HY RU EN
Asset 3

Բեռնվում է ...

Էջի վերջ Այլ էջեր չկան բեռնելու համար

Որոնման արդյունքում ոչինչ չի գտնվել

«Մեր եկեղեցին չի կրնար անտարբեր մնալ ի տես հայրենիքի քանդումին»․ Արամ Ա կաթողիկոս

Մեծի Տանն Կիլիկիո կաթողիկոսության տեղեկատվական կենտրոնը հայտարարություններ է հրապարակել Հայաստանում տիրող քաղաքական իրավիճակի և այսօր Գարեգին Բ-ի մուտքը Սարդարապատի հուշահամալիր խոչընդոտելու վերաբերյալ։

«Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը մօտէն կը հետեւի Հայաստանէն ներս տեղի ունեցող զարգացումներուն եւ այս գծով Վեհափառ Հայրապետները մնայուն կապի մէջ են իրարու հետ։

Արամ Ա. Կաթողիկոս իր Մայիս 28-ի պատգամին մէջ կարեւորութեամբ շեշտեց Հայաստանի անկախութիւնը, հողային ամբողջականութեամբ ու անվտանգութեամբ, ամուր պահելու հրամայականը, որպէս գերագոյն արժէք մեր ողջ ազգին համար։

Նորին Սրբութիւնը նաեւ կոչ ուղղեց մեր ժողովուրդի զաւակներուն, ամէն ջանք ի գործ դնել յաղթահարելու բոլոր տեսակի մարտահրաւէրները ու տագնապները, անխախտ միասնականութեամբ ու միակամութեամբ՝ որպէս երաշխիք ներքին հզօրութեան։

Այս օրերուն, Հայրենի մեր ժողովուրդի զաւակները խորապէս մտահոգ Հայրենիքի անկախութեան ու նոյնիսկ գոյութեան սպառնացող վտանգներուն նկատմամբ, իրենց հաւաքական ընդվզումը եւ պահանջքը կ՚արտայայտեն։

Ինչպէս Սուրբ Էջմիածնը իր վերջին յայտարարութեան մէջ կը յորդորէ, նաեւ մեր Սուրբ Աթոռին թելադրութիւնն է հանրային գործողութիւններու մասնակիցներուն, իրենց բողոքը արտայայտելու «բացառապէս օրէնքի սահմաններէն ներս առաջնորդուելու զգօնութեամբ եւ չտարուելու հնարաւոր սադրանքներով»։

Միաժամանակ, դատապարտելով ոստիկաններու կողմէ անհամաչափ ոյժի եւ բռնութեան կիռարկումը, կոչ կ՚ուղղենք որ «յարգեն հայրենակիցներուն հիմնարար իրաւունքները, ազատութիւնները, պատիւն ու արժանապատուութիւնը եւ գործեն միմիայն մարդասիրութեան եւ օրինականութեան սկզբունքներու խստագոյն պահպանութեամբ»:

Քիչ առաջ իմացանք Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին Սարդարապատ մուտքի ժամանակ ոստիկաններուն կողմէ եղած խոչընդոտին մասին։

Խստօրէն կը դատապարտենք այս մեծապէս ամօթալի երեւոյթը, որ խոտոր կը համեմատի մեր ազգի վարքագիծին եւ բարոյական ու հոգեւոր արժէքներուն։

Ո՞ւր կ՚երթայ Հայաստանը՝ մեր սիրելի Հայրենիքը, որուն անկախութեան ու յաւերժութեան ի խնդիր դարեր շարունակ մեր սուրբերը աղօթեցին, մեր նախահայրերը ստեղծագործեցին եւ մեր նահատակները իրենց արիւնը թափեցին։

Ինքնաքանդումի ու ինքնասպանութեան ներկայ ընթացքը պէտք է կա՛նգ առնէ։

Մեր եկեղեցին չի՛ կրնար անտարբեր մնալ ի տես Հայրենիքի քանդումին»։

Մեկնաբանել

Լատինատառ հայերենով գրված մեկնաբանությունները չեն հրապարակվի խմբագրության կողմից։
Եթե գտել եք վրիպակ, ապա այն կարող եք ուղարկել մեզ՝ ընտրելով վրիպակը և սեղմելով CTRL+Enter