HY RU EN
Asset 3

Բեռնվում է ...

Էջի վերջ Այլ էջեր չկան բեռնելու համար

Որոնման արդյունքում ոչինչ չի գտնվել

Լիբանանահայ դպրոցները եւ տնտեսական մարտահրաւէրները

Հոկտեմբեր 2019-ի ժողովրդային շարժումին, քորոնայի բռնկումին եւ 4 Օգոստոս 2020-ի նաւահանգիստին աղէտալի պայթումին առընթեր զարգացող տնտեսական եւ ելեւմտական տագնապները, ինչպէս բոլորը, ծանր կացութեան մատնեցին նաեւ լիբանանահայ հաստատութիւնները՝ մասնաւորաբար մեր դպրոցները: Մարտահրաւէրը մեծ էր եւ ձեռնոցը՝ նետուած: Գնահատանքով նկատեցինք, որ կրթական մարզի մեր պատասխանատուները յանդգնօրէն վերցուցած են նետուած այդ ձեռնոցը: Անոնք կը փորձեն յաղթահարել ամէն տեսակի դժուարութիւն եւ գտնել տեղին ու արդիւնաւէտ լուծումներ՝ բաց պահելու հայ դպրոցին դռները՝ լաւատես ապագայի յոյս ներշնչելով նորահաս սերունդներուն:

Այսօր, Լիբանանի մէջ գոյութիւն ունին 16 հայկական վարժարաններ, որոնք կը շարունակեն կանգուն մնալ շնորհիւ մեր բարեսիրտ ու հոգատար հայորդիներու նուիրատուութեան եւ բարեսիրական միութիւններու անմիջական օժանդակութեան:

Այս յօդուածով պիտի փորձենք ներկայացնել Լիբանանահայ դպրոցներու դիմագրաւած նիւթական դժուարին պայմանները՝ նշելով, թէ ի՞նչ միջոցներու կը դիմեն անոնք՝ իրենց ծախսերը հոգալու եւ ըստ այնմ հաւասարակշռելու պիւտճէն:

Այս հարցերուն աւելի մօտէն ծանօթանալու եւ զանոնք քննարկելու նպատակով՝ դիմեցինք Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի տնօրէն՝ Պրն. Կրէկուար Գալուստին, Ազգային Միացեալ Վարժարաի կրթական տնօրէն՝ Պրն. Գրիգոր Էքմէքճեանին եւ Հայ Աւետարանական Շամլեան-Թաթիկեան Երկրորդական Վարժարանի տնօրէնուհի՝ Օրդ. Վարդուհի Պալըքճեանին:

Քաջալերական երեւոյթներ հայկական վարժարաններէն ներս

Դրական եւ յուսադրող էր երեք տնօրէններուն վկայութիւնը, թէ մեր հայ վարժարանները կը շարունակեն գոյատեւել զուտ հայաշունչ ոգիով, եւ հայեցի դաստիարակութեամբ ծիլ կու տան ապագայ հայրենասէր ու ազգանուէր հայորդիներ: Տնտեսական այս խիստ տագնապալի կացութեան մէջ եւ խնայողութեան պատրուակով որեւէ ուսուցիչ չ’արձակուիր պաշտօնէն եւ որեւէ նիւթ չի զեղջուիր դասացուցակէն: «Դասաւանդութիւնները կը շարունակուին ըստ ուսումնական խորհուրդին կողմէ ճշդուած դասացուցակին, որ կը մնայ անփոփոխ», ըսաւ Պրն. Էքմէքճեան: «Մենք միայն լեզու եւ գիտութիւն չենք ջամբեր, այլ արուեստի եւ մարզական բնոյթի զանազան դասընթացքներ», շեշտեց Պրն. Գալուստ: «Իբրեւ կրթական հաստատութիւն, մարդակերտումը մեր պարտականութիւնն է, հետեւաբար որեւէ նիւթ չենք զեղջեր», ըսաւ Օրդ. Պալըքճեան:

 Շատ խրախուսիչ էր տեսնել, որ աշակերտութեան թիւը այս վարժարաններուն մէջ կը մնայ անփոփոխ՝ նոյնիսկ փոքր տոկոսով մըն ալ աւեցած: Առաւել քաջալերական էր նկատել, որ տնտեսական այս ճգնաժամային օրերուն ոեւէ աշակերտ թերաւարտ չի մնար. «թէեւ ուսանողներուն մէջ կայ կանուխ կեանքի ասպարէզ մուտք գործելու հակում մը՝ ծնողքին նիւթապէս աջակցելու միտումով, սակայն մեր անձնուէր ուսուցիչները ճիգ չեն խնայեր վառ պահելու ուսման հեռանկարը եւ զանոնք ուղղելու դէպի աւելի բարձր կրթութիւն. մեր աւարտական դասարանի բոլոր աշակերտները անխտիր կ’ուղղուին դէպի համալսարան», վկայեց Պրն. Էքմէքճեան: Պրն. Գալուստի հաստատումով, «բոլոր ուսանողները կը շարունակեն իրենց ուսումը զանազան համալսարաններու մէջ, իսկ մաս մը՝ իրենց ուսումնական կարողութեան համաձայն, կը խրատենք, կը համոզենք եւ լուսաբանելով՝ կ’ուղղենք դէպի արհեստագիտական բաժին: Հոն անոնք առիթը կ’ունենան ուսանելու եւ ստանալու  Technic Baccaleaureate-ի վկայականներ, որմէ ետք իրենց կարգին կրնան շարունակել իրենց համալսարանան ուսումը, թէեւ կան սակաւաթիւ պարագաներ, որոնք իրենց ծնողներու թելադրանքով եւ ըստ իրենց ուսումնական դժուարութեան՝ կ’ուղղուին դէպի արհեստ»:

