HY RU EN
Asset 3

Բեռնվում է ...

Էջի վերջ Այլ էջեր չկան բեռնելու համար

Որոնման արդյունքում ոչինչ չի գտնվել

Լռութեան Արժէքը

Սեդա Գպրանեան-Մելքոնեան

1992-ի մայիսն է։ Այդ ժամանակուան Պաշտպանութեան նախարար` Վազգէն Սարգսեանը կը կապուի հետս Նայիրի հանրակացարանը, Մոնթէին տուած իր՝ զիս Արցախ ղրկելու խոստումը յարգելու։ Կ՚ըսէ, որ Պարոնէս Քոքսը ժամանած է հիւրերով եւ իրենց հետ պիտի մեկնիմ։ Հոն զիս պիտ դիմաւորէ Մոնթէն։

Ուղղաթիռը վայրէջք կը կատարէ Ստեփանակերտի օդակայանը։ Բազմաթիւ սեւ ինքնաշարժեր կու գան հիւրերը տանելու։ Մոնթէին հետքը չկայ։ Զիս ճանչցող ազատամարտիկ մը՝ Չուգուն Կամոն անունս կը կանչէ։ Միասին կ՚երթանք Ստեփանակերտի զօրամասը։ Զիս կը ներկայացնէ քանի մը ռազմական պատասխանատուներու.

—Աւոյէն կնէկն է, Սեդան,-կ՚ըսէ։

Ոչ ոք գիտէ ուր է Աւոն։ Զօրամաս չէ եկած։ Ինչ-որ մէկը կը յայտնէ թէ լուր տրուած է իրեն ժամանումիս մասին եւ ուր որ է պէտք է Մոնթէն հասնի զիս Մարտունի տանելու։ Կամոն զիս կը տանի օդակայանին ճամբուն վրայ գտնուող տուն մը ու կ՚ըսէ որ հանգստանամ մինչեւ Աւոն գայ։ Լռակեաց կին մը քանի մը աման ուտելիք կը դնէ դիմացս։ Վարունգին ու լոլիկին բոյրը, եռուզեռի պակասն ու ընդհանուր լռութիւնը ծննդավայրս՝ Այնճար կը յիշեցնեն։

Ուշ կէսօրէ ետք կարմիր Նիվա մը կը կենայ տան դիմաց։ Մոնթէին փոխարէն երկու երիտասարդներ դուրս կու գան եւ արեւմտահայերէնով կ՚ըսեն.

—Մոնթէն մեզի ղրկեց, որպէսզի քեզի Մարտունի տանինք։

Կը զարմանամ տեսնելով որ տղաքը Լիբանանէն են։ Ինքնաշարժին մէջ հեռուէն Շուշին ցոյց կու տան։ Նոր գրաւած ենք ու մեր պարծանքն է։ Որոշ հատուածներու վրայ բնութիւնը Պէյրութէն Այնճար գացող ճամբան կը յիշեցնէ։ Անհամբեր եմ Մոնթէն ու վերջապէս Մարտունին տեսնելու։

Ինքնաշարժին կենալուն հետ Մոնթէն գրասենեակէն դուրս կը վազէ։  Զօրամասը քաղաքին կեդրոնը գտնուող ուսումնարանի մը շէնքն է։ Ամէն տեղ տղաներ կան։ Գրասենեակներուն դիմաց, որոնք կ՚ենթադրեմ դասարաններ եղած են, բաց միջանցքին մէջ ձեռքս բռնած Մոնթէն հրահանգներ կու տայ։ Զոհերու եւ յուղարկավորութեան մասին ալ պահ մը կը խօսին։

Այցելութեանս ընթացքին կ՚երթանք ուսումնարանին կից գտնուող շէնք մը, ուր Սպենդիարեանի ջոկատի տղաներն են։ Իրենց պատասխանատուներէն՝ Աշոտին պարտականութիւն տրուած է տղաներուն զոհուելուն պայմանները քննելու։ Մոնթէն զայրացած է։

—Այս խնդիրը պէ՛տք է, պէ՛տք է պարզուի։ Մարդիկ պէ՛տք է գիտնան, որ վիրաւոր զինուորը պատերազմի դաշտին վրայ չե՛ն կրնար ձգել։ Վե՛րջ։

