HY RU EN
Asset 3

Բեռնվում է ...

Էջի վերջ Այլ էջեր չկան բեռնելու համար

Որոնման արդյունքում ոչինչ չի գտնվել

Ինչու չենք կրնար օգտագործել սփիւռքի ներուժը. հայեացք Երեւանէն

Հրանդ Խաչատրեան

Մենք բոլորս պէտք է ժամանակ եւ եռանդ յատկացնենք միմեանց ինթըրֆեյսները հասկնալու եւ սեփական ինթըրֆեյսները ձեւափոխելու համար:

2020-ի Հոկտեմբերէն սկսեալ հայութեան մէջ շեշտակի աշխուժացան Հայաստան-սփիւռք գործակցութեան մասին զրոյցները: Էապէս աւելի շատ են ոչ հրապարակային քննարկումները: Այսպիսի զրոյցները, ինչպէս բնորոշ է ճգնաժամային իրավիճակներուն, յաճախ կը յանգին ծայրայեղ եզրակացութիւններու, ընդհուպ մինչեւ «սփիւռքի ռեսուրսը միֆ է՝ առասպել, գոյութիւն չունի, պէտք է մոռնալ եւ կեդրոնանալ Հայաստանի ներքին ռեսուրսներուն վրայ» եւ «Հայաստանը կամ Արցախը կենսունակ չեն, չ’արժեր այլեւս ջանքեր վատնել»:

Այս, իմ համոզումովս, անհեթեթ եզրակացութիւններուն կողքին կան նաեւ իրական քայլեր, որոնք արդէն կու տան շատ փոքր, բայց նշանակալի արդիւնքներ: Նշեմ քանի մը օրինակներ իմ տեսադաշտէս, որ նախագծուած եւ իրականացուած են պատերազմէն յետոյ:

  • club հարթակին մէջ տասնեակէ աւելի ուսանողներ սկսած են աշխատիլ սփիւռքահայերու կողմէ ղեկավարուող ծրագիրներու շուրջ, որոնց շնորհիւ արդէն կան աւարտուն մագիստրոսական թեզեր Երեւանի պետական համալսարանին մէջ:
  • Նորաստեղծ Հայկական անկախ համալսարան եւ Հայաստանի կենսաինֆորմաթիքայի ինսթիթութ միաւորները կ՛իրականացնեն ամառնային դպրոցներ՝ սփիւռքահայերու հսկայական ներգրաւումով:
  • SASTIC նախաձեռնութիւնը միաւորած է հարիւրէ աւելի սփիւռքահայ արհեստավարժներ, որոնք կանոնաւոր կերպով կ՛ուսումնասիրեն Հայաստան-Հայքի զարգացման նպաստող նախագիծեր եւ կը խոստանան ֆինանսական եւ մտաւոր աջակցութիւն:
  • The Future Armenian, Armenians Forward, United AIO նախաձեռնութիւնները կը հրաւիրեն քննարկումներու` նոր համագործակցութիւններու շուրջ:

2021-ի առաջին ամիսներուն անձնապէս մասնակցած եմ քանի մը տասնեակ ոչ հրապարակային զրոյցներու, ուր քննարկուած են հայութեան տարբեր հատուածներու առաւել արդիւնաւէտ փոխգործակցութեան մասին տարբեր հարցեր: Այս յօդուածին մէջ կը փորձեմ շարադրել այդ զրոյցներուն հետեւանքով իմ մօտս ձեւաւորուած «միջանկեալ եզրակացութիւնը»:

Հիմնական խոչընդոտը

Սփիւռքի մէջ իրօք կայ կուտակուած հսկայական մարդկային ռեսուրս, որ առայժմ չի մասնակցիր Հայաստան- Հայքի զարգացման:

