HY RU EN
Asset 3

Բեռնվում է ...

Էջի վերջ Այլ էջեր չկան բեռնելու համար

Որոնման արդյունքում ոչինչ չի գտնվել

Սուրիահայութիւնը Մոտայի եւ իրականութեան միջեւ

Յարութ Էքմանեան 

Հայաստանեան լրատուամիջոցներուն մէջ վերջին օրերու ամենաշատ արծարծուող թեման թերեւս սուրիահայութեան մասին է: Մանաւանդ անոնք, որոնք կ'ահազանգեն սուրիահայութեան դէպի Հայաստան հոսքի կամ ապաստանելու լուրերով:

Միայն անցած շաբթուայ ընթացքին տասնեակ լրագրող գործընկերներ հետս կապ հաստատած են, ոմանք ուղղակի, ոմանք ալ միջնորդներով, պարզապէս «Հայաստան տեղափոխուող սուրիահայերուն» մասին աւելի մանրամասն տեղեկութիւններ ստանալու համար: Յետաքրքրականն այն է, որ բոլորն ալ այս նիւթին մասին կը խօսին որպէս ընդունուած փաստ եւ արդէն յաւելեալ մանրամասնութիւններ կը փնտռեն, առանց անգամ մը իսկ մտածելու, թէ իսկապէս նման երեւոյթ մը ի սկզբանէ գոյութիւն ունեցած է: Արդեօք անոնցմէ քանի հոգին ուսումնասիրած է անցած տարիներուն Հայաստան ժամանած սուրիահայերու եւ այս տարի ժամանածներուն թիւերն ու տոկոսները:

Անցած տասնամեակին Հալէպ-Երեւան-Հալէպ ուղիին վրայ միշտ ալ եղած են շաբաթական միայն երկու թռիչքներ, ինչպէս այսօր: Իսկ այդ թռիչքները, գոնէ Մայիսէն մինչեւ Սեպտեմբեր երկարող ամառային ժամանակշրջանին գրեթէ միշտ լեցուն երթեւեկած են այս ճամբուն վրայ: Քանի մը տարի առաջ զբօսաշրջիկական գործերով զբաղուելուս բերումով այդ մասին կրնամ անձամբ վկայել: Այս տարուայ պարագային թերեւս տոմսեր ստանալու հերթը աւելի երկար է, ինչ որ որոշ չափով հասկնալի է: Այստեղ կարելի է յիշել նաեւ «Արմավիա» ընկերութեան ամօթալի չարաշահումները, սակայն այդ ուրիշ յօդուածի մը նիւթ է:

Իսկ ցամաքային ճանապարհը Հայաստան-Թուրքիա փակ սահմաններու պատճառած անյարմարութիւններու բերումով այդքան ալ յաճախ չէ օգտագործուած: Իսկ այսօր Սուրիոյ մէջ ստեղծուած ծանր իրավիճակին պատճառով մարդիկ աւելի եւս կը խուսափին ցամաքային ճամբորդութիւններէ: Այդ պատճառով հալէպահայերու համար երազանք դարձած է անգամ աւանդական ամառանոց Սուրիոյ ծովեզերեայ Քեսապ հայկական աւան այցելութիւնը:

Չմոռնանք, որ կան հազարաւոր սուրիահայեր, որոնք կը բնակին եւ կ'աշխատին Արաբական ծոցի երկիրներուն մէջ: Այդ մարդիկը ամառային արձակուրդի համար յաճախ կ'ացելէին Հալէպ: Սակայն այս տարուայ արտակարգ պայմաններուն բերումով այդ մարդոց մեծ տոկոսը իրենց ամառային արձակուրդը Հալէպի փոխարէն կ'անցնեն Երեւան: Անոնց նման կան հալէպահայեր, որոնք կ'ապրին