HY RU EN
Asset 3

Բեռնվում է ...

Էջի վերջ Այլ էջեր չկան բեռնելու համար

Որոնման արդյունքում ոչինչ չի գտնվել

Արեւմտահաերէնի պաշտպանութեան յանձաժողովը իր ընթացքը կը գտնէ

ԱՆԹԻԼԻԱՍ - Ինչպէս ծանօթ է մեր ժողովուրդի զաւակներուն, աւելի քան տարի մը առաջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի նախաձեռնութեամբ, Պիքֆայայի Վանքին մէջ տեղի ունեցաւ արեւմտահայերէնի ներկայ կացութեան նուիրուած համասփիւռքեան համագումար մը:

Մեկնելով արեւմտահայերէնի դիմագրաւած լուրջ դժուարութիւններէն, համագումարը առաջարկեց, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը նախաձեռնէ արեւմտահայերէնի պաշտպանութեան Յանձնաժողովի մը յառաջացման կամ Կաճառի մը ստեղծման:

Անցնող ամիսներուն ընթացքին, Վեհափառ Հայրապետը այս ուղղութեամբ խորհրդակցութիւններ ունեցաւ համայնքապետերու, ինչպէս նաեւ մշակութային ու կրթական կառոյցներու ու հայագէտներու հետ, որպէսզի իմանայ անոնց տեսակէտը այս ուղղութեամբ:

Կատարուած խորհդակցութիւններուն լոյսին տակ նշանակուեցաւ շուրջ 25 անդամներէ բաղկացած Յանձնաժողով մը համասփիւռքեան տարողութեամբ: Յանձնաժողովին Լիբանանի անդամները երէկ առաւօտ Վեհափառ Հայրապետին նախագահութեամբ ունեցան իրենց անդրանիկ նիստը, ուր Վեհափառ Հայրապետը ներկայացուց Յանձնաժողովի անդամներուն ամբողջական ցանկը, Յանձնաժողովի գործունէութեան իր պատկերացումը եւ ուղղեցոյցը: Յիշեալ ուղղեցոյցը պիտի ղրկուի Յանձնաժողովի բոլոր անդամներուն եւ իմանալէ ետք անոնց տեսակէտը, յառաջիկայ ամիս պիտի հրապարակուի ուղղեցոյցը, Յանձնաժողովի անդամներուն անունները եւ յառաջիկայ ծրագիրները:

Մեկնաբանել

Լատինատառ հայերենով գրված մեկնաբանությունները չեն հրապարակվի խմբագրության կողմից։
Եթե գտել եք վրիպակ, ապա այն կարող եք ուղարկել մեզ՝ ընտրելով վրիպակը և սեղմելով CTRL+Enter