HY RU EN
Asset 3

Բեռնվում է ...

Էջի վերջ Այլ էջեր չկան բեռնելու համար

Որոնման արդյունքում ոչինչ չի գտնվել

Թափանցիկութիւնն ու հաշուետուութիւնը Հայոց եկեղեցիէն ներս

2.- Հոգեւոր կեանքի թափանցիկութիւն.  Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Միաբանութեան Կանոնագրութեան մէջ «հոգեւոր կեանք» հասկացողութիւնը հետեւեալ բառերով կը բնորոշուի. «Յօդ. 6.- Առանձնական եւ հասարակաց աղօթքն է միաբանի մը ամենօրեայ հոգեւոր կեանքին առանցքը եւ սնունդը։ Միաբաններ պարտին հասարակաց կարգի եւ այլ արարողութեանց մասնակցիլ կանոնաւորաբար։  Յօդ. 7.- Միաբան մը պարտի Կաթողիկոսարանէն ներս սուրբ խորհուրդներուն կատարումին մէջ իր պարտականութեան բաժինը բերել կանոնաւոր կերպով։  Յօդ. 8.- Տարին շաբաթ մը՝ Լուսաւորչի Ուխտի շաբաթը յատկացնել խոկումի, բոլոր միաբաններու մասնակցութեամբ։ Յօդ. 9.- Միաբաններ ամիսը մէկ անգամ կ՚ունենան հաւաքական խորհրդածութեան պահ մը, առաւելաբար նուիրուած Աստուածաշունչի եւ եկեղեցական հայրերու սերտողութեան։»

Ահաւասիկ չորս կարճ յօդուածներու մէջ ամփոփուած է հոգեւոր կեանքի ամբողջական մեկնաբանութիւնը, որ թէեւ ո՛չ մէկ ձեւով կը պարզէ իրական միաբանական կեանքի առօրեայի պատկերը, որուն մէկ անդամը եղած եմ տարիներով, եւ անշուշտ կարելի է ըսել քառասուն տարիներ ետք, նոր միաբաններու վկայութեամբ, տակաւին ոչինչ փոխուած է հոգեւոր կեանքի հասկացողութենէն։ Հետեւաբար հարց կու տանք այստեղ. արդեօ՞ք այս է լիիրաւ հասկացողութիւնը հոգեւոր կեանքի ապրումին, թէ՝ պէտք է այս սահմանափակումներէն անդին՝ խորանալ գիտակցօրէն կրօնաւորական բարեպաշտութեան մէջ եւ յարատեւօրէն հետամուտ ըլլալ միշտ բարձրութեան մէջ պահելու ներհայեցողական եւ ներանձնացեալ կեանքը, կրօնական լուրջ հրատարակութիւններու ընթերցումներով, եւ այդ ընթերցումներու ընկալումի ճամբով աւելի մօտենալ Աստուծոյ, մարտիրոսանալու ջերմեռանդութեամբ եւ պատրաստակամութեամբ. այլ խօսքով՝ պատրաստ աւետարանելու զԲան Աստուծոյ ի փրկութիւն ժողովրդեան մերոյ…:

Հոգեւոր կամ կրօնաւորական կեանքի ապրումին մաս կը կազմէ նաեւ Աղքատութեան Ուխտը։ Իւրաքանչիւր միաբան ձեռնադրութեան ժամանակ կ՚ընթեռնու զայն,  խոստանալով հրաժարիլ արծաթսիրութենէ եւ չծառայել մամոնայի, վասն արքայութեան երկնից, եւ քաջաբար յայտարարել Պետրոս Առաքեալի նման եւ ըսել. Տէ՛ր, ահաւասիկ թողուցինք ամէն ինչ եւ եկանք ետեւէդ։ Աղքատութեան հաւատարիմ պահպանումով կը ծաղկի հոգեւոր կեանքը եւ անտարակոյս կը փրկէ ենթական վերահաս կործանումէ:

Պահ մը կանգ առնենք այստեղ եւ տեսնենք թէ ի՞նչ վիճակի մէջ են այսօր մեր կարգ մը եկեղեցականները որոնք, զուրկ եւ դատարկ հոգեւոր կեանքէ, կը յոխորտան եւ կը գոռոզանան միայն իրենց ունեցած նիւթական հարստութիւններով։ Նախ կ՚արժէ այստեղ յիշատակել եւ խոնարհիլ այն յոյլ մը սրբակեաց  եկեղեցականներուն անթառամ յիշատակին առջեւ, որոնք իրենց անձին օրինակով ապրեցան եւ յայտարարեցին. Տէ՛ր, ահաւասիկ թողուցինք ամէն ինչ, եկանք ետեւէդ, ժառանգելու յաւիտենական կեանքդ։ Մինչ ուրիշներ՝ միլիոններ դիզած, աղքատ եւ սնանկ  հոգեւոր կեանքով, սակայն մոլորեալ արծաթսիրութեամբ կը փորձեն աթոռներ ապահովել, ի հարկին գնել,  մոռնալով իրենց աղքատութեան ուխտը։ 