Այսպէս, սփիւռքի մէջ իրօք կայ կուտակուած հսկայական մարդկային ռեսուրս, որ առայժմ չի մասնակցիր Հայաստան- Հայքի զարգացման: Կը նշուին բազմաթիւ խոչընդոտներ, ինչպէս օրինակ համընդհանուր մեծ նպատակի մը բացակայութիւնը կամ սփիւռքի` Հայաստանի կառավարման գործընթացներուն մասնակցութեան անհնարութիւնը: Ամենեւին չնսեմացնելով այս հարցերուն նշանակութիւնը, կը պնդեմ, որ նոյնիսկ գործող պայմաններուն մէջ ահռելի հնարաւորութիւններ կան Հայաստան-սփիւռք արդիւնաւէտ համագործակցութեան համար․ կան բաւականաչափ հարցեր, որոնց շուրջ բոլորս կամ գոնէ շատերս ունինք համաձայնութիւն, եւ այդ հարցերէն շատերու լուծման համար իրաւական խոչընդոտներ գրեթէ չկան:

Իմ համոզումովս, ամենամեծ խոչընդոտը հայութեան տարբեր օղակներուն միջեւ համագործակցութեան ինթըրֆեյսներու անհամապատասխանութիւնն է:

Ուրեմն ի՞նչը կը խանգարէ: Իմ համոզումովս, ամենամեծ խոչընդոտը հայութեան տարբեր օղակներուն միջեւ համագործակցութեան ինթըրֆեյսներու անհամապատասխանութիւնն է: Այն օղակը, որ ունի հրատապ խնդիր, եւ այն օղակը, որ ի վիճակի է լուծելու այդ խնդիրը, զիրար չեն հասկնար․ կը խօսին տարբեր «լեզուներով», ունին տարբեր պատկերացումներ վստահութեան մասին, կը նախընտրեն գործել իրարու հետ չհատուող քոմֆորթի՝ հանգիստի գօտիներուն մէջ: Այս պայմաններուն մէջ օղակներու միջեւ համագործակցութիւնը չի կայանար, երբեմն նոյնիսկ մէկ յօդաբաշխ խօսակցութիւն չի կայանար:

Բերեմ պատկերաւոր փոխաբերութիւն մը: Պատկերացուցէք` մենք կը գտնուինք Երեւանի մէջ, ծովու մակերեսէն 800-1200 մեթր բարձրութեան վրայ եւ նպատակ ունինք բարձրանալու Աժդահակի գագաթը` 3597 մեթր: Բոլորս Հայաստանի մէջ ունինք գիտելիք եւ փորձ, թէ ինչպէս կը բարձրանան 800 մեթրէն մինչեւ 1200 մեթր: Միայն սկաւաթիւ մարդիկ գիտեն մինչեւ 2500 մեթր բարձրանալ: Փոխարէնը, ունինք սփիւռքի մէջ գործող մասնագէտներ, որոնք հսկայական փորձ ունին 2000 մեթր բարձրութեան վրայ գտնուող հազարաւոր մարդիկ  3000 մեթրի հասցնելու գործին մէջ: Նաեւ ունինք մասնագէտներ, որոնք պարբերաբար 3000-էն կը բարձրանան գագաթ` 3597 մեթր, եւ երբեմն ալ իրենց կողմէ քար մը կ՛աւելացնեն գագաթին: Այս մարդոց մասին ամէն օր կը գրէ միջազգային մամուլը:

Աժդահակի գագաթին

Ի՞նչ տեղի կ՛ունենայ: Գագաթին աշխատող մարդիկ վարժուած են, որ աշխարհի տարբեր երկիրներէն գործարարներ, պաշտօնեաներ եւ հանրային գործիչներ (հիմնականին մէջ 2500-3000 մեթրի վրայ գտնուողներ) կը դիմեն իրենց՝ տարբեր հարցերով, կը խնդրեն աջակցութիւն, կ՛ուրախանան իրենց հետ քանի մը ժամ զրոյցի հնարաւորութեան համար: Իսկ Հայաստանի մէջ, 1000 մեթրի վրայ ապրող մարդիկ անոնց հետ շփումէն կը խուսափին կամ կը դիմեն 1100-էն 1200 մեթր բարձրանալուն կապուած «անհետաքրքրական» հարցերով: Գագաթին աշխատող մարդիկ կամ կը հիասթափին հարցերուն «մանրութենէն», կամ կը վիրաւորուին վերաբերմունքի պակասէն: 1200 մեթրի խնդիրներ ունեցողներն ալ զանոնք կը պիտակաւորեն որպէս մեծամիտ կամ անհայրենիք աշխարհաքաղաքացիներ:

2000 մեթրէն 3000 մեթր բարձրացնող մարդիկ որոշ չափով կրնան շփուիլ 1200 մեթրի վրայ գտնուողներուն հետ, սակայն այդ եւս հազուադէպօրէն կը վերածուի համագործակցութեան: Որոշ պարագաներու 1200 մեթրի վրայ գտնուողները չեն ուզեր խոստովանիլ, որ իրենք այդքան հեռու են 3000 մեթրէն: Այդ պաշտպանական հակազդեցութիւն է, յաճախ` corporative  շահով պայմանաւորուած («ներսի թերութիւնները դուրս չենք հաներ»): Այդ տեսակի մարդոց իրենց իրական «բարձրութեան» մասին յիշեցնելը կ՛ընկալուի որպէս վիրաւորանք․ կը մեկնաբանեն այնպէս, թէ դիմացինը կը մերժէ իր արդարացի ջանքերը` 1000 մեթրէն 1200 մեթրի հասնելու գործին մէջ: Առաւել ծայրայեղ պարագաներուն, երբ մարդիկ տասնամեակներով մնացած են 1100-1200 մեթրի հատուածին մէջ, արդէն ներքուստ կը սկսին ժխտել 1500 մեթրէն բարձր լեռներու գոյութիւնը: Միւս կողմէն, 2000 մեթրէն ցած աշխատելու փորձ չունեցող մարդիկ չեն ուզեր դուրս գալ իրենց հանգիստի գօտիէն եւ տարիներ նուիրել ուրիշին՝ 1200-էն 2000 մեթրի անցման․ կ՛ըսեն՝ «երբ որ հասնիք 2000 մեթրին, մենք կ’օգնենք»:

Նաեւ քիչ չեն դէպքերը, երբ 2000 մեթրին վարժուած սփիւռքահայերը բոլոր հայաստանցիներուն կը վերաբերին որպէս 1000 մեթրէն աւելի չտեսած մարդոց, եւ նոյնիսկ կ՛անտեսեն 2500+ մեթրի վրայ գտնուող մարդոց խորհուրդները:

Զիրար չհասկնալու, տարբեր լեզուներով եւ հասկացութիւններով խօսելու փայլուն օրինակ է ռազմական արդիւնաբերութեան ֆինանսաւորման վերաբերեալ այս զրոյցը:

Լուծումը

Հայութեան տարբեր օղակները պէտք է առանձնայատուկ ջանք գործադրեն դիմացինը հասկնալու, դիմացինի վիճակին մէջ մտնելու, այդ վիճակին համապատասխան երբեմն նոյնիսկ տհաճ, հանգիստի գօտիէն դուրս բերող քայլեր կատարելու համար:

Լուծումը, ըստ ինծի, ունի պարզ ձեւակերպում, բայց իրականացումը բաւական աշխատանք կը պահանջէ: Հայութեան տարբեր օղակները պէտք է առանձնայատուկ ջանք գործադրեն դիմացինը հասկնալու, դիմացինի վիճակին մէջ մտնելու, այդ վիճակին համապատասխան երբեմն նոյնիսկ տհաճ, հանգիստի գօտիէն դուրս բերող քայլեր կատարելու համար: Բերեմ երկու օրինակ իմ անմիջական շրջապատէս:

Վարէն վեր

2019-ի Օգոստոսին ես եւ YerevaNN-ի աշխատակից Կարէնը կը մասնակցէինք ACL 2019 գիտաժողովին` հիւրի կարգավիճակով: Այդ բնական լեզուի մշակման ոլորտի աշխարհի ամենահեղինակաւոր գիտաժողովն է: Կը լսէինք գիտաժողովին ներկայացուած զեկոյցները եւ կը զգայինք, թէ որքան հեռու ենք այդ մակարդակի գիտութեան մէջ ներդրում ունենալէն: Ներկայ էր Հարաւային Քալիֆորնիայի համալսարանէն Արամ Գալստեանը, որուն հարցուցինք, թէ ինչպէս կրնանք այս ոլորտին մէջ այս մակարդակի աշխատանքներուն ներգրաւուիլ: Գալստեանը առաջարկեց ծանօթանալ իր ամերիկացի գործընկերոջ հետ, որ այդ գիտաժողովի մշտական մասնակիցներէն է: Ծանօթացանք, գործընկերը մեզի համար խնդիր մը ձեւակերպեց եւ խոստացաւ պարբերաբար շփուիլ մեր հետ:

Հետագային պարզուեցաւ, որ իրեն համար ընդունելի շփումը առաւելագոյնը շաբաթական մէկ ժամ է: Ընդ որում` ձեւաչափը այնպիսին է, որ շփուիլը իմաստ ունի միայն այն պարագային, երբ նոր ըսելիք ունինք: Այդ իր աշխատանքին ոճն է, նաեւ իր ուսանողներուն հետ: Այդ կշռոյթով շփումը բաւարար չէր, որ մենք կարենայինք մրցունակ գիտական արդիւնք մը ստանալ: Ուստի, ըսելիք ալ չէինք ունենար ու փաստացի կը շփուէինք երկու ամիսը մէկ ժամ: Անցաւ ութ ամիս, ու հասկցանք, որ մեզի տրուած խնդիրին մէջ էական յառաջընթաց գրանցել չենք կրցած: Անցանք այլ խնդիրներու, ստացանք որոշ արդիւնքներ, որոնք, ինչպէս պարզեցինք հետագային, արդէն ստացուած էին այլ գիտնականներու կողմէ: Միայն 2020-ի Դեկտեմբերին Կարէնիը յաջողեցաւ արդիւնք մը տալ, որ հաճելիօրէն զարմացուց մեր գործընկերը: Անմիջապէս շփումները դարձան շաբթական․ ան օգնեց մեզի գրելու յօդուածը եւ ուղարկել զայն նոյն ACL գիտաժողովին: 2021-ի Ապրիլին պարզուեցաւ, որ յօդուածը ընդունուած է տպագրութեան: Այսպէս, երկու տարուան աշխատանքին շնորհիւ, մենք յաջողեցանք հասնիլ այնպիսի վիճակի մը, երբ կրցանք օգտուիլ մեր գործընկերոջ աջակցութենէն:

Վերէն վար

2012-ին Ռուբէն Մեսչեանը կ՛աշխատէր Պոսթըն,  ընկերութեան մը մէջ որպէս առաջատար ճարտարագէտ: Որոշեց տարուան մէջ քանի մը շաբաթ անցնել Հայաստանի մէջ եւ դասախօսութիւններ ներկայացնել: Ըլլալով իր ոլորտին ամենաբարձրակարգ մասնագէտներէն մէկը (3000+ մեթր), իր դասախօսութիւնները ամենաբարդ թեմաներու շուրջ չէր կառուցեր: Ընդհակառակն, ուսանողներուն կը մատուցէր Javascript ծրագրաւորման լեզուին մասին ամէնէն նախնական գիտելիքը (800-900 մեթրանոց): Բացայայտ հիացմունք կը յայտնէր, երբ կը տեսնէր, որ լսարանին մէջ մէկը ծանօթ է աւելի բարդ (1200 մեթրանոց) հասկացութիւններու: Առաւել յառաջացած գիտելիքներ ունեցող սակաւաթիւ մասնակիցներուն երբեմն նոյնիսկ կ՛առաջարկէր չգալ իր դասախօսութիւններուն, քանի որ իրենց համար կրնային ձանրացուցիչ ըլլալ: Այսինքն, Ռուբէնին նպատակը լսարանին մէջ քանի մը 1200+ մեթր բարձրութեան վրայ գտնուողները յայտնաբերելը, «առանձնացնելը» եւ արագ աճեցնելը չէր: Իր նպատակը մեծ թիւով մարդիկ 800-էն 1500 մեթրի հասցնելն էր: Քանի մը շաբաթ տեւողութեամբ սեմինարներու շարքէն յետոյ կը վերադառնար Պոսթըն, անցնելով իր 3000+ մեթր գործունէութեան:

Յաջորդ տարիներուն այցերը դարձան աւելի ու աւելի երկար, մինչեւ որ քանի մը տարի անց լիարժէք տեղափոխուեցաւ Հայաստան: Սեմինարներուն շարքը աստիճանաբար վերածուեցաւ համալսարանական դասընթացքի, իսկ 2020-էն` հայալեզու անվճար եւ բարձրակարգ կրթական բովանդակութեան: Արդէն 2018-էն Հայաստանի մէջ տեղի կ՛ունենան Javascript լեզուին վերաբերեալ համաժողովներ, որոնց կը մասնակցին մինչեւ հազար ծրագրաւորողներ ու կը քննարկեն բացառապէս 2000+ մեթրի թեմաներ: Ռուբէնը նաեւ այդ համաժողովներու կազմակերպիչներէն է:

Հայաստանցիներուն այցերը աշխարհի հայաշատ վայրեր եւ սփիւռքահայերուն այցերը՝ Հայաստան, ճակատագրական նշանակութիւն ունին:

Այս օրինակները ցոյց կու տան, որ համապատասխան ջանքեր գործադրելու պարագային արդիւնաւէտ համագործակցութեան հասնիլը միանգամայն իրատեսական է: Ատոր էապէս կը նպաստեն մարդոց անմիջական շփումները, ուստի հայաստանցիներուն այցերը աշխարհի հայաշատ վայրեր եւ սփիւռքահայերուն այցերը՝ Հայաստան, ճակատագրական նշանակութիւն ունին: Կարեւոր է նաեւ համբերութիւնը եւ հաստատակամութիւնը:

Ամփոփելով, մենք բոլորս պէտք է ժամանակ եւ եռանդ յատկացնենք միմեանց ինթըրֆեյսները հասկնալու եւ սեփական ինթըրֆեյսները ձեւափոխելու համար: Ամէն մէկ այդպիսի ձեւափոխութիւն կրնայ յանգիլ նոր համագործակցութեան մը եւ յստակ խնդիրի մը լուծման: Եթէ նաեւ կարենանք այդպիսի յաջող ձեւափոխութիւններուն փորձերը պատմել իրարու, ապա ամէն յաջորդ նման համագործակցութիւն աւելի դիւրին եւ արագ կ՛իրականանայ:

Արեւմտահայերէնի վերածեց Վարդան Թաշճեան

Հրանդ Խաչատրեան իր PhD-ը ստացած է Երեւանի Պետական Համալսարանէն՝ Graph Theory-ի մէջ: Ներկայիս ան տնօրէնն է YerevaNN ընկերութեան, Machine Learning գիտահետազօտական գիտաշխանոցին: Իբրեւ Data գիտնական, Հայաստանի մէջ եղած է առաջինը, որ աշխատակցած է IntelinAir ընկերութեան, ուր կը շարունակէ մնալ իբրեւ խորհրդատու: Հ. Խաչատրեանի հետազօտութիւնները կեդրոնացած են “deep learning for sequental data” թեմային վրայ` ընդգրկելով բնական լեզուն:

Աղբյուրը՝ darperag21.net

Մեկնաբանություններ (1)

Աշոտ Մարգարյան
Ողջունում եմ թե հոդվածագրին, թե խմբագրությանը նման հարթակի կազմավորման ջանքերի համար: Կխնդրեի Ձեզ կոնտակտներ հատկացնել հոդվածի հեղինակի հետ համագործակցելու համար, քանի որ լինելով ՀՀ քաղաքացի ես նույնպես եկել եմ հոդվածագրի համոզմանը և հիմնում եմ ոչ հրապարակային ներդրումային ֆոնդ, որի նպատակը ՀՀ զարգացնելն է ֆինանսներ-գիտուժ-աշխատուժ կոնսոլիդացիայի միջոցով , որտեղ անկակսկած իր մեծ տեղն ունի նաև մեր ահռելի սփյուռքը

Մեկնաբանել

Լատինատառ հայերենով գրված մեկնաբանությունները չեն հրապարակվի խմբագրության կողմից։
Եթե գտել եք վրիպակ, ապա այն կարող եք ուղարկել մեզ՝ ընտրելով վրիպակը և սեղմելով CTRL+Enter