Չենք Բաւարարուած
Աբօ Պողիկեան
Հասարակական ցանցերու մէջ հայկական հոյակապ աշխուժութիւն կը տիրէ: Երիտասարդ գործիչներու ամբողջ բանակ մը մշտարթուն կը հետեւի ազգային մեր առօրեային եւ անմիջական հակազդեցութիւն ցոյց կու տայ նշանակալից բոլոր երեւոյթներուն հանդէպ, ըլլան անոնք դրական թէ ժխտական:
Այս նոյն բանակն է (նախապէս խմբակ կամ խումբ կ՛ըսէինք), որ Մաշտոցի այգին փրկեց: Օրէ օր կը ստուարանայ այս բանակը, ի հեճուկս մեր հայրենիքի սեփական ագարակի նման նայող, մեր ժողովուրդին ճորտի տեղ դնող իշխանաւորներուն:
Այս նոյն բանակն է, որ շատ կարճ ժամանակամիջոցի մէջ յաջողեցաւ Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ այնպիսի մթնոլորտ մը ստեղծել, որ «Հարսնաքար» համալիրին մէջ կատարուած ոճիրին եւ անոր պատասխանատուներուն վրայ գամուեցաւ բոլորիս ուշադրութիւնը:
Նոյն այդ բանակի ստեղծած մթնոլորտը պարտադրեց Հայաստանի նախագահին իր մօտ կանչել յանցագործներու «շեֆը»՝ Ազգային ժողովի պատգամաւոր, Հայաստանի ֆութպոլի համադաշնութեան նախագահ Ռուբէն Հայրապետեանը, եւ ստիպել զայն, որ հրաժարի պատգամաւորական իր աթոռէն:
Այս ցանցին մէջ գրող, խորհրդածող, պայքարող իւրաքանչիւր գործիչի համար յաղթանակի բերկրանքը յաւելեալ յանձնառութեան խրախոյս կը թուի ըլլալ, որովհետեւ մեր աչքին առջեւ կը պարզուի իր գործունէութիւնը առաւել վճռական, առաւել կազմակերպուած, առաւել համադրուած տանող հաւաքականութիւն մը, որ ցարդ յստակ կառոյց մը չունենալով հանդերձ, քաղաքական կազմակերպուած շատ ուժերէ աւելի արդիւնաւէտ կ՛աշխատի:
Գործիչներու այս բանակին մենք կը միանանք ու կը յայտարարենք, որ Ռուբէն Հայրապետեանի հրաժարականը Ազգային ժողովէն չի բաւարարեր մեզ, եւ կը պահանջենք, որ ան նաեւ հրաժարի Հայաստանի Ֆութպոլը ղեկավարելու պաշտօնէն եւ դատուի օրէնքով:
Տեսանյութեր
Լուսանկարներ
Մեկնաբանություններ (2)
Մեկնաբանել