
Սալյութ-Salute –ըսելու պես...
Քանի մը դէմքեր կան, ճերմակ երեսներ, որոնց յուշը անջնջելի է: Մեր անցած ճանապարհը քարոտ, վէրքոտ եւ փոշեծածկ է: Քալեցինք ու կը քալենք օրհասներէն: Լքում, աքսորի զգացում մեծ ու պզտիկ հարցումներ: Հեռացում կարեւոր կլորէն, այլացում, լռութիւն եւ տատասկ- տատասկ օրեր որ քեզ կը փորձեն նետել գետին: Իյնաս դուն ու իրենք խնդան:
Յակոբ Մանուկեանը եւ ոչ մէկ օր, ըսաւ որ գրածդ լաւ էր, ապրիս՝ շարունակէ, լաւ ուղի ես ընտրած. գրէ: Դասարան կուգար, իբր իր ռոմանթիք բառի կտորները նետելու մեր երեսին: Դասարանէն կը հեռանար յիշատակելով՝զՔրիստոս ու Սուրբ Կուսին Մարիամու: Կը խօսէր Մալարմէէն եւ Պետրոս Դուրեանէն: Գրաւոր քննութիւններուն, անբաւարար կը նշանակէր ու կարծես կ'անտեսէր գրելու մարմաջը:
Իր տեսակն էր: Չէր խօսիր կիրքէն այլ իր մտքերը ոլորապտոյտ՝ կ'ոլորուին անոր շուրջ: Վայ թէ նեղացնէր մէկու մը, վայ թէ բացատրեր բառին արժէքն ու կշիռը, իր համար բոլոր բառերը նոյնն են, նոյն կշիռն ու ներքին ձայնը: Նոյն ռիթմն ու սպառուածութիւնը:Այդպէս էր ան:Այդպէս մնաց ու օր մը չզգացուց որ բանաստեղծութիւնը նախ եւ առաջ, կիրք էր:
Այր օրերուն գրելու կիրքը կը խառնուէր առօրեային: Ուրիշ օրեր էին, թուղթը կը վերածուէր պատերազմական գետինի: Կռիւ կար մէջս, ահազանգող ու հարուածներ տուող կռիւը կը փոխադրէի թուղթին:
Կը գրէի, անօթիի կատաղի հայեացքով, բան մը յանկարծ, պատկեր մը տող մը չկորսնցնելու աճապարանքով:
Գիրը ամէն ինչ էր այն ատեն:
Առաջին ճակատամարտերը կը մղուէին «Արծիւ» - դեռ այն ատեն շաբաթաթերթ- ապա միայն ամսաթերթին մէջ: Կռիւ բոլորին հետ: Հոն մարդիկ նաեւ կը գործածէին գրիչս: Ռմբարկու յօդուածներ ետեւ ետեւի, երգիծական տողեր յաճախ եւ այսպէս գրական առաջին լոգանքներս կ'առնէի:
Գիրը ամէն ինչ էր յայնժամ:
Յետոյ կուգային աւելի բախտաւոր օրեր:
Կը հանդիպէի նոր ընկերներու, ամէն մէկը իր տեսակին մէջ կուռ, այլակարծութեամբ հարուստ եւ պիրկ ընկերեր: Նոր ժամանակներ էին, կը խմորուէր սերունդը, սերունդը կը բանար իր թեւերը լայնօրէն:Ժամանակը կէս կը ձգէր այս երգը: Ընկերները կը հեռանային ու կը դառնային ծանօթներ ու ծանօթ անուններ միայն:Հերթաբար մեր աչքերուն կը յայտնուէին Աբրահամ Ալիքեան, Վահէ Օշական եւ Գրիգոր Պըլտեան:
Երեք վարժապետ, երեք տեսակ եւ երեք բանաստեղծ:
Տարբեր պատուհաններէ, տարբեր դռներէ կը փորձէինք մտնել բանաստեղծութեան մեծ աշխարհը: Հանդիպումներ ու մինչեւ լոյս զրոյցներ, մօրուք եւ դժգոհութիւն, ազգին ծանր բեռը շալկողի հովեր, մտասեւեռում, սիրոյ առաջին գանգատներ եւ Պէյրութը:
Ուրիշ էր Պէյրութը այդ օրերուն, շաբաթ չէր անցնէր որ այս քաղաքի հիւրը չդառնար հայրենի գրող մը կամ մտաւորական մը:Նոր ընկերներ ալ միանային, այս անգամ Հալէպէն: Շրջանագիծը փակուած էր :Ամէն ոք գիտէր իր աթոռին տեղն ու գրելիք մատիտին կարծրութիւնը: Աւազան էր մեծ ու տարօրինակ, բոլորս պիտի մկրտուէինք հոն, բոլորս պիտի տայինք մեր կարելի -անկարելին, մերթ պիտի ատամներով տանէինք այդ կռիւներն ու վէճերը: Բանաստեղծութեան պիտի խառնուէին մեր սէրն ու ատելութիւնը, ժամանակին հանդէպ բացուած մեր ուժանակ սիրտերն ու աչքերը: Ժամանակներ էին գրելու եւ նորոգուելու: Ու ինչ փոյթ այս բոլորը, երբ գաղութին լռութիւնը եւ անտարբերութիւնը կային ինչպէս որ կան այսօր ալ: Հինին այլամերժութիւնը, հինին մերժումը եւ ապահով թաթիկներուն անցքը դէպի գրական մրգաստաններ: Հինը պիտի պայքարէր նորին դէմ. Մեզմէ առաջ շատեր մաշած էին այդ ճանապարհին վրայ նոյնիսկ արիւնաքամ եղած, նոյնիսկ սպառած ու տարտղնուած:
Եւ այս բոլորին մէջ կը մնար գիրը, ամէնէն կարեւորը:Հաց, ջուր եւ հպարտութիւն որոնող մարդու անբաժան ընկերը ՝ գիրը: Վէճերէն ու սէրերէն անդին կը մնար գիրը, երբ մութին կը նայէինք իրարու աչքերուն մէջ: Այդ լռութեան կայծակնային պահուն պիտի որ ծնէր մեր բառը: Մեր բառը աքսորեալ ու վիրաւոր, որ կուգար յետ պատերազմեան Պէյրութի երկրորդ սերունդին տալու նոր փայլ: Այդ փայլը կը տարածուէր աշխարհով մէկ: Կ'անցնէինք գիրի պրիսմակէն, կ'անցնէինք անտեսումի ցեխոտ լիճէն, կ'անցնէինք չարչարանաց տափաստաններէն :
Այդ անջրպետին մէջ Գիրը կը մնար կարեւոր:
Եւ հիմա, երբ հասած ենք գրականութեան առաջին կղզին ուր ցուրտ է, սաստիկ ցուրտ: Ցուրտ այն պատճառով որ քաղաքական հովերը փչեցին ու սառեցուցին ամէն կանաչ տեղ: Քաղաքական խուսանաւումները կտրեցին գրականութեան եւ միջավայրին կապը: Ընկերներ կը զանգէին, դեռ երէկ ըսելու՝ « ....որ բարեկամս քո ինչին ա պէտք, դու գրիր միայն համ էլ սեւ ագռաւ չդառնաս էդ գաղութում:» Բայց ինչ օգուտ: Հիմա երբ անցած ենք ախերոնի գետը, հասած ենք նոր ափ, ու պատկերը աւելի քան տպաւորիչ է:
Բառին առջեւ, եւ բառը շալկած ըլլալու որոշումով ծանրացած ուղղիին առջեւ կը բացուին նոր արահետներ ու մղումը կը դարձնեն ամբողջական:
Կարեւորը սակայն կը մնայ պաշտամունքը:
Պաշտամունքը միայն բառին, ինչքան ալ լքումը, օտարանքը եւ նարնջենիներու տերեւները թափթփին մեր գլխուն:
Մեզի խօսեցան սկզբունքի մասին: Քաղաքական հանգանակ սկզբունք եւ գոյն:
Մնայունը սակայն հիմա ինչպէս էր երէկ, գիրն է:
Այդ ոգին որ վերածուեցաւ գիրի ու փորձուեցաւ, դարիւ- դարիւ դարձաւ հալածական կամ ուխտաւոր: Տեղ մը այսօր նոր թեւեր պիտի առնէ եւ ծակէ վէրքին պալարը:
Մնայուն այս բոլորին դիմաց գիրին իմաստն է որուն մասին եւ որուն դիմաց Գրիգոր Պըլտեանը անջրպետ եզրը կը գործածէ:
Մենք մոռցանք մեր եսը եւ ինկանք ցեխերուն մէջ:
Մոռցանք գիրին կարօտը, մոռցանք գաղթականի երգը եւ զբաղուեցանք յետին ու աներեւելի աննշան մանրուքներով:
Լոյսը պահեցինք սենեակին մէջ: Փակեցինք մեր գիրքերն ու բերանները:Փակեցինք մեր պատմութեան մեծ պատուհանը:
Հիմա հարկ է որ ըսենք, որ բանաստեղծութեան երազը կը մնայ վառ այնքան ատեն որ մեր երակներէն կը հոսի արիւնը կարմիր եւ արու:
Բանաստեղծութեան երակը արական է: Կրնայ պատահիլ որ բանաստեղծութեան լուսէ մարմինը գրկեն ու պտըտցնեն հեռաւոր տեղեր, իգական հպումներով բռնեն անոր մարմինը, սեռ չունեցող կիսադէմքեր բռնեն անոր թելերէն:
Կարեւոր չեն այս բոլորը սակայն, որովհետեւ ասոնք ժամանակի մեծ հեռագնաց ճանապարհէն դուրս ինկող մազմզուքներ են, աղբ են, աւելորդ բաներ, հինցող ու տարբաղադրուող:
Կարեւորը ոգին է:
Կարեւորը բառն էր երէկ, այսօր ալ նոյնն է ոչ մէկ փոփոխութիւն:
Շապիկները կրնան փոխուիլ կամ գունաթափուիլ, ջուրերը գետերէն ու արիւնը երակներէն կրնայ պատահիլ որ պակսին:
Բայց մաշկի գոյնը, մատներու զարկը ստեղնաշարին վրայ եւ սրտի զարկերը իւրաքանչիւր բանաստեղծութեան աւարտին կը մնան գերազանցօրէն ճշմարիտ:
Ճշմարիտ խօսքին համար պիտի գրենք:
Ամբողջ աշխարհին ու տիեզերքին Սալյութ եւ ող՜ջոյն ըսելու համար պիտի գրենք:
Ուրիշ ճանապարհ չունինք. պիտի քալենք Գիրի ճանապարհէն:
Մեկնաբանել