HY RU EN
Asset 3

Բեռնվում է ...

Էջի վերջ Այլ էջեր չկան բեռնելու համար

Որոնման արդյունքում ոչինչ չի գտնվել

Սագօ Արեան

Գրողներու իրական լեզուն

Արաբ մտաւորական շրջանակներուն մօտ բաւականին տագնապեցնող վիճակ կը տիրէ: Ալժիրցի ոչ այնքան յայտնի գրող՝ Պու Ալլամ Սանսալ, հրաւիրուած է Իսրայէլ, հանդիսանալու, պատուոյ հիւրը՝ Երուսաղէմի մէջ կայանալիք՝ միջազգային Գիրքի ցուցահանդէսին: Սանսալ որ ճանչցուած է որպէս իսլամիստ ծայրահեղականները քննադատող  արձակագիր – որուն ամէնէն յայտնի գործը կը կոչուի՝ «Բարբարոսներու Երդումը» անցնող քանի մը օրերու ընթացքին դարձաւ յայտնի անուն: Բոլորը սկսան խօսիլ իր մասին: Անոր Երուսաղէմ կատարելիք այցին մասին, ու այդ այցէն բխող բազում խնդիրներու մասին:

Երուսաղէմի այս տարուան «Միջազագային Ցուցահանդէսը» նուիրուած է նաեւ՝ Իսրայէլ պետութեան հիմնադրման վաթսունչորրորդ տարեդարձին:

Այս օրերուն բաւականին բուռն վէճէր տեղի կունենան: Շատ է թիւը այն մտաւորականներուն, -յատկապէս Ալժիրցի – որոնք Սալսալէն կը խնդրեն, նոյնիսկ կը պաղատին, որ վերջին պահուն հրաժարի Երուսաղէմ մեկնելէ: Ի վերջոյ ի մտի բերէ այն արարքները որ տակաւին Իսրայէլեան տէրութիւնը կը կիրառէ անմեղ ու անզէն խաղաղ բնակչութեանց դէմ- Կազա, Րաֆահ Րամալլա եւ այլ Պաղեստինեան շրջաններու մէջ: Անոնք խոր վիշտով Սալսալին կը յիշեցնեն, Կազայի մէջ տեղի ունեցած ոճրային այն արարքները, որոնք եպերելի են ու միանգամայն սեւ մուր Իսրայէլի ճակատին:

Ամէն պարագայի մարդկային արժէքներու համար պայքարող ցանկացած գրող, իրաւունք չունի անտես ձեւանալու ի տես այն ոճրային արարքներուն  որ արդէն յիսուն եւ աւելի տարիներէ ի վեր Իսրայէլեան «նորայայտ» եւ շրջանին մէջ «ցանուած» պետութիւնը բացայայտօրէն կը կիրառէ, ճնշելու համար՝ Արաբ անզէն բնակչութիւնը:

Նոյնը այդ բռնարարքներուն ականատես ենք եղած ենք մենք Լիբանանի հարաւին – յատկապէս ՝1998-ին եւ աւելի օրհասայինը՝ 2006ին: Կամ Պէյրութեան ներխուժման ընթացքին -1982- երբ պատերազմ յայտարարած Իսրայէլը ամէնէն վայրագ ու անմարդկային ոճիրներն է գործած:

Մեզի, այդ արիւնի ձայնը աւելի մօտ է քան, մեր նահատակներուն արեան ձայնը: Մենք անմարդկային պիտի ըլլանք չպոռալու- չքննադատելու Իսրայէլը որ իր պետական շահերուն համար, ու յանուն ինչ- ինչ քաղաքական շինծու եւ ձախող հանգամանքներու կը շարունակէ իր ծայրայեղական մօտեցումները: Իսրայէլի այսօրուան քաղաքական իշխանութիւնները սեպ կուզեն խրել ժողովուրդներու միջեւ, անոնք միջին արեւելքը արեան գետերու վերածեցին, առիթ տալով որ օրըստօրէ աճին ե՛ւ ծայրահեղ իսլամիստները, ե՛ւ հակասիոնական շաժումները:Քարտէսները կը խառնուին իրարու: Կրօնական ծայրայեղութիւնը այս արեւելքը կը վերածեն հրաբուխի մը, որուն լաւաներուն մէջ կը լողան արիւնով ներկուած երեխաներու, խեղճ ու անտէր ծերերու, պատերազմներէն յոգնատանջ դուրս եկած ու պարտուած հոգիներով՝ յանձնուած մասսաներու….

Կրօնքը եւ դաւանանքը կը դառնան մէկական փամփուշտ: Դաւանանքին եւ հաւատքին ետին ու այդ հաւատին անունով ջարդեր կը կազմակերպուին ու հեռատեսիլի կայանները ճերմակ սաւաններու մէջ փաթթուած ահագին դիակներու, գորշ պատկերները միայն կը ցուցադրեն:

Մարդիկ կը ծիծաղին միւս կողմէ: Կուզեն առնուազն հաւատացնել տալ, որ այս պատերազմները իսկապէս պէտք են մեր աշխարհին, իբր մարդկութեան աճող քանակը, օրէ օր պատուհասաող բանի մը կը վերածուի:

Մարդիկ կը քմծիծաղին այս եղածներուն ի տես, ու բացատրել կուզեն մեզի, որ՝ Արեւելքը որ իբր լոյսի ու հաւատքի շտեմարան մըն է, պիտի որ տառապի ու արիւնահոսի մինչեւ սպառին նաւթահորերուն պարարտ ծիծերը …

Նաւթի հետ է ժամադրութիւնը արեւմուտք բոզին: Նաւթ արեան դիմաց. Աս է ամբողջ պատմութիւնը:

…..