Այս մոլորեալներու առաջին կարգի վրայ կու գայ Գարեգին Բ. կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ, որ առաւել քան հինգ միլիոն տոլար թողուց իր անմիջական ընտանիքի անդամներուն ի Գանատա։ Վախճանելով որպէս Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս, զերծ մնաց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Միաբանութեան Կանոնագրութեան Յօդ. 25-ի տրամադրութենէն, ըստ որուն «երբ միաբան մը վախճանի Կաթողիկոսարանէն ներս կամ դուրս, անոր օրինաւոր միակ ժառանգորդը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնն է:» Նաեւ կ՚արժէ յիշատակել այստեղ որ Գարեգին Վեհափառ 750,000 Տոլար նուիրեց Երեւանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարի շինութեան։ Ինչպէ՞ս կրնայ ըլլալ որ ազգայինք քաջութիւնը չունեցան եւ չհարցուցին թէ ինչպէ՞ս կաթողիկոս մը այդքան դրամ կրնայ ունենալ երբ որպէս կաթողիկոս ի պաշտօնէ ամսական թոշակ իսկ չունի։ Եթէ պահ մը հաշուէք իր ամսաթոշակները առաջնորդական տարիներուն, ու ապա նկատի առնէք որ իր ստացած ամսաթոշակներէն ոչ մէկ լումայ ծախսած է, առաւել՝ խորհրդակատարութիւններու նախագահելէն ստացած նուիրատուութիւններն ալ խնայելու պայմանով, դարձեալ չէր կրնար այդքան աստղաբաշխական գումարներ ապահոված ըլլալ։ Հետեւաբար՝ կամ կողմնակի առեւտրական գործառնութեան ձեռնարկած է, կամ «Սթաք մարքէթ»ով զբաղած է, եւ կամ ալ չարաշահած է Կաթողիկոսարանին տրուած նուիրատուութիւնները։  Ին՛չ որ ալ ըլլան պարագաները, մեր ընթերցողներուն կը թողունք մեկնաբանութիւնը։ Մեզի համար կարեւորը այն է որ հոգեւոր կեանքի թափանցիկութեան պակասը եւ աշխարհական ապրումներու մէջ տուայտող եկեղեցականը, նամանաւանդ երբ ան բարձրաստիճան հոգեւորական մըն է, ո՛չ միայն կը նսեմացնեն արժանաւորներու պատիւն ու ծառայութեան ոգին, այլ վատ օրինակ կը հանդիսանան նաեւ նոր հասնող սերունդին, որ ապագային իր փրկութիւնը պիտի ուզէ փնտռել արծաթսիրութեան մէջ, մոռնալով իր ուխտն ու հաւատարմութիւնը իր միաբանութեան։

Մոլորեալներու շարքին մէջ է, անկասկած, Մեսրոպ Արք. Աշճեան որ դարձեալ միլլիոններ թողուց իր ընտանիքի հարազատներուն, հակառակ այն իրողութեան որ վախճանեցաւ որպէս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միաբան։  Հարկ չենք տեսներ այստեղ կրկնելու ինչ որ վերեւ արձանագրեցինք Գարեգին կաթողիկոսի պարագային։

Շարքը երկար է արծաթսիրութեամբ մոլորեալներուն. յիշատակենք մի քանին եւս, որոնք թէեւ միլիոններ չթողուցին, բայց հարիւրաւոր հազարներ թողուցին որու որ անկ է։ Հրանդ Արք. Խաչատուրեան, Սմբատ Արք. Լափաճեան եւ բազումք…։ Բազում են նաեւ նորեկ միլիոնատէրեր որոնք ողջ  են այսօր եւ տակաւին կը տուայտին մոլորեալ արծաթսիրութեամբ, մոռնալով ամէն աւետարանական սկզբունք եւ ուխտ… Ողբա՜մ զքեզ Հայ Եկեղեցի…:

Ին՞չ է արդեօք պատճառը որ եկեղեցականներ այս անփառունակ ճանապարհը ընտրած են, իյնալով արծաթսիրութեան տիղմին մէջ, որ ամբողջութեամբ հակառակ է քրիստոնէական բոլոր սկզբունքներուն։ Չէ՞ որ միաբանի մը կեանքը ապահովուած է Հասարակաց Կեանքի կանոնագրական հասկացողութեան մէջ. «Յօդ. 15.- Միաբաններ վանքէն ներս կը ստանան բնակարան, սնունդ, զգեստ (կամ զգեստագին), բժշկական խնամք, դեղ ու դարման եւ թոշակ, իսկ անկարութեան ժամանակ՝ յատուկ հոգածութիւն:» Այնուհետեւ ի՞նչ մնաց մտահոգուելու իսկական միաբանին, որ կը հաւատայ իր ուխտին եւ առաքելութեան։