Խօսքը երկու շաբաթ առաջ Գիւլափլու գիւղին մօտ տեղի ունեցած մարտերուն մասին է։ Հայ կռուողները, մի քանի անգամ զիրենք գերազանցող Ատրպէյճանական զօրքին հետ ծանր մարտեր մղելէ ետք յաջողած են թշնամի կրակակէտերը լռեցնել հսկայական կորուստներ պատճառելով անոր։ Առաւել, գրաւած են մէկ հրասայլ, ոչնչացուցած՝ մէկ հրանօթ եւ խփած՝ մէկ ուղղաթիռ։ Սակայն, անհասկնալի պայմաններու մէջ հինգ մարտիկներու մարմիններ ձգուած են մարտադաշտին մէջ։ Հայկական կողմի փոխանակման խնդրանքին ազերի կապաւորը պատասխանած է, որ իրենց քով պատանդներ կամ դիակներ չկան։ Երկար բանակցութիւններէ ետք ազերի կապաւորը յայտնած է, որ դիակները երկու դիրքերուն միջեւ գտնուող տարածքին մէջ մնացած են։ Ազերի պատանդներու դիմաց դիակները դուրս բերուած են տասներեքերորդ օրը։ Հինգ զոհերէն մէկն է Աշանի Արմէնը, ով «շա՜տ լաւ մէկն էր» կ՚ըսէ Մոնթէն։

—Արմէնին սողալու տեղը կար հողին վրայ։ Ուրեմն ողջ էր։ Հոն հաւաքուած ջուր կար, կարծես գացած է խմելու,- կ՚ըսէ Մոնթէն։

Արմէնին ատրճանակը, ազերի օդաչուին ատրճանակին հետ միասին այլ մարդու քովէն յայտնաբերուած է։ Մոնթէն բարկացած է, գրաւած զէնքերը, որոնք մնացած էին իր թախտին մէջ։ Զոհուելէն ետք, այդ զէնքերը յանձնեցի Պաշտպանութեան նախարարութեան։

Մոնթէն որոշած է, որ զոհուած տղաներուն մօտ եղած կռուողները պէտք է հարցաքննուին։ Աշոտին հետ հարցաքննուող զինուորներուն ցուցակը կը վերանային։ Մոնթէին կոկորդի ջիղերը ցցուած են.

—Ո՜վ կ՚ուզէ ըլլայ, մարտադաշտին մէջ զինուոր չե՛ս ձգեր,- կը պոռայ։

Ջոկատի տղաները նոր հաւաքած ելակ եւ թութ կը հրամցնեն մեզի։ Մոնթէն ժպիտով շնորհակալութիւն կը յայտնէ։ Գիտնալով թէ որքան պտուղ կը սիրէ կը զգամ, որ կ՚ուզէ տղոց ձգել միրգը։ Հրաժեշտ կու տանք ու կը քալենք դէպի զօրամաս։ Ուշ է արդէն եւ անօթի ենք։ Ճաշարանին դիմացի բաց տարածութեան մէջ Մոնթէն յանկարծ կը կենայ, ձեռքս կը բռնէ ու ցած ձայնով կ՚ըսէ.

—Սեդա, քիչ մը հոս սպասենք։

Չորս կողմս կը նայիմ։ Ճաշարանին քով, գոց գոյն հագած կին մը մեծ ամանէ մը ջուր կը թափէ ։

—Այդ կինը կը տեսնե՞ս։ Իր տղան ալ Գիւլափլուի զոհերուն մէջ էր։ Սպասենք թող երթայ, յետոյ կը մտնենք ճաշարան։ Իսկապէս գէշ կը զգամ ու չեմ կրնար իր երեսին նայիլ։

Լուռ կը հետեւինք կնոջ շարժումներուն։

Մեկնաբանել

Լատինատառ հայերենով գրված մեկնաբանությունները չեն հրապարակվի խմբագրության կողմից։
Եթե գտել եք վրիպակ, ապա այն կարող եք ուղարկել մեզ՝ ընտրելով վրիպակը և սեղմելով CTRL+Enter