HY RU EN
Asset 3

Բեռնվում է ...

Էջի վերջ Այլ էջեր չկան բեռնելու համար

Որոնման արդյունքում ոչինչ չի գտնվել

«Զարմանազան»՝ արեւմտահայերէնով ծրագիրը տեղի պիտի ունենայ Ֆրանսայի «Օթ-Սաւուա» շրջանում

2023 տարեշրջանի «Զարմանազան»՝ արեւմտահայերէնով ամառնային ծրագիրը տեղի պիտի ունենայ Ֆրանսայի Ալպեան լեռներու «Օթ-Սաւուա» կոչուած շրջանը, 11 Յուլիսէն մինչեւ 6 Օգոստոս 2023։ Կրնաք արդէն իսկ ձեր դիմումը կատարել։ 

Զարմանազանը այն վայրն է, ուր սփիւռքի երեխաները, պատանիները, երիտասարդները, ուսուցիչները եւ ուղեկիցները կը հաւաքուին եւ լեզուն հաճոյքով կ՚ապրին։

Ծրագիրը ունի երեք բաղադրիչներ, որոնք սերտօրէն առնչուած են իրարու.

  • 10-էն 17 տարեկան երեխաներու եւ պատանիներու համար նախատեսուած ծրագիր մը,
  • 18-էն 24 տարեկան երիտասարդներու համար նախատեսուած ծրագիր մը,
  • Սփիւռքի արեւմտահայերէն դասաւանդող ուսուցիչներուն ուղղուած համալսարանական ծրագիր մը։

Երեխաները, պատանիները եւ երիտասարդները իրենց տարիքին համաձայն կամ խառն տարիքային զանազան աշխատանոցներու պիտի մասնակցին, ինչպէս՝ տեսողական եւ լսատեսողական արուեստներ, արհեստներ, երաժշտութիւն, մարմնային եւ թատերական արտայայտութեան զարգացում, ազատ գրութեան եւ գրական ընթերցումներու նուիրուած նիստեր, խմբային խաղեր, բնութեան մէջ պտոյտներ եւ ճամբորդութիւններ։

Բոլոր նիստերուն ու աշխատանոցներուն ընթացքին՝ յարաբերութեան եւ հաղորդակցութեան լեզուն պիտի ըլլայ հայերէնը, մասնագէտ ու տաղանդաւոր ուղեկիցներու ներկայութեամբ։ Երիտասարդներու խումբին մասնակիցները պէտք է միջին մակարդակով հայերէն գիտնան։

Այս երկու ծրագիրներու մասնակիցներուն թիւը սահմանափակ է։ Դիմումներուն ժամկէտը՝ 14 Փետրուար 2023, Կրինիչի միջին ժամով 23։00-ին է։ Անհրաժեշտ է յարգել ժամկէտը։

Գալով սփիւռքի արեւմտահայերէն դասաւանդող ուսուցիչներուն ուղղուած խտացեալ ծրագրին՝ մէկ մասը տեղի կ՚ունենայ Զարմանազանի ընթացքին, իսկ միւս մասը առցանց՝ տարուան ընթացքին եւ կ՚աւարտի Ինալքոյի (INALCO-Institut National des Langues et Civilisations Orientales) կողմէ վկայագիրով մը։ Ծրագիրը կը վարեն մասնագէտներ, որոնք կ՚առաջարկեն թէ՛ տեսական դասաւանդութիւն մը, թէ՛ ալ վերապատրաստութեան խմբային աշխատանքներ։ Այս ծրագրին միայն 15 ուսուցիչ կարելի է ընդունիլ։ Ծրագրին եւ դիմումներուն մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ պիտի հրապարակուին շուտով։

Դիմելու եւ այլ տեղեկութիւններու համար այցելեցէք՝

ZARMANAZAN.COM

«Զարմանազան» մանկավարժական ծրագիրը ստեղծուած է 2017-ին Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Բաժանմունքին կողմէ, որպէս արեւմտահայերէնի վերաշխուժացման ծրագրին մէկ բաժինը։ Կազմակերպուած է Լիոնի «Հազար ու մէկ աշխարհ» ընկերակցութեան եւ Փարիզի Արեւելեան լեզուներու եւ քաղաքակրթութիւններու Ազգային Հիմնարկին համագործակցութեամբ։

«Զարմանազան» ծրագիրը վաւերացուած է Ֆրանսայի Երիտասարդութեան եւ Մարզանքի Նախարարութեան կողմէ։

Մեկնաբանել

Լատինատառ հայերենով գրված մեկնաբանությունները չեն հրապարակվի խմբագրության կողմից։
Եթե գտել եք վրիպակ, ապա այն կարող եք ուղարկել մեզ՝ ընտրելով վրիպակը և սեղմելով CTRL+Enter