Անդին սակայն, արաբները գիտե՞ն իրենց ուզածը:

Միամիտ են արաբ բարեկամներս, միամիտ հեզ ու առատաձեռն …

Ու այս ամէն ինչին մէջ անոնց ապրած ոչ այդքան գարնանային պատկերներ ունեցող «արաբական գարունը» կը թուի միայն փորձանք ըլլալ անոնց – արաբներուն- եւ մեզի միջին արեւելք բռնի կամ կամովին ձեւով տեղափոխուած կամ բնիկ բոլոր փոքրամասնութեանց վրայ:

Այս բոլորին հետեւանքները ծանր պիտի ըլլան գալիք քանի մը տարիներուն, որովհետեւ Իսրայէլն ու զինք շոյող ու շփացնող արեւմուտքը կը միտին ամէն կերպ՝ Քրիստոնեայ եւ այլ էթնիք փոքր հատուածները հեռացնել Միջին Արեւելքէն …

Խնդրուածը նոր Միջին Արեւելք մըն է այսօր:

Այն քարտէսը որուն համար տիւ եւ գիշեր կը պայքարին Իսրայէլ եւ ու իր դաշնակիցները, մոխրագոյն է եւ միատեսակ պիտ ըլլայ:

Ու այս բոլորէն ետք ո՞ւր է գրողին խօսքը երբ Սանսալի պէս մտաւորականներ, որոնք մոռնալով ամէն ցաւ կուգան պագնելու իսրայէլեան հողը ,սին փառքի համար, դրամի ու պատիւի համար:

Այսօր աւելի քան որեւէ ժամանակ , պատմութեան դիմաց, այն բոլոր արաբ բարեկամներուն անունով որոնց տուած հացն ու բարիքը  մոռնալու չենք, այլ երախտապարտօրէն ըսելու եւ ապրելու անով, պէտք է արձաանգրենք որ մեծ մշակոյթներու եւ կայացած պետութիւններու գերագոյն արժէքը մեծ հանդիսութիւններ կայացնելու մէջ չի կայանար միայն, այլ  քաղաքակրթութեան մեծագոյն ճանապարհին առաջին մղոնը կը սկսի մարդու ամենատարրական իրաւունքները յարգելով: Քաղաքակրթութիւնը Եունեսքոյի հովանին վայելող շքեղ սրահներ ունենալը չէ միայն, այլ մարդուն լսելու եւ դիմացինին, նոյնիսկ հակառակորդին ձայնը լսելու, կարծիքը յարգելու, տեսակը, գոյնը, հաւատքը չբռնաբարելուն մէջ է:

Որովհետեւ հարեւանդ աւելի կարեւոր է քան, հեռու գտնուող մերձաւորդ:

Ճիշդ է նորէն որ հիմնախնդիրները բարդ են, գործընթացները խրթին եւ դանդաղ, բայց մէկ բան կը միացնէ մեզ,խաղաղութեան համար պայքարիլը:

ՈՒ որպէս գրողներ մենք ամէնէն շատ պէտք է պայքարինք արդարութեան եւ խաղաղութեան համար:

Առանց խաղաղութեան անիմաստ է ամէն ինչ: Առանց խաղաղութեան,աշխարհի բոլոր բարիքներն աւելորդ են:

Մեր նժարին վրայ աւելի կը կշռէ երեխայի, անմեղ երեխայի մէկ կաթիլ արիւնը քան նաւթի մը տակառը:

Եւ կարեւոր ալ չէ թէ այդ երեխան՝ Արաբ է, Ալեւի, Հրեայ կամ Թուրք: Հայ է այդ անմեղը, Քիւրտ թէ Ֆրանկ:

Մեզի համար արդարին դատին հետ ըլլալը ոչ միայն սկզբունք է այլ մշտնջենականութեան տանող միակ ճանապարհ:

Իսկ Սալսալին ու Սալսալներուն մասին աւելորդ է խօսիլը, որովհետեւ անոնք անցողակի երեւոյթներ են եւ գնայուն ՝ յաւերժականին դիմաց:

Ի վերջոյ՝ տէրութիւնները պիտի սորվին իրենց գրողներէն:

Մենք պիտի խօսինք այն գրողներուն մասին ու այն գրողներու լեզուով որ սորվեցնելիք ունին:

Մեկնաբանել

Լատինատառ հայերենով գրված մեկնաբանությունները չեն հրապարակվի խմբագրության կողմից։
Եթե գտել եք վրիպակ, ապա այն կարող եք ուղարկել մեզ՝ ընտրելով վրիպակը և սեղմելով CTRL+Enter