եւ ուրիշներու դէմքերուն պատկերները կը փակցնէին:

Խիստ դաժան օրագրութիւն էր: Յատկապէս ինիսունականներուն արձանագրուած վերջին պատերազմական ռաունտը:

Հրացանները կը փայլէին, հրացան ունենալը պատահական չէր, նուիրում կար ատ հրացաններուն շուրջ, ոգի կար, անկրկնելի ոգի:

Ամէն ինչ խառնուած էր իրարու, մէկ կողմէ մեր վէրքը մեր ափերուն մէջ, միւս կողմէ հայկական խնդրին վրէժը իրենց հոգիներէն պայթեցնող եւ եւրոպայի մայթերը արիւնով ներկող տղաք կ'ապրէին մեր շուրջ, մեր հետ շատ յաճախ:

Ամէն բան լուր էր ու խորհրդաւոր:

Պէյրութը իր սկիզբով իր պատերազմով ու ապրումով մտած էր մեր կենսագրութեանը մէջ:

Ու հիմա երբ երեսուն եօթ տարիներու հեռաւորութիւնէն կը դիտենք այս ամէնը: Կը զարմանան ք ու կը մտաբերենք թէ ինչպիսի կեանք էր մեր ապրածը:

Ու ի զուր չէր որ մեր բառարանին մէջ անպակաս էին՝ ռումբ, ական, մահ, հրթիռ, նոր զոհ, ապահովութիւն, գնդացիր, -մալժաա- պատսպարան, հաց, հերթ, եւ այլ նմանօրինակ բառեր ու եզրեր:

Պէյրութը թոյլ չէր տուած որ իրաւամբ ապրէինք մեր մանկութիւնը ու անոր փոխարէն մենք ապրեցանք անոր թախիծով ու օրհասով:

Ընկերներէս մին, որ ի դէպ խմբագիր ալ է, մասնակցած էր Պէյրութի նահատակաց Յուշարձանին մօտ յաջողուած եւ մի քանի օր առաջ տեղի ունեցած յիշատակի հանդիպումի մը, ուր ի շարս այլոց կը հնչէին պատերազմէն մեր քաղելիք դասերուն օգուտն ու կարեւորութիւնը: Ան մինչեւ անգամ գրած էր այդ մասին:Լաւատեսութեամբ էր գրած: Իր յօդուածին մէջ յիշած էր որ լիբանան պէտք է կերտէ արդար պետութիւն:

Այս բոլորը երազային են, այնքան ատեն որ պէյրութի սահմանները կը մնան անոր եկեղեցիներն ու երկնասլաց մզկիթները:

Այս բոլորը անհաւատալի են, որովհետեւ իւրաքանչիւրը իր ճամբարին մէջ կը պատրաստուի նոր պատերազմի, իւրաքանչիւրը իր բառին տակ, իւրաքանչիւրը իր խօսքին մէջ կը պատրաստէ նոր ռազմերու ծրագիրներ ու նոր արիւնահոսութեան ցենարներ:

Պէյրութը իսկապէս շքեղ է, հմայիչ ու կապոյտ հլունն է՝ արեւելքի ու միջերկրականի:

Բայց անոր երկաներուն մէջ ապրողներս, չենք տեսներ ատիկա: Աւելին՝ կանտեսենք ու կընենք ամէն ինչ որ անոր կեանքի երակները խցուին:

....

Կիրակի մըն էր, կապոյտ եւ բերրի Կիրակի:

Ծաղկազարդի թափօր մըն էր որ կը հատէինք ես, Անուշը եւ տղաներս:

Բոլորին ձեռքերուն ձիթենեաց ճիւղեր կային ու տերեւներ:

Ի ցի՜ւ թէ այդ թափօրը վերածուէր խաղաղութիւն պարգեւող արարքի, բայց ամէն ոք իր լռութեանը մէջ, իր ծանր քայլերով ինքզինք կը պատրաստէր նոր պատերազմի:

Պէյրութ, չքնաղ դիցուհիս մինչեւ երբ քու զաւակներդ պիտի ուտեն աչքերդ, մինչեւ երբ պիտի կարողանան յօշոտել գեղեցիկ ու վիրաւոր մարմինդ:

Ըսէ:

Մեկնաբանություններ (1)

razmik
HPART EM MER BEYRUTAHAY EXBAYRNERI I QUYRERI HAMAR VORONQ UNEN HZOR HAYKAKN VOGI EV KAROXANUM EN PAHPANEL IRENC IQNUTYUN@ OTAR APERUM HUYSOV EM VOR MI OR DUQ KVERADARNAQ JAMANAKAVORAPES KORCRAC DZER PATMAKAN HAYRENIQ PATMUTYUN@ MI OR KCHTKI IR SXALNER@

Մեկնաբանել

Լատինատառ հայերենով գրված մեկնաբանությունները չեն հրապարակվի խմբագրության կողմից։
Եթե գտել եք վրիպակ, ապա այն կարող եք ուղարկել մեզ՝ ընտրելով վրիպակը և սեղմելով CTRL+Enter