HY RU EN
Asset 3

Բեռնվում է ...

Էջի վերջ Այլ էջեր չկան բեռնելու համար

Որոնման արդյունքում ոչինչ չի գտնվել

Սագօ Արեան

Վազգէն Շուշանեան. մեր խղճի վէրքը

Տօնիկին եւ միւս տղոց...

Քանի մը օր առաջ ընկերներէս մին,  ՖՊ-ի էջերուն տարածած էր  եղերաբախտ  գրողի մը՝ Վ. Շուշանեանի քանի մը դատումները մտաւորական ըլլալ -չըլլալու մասին:

Շուշանեան բաւական խիզախ, անոր որակումները բաւականին ծայրայեղ դիրքերէ կուգան: Շատ  է պահանջկոտ  մանաւանդ, երբ կը բնութագրէ մտաւորականի կերպարը:Բարձրագոյն  գագաթ  է մտաւորական ըսածդ իրեն  համար: Ինք իր բծախնդրութեամբ եւ գիրին հանդէպ ունեցած կիրքով անգամ չէ ունեցած այդ գագաթը նուաճելու յաւակնութիւնը , առնուազն այդպէս կը դաւանի, յատկապէս երբ կը խօսի մտաւորական- իրական մտաւորական ըլլալու նախադրեալներուն մասին:

Հապա ի՞նչու  պիտի խօսէր:

Կիսատ են մնացած իր երազները: Կիսատ է մնացած իր կեանքը: Կիսատ է մնացած իր անունը:

Սակայն այսօր ալ Շուշանեան կը մնայ երիտասարդ սերունդներուն  կրակ ու աւիւն ներարկողներէն մին:

«Բանաստեղծը եւ կինը», «Սիրոյ եւ արկածի տղաքը», «Գարնանային Սիրոյ Հեզ   Նամակներ»,«Ճերմակ  Վարսենիկ», «Մթին Պատանութիւն», «Ամրան Գիշերներ», «Ներքին Դաշտանկար», «Օրագիր» եւ այլ  բազում գործեր կազմած են անոր գրականութեան արգասիքը: 

Անոր գիրն աննահանջ է: Զինք խաչողները չկան այսօր, զինք մոռացութեան գիրկը նետել փորձողները կը յամենան մնալ պատմութեան մութ փոշիներուն տակ, պատմութեան սեւ սթարին տակ: Կեղտ է հոն միայն:

Շուշանեան սակայն կը  յառնէ ամէն անգամ, երբ  սերունդ մը, ան ալ օտարոտի ու թաց  մայթերու վրայ տառապող եւ աղաղակող սերունդ մը յիշէ իր անունը:

Կը բաւէ միայն վերյիշել Վազգէն Շուշանեանի անունը եւ դարաններէն, մեծ ու փոքր  գրադարաններէն,  թէ ՊՀ –ի ամէնէն մութ աննշմար թաղերու տնային գրադարաններէն հոսի իր պայծառ դէմքը. հոսի եւ պատմէ իր մեծ երազներուն ու անբովանդակ ու մաքուր կիրքին մասին:Հոսի որոտուն գետի մը պէս, մաքրելու համար ջուրի ուղին խափանող աւազն ու աղբը ....

Շուշանեանի համար գրականութիւնը կիրք է, ու   հակառակ անոր որ իր  կերտած ու ամրագրած տողերը,  մտաւորականի մը  չափանիշները կերտելու ելած  բառերն ու սկզբունքները կը մնան  սապէս կոթողային. ան իր կեանքի ճանապարհորդութեան  միշտ ալ խառնած է կիրքի թանաք:

Կիրքով ապրող, կիրքով երազով, կիրքով  յեղափոխութեան դաշտ իջնող եւ կիրքով յեղափոխութեան ծիրանէ գօտիին տակ արեւային լոգանք ընդունող ու այդ արեւով ու կրակով թարմացող Շուշանեան անդրդուելի է իր ըմբռնումներուն մէջ:

Հայագիտականի ուսմանց,   օրերուս ամէնօրեայ հաճախականութեամբ կը թերթէի անոր գիրքերը, ապրումով երազով եւ երկիւղածութեամբ: Տարիներ ետք երբ հանդիպեցայ իր   գրչին պատկանող եւ  այլ սիրելիի մը՝  Շահան Շահնուրի նուիրուած ՝  «Մարդ մը որ Արարատ չունի իր հոգիին խորը» յօդուած- էսսէին  մէջս բան մը կոտրուեցաւ,  պարզ անոր համար որ ինծի համար ընդունելի չէր, նոյնիսկ  տանելի չէր որ՝  Շուշանեանը պարսաւգիր մը պիտի  ստորագրած ըլլար    իր գրիչի բախտակիցին, իր ճակատագրակիցին դէմ:

Այդպէս ալ մնաց: Մէջս տեղ մը  պահուըտեցաւ Շուշանեան, մէջս տեղ մը անկիւնուեցաւ, անկիւն մը պահուըտեցաւ, անկիւն մը նստաւ: Ան իմ ընթերցումներուս  ուղեծիրէն դուրս  ելաւ:

Տարիներ ետք յանկարծ Երեւանեան  նորանկախ հանրապետութեան ազատութեան  պայմաններէն օգտուելով, եղան մարդիկ ու խմբագիրներ որ  տպեցին, վերատպեցին անոր անտիպ գործերը: Անոր պահ դրուած ձեռագիրները դուրս ելան արուեստի եւ գրականութեան թանգարանէն ու տպուեցան Երեւանեան համեմատաբար  աւելի  ազատ լոյսին ....

Շուշանեան կարդալը դարձաւ ընդունելի Երեւանի մէջ, տեղ մը  իր նմանները,  միայն բնովուած էին: Դարձաւ   նախակարապետը՝  Փարիզի տղոց: Անոր  կրակէ շրջանակի մէջ առնուած   ու արգիլուած գործերը դրուեցան շրջանառութեան մէջ:Այս աչքառու գործին մէջ մեծ դեր ունեցաւ «Բագին»ի տարիներու խմբագիր, մեր այսօրուան գրականութեան ապրող նահապետներէն՝ Պօղոս Սնապեանը որուն  կը պարտինք շատ բան այս ուղղութեամբ:

Շուշանեան նորէն բարձրացաւ իր պատուանդանին:

Շուշանեան եւ Շահնուր կը մնան Փարիզի տղոց  ամէնէն աչքառու ու ամէնէն  իրաւ մտաւորականները միանգամայն: Անոնց գծած ճանապարհը  բացաւ սփիւռքեան գրականութեան նոր արահետը մեզի համար:

Կը մնայ յուսալ որ Երեւանն, ու անոր   նորահաս  սերունդները, նորէն կարդան  վերակարդան ու թարմ  պահեն անոր գրականութեան ոգին:

Ան բարձր արժէքներով գծագրեց իրական մտաւորականին կերպարը:

Այդ մաքրութիւնը,  մինչեւ ծուծ ապրուած փորձառութեան մը, կեանքի մը հաշուեկշիռն է երբ գրողը ինք,  կը  նոյնանայ  այդ  արժէքներուն հետ: Կը միախառնուի այդ արժէքներուն հետ: Երբ այլեւս Շուշանեան մարդը գոյութիւն չունի այլ կայ միակ արժէքը ՝ մտաւորական իրական կերպարին:Այդ կերպարը կ'արտացոլայ իր ձայնի  ամենաբարձր խազերուն մէջ, գիրի  ամենակարմիր տետրերուն մէջ,սրտի ամենազիլ զարկերուն մէջ:

Ու այն սրտին մէջ որ պահեց ամբողջ ազգի մը մը մեծ երազը:

Ահա Վազգէն Շուշանեանը որմէ պիտի սորվին սերունդները եւ որուն սուրբ ըմբռնումներուն մօտէն, գուցէ այդ մեծ ըմբռնումներուն թեւնոցէն բռնելով քալեն .. ձեռք ձեռքի ...

Այո մենք պարտաւոր ենք միասին քալել , ձեռք-ձեռքի ...

Եթէ կ'ուզենք որ Շուշանեանի կրակը անմար մնայ մեր հոգիի մեհեաններուն մէջ:

     

Մեկնաբանություններ (1)

razmig
Sako, skantcheli hotvadz men e ays, knahadeli e tser ousoumnasiroutioune shoushaniani masin.

Մեկնաբանել

Լատինատառ հայերենով գրված մեկնաբանությունները չեն հրապարակվի խմբագրության կողմից։
Եթե գտել եք վրիպակ, ապա այն կարող եք ուղարկել մեզ՝ ընտրելով վրիպակը և սեղմելով CTRL+Enter