Իսկ անոնք որ կը բնակին եւ կը գործեն վանքէն դուրս առաջնորդական պաշտօններու բերումով, իրենց տրուած շռայլ ամսականներով՝ նամանաւանդ Ամերիկաներու մէջ՝ կրնան շատ հանգիստ քրիստոնէավայել կեանք մը ունենալ հեռու մնալով ամէն զեխութիւններէ, եւ հարկ չենք տեսներ որ մտահոգուին իրենց ապագայով, որովհետեւ վանքէն  ներս ամէն հանգստութիւն եւ մարդկային տարրական բոլոր պահանջքները լրացնող պայմանները ունենալով կրնան հանգիստ հասարակաց կեանք մը ապրիլ, ինչպէս իրենց մնացեալ միաբանակից եղբայրները։ Ահաւասիկ այս խոր գիտակցութիւնը ունեցող արտասահմանի մէջ գործող մեր միաբանները, կարիքը պիտի չզգան միլիոնաւոր տոլարներ արժող տուներ շինելու կամ գնելու։ Դժբախտաբար իրականութիւնը այդ չէ սակայն այսօր, որովհետեւ հոգեւոր կեանքի թափանցիկութեան պակասը զիրենք առաջնորդած է ընչաքաղցութեան: Եւ որովհետեւ չեն ուզեր վերադառնալ մայրավանք եւ ապրիլ հասարակաց կեանք՝ կը փնտռեն իրենց հանգիստը օտար ափերու վրայ, աղքատ ու սնանկ՝ հոգեւոր արժէքներով, եւ մոլորեալ արծաթսիրութեամբ։ 

Հոգեւոր կեանքի թափանցիկութեան մէջ նոյնքան կարեւոր է Կուսա-կրօնութեան եւ կամ Ողջախոհութեան ուխտը։ Կուսակրօնութեան ուխտով միաբանը ինքզինք կ՚ընծայէ Աստուծոյ եւ աստուածային շնորհքի օգնութեամբ՝ ազգին ծառայութեան, եւ յանձնառու կը դառնայ ապրիլ կուսակրօն կեանք մը։ Թէեւ երկարապատում վերլուծումներու կը կարօտի այս բաժինը, որ ինքնին ներհակ է մարդկային բնախօսական օրէնքին, ինչպէս նաեւ քրիստոնէական սկզբունքներուն, երբ այսօր ամուսնութիւնը սրբագործուած ըլլալով մաս եւ բաժին դարձած է մեր եկեղեցւոյ խորհուրդներուն։

Կուսակրօնութիւնը առաւելութիւն մը չ’երաշխաւորեր ձեռնադրեալին։ պատմութենէն գիտենք որ կուսակրօնութիւնը վանական կեանքի մէկ արգասիքն է եւ յետսամուտ է մեր եկեղեցական կեանքին մէջ։ Դարձեալ պատմութենէն գիտենք, որ մինչեւ հինգերորդ դար մեր կաթողիկոսներն ալ ամուսնացած էին եւ կաթողիկոսական աթոռն ալ ժառանգական էր մինչեւ Սահակ Պարթեւ, երբ այս վերջինը չունեցաւ արու զաւակ շարունակելու կաթողիկոսական աթոռը։ Ահաւասիկ այս երանաշնորհ հայրապետները այսօր մեր սուրբերու շարքին կը դասուին եւ ջերմեռանդութեամբ կը յիշատակուին Ս. Պատարագի ընթացքին։ Հետեւաբար՝ ի՞նչ է  այս սեւ պերճանքին բռնութիւնը բնութեան անեզր ազա-տութեան դէմ։ Չեմ կրցած հաշտեցնել մատղաշ տարիքն ու պարտքը, զոր եկեղեցին դրած է երիտասարդի վզին վրայ անուրի մը նման։

Մարդկային կազմուածքին դէմ տրուած այս վճիռը մերժած եմ  ես, եւ սակայն այնքան ատեն որ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին չի՛ լուծեր այս հարցը տրամաբանական սահմաններու մէջ, միաբանք պարտին ըլլալ թափանցիկ իրենց հոգեւոր կեանքին մէջ, առանց գայթակղութիւն յառաջացնելու իրենց անմիջական շրջապատէն ներս եւ կամ այն թեմերէն ներս ուր կը ծառայեն։ Տխրութեամբ կ՚արձանագրենք այս տողերը եւ սակայն շատ են օրինակները սայթաքութեան մեր եկեղեցական կեանքէն ներս, բայց մեր նպատակը խաղող ուտել է եւ ոչ թէ այգեպանը ծեծել, հետեւաբար չենք փափաքիր աւելի մանրամասն գրել այդ մասին, այդ բաժինը թողլով խոր եւ մանրազնին մեկնաբանութեան եւ վերլուծումի մեր հրատարակելի “Հայ Եկեղեցւոյ Բարեկարգութեան Հրատապ Հարցը”  գրքոյկին մէջ:

Շար.  Բ.
Ոսկան Մխիթարեան

Մեկնաբանել

Լատինատառ հայերենով գրված մեկնաբանությունները չեն հրապարակվի խմբագրության կողմից։
Եթե գտել եք վրիպակ, ապա այն կարող եք ուղարկել մեզ՝ ընտրելով վրիպակը և սեղմելով CTRL+Enter