
Նահատակ գրագէտներու բարեկամը
Երէկ ամբողջ օրը ամպրոպ էր ու թախիծ: Մոխրագոյն եթերը իջած, սեղմած էր երկիրը: Ամպրոպը ծանր էր նստած Պէյրութի վրայ: Անգամ անապատներէն՝ Ալժիրէն եւ Մարոքէն փչող տաք հովերը, աւազամրրիկները կը խեղդէին քաղաքի երակները:
Հողմերն իրենց հետ փոշի եւ աւազ կը բերէին ծածկելու բոլոր մեքենաներուն ապակիները: Շնչահեղձ ըլլալու պէս օդ էր: Գէշ օդ: Այդպէս կ'անցնէր օրը:
….
Վաղ առաւօտ սակայն, անձրեւը կը լուար մայթերը եւ քաղաքը: Անհանգիստ քուն: Թափանցիկ ու մոխրագոյն երազներ կը խանգարէին նիրհս: Կը մտնէի խոշոր սրահ մը, ուր վառուած էին մոմեր եւ պատերուն կային նահատակ բարեկամներուս պատկերները:
Պատկերները չէին ուզեր հանգիստ մնալ, կ'իյնային գետին, ու ես եւ ուրիշներ կը փորձէինք նորէն ամրացնել «զանոնք» պատին:
Վարուժան, Սիամանթօ, Ռուբէն Սեւակ:
Անհանգիստ պատկերներ:
Այդ պահուն կը մտածէի, որ ես ընդամէնը նահատակ գրագէտներուն բարեկամն եմ: Այդպէս ալ գրեցի՝ ՖՊ ի պատիս:
Զարմանքով ալ յիշեցի որ նախնիներս տարիներ առաջ հիմնած էին մատենաշար մը ու կոչած զանիկա՝ «Նահատակ Գրագէտներու Բարեկամներ». այ այդպէս:
Ես իսկական ցաւողը չէի, քշուողը չէի աւազէ-աւազ եւ ոչ ալ մեռնողն էի՝ քառասուն կամ աւելի օրեր տանջահար ըլլալէ ետք:
Ես ու իմ սերունդի տղաքը ընդամէնը նահատակ գրագէտներու բարեկամներ ենք:
Պիտի ըսէք ցաւը որ կայ մերինը չէ՞:
Պատասխան չունիմ:
Պիտի հարց տաք իրաւատէր չե՞նք: Ունինք լքուած Անատոլիա, շէներ, գմբէթներ, ժամ ու վարագայ, պարտէզ, «պաղ» ու լքեալ քաղաքներ:
Պատասխան չունիմ նորէն:
Իմ ժողովուրդիս ուրախութեանը համար կը կանգնեցնեն խաչեր ու կը նորոգեն եկեղեցիներ:
Պոլսոյ մէջ եկեղեցիներու խորաններէն երկաաաաա՜՜՜՜ար խազերով պատարագներ ու հոգեհանգիստ կը մատուցուին:
Կը տեսնեմայս բոլորը ու կը սահիմ անոնց կողքէն:
Պիտի ըսէք ես ջարդին շարունակութիւնն եմ:
Ես համաձայն չեմ ձեզ հետ:
Պիտի դառնաք նորէն ու հեռուէն նայիք ինծի, ըսելու որ ես սուգն եմ:
Պիտի պնդեմ սակայն որ ես սուգը չեմ:
….
Ապրելու ժամանակը գերագոյնս անցած է երակներուս մէջ: Ես ու շատեր նետուած ենք կեանքի կռիւին մէջ: Միայն մերժելու համար սուգը, որ դգալ-դգալ կը տանին մեր բերաններուն:
Պատասխան ալ չունիմ տղուս, որ ինը տարու հասակին հազիւ կրնալով Պահաէտին Շաքիրի եւ Ճեմալ Ազմիի անունները արտասանել, հարց կուտայ թէ ո՞վ են թուրքերը, իրապէս չա՞ր են, թէ՞ չէ:
Ես զոհերուն անունները գիտէի իր տարիքին ան դահիճներուն:
Հիմա այս զոհ-դահիճ խաղին մէջ ո՞ւր եմ ես:
Ըսեմ որ թուրքը թշնամի է ու տանիմ զինք Անթիլիասի Սուրբ Նահատակաց մատուռը որ երեխան երեկոյան ժամերուն, անգամ իր երազներուն մէջ լայ ու հեկեկայ:
Ըսեմ, որ պատմութեան այդ էջը փակէ ու կեանքդ անշառ շարունակէ:
Չեմ գիտեր:
Տարիներ առաջ միայն թուրքը կարմիր լոգանքներուն մէջ էր, որ կը տեսնէի:
Տարիներ առաջ պատասխանները շատ էին ու հարցադրումները՝ քիչ:
Հիմա տագնապը այլ է:
Պարզ ու մէկին գիտեմ սակայն, որ սուտ պիտի ըլլայ ըսե, որ ես ալ զոհ չեմ:
Հանեցէք իմ առջեւէս զոհի բոլոր նախադրեալները:
Լռութիւն կուզեմ:
Ես որպէս նահատակ գրագէտներու բարեկամը այդ լռութեանը մէջ կուզեմ խորունկ շունչ մը քաշել՝ ըսելու համար արար աշխարհին, որ ես դադրած եմ զոհ ըլլալէ:
Կը բաւէ զիս որպէս զոհի խամաճիկ պտըտցնէք քաղաքէ քաղաք, թանգարանէ թանգարան, մատեանէ-մատեան:
Կը բաւէ վեհութեանս խառնէք ինկածի, պարտուածի, անկեալի շպարը: Կը բաւէ երեսներուս քսէք պարտութեան փոշին եւ ոխի մամուռը:
Ինչ որ կատարեցիք իմ բարեկամներուս հետ, անշառ պիտի չանցնի:
Գլխատեցիք ինձ ու հիմա ելլեր էք այդ գլխատուելուս մասին կը խօսիք բեմերէն ու ատեաններէն:
Սուգին խնդիրը իմս չէ, յանցանքը իմս չէ:
Յանցաւորը եւ արարքը կատարողը պիտի անդրադառնայ եղածին:
Ես ու դուն չենք ստիպելու, որ ոճիր կատարողը հասկնայ մեր ըսածը:
Քանզի ստիպումով, պարտադրելով, աչքը հանելով ես ու դուն պիտի չհասնինք մեր ուզածին:
Մեր ուզածը արիւնը չէ: Մեր ուզածը պարտամուրհակ չէ:
Ո՝չ Եւրոպայի փայլուն ոստանները, ո՝չ անոր շիք խորհրդարանի աթոռները, ոչինչ այս աշխարհին վրայ կրնան տեղի ունեցածին փոխհատուցումը կատարել:
Մեր կորուստը մեծ է, զայն առեւտուրի շուկայ տանիլը կը նշանակէ մեղսակից ըլլալ եղածին:
Մեր կորուստը լռութեամբ ապրեցանք, «բարեգութ» աշխարհը միայն ծիծաղեցաւ այդ կորուստին առջեւ:
Ծիծաղը կը մարի, երբ մենք հասկնանք որ կորուստին մասին պիտի խօսինք ոճրագործի քողին ետեւը պահուըտողին հետ:
Մենք կորուստին մասին պոռալով պիտի չխօսինք:
Հանեցէք մեզի սուգէն, մենք սուգի սերունդը չենք:
Անոնք պիտի հասկնան, որ կարմիր ձեռնոցներով չեն կրնար շարունակել ապրիլ, պիտի հասկնան ու մենք ալ պիտի հասկնանք որ սեւ կապելով, լալով ու խնդրելով չենք կրնար անցնիլ ցաւի ցանկապատը:
Ցանկապատը կը կտրեն, կը շպրտեն անոր քարերը քալելու համար:
Այլապէս կրնանք նորէն սառիլ պատկերներուն առջեւ ...
Պիտի խօսին մէկ կողմէ ու նախատեն մեզ, նոյնիսկ Թաքսիմի վրայ ցոյցեր պիտի ընեն, ըսելու համար որ մենք պոռնկորդիներ ենք:
Հոգ չէ:
Թոյլերը պիտի ընեն ատիկա, մեր խօսքը միւս զանգուածներուն պիտի ուղղուի....
Կրնայ պատահիլ նաեւ, որ գոռան մեր երեսին:
Հոգ չէ...
Ի վերջոյ մենք գիտենք որ եղածի ահաւորութիւնը հարիւր եւ աւելի տարիներ ետք ընդունիլը, ինքնութեան տագնապ կրնայ շարժել թուրքերուն մօտ:
Կրնայ պատահիլ նաեւ, որ մեր ձեռքերէն բռնելով, քալեն մեծ վիշտին ետեւէն ու բացականչեն, որ ցաւը որ կայ, ցաւն ու կորուստը որ կան կը պատկանին նաեւ իրենց:
Ես դատաւոր չեմ. ու ճիշդ պիտի չըլլայ դատաւորի պէս մօտենալ եղածներուն:
Ճանաչումը, որուն մասին յաճախ կը խօսինք մամուլով, րատիօներէն ու բեմերէն, մեզ համար չէ միայն:
Մենք անցանք գողգոթայի ճանապարհը ու վերադարձի մասին չենք մտածեր:
Ճանաչումի խնդիրը բաւական բարդ պատմութիւն է, ճանաչումի իրադրութիւնը բաւականին շարժող թեմա է:
Ու ատիկա ստիպելով կամ հայհոյելով առաջ չի տարուիր:
Ճանաչումը հասունութիւն կ'ենթադրէ:
….
Քոյրս ապտակեց զիս: Շատ դժուար էր իրեն համար ընդունիլ կատարուածին ահաւորութիւնը: Քոյրս էր ատիկա. ուր մնաց եթէ հարեւանիս հետ պատահէր նոյն բանը: Հարեւանս որուն հետ հաց էի կիսած, ապրած դարիւ-դարիւ ոտքի էր ելած սպաննելու զիս:
Ուրեմն լացի տեղ չունենալու համար, լացը կեանքով փոխարինելու համար արժէ բարձրաձայն մտածել այս բաներուն մասին:
….
Կէս գիշերուն ժամը տասներկուքն է: Պուրճ համուտը լուռ մտած է սաւանին տակ ու կը քնանայ:
Դուրսը ոչ մէկ ձայն:
Նահատակ բարեկամներուս ուրուականը կայ, որ մինչեւ վերջ պիտի հալածէ զիս: Անոնց բարակ նիհար ոգին կայ: Կայ անոնց կարմի թախիծը եւ հեռացումի վերջին տեսարանը....
Վաղը քանի մը օր ետք, աշխարհի բոլոր ծագերուն վրայ հայեր պիտի քալեն Եղեռնի վերյուշը ապրելու համար եւ ոչ միայն:
Հիմա թուրքերն ալ սկսած են քալել. կարեւոր է ատիկա:
Մեզի, մեր տեսակին կը մնայ խօսիլ ու բարձրաձայնել:
Առանց սգալու կամ խրատելու: Այլ պարզապէս խօսելու:
Եւ խօսիլը համաձայնիլ չի նշանակեր:
Առնուազն այս պարագային: Այս նուրբ էութենական խնդրին առջեւ:
Խօսիլ այսօր որպէսզի խօսքը օդին չտրուի, որպէսզի ձայնը ճիշդ արձակուած նետի պէս հասնի թիրախին:
Այլապէս ամէն բան կը վերածուի, հին անցած եւ անհամ թատրոնի մը, որմէ պտուղներ պիտի չքաղենք մենք:
Մենք նահատակ գրագէտներու բարեկամ ենք, այդ նահատակութեան լուսապսակին արժանի դառնալու համար, պայման ալ չէր որ խօլաբար պոռանք, սուգ պահենք ու լանք:
Որովհետեւ՝
Սուգի գողգոթան մենք վաղուց կտրած ենք…
Մեկնաբանել