HY RU EN
Asset 3

Բեռնվում է ...

Էջի վերջ Այլ էջեր չկան բեռնելու համար

Որոնման արդյունքում ոչինչ չի գտնվել

Սագօ Արեան

Ամին Մաալուֆի հին-նոր ըսելիքը

Արաբական վէրքին մասին խօսելէն զատ, անցնող օրերուն միջազգային լրատու գործակալութիւնները, իրենց ուշադրութիւնը նաեւ կեդրոնացուցին «Ֆրանսական Ակադեմիա»ի նոր անդամի ընտրութեան վրայ: Ամին Մաալուֆ, ծագումով Լիբանանցի արձակագիրը անցեալ հինգշաբթի օր հանդիսացաւ Ակադեմիայի 29-րդ անդամը, փոխարինելով յայտնի Փիլիսոփայ՝ Քլոտ Լէւի Սթրաուսը: Ամին Մաալուֆի ընտրութեամբ Ֆրանասական հռչակաւոր ակադեմիան եկաւ ըսելու, որ արեւելքը միայն արիւն եւ սարսափազդու տեսարաններով չապրիր, այլ կ'ապրի իր պատմական մեծ յիշողութիւններով, թէկուզեւ այդ յիշողութիւններուն մէջ անգամ առկայ է արեւելք- արեւմուտք դարաւոր պայքարը, եւ որուն ծայրերը եկած հասած են մեզի:

Լիբանանեան պատերազմի նախասկիզբին երբ «Ան Նահար» թերթի անծանօթ լրագրողը պիտի  հասնէր իր Այն Ալ Րըմանէի բնակարանը անոր երրորդ յարկի պատշգամէն պիտի  հետեւէր, չարագուշակ այն մարդատար մեքենային վրայ տեղի ունեցած գրոհին- ի դէպ այդ նշանաւոր դէպքը պատճառ հանդիսացաւ որ ծայր առնէ Լիբանանեան երկարամեայ արիւնանքամ քաղաքացիական պատերազմը- իսկոյն պիտի վճռէր որ Լիբանանը այլեւս իրեն համար դադրած է ապրելու վայր մը ըլլալէ: Մաալուֆ կը հաւաքէր իր իրերը եւ կը մեկնէր արեւմուտք: Ֆրանսախօս Լիբանանցիին համար, ինչպէս այլ մտաւորական մարդոց համար ալ, ապահով ափ պիտի հանդիսանար Փարիզը:

Կ'անցնէին օրեր ու ժամանակներ, Մաալուֆ լրագրութիւնը թողնելով կը նետուէր գրականութեան գիրկը: Նախ պատմագրական ուսումնասիրութիւններ, յետոյ միայն պատմնա-գեղարուեստական արձակ: Իր ամբողջ գրականութիւնը, խտացումն է իր ժողովուրդի եւ դաւանած առաջին հայրենիքին՝ սիրած Լիբանանի պատմութեան: Ան պատմութիւնը «խառնելով» ու պեղելով ստեղծեց այնպիսի զօրեղ եւ իմաստուն արձակ ուր արեւմուտքը կը փորձէր խօսքի բռնուիլ արեւելքին հետ: Պարզ է որ հոն կայ չքմեղանք եւ խոստովանութիւն, դժգոհութիւն ու բողոք: Բայց ինչպէս ինք կ'ըսէ, ան ամէնէն աւելի փորձած է վերհանել ապրելու յոյսը եւ կեանքի սէրը: Մաալուֆ իր գործերով կը պատգամէ որ տարբեր կրօնքի դաւանողներ կրնան միասնաբար ապրիլ ու կերտել ապագան:

Ճիշդ է ինք ալ կ'ընդունի որ, յաճախ չէ յաջողած այդ փորձառութիւնը բայց եւ այնպէս ապարդիւն է , նոյնիսկ վնասակար է խօսիլ միայն տարբերութիւններուն եւ այդ տարբերութիւններէն բխած խնդիրներուն մասին: Այդ խնդիրները բոլորս  գիտենք: Բոլորս ալ այսօր ականատես կ'ըլլանք թէ ինչ վիճակի մէջ է ամբողջ միջին արեւելքը, բայց միշտ ըստ Մաալուֆի ապրելու, միասին ապրելու յոյսն է որ կենդանի պիտի ձգէ մեզ: «Ես պատմութեան մէջ կը փորձեմ խորանալ, որպէսզի քանդեմ բոլոր այդ մտքերն ու առասպելները որ վնասակար են մարդկութեան: Ես դէմ եմ նախապաշարումներուն: Միշտ ալ փորձած եմ լոյսին տալ պատմութեան այն հանգրուանները ուր արեւելք-արեւմուտք յարաբերութիւնները եղած են ջերմ եւ մաքուր: Այնքան մը որ ստեղծած են նոր քաղաքակրթութիւն, օրինակ՝ Անտալուզի մէջ ուր տարբեր կրօնները փորձած են երկխօսութիւն ընել եւ յաջողած են»:

Կարեւոր է նաեւ իմանալ, որ հակառակ անոր որ Ամին Մաալուֆ գրեց ֆրանսերէնով, բայց ան կռնակ չդարձուց արաբ ընթերցողին, այլ ուզեց իր խօսքով արաբ մարդուն մտածումները թուղթին տալ: Ան ճարպիկութիւն չըրաւ: Չուզեց արեւմուտքի խօսնակը ըլլալ: Այլ փորձեց պատմութեան մէջ խորանալ, փորձեց բացատրել որ այո մենք զիրար կ'ամբողջացնենք, ու մանաւանդ կարող ենք միասին ապրիլ, աւելի լաւ, աւելի արեւոտ օր կերտելու համար:

Կարեւոր է նաեւ իմանալ որ Մաալուֆ կը հասկնայ, քաջ գիտէ որ օրինակ Խաչակիրներու արշաւանքները, կամ եւրոպայի գաղութատիրական փորձերը միտուած չէին, արեւելքէն թաւիշ վարդեր քաղելու կամ խօսելու քաղաքակրթութեան մասին, ու նաեւ կ'ուզէ բացատրել որ իր մօտեցումները չեն միտիր պատմական ճշմարտութիւնները նենգափոխելու բայց կը վերհանէ, լոյսին կ'ուզէ տալ այն փաստը որ շատ են պարագաները երբ արեւմուտքէն արեւելք եկող մարդոց մէջ եղած են այնպիսի մարդիկ որ կարողացած են գտնել իրար հասկնալու լեզուն: Ըստ Մաալուֆի  այդ է կարեւորն ու առաջնահերթայինը: Շահարկումի, շահագործումի եւ շահու աղբիւրներ որոնելու արեւմուտքի փորձերը գիտենք. կը մնայ լսել արեւմուտքի միւս ձայնը: Այն ձայնը որ մարդկութեան, աւելի պայծառ ապագայ ունեցող մարդկութեան մասին կը խօսի: Մեզ հետաքրքրողը, մեզի պիտանի արեւմուտքի այդ միւս լեզուն է որ այսօր ելած է տարիներ առաջ անյայտ Ամին Մաալուֆը պատուելու, ու ասոր մէջ կարելի է, պէտք  իմաստներ որոնել ու գտնել:

Արեւմուտքը տակաւին պիտի հասկնայ արեւելքի լեզուն, առնուազն պիտի փորձէ հասկնալ այդ լեզուն:

Ամին Մաալուֆ, տեղ մը այսպէս կ'արտայայտուի իր ստեղծած արձակի մասին՝ «Յաճախ զգացած եմ որ իմ փորձս կը միտէ, որոնելու այն փոքր յոյսի նշոյլը, որմով աւելի գեղեցիկ ու ապահով պիտի ըլլայ մեր բովանդակ կեանքը: Իմ համար շատ աւելի հեշտ էր եղածը ներկայացնել, մոռնալով դրական այն բոլոր գրգիռները որոնք գոյութիւն են ունեցած, ողջ պատմութեան երկայնքին: Աւելի հեշտ է գրել մոխրագոյնի ու սեւի, անյուսութեան եւ տագնապի մասին, բայց նպատակս երբեք այդ չէ եղած: Փնտռել յոյսը, ապրիլ այդ յոյսին համար: Ես ի վերջոյ ատոր համար է որ կը գրեմ»:

Այդ լեզուն, ռումբերու, ականներու, թանկերու, հրթիռներու լեզուն չէ: Մահուան, սեւագոյնի, դիակներու բառը չէ այդ բառը: Արեւմուտքը պիտի տեսնէ այս բոլորը ու ատոր համար է որ Լիբանանեան Մայրի ծառով զարդարուած ակադեմիայի սուրը կը յանձնէ՝ Ամին Մաալուֆին:

Մաալուֆի նշանաւոր գործերէն կարելի է առանձանացնել ՝ «Թանիոսի Ժայռը»- որ 1993-ին ստացած է Ֆրանասական «Կոնքուր» պատկառելի մրցանակը-«Սամարղանտ»ը, «Լէօ Ափրիկեցի»ն, «Խաչակրաց  Պատերազմները  Արաբաներու Աչքերով», «Լոյսի Պարտէզներ» եւ այլ գործեր:

Վերջապէս կ'արժէ նշել որ Մաալուֆ, կը պատկանի այն գրողներու ընտանիքին, որ կը գերադասեն   ապրիլ մեծ քաղաքներու աղմուկէն հեռու, ծովատեսիլ ու լուռ բնակարաններու եւ շրջաններու մէջ, ամբողջութեամբ տարուելու, ամբողջութեամբ նուիրուելու գրականութեան: Ըստ իրեն մեծ գործերը կրնան գրուիլ միայն երբ, գրողը կտրուած կ'ըլլայ առօրեայի ծանրացնող ռիթմէն ու  հեւքէն:

Գրողին ուժը վերանալուն մէջ է:

Հիմա սա պահուն երբ ան պսակուեցաւ որպէս անդամը «Ֆրանսական Ակադեմիա»ին, պիտի յաջողի՞ արդեօք կտրուիլ իր գրասեղանէն ու անդորրէն, որպէսզի նստի Ակադեմիայի բազկաթոռներուն կամ անոր մեծ եւ անմահանուններու տոմարին մէջ բացակայ չդնեն իր անունին դիմաց: Գրողին ուժը, անոր ներհուն ճիգն ու բառին կամքը զինք հասցուցին այս մակարդակին:

Զինք պսակեցին:

Հիմա ի՞նչ պիտի ըլլայ իր ըսելիքը:

Մեկնաբանել

Լատինատառ հայերենով գրված մեկնաբանությունները չեն հրապարակվի խմբագրության կողմից։
Եթե գտել եք վրիպակ, ապա այն կարող եք ուղարկել մեզ՝ ընտրելով վրիպակը և սեղմելով CTRL+Enter