HY RU EN
Asset 3

Բեռնվում է ...

Էջի վերջ Այլ էջեր չկան բեռնելու համար

Որոնման արդյունքում ոչինչ չի գտնվել

Ինչո՞ւ նոր սերունդը հեռու կը մնայ ազգային գործերէն եւ պաշտօններէն

Վարուժան Թէնպելեան 

Ազգային, միութենական եւ կուսակցական մարմիններու վերջին տարիներու անդամներուն ցանկերը երբ աչքէ անցնենք, նշմարելի կը դառնայ, որ ընդհանրապէս ծանօթ դարձած նոյն անունները տարիներ կա՛մ կը մնան նոյն պաշտօններուն վրայ, կա՛մ յանկարծ կը նշմարուին այլ մարմիններու եւ յանձնախումբերու մէջ, կա՛մ մէկ անձ կը յայտնուի բազմաթիւ մարմիններու մէջ: Կար ժամանակ երբ այս երեւոյթը ինքնաբերաբար պիտի վերագրուէր աթոռամոլութեան, խնամիական կապերու կամ մենաշնորհներու: Հաւանաբար հիմա ալ կայ այդ երեւոյթը, բայց վերջերս ընդհանրացած է այլ մտահոգութիւն մը, թէ դժուարութիւն կայ նոր անձեր գտնելու եւ զանոնք պաշտօնի կոչելու: Սերնդափոխութիւնը բնական չ’ընթանար: Մասնաւորաբար երիտասարդ խաւը՝ զարգացած կամ այլ, հեռու կը մնայ ազգային գործերէ եւ պաշտօններէ: Եւ այս մէկը կը դառնայ լիբանանահայ հաւաքական կեանքի պահպանման նոր տագնապներէն մէկը: «Երիտասարդութիւնը ազգային կեանքէն հեռու կը մնայ մէկէ աւելի պատճառներով: Կան քանի մը հանգամանքներ, որոնք ինքնաբերաբար ստեղծուած են: Համաճարակը, ընկերային ցանցերու ազդեցութիւնը, համաշխարհայնացումը եւ մեր ազգային կառոյցներու քարոզչութեան պակասը: Այս բոլորը միասին ազդած են երիտասարդութեան վրայ: Անշուշտ մեծ դեր ունի նաեւ ընտանեկան եւ կրթական դաստիարակութիւնը, որ տարիներու վրայ նահանջ արձանագրած է ազգային արժէքներուն կարեւորութիւն տալէ», ըսաւ ԱՖՀԻԼ-ի տնօրէն եւ հրապարակագիր Յակոբ Լատոյեան:

Իր կարգին, սերնդափոխութեան այս տագնապի սուր բնոյթին ու երետասարդականացման անդրադառնալով՝ «ճիշդ ինչպէս կ’ըսեն, այն դպրոցը որ մանակապարտէզ չունի, այդ դպրոցը փակուելու սեմին կը գտնուի», ընդգծեց «Արարատ» օրաթերթի տնօրէն եւ ՍԴՀԿ-ի վարիչ մարմնի անդամ Անի Եփրեմեան:

Այլ ուղղութեամբ ու ախտաճանաչումով, «տնտեսական տագնապը, Լիբանանի ընտանիքներու այժմու շարունակուող նիւթական վիճակը պատճառ հանդիսացան որ մարդիկ միայն օրուան հացով հետաքրքրուին, մոռնան ակումբ, մոռնան եկեղեցի, մոռնան մամուլ եւ ազգային որեւէ առկայութիւն», նշեց ՀԲԸՄ-ի «Խօսնակ» պաշտօնաթերթի գլխաւոր խմբագիր եւ գրագէտ Համբիկ Մարտիրոսեան:

Ազգային հաստատութիւնները կը թուին նաեւ կորսնցուցած ըլլալ իրենց աշխատանքային գրաւչութիւնը: «Մեր դպրոցները շաբաթներով, ամիսներով կը յայտարարեն, որ կարիքը ունին հայ ուսուցիչներու. չկայ, դիմող, որովհետեւ գրաւիչ չէ այլեւս հայկական հաստատութիւնը, նիւթապէս բաւարար չէ, իր ակնկալութիւնները չ’արդարացներ», դիտել տուաւ ազգային վարժարաններու Ուսումնական խորհուրդի ատենապետ եւ Վանայ Ձայնի տնօրէն Վիգէն Աւագեան:

Համաշխարհայնացումը, արհեստագիտութիւնը եւ երիտասարդութիւնը

Հաւաքականութեան մը, ազգի մը կամ որեւէ խմբաւորումի մը ողնայարը կը հանդիսանայ երիտասարդ տարրը, որ իբրեւ ներուժ կը հանդիսանայ մղիչ ուժը յառաջդիմութեան եւ հաւաքական կեանքի ամրապնդումին, կամ իր անդարբերութեամբ՝ պատճառ կը դառնայ ընկերային անդամալուծութեան: «Երիտասարդութեան անտարբերութիւնը միջազգային ընդհանուր երեւոյթ է հայկական ըլլալէ առաջ», ըսաւ Վիգէն Աւագեան եւ բացատրեց. «յատկապէս վերջին 30 տարիներու արհեստագիտութեան զարգացումով, պատերու քանդումով, ընդհանուր շարժում մը ստեղծուեցաւ աշխարհի մէջ, որ ուղղութիւնը կը դնէ անհատական ազատութիւններու եւ իրաւունքներու վրայ՝ ազգային եւ հաւաքական ազատութիւններու ու իրաւունքներու փոխարէն: Անհատական իրաւունքներու վրայ կեդրոնացող 30 տարուան քարոզչութեան ընդհանուր այս ուղղութիւնը ազդած է նաեւ մեր երիտասարդութեան վրայ: Երիտասարդութեան նկարագիրը փոխուած է: Այսօրուան երիտասարդութիւնը չ’ուզեր կաղապարուիլ: Կեանքը որովհետեւ կ’ընթանայ բացարձակ ազատութիւններու ուղղութեամբ, երիտասարդը, որ ամէն ինչ ունի՝ համակարգիչ, համացանց ու բջիջային, հոն ուր օրէնք կայ եւ կանոնագիր՝ չ’ուզեր աշխատիլ: Ոչ կու գայ միութեան մէջ աշխատելու, ոչ առաջնորդարանին մէջ, օրինակի համար, այլ կը նախընտրէ աշխատիլ NGO-ներու մէջ, ուր կրնայ որեւէ ատեն երթալ, գործը ընել, գալ. ուր ժողով չկայ, պատիժ չկայ, 2-3 սեմինար եւ վերջ»:

Վիգէն Աւագեան դիտել տուաւ նաեւ, որ կեանքը շատ արագ կը զարգանայ, եւ իբրեւ ազգային հաւաքականութիւն, մեր կառոյցները դժուարութիւն ունին քայլ պահելու արագ փոխուող զարգացումներուն հետ: «Երիտասարդին առջեւ բաց է այլեւս աշխարհը: Այդ նախկին երիտասարդը չէ, որ գոց էր եւ իրեն հրամցուածը կ’ընդունէր ինչպէս որ է: Հիմա ընտրանք շատ ունի: Ինչո՞ւ երիտասարդը պիտի ծառայէ ազգային կառոյցներու, երբ իր ձեռքին մէջ ունի այս համակարգիչը, բջիջայինը. ամբողջ աշխարհ մը ունի իր արջեւ, ամէն ինչ կայ: Երիտասարդը պէտք չունի ազգին այլեւս: Ազգը պէտք ունի երիտասարդին: Այս ամէնէն վտանգաւոր բանն է: Հոն հասած ենք», ըսաւ ան:

Լիբանանի իրավիճակը դերակատար է…նաեւ Հայաստանը

Ճիշդ է որ երիտասարդները կ’ազդուին ու ազդուած են համաշխարհայնացումի եւ արդիականացման հոլովոյթներէն, որոնք խրամատ մը բացած են ազգային գործին ու երիտասարդներուն միջեւ, սակայն Լիբանանի քաղաքական ու տնտեսական տաղտկալի իրավիճակը նաեւ ստեղծած է այնպիսի հոգեվիճակ մը, ուր անհատական մտահոգութիւնները կը գերակշռեն ազգայինը: «Լիբանանի մէջ տիրող իրավիճակը՝ քաղաքական եւ տնտեսական վերիվայրումները եւ տագնապները պատճառ հանդիսացան, որ մենք որոշ համեմատութեամբ յուսահատինք եւ յուսահատութեան ալիքը ներթափանցեց բոլոր կառոյցներէն ներս», ըսաւ Համբիկ Մարտիրոսեան եւ շարունակեց, «առաջին հերթին մեր ներաշխարհը խռովեցաւ, ընտանիքներու ներքին կառոյցը քանդուեցաւ եւ ուղեղներու հոսք տեղի ունեցաւ: Ամենատխուր բանը՝ այսօր տուն չկայ, ընտանիք չկայ, որուն երիտասարդ զաւակը մեկնած չըլլայ: Այսօր ընտանիքներ կը փորձեն իրենց զաւակները ղրկել դուրս. գացէք եւ դուք ձեզ ապահովեցէք, հոս այլեւս ապահովութիւն չկայ, ապագայ չկայ եզրոյթին տակ: Մեր ուսեալ, զարգացած եւ մասնագիտացած երիտասարդները՝ ըլլան բժիշկ, երկրաչափ եւ տարբեր մասնագիտութեանց մէջ յաջողածներ, բոլորը կ’արտագաղթեն»: Վիգէն Աւագեան նաեւ յայտնեց նոյն մտահոգութիւնը. «Լիբանանի վիճակը վերջին հինգ տարիներուն յառաջ բերաւ սերունդ մը, որուն աչքը դուրս է, եւ վստահօրէն այսօր մեր զաւակներուն մեծ մասը դուրսն է: Ո՞վ բեռը պիտի ստանձնէ այս կառոյցներուն», նշեց ան:

Նախքան Լիբանանի տագնապի սաստակացումը եւ քորոնա համաճարակին բռնկումը, մասնաւորաբար թուրքազերի յարձակումէն ու 44-օրեայ պատերազէն առաջ, լիբանանահայութիւնը առնուազն կ’ապրէր Հայաստան փոխադրուելու ու հոն ապրելու բերկրանքը: Հայաստանի հանդէպ խանդավառութիւնը նաեւ կենսունակութիւն ստեղծած էր ազգային կառոյցներուն մէջ: «Մենք խանդավառուած էինք Հայաստանով, մենք ուրախ էինք Հայաստանով, Հայաստանի յաղթանակներով, յաջողութիւններով, Արցախի ազատագրումով եւ մենք բոլորս կը ծրագրէինք Հայաստանի մէջ մէկ մեթր քառակուսի գետին ունենալ եւ մեր ապագան հոն շարունակել», ըսաւ Համբիկ Մարտիրոսեան շարունակելով՝ «բայց Հայաստանի ներիշխանական հարցերը, ամէնէն սարսափելին`44-օրեայ պատերազմի պարտութիւնը փշրեցին մեր երազները, մեր հաւատքը, մեր յոյսը, մեր ապաւէնը հեռացուցին մեզմէ եւ այսօր մենք մտահոգուած ենք Արցախի ապագայով, նաեւ՝ Հայաստանի ապագայով, եւ սփիւռքի մէջ սկսաւ անտարբերութիւն մը»:

Ծնողներու հայեցի խոցելի դաստիարակութիւնը

Սփիւռքի օտարացնող պայմաններուն մէջ իբրեւ հայ գոյատեւելու մեծագոյն երաշխիքը կը հանդիսանան մեր ծնողները: «Ազգային հարցերու շուրջ նախանձախնդրութիւնը կը սկսի ընտանիքէն: Այս սկզբունքային հարց է: Եթէ հայր ու մայր իրենց երեխային մօտ հայասիրութիւնը կաթեցնեն անոր կաթին մէջ, այդ երեխան անկարելի է որ այդ պորտակապէն խզուի եւ դուրս մնայ», ընդգծեց Համբիկ Մարտիրոսեան: «Մենք է որ համաշխարհայնացումի այս քաղաքականութեան հետ քայլ պահելով՝ դժբախտաբար ջանացինք հեռու մնալ ազգային կառոյցներէն: Այսօր քիչեր եկեղեցի կ’երթան, քիչեր հայկական ակումբ կ’երթան, քիչեր հայ թերթ կ’առնեն, կամ ընթերցում կ’ընեն: Դժբախտաբար մեր մօտ անտարբերութեան ալիք մը կայ: Այս անտարբերութեան ալիքը պատճառ է, որ նաեւ նոր սերունդը հետեւի իրենց մայրերուն եւ հայրերուն», աւելցուց ան:

Ի՞նչ կը սպասուի կրթական համակարգէն

Կար ժամանակ երբ Լիբանանի հայկական վարժարանները կը ղեկավարէին մտաւորական տնօրէններ, որոնց օրերէն մնացած բազմաթիւ շրջանաւարտներ, անձնական կեանքի մէջ մեծ յաջողութիւններու կողքին, կրթութեան, եւ դաստիարակին նմանելու ձգտումով՝ դարձած են օրինակելի ղեկավարներ ու սփիւռքահայ կառոյցներու պահապաններ: Շրջուած է այս կացութիւնը հիմա: «Կրթական գործը անցաւ յաջող marketing, տնտեսագէտ տնօրէններու ձեռքը: Մտաւորական ազգային գործիչներէ անցանք դպրոցին դրամ բերողներու ձեռքը, որոնց մօտ ամէն ինչ հաշիւ է եւ թուաբանութիւն», նշեց Վիգէն Աւագեան եւ աւելցուց. «ասկէ 30-40 տարի առաջ, մեր դպրոցներուն տնօրէնները բոլորը ազգային մարմիններու մէջ պատասխանատու մարդիկ էին, եւ աշակերտը կը նայէր իր տնօրէնին, իր ուսուցիչին եւ անոր մէջէն ինքն ալ կը ցանկար տնօրէնին եւ ուսուցիչին պէս ազգային կեանքին մէջ դերակատարութիւն ունեցող անձ մը, վաղուան ուսումնականի անդամ մը, միութեան մը ատենապետը դառնալ. այսօր այդպէս չէ պարագան: Վերջին 20 տարիներուն, ոչ մէկ տնօրէն, օրինակի համար, յօդուած գրած է մեր թերթերուն մէջ, կամ ի՞նչ կը մտածէ ձեր դրած այս յուզող հարցերուն մասին: Տակաւին գիտէ՞ք որքան նուազած են հայերէնի պահերը մեր վարժարաններուն մէջ, երեք համայնքներուն մէջ ալ: Այս պատճառով դպրոցական ներքին կեանքին մէջ բացակայ են հայ մշակոյթի եւ արուեստի, հայ դատի նուիրուած ձեռնարկները»:

Ներքին պայքարներն ու միջակութիւններու իշխանութիւնը

Հաւանաբար միշտ ներքին հարցեր, մրցակցութիւն ու պայքար գոյութիւն ունեցած են կուսակցութիւններու մէջ, բայց նախապէս անոնք հասարակութեան եւ երիտասարդ սերունդին սեփականութիւնը չէին դառնար այս համեմատութեամբ ու «թափանցիկութեամբ», ինչպէս նշեց Անի Եփրեմեան. «դժբախտաբար լիբանանահայ մեր կառոյցներուն մէջ որոշ սխալներ կան եւ որոշ բացթողումներ, որ տեղ մը կը խրտչեցնէ մեր երիտասարդութիւնը, եւ ան ալ կուսակցութիւններու մէջ առկայ որոշ տարակարծութիւններն են, որ այսօրուան երիտասարդը այլեւս չ’ուզեր լսել, չ’ուզեր մասնակից դառնալ անոնց: Մենք պէտք է առաւելագոյն կերպով փորձենք մեր ներքին խոհանոցը մեր երիտասարդներուն չներկայացնել այնպէս մը, որ միշտ տարակարծութիւններ, միշտ խնդիրներ կան»:

Սերունդներու պայքարին եւ ղեկավար ու երիտասարդներու միջեւ անհասկացողութեան պատճառներէն կարելի է նկատել նաեւ նոր սերունդի զարգացման ու մասնագիտացման բարձր մակարդակը եւ անոր դիմաց մեր կառոյցներու ղեկավարման եղանակը միջակութիւններու կողմէ: «Ես կը հաւատամ, որ մեր երիտասարդները, գրեթէ բոլորը, առնուազն 80 տոկոսը, համալսարանական բարձրագոյն վկայականներ կը ստանան ու կը մասնագիտանան: Պէտք է զանոնք աշխատանքի հրաւիրել «the right man in the right place» սկզբունքով՝ ճիշդ անձը ճիշդ տեղը դնելով: Երբ երիտասարդներ կը տեսնեն որ այսօր ղեկավար դիրքերու վրայ կը գտնուին միջակութիւններ՝ անոնք գալով իրենց ունեցած մասնագիտութիւններով, վկայականով, գիտելիքներով պիտի չուզեն այդ միջակութիւններուն ենթակայ ըլլալ, որոնք իրենց կարգին պիտի չուզեն հրապարակէն հեռանալ, հետեւաբար այդ միջավայրը, ուր երիտասարդը կը յուսար իր բոլոր ներուժը, կարելիութիւնը դնել՝ հոն ինքը պիտի չկարենայ շարունակել եւ այս ձեւով կը հեռանայ ազգային կեանքէն», դիտել տուաւ Անի Եփրեմեան:

Լուծման հեռանկարներ

Համբիկ Մարտիրոսեան. «Լիբանանի գաղութը չէ վերջացած: Լիբանանի գաղութը արտադրող գաղութ է: Մինչեւ այս պահը մենք սփիւռքին տուինք խմբագիր, հոգեւորական, մտաւորական, տնօրէն, դեռ ալ կու տանք: Կը բաւէ արթննալ թմբիրէն եւ ոտքի կանգնիլ: Այս դիւրութեամբ կրնանք ընել, եթէ ղեկավարութեան մօտ չկայ աթոռամոլութիւն, այլ կայ ազգասիրութիւն, կայ միութենասիրութիւն, կայ անդամին հանդէպ քիչ մը հաւատք եւ սէր ու այս բոլորը վերջաւորութեան կը հասցնեն յաջողութեան: Համաշխարհայնացում ըսուած քամին հարուածեց նաեւ մեզ: Այս քամիին դիմաց, մենք եղէգի նման ծռելէ ետք, նորէն ոտքի պէտք է կանգնինք: Քամին թող տանի մեր գլխարկը, մենք մեր գլուխին տէրը ըլլանք, պահենք զայն, եւ այդ մէկը շատ հեշտութեամբ կրնանք ընել, եթէ կայ կամք, եռանդ, եթէ կայ հայկական զգացում: Բայց եթէ զգացում չկայ եւ մենք լոկ դրամ վաստկելու համար կը պաշտօնավարենք, մենք այդ պարագային կը ձախողինք»:

Անի Եփրեմեան. «Երիտասարդութիւնը մեզի համար, հայութեան համար, մեր գոյատեւման շտեմարանն է. գլխաւոր ազդակը կը կազմէ մեր ազգին, առանց երիտասարդութեան՝ դժուար է շարունակել, յարատեւել: Պէտք է պահել միջին տարիքի ղեկավարութիւնը եւ օգտուիլ անոր փորձառութենէն, սակայն պէտք է երիտասարդներուն առիթ տալ՝ ճիշդ անձը ճիշդ տեղը դնելով, բայց երիտասարդն ալ պէտք է քիչ մը համբերող ըլլայ, այսինքն չակնկալէ որ մէկ վայրկեանէն ինք բարձր պաշտօններ պիտի ստանձնէ: Ան նաեւ իր կարելիութիւններով պէտք է փաստէ, որ ինք արժանի է ղեկավարութեան»:

Վիգէն Աւագեան. «պէտք է գուրգուրալ երիտասարդներուն ամէն գնով՝ նիւթական յաւելեալ յատկացումներ տալով: Բանալին նիւթականն է, բայց Լիբանանի իրավիճակը ձեռնտու չէ: Միւս կողմէ, այս գաղութին առաջնահերթութիւնները պէտք է յստակ ըլլան՝ ապագան ծրագրող ընդհանուր ռազմավարութեան մը ծիրին մէջ»:

Կը մնայ նշել, որ այս գրութիւնը կրնայ ցոյց տալ միայն մետալին մէկ երեսը: Շուտով կը ներկայացնենք մետալին միւս երեսը՝ երիտասարդութեան կարծիքը հոս արծարծուած հարցերուն մասին:

նյութի աղբյուրը՝ darperag21.net

Մեկնաբանել

Լատինատառ հայերենով գրված մեկնաբանությունները չեն հրապարակվի խմբագրության կողմից։
Եթե գտել եք վրիպակ, ապա այն կարող եք ուղարկել մեզ՝ ընտրելով վրիպակը և սեղմելով CTRL+Enter