Օժանդակութիւններ եւ պիւտճէի հաւասարակշռութիւն

 Այսօր, Լիբանանի մէջ վառելանիւթի գիները ամէն վայրկեան փոփոխութեան կ’ենթարկուին լիբանանեան թղթոսկիի արժեզրկման զուգահեռ: Տակաւին, ելեկտրական հոսանքի ընդհատումները ելեկտրածին մեքենաներու ապաւինելու անհրաժեշտութիւն ստեղծած են: Դպրոցական փոխադրակառքերու սակերը պարտադրաբար կը բարձրարան ու իրենց կարգին ելեւէջներ կ’ապրին։ Իսկ ուսուցիչներու եւ պաշտօնէութեան արդար աշխատավարձեր ապահովելու ճիգը դարձած է մնայուն մղձաւանջ։ Մեր դպրոցները արդեօք կը յաջողի՞ն հաւասարակշռելու իրենց պիւտճէն՝ ապաւինիլով միայն արժեզրկուած Լիբանանեան թղթոսկիով ճշդուած կրթաթոշակներուն, մարտահրաւէր մը՝ որ ամէն տարի սուր բնոյթով կը ցցուի մեր դպրոցներուն առջեւ: Բարեբախտաբար կան օժանդակող բարի ձեռքեր՝ անհատներ, միութիւններ ու կազմակերպութիւններ: Երեք դպրոցներու տնօրէններուն համաձայն, շատ քաջալերական է, օրինակ, Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամի աջակցութիւնը Լիբանանահայ դպրոցներու գոյատեւման առաքելութեան մէջ։ Սակայն իւրաքանչիւր դպրոց ունի իրեն յատուկ միջոցները: «Մեսրոպեան վարժարանը եկեղեցապատկան հաստատութիւն մըն է: Այս կը նշանակէ, թէ հիմնական հովանաւորողը Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութիւնն է, որ 84 տարիէ ի վեր ոչ մէկ ճիգ կը խնայէ եւ կու տայ իր առաւելագոյնը: Չմոռնանք նշելու, որ այս տագնապին մէջ, մենք ճկուն եւ հասկացողական քաղաքականութիւն կը վարենք եւ մատչելի կրթաթոշակներ հաստատած ենք», նշեց Պրն. Գալուստ։ «Ճգնաժամը ազդած է բոլորին, սակայն գնահատելի է ծնողներուն նուիրումը, որոնք չեն թերանար վճարելու մեր կողմէ զեղջուած թոշակները եւ նաև իրենց զաւակները չեն ուղարկեր աւելի մատչելի պետական բայց ոչ հայկական վարժարաններ: Մեր մնայուն եւ անփոխարինելի թիւ մէկ օժանդակողը կը մնայ Ազգային առաջնորդարանը», դիտել տուաւ Պրն. Էքմէքճեան։ «Մեր դպրոցին հիմնական օժանդակութիւնները կու գան Նիւ Ճըրզիի Ամերիկայի Հայ Աւետարանական Ընկերակցութենէն եւ անշուշտ Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութենէն, որոնք անշուշտ աւետարանական բոլոր դպրոցներուն նիւթապէս նեցուկ կը կանգնին: Այս ձեւով միայն կը հաւասարակշռուի մեր պիւտճէն», ըսաւ Օրդ. Պալըքճեան:

