HY RU EN
Asset 3

Բեռնվում է ...

Էջի վերջ Այլ էջեր չկան բեռնելու համար

Որոնման արդյունքում ոչինչ չի գտնվել

Հրանդ Կատարիկեան

«Յատուկ կարգավիճակով» չէ որ Հայաստանի մէջ արեւմտահայերէնը խօսակցական լեզու պիտի դառնայ։ Խօսիլ է պէտք, առանց ամօթի

Այսօր կարդացի որ Հայաստանի կառավարութիւնը կը մտածէ արեւմտահայերէնին «յատուկ կարգավիճակ» պարգեւելու մասին։ Իբր թէ նման բան ընելու համար օրէնքները պէտք է մշակել ու վերջնական օրինագիծը Ազգային Ժողով ղրկել քուէարկութեան։

Թէ «յատուկ կարգավիճակ» ի՞նչ կը նշանակէ ես չեմ հասկնար։ Արեւմտահայերէնը չինարէն կամ յունարէն չէ, կամ Հայաստանի ազգային փոքրամասնութեան մը լեզու չէ որ պէտք է նման կարգավիճակ տալ։ Այլ, գրական հայերէնի ճիւղերէն մէկն է, եւ քիչ մը տարօրինակ կը թուայ, գոնէ ինծի, որ «հայրենիքի» մէջ նման կարգավիճակ հարկ է։  

Այս լեզուի նախաձեռնութիւնը մաս մըն է աւելի ընդարձակ կառավարական ծրագրի մը որուն նպատակն է Հայաստանը եւ սփիւռքը միջեւ կապը աւելի սերտացնելու։ Անցած ջանքերը այս ուղղութեամբ սահմանափակ յաջողութիւնները ունեցած են։

Ի հարկէ, նման կառավարական նախաձեռնութիւնը ողջունելի է, առնուազն մակերեսի վրայ։ Յոյս ունիմ որ այս նախաձեռնութիւնը պարզ ձեւականութիւն չէ ցոյց տալու որ Հայաստանը իսկապէս մտահոգ է իր «հայրենակիցներու» խնդիրներով։  

Հայաստանի կառավարութիւնը կ՛ըսէ որ այսպիսով արեւմտահայերէնի գործածելը «ընդունելի» պիտի ըլլայ զանազան գիտական եւ բարձրագոյն կրթական հարթակներէն ներս։ Շատ բարի։

Սակայն պէտք չէ սպասել որ նման քայլեր իրականացնելով, եթէ իրօք կեանքի կոչուին, Հայաստանի մէջ արեւմտահայերէնը ամէնօրեայ խօսակցական լեզու պիտի դառնայ։ Սա երազանք է։

Այս հարցը արեւմտահայերէն իմացողներէն կախեալ է։

Իմացողը երբ Հայաստան գտնուի, որպէս զբօսաշրջիկ կամ մշտական «հայրենադարձ», լեզուի ընտրութեան մը առաջ կը գտնուի․․․ո՞ր հայերէնը գործածել։

Շատերը տարբերութիւն չեն տեսնար։ Կ՛երթան Հայաստան եւ իսկոյն կը ջանան արեւելահայերէն խօսիլ։ Վերջ ի վերջոյ խօսածը հայերէն է։

Հոս, չեմ ալ անդրադառնալու այն արեւմտահայերէն խօսող սփիւռքահայերուն որոնք կը ցատկեն արեւելահայերէնին պարզապէս իրենց «հայաստանցի ըլլալը» ձեւացնելու համար։ Ոմանք ալ պարտաւորուած կը զգան իրենց մայրենին, արեւմտահայերէնը, գործածել։

Ամէն պարագային ալ, անձնական հարց մըն է, բայց պէտք չէ անտեսել ասոր հասարակական հետեւանքները։

Ես կը դժուարանամ պատկերացնել աշխարհի որեւէ անկիւն ուր արեւմտահայերէնը կրնայ որպէս ամէնօրեայ խօսակցական լեզու գոյատեւել։ Ատիկայ համայնք ըսուածը կը պահանջէ – մարդկանց օրական յարաբերութեանց առկայութիւնը մի որոշ տարածքին մէջ։

Մերձաւոր Արեւելքի հայ համայնքները իրենց վերջին շունչը կր շնչեն։ Ամերիկայի կամ Եւրոպայի մէջ այլեւս նման համայնք շատոնց չկայ։

Իսկ Հայաստանի մէ՞ջ․․․․

Հակառակ որ կայ որոշ թւով արեւմտահայերէն խօսող, մէկ մասը կ՛ամչնայ այդ լեզուով խօսիլ կամ կը նախընտրեն արեւելհայերէնով խօսիլ։ Թերեւս առաջին պարագային իրենց ինքնութեան վերաբերեալ պէտք եղած վստահութիւնը չունին, իսկ երկրորդ պարագային կը տեսնան որ միայն արեւելահայերէնով Հայաստանի ընդհանուր հասարակութեան մէջ տեղ մը չեն հասնիր։

Հոս է որ գործածած լեզուն, ուզես թէ չուզես, կ՛որոշէ անձի մը կարգավիճակը տուեալ հասարակութեան մէջ։ Կարեւոր հարց մը կայ այս կապակցութեամբ․․․ Հայաստան, արեւմտահայերէն գործածելը կը դիտուի որպես դրական երեւոյթ կամ յառաջանալու խոչընդոտ։ Իսկ եթէ վերջինն է, այս նախաձեռնութիւնը բան մը պիտի փոխէ՞։

Ես աւելի հետաքրքրուած եմ «հայաստանցու» կարծիքը իմանալ այս կառավարական նախաձեռնութեան մասին։ Իրենց վերաբերմունքը արեւմտահայերէնի վերաբերեալ ի՞նչ է։

Հազարաւոր պատմութիւն կայ, դրական եւ բացասական, հայաստանի մէջ արեւմտահայերէնի գործածման առնչութեամբ։

Տարիներ առաջ, երբ ես գացի Հայաստան, որպէս Երեւանի Պետական Համալսարանի բանասիրական ֆակուլտետի ուսանող, այն ժամանակուայ «Սփիւռքի Կապի Կոմիտէն»,  մեզի անմիջապէս տարին իրենց գրասենեակ, «Տժվժիկ» ֆիլմը դիտելու։

«Պաղտասար աղբար, ատիկայ դուն ե՞ս»․․․․

Կարծես մեզի, այս ֆիլմը ցուցադրելով, կ՛ուզէին ըսել «տունիդ պէս ըրէ․ մենք ձեզի կը հասկնանք»․․․

Անյաջող փորձ մըն էր եւ մասամբ ստորացուցիչ։ Յուսամ պաշտօնական Երեւանի մօտեցումը եւ մտայնութիւնը այս կապակցութեամբ փոխուած է։

Մեկնաբանություններ (1)

Սալբի
Առաջին անգամ է որ Արեւմտահայերէնով գրութիւն մը կը կարդամ Հետքի վրայ, եւ այս ինքնին իմաստալից է. յուսամ կը դառնայ սովորական իրողութիւն մը։ Նիւթը եւ ձեւն ալ կարծեմ աննախընթաց են։ Գրութիւնը լաւ մտածուած եւ համադրուած op-ed մըն է որ քիչ կը տեսնենք մեր մամուլին մէչ, ըլլայ Հայաստան թէ սփիւռք։ Մեր խմբագրոականները հրետորական գրութիւններ էն ընդհանրապէս։ Սորվելիք բաներ կան այս գրութեան մէջ որ մեր լրագրողները կրնան «քողնալ» եւ գործածել։

Մեկնաբանել

Լատինատառ հայերենով գրված մեկնաբանությունները չեն հրապարակվի խմբագրության կողմից։
Եթե գտել եք վրիպակ, ապա այն կարող եք ուղարկել մեզ՝ ընտրելով վրիպակը և սեղմելով CTRL+Enter