Ելեկտրականութեան եւ վառելանիւթի ծախսերը մեղմելու քայլեր

 «Մենք որդեգրած ենք Պուրճ Համուտի եւ մօտակայ շրջանի աշակերտներու փոխադրութիւնը կատարել անվճար, իսկ եկեկտրական հոսանքի ապահովման համար ունինք անձնական ելեկտրածին (generator), ուստի վառելանիւթ կը գնենք եւ ծրագիր ունինք արեւային վահանակներու տեղադրման», ըսաւ Պրն. Էքմէքճեան։ Իսկ Պրն. Գալուստ հաստատեց. «մենք բոլորովին ապաւինած ենք մեր արեւային վահանակներուն, սակայն անոնց բարդերը (batteries) ապահովելու ծախսն ալ հսկայական է, ուստի կարիքը կայ բարեսիրական միութիւններու աջակցութեան: Հեռակայ շրջաններէն մեր վարժարանը յաճախող աշակերտութեան փոխադրութեան համար ունինք ինը շարժակառքեր, որոնց փոխադրական ծախսերը Փետրուարէն ասդին ճշդուեցան տոլարով՝ անշուշտ ըստ հեռաւորութեան չափանիշով եւ գանձումները կը կատարուին ամսական դրութեամբ»։ Օրդ. Վարդուհին իր կարգին նշեց. «մօտակայ շրջանի աշակերտներու փոխադրածախսերը շատ ջնջին են, սակայն հեռու վայրերու համար ալ շարժակառք մը ունինք եւ ամսական դրութեամբ տոլարով կը գանձենք: Իսկ ելեկտրականութեան ապահովման համար ապաւինած ենք մեր արեւային վահանակներուն, բայց նորէն ալ կը պահենք մեր ելեկտրածինը»։

Յառաջիկայ տարի՝ տոլարո՞վ

 Կը թուի, թէ ինչպէս լիբանանեան տնտեսական տագնապի թնճուկը քակելու համար առեւտրական հաստատութիւններ «պարտադրաբար» կը դիմեն «տոլարին», կրթաթոշակներու համար մեր դպրոցներն ալ յառաջիկայ տարուան համար ունին նոյն մտածումը, սակայն պարագայ առ պարագայ քննելու եւ օժանդակելու խոստումով: «2022- 2023 տարեշրջանը վերաբնականոնացման շրջան մըն էր թէ՛ քորոնաժահրի եւ թէ՛ նաւահանգիստի պայթումին հետեւանքներէն ձերբազատելու եւ դպրոցական կեանքը բնական հունի մէջ դնելու իմաստով: Վստահ ենք, թէ յաւելեալ ճիգերով ու կրկնակի աշխատանքով այդ հունը պիտի պահենք: Մենք իբրեւ հայ պարտաւոր ենք յաղթահարելու բոլոր դժուարութիւնները», ընդգծեց Պրն. Էքմէքճեան։ Պրն. Գալուստ ըսաւ. «ես համոզուած եմ, որ Լիբանանահայ դպրոցը ամբողջովին ինքնաբաւ չի կրնար ըլլալ, սակայն մեր նպատակն է կամաց-կամաց հրաժարիլ օժանդակութեանց կառչելու ընտրանքէն: Նկատի առնելով, թէ Լիբանանեան դրամանիշը ամբողջովին արժեզրկուած է, հետեւաբար մենք քիչ մը խիզախ, սակայն ուսումնասիրուած որոշում մը տուած ենք յառաջիկայ տարուան կրթաթոշակները ճշդելու տոլարով, սակայն նկատի ունենալով դժուարութիւնները եւ թեթեւցնելու համար ծնողներու բեռը՝ դպրոցին մէջ պիտի ունենանք ընկերային ծառայութեան վկայեալ մասնագէտներէ բաղկացած գրասենեակ մը: Այս գրասենեակը անխտիր պիտի հանդիպի իւրաքանչիւր աշակերտի ընտանիքին հետ եւ պիտի ուսումնասիրէ ու սերտէ պարագաները եւ ըստ այնմ  իւրաքանչիւր պարագայի պիտի յատկացնէ կրթանպաստներ, որոնք վերատեսութեան պիտի ենթարկուին պատրիարքութեան կողմէ»։ Իսկ Օրդ. Պալըքճեանի համաձայն, «խօսք կայ որ յառաջիկայ տարի կրթաթոշակները ըլլան տոլարով՝ ձեւով մը պիւտճէի հաւասարակշռութիւն ստեղծելու համար»։

Եզրակացնելու համար ընդգծենք, որ Լիբանանահայ գաղութը ամբողջութիւն մըն է, որուն հիմնաքարը կը հանդիսանայ հայկական դպրոցը է եւ անկէ կախեալ է գաղութին ապագան։ Վերջին քանի մը տարիներուն, լիբանանահայ դպրոցները իսկապէս ցնցուած են եւ կ’ապրին դժուարին պայմաններ: Անհրաժեշտ է այդ բեռը թեթեւցնել հաւաքական ճիգերով, հետեւաբար բարի կամեցողութեամբ պէտք է ընդունիլ որդեգրուած վճռական քայլերը՝ միշտ ի մտի ունենալով, որ ոչ մէկ հայ աշակերտ նիւթական պատճառներով դուրս կը մնայ հայ դպրոցէն:

Քարէն Բարսեղեան, Պէյրութ, Լիբանան

darperag21.net

Մեկնաբանել

Լատինատառ հայերենով գրված մեկնաբանությունները չեն հրապարակվի խմբագրության կողմից։
Եթե գտել եք վրիպակ, ապա այն կարող եք ուղարկել մեզ՝ ընտրելով վրիպակը և սեղմելով CTRL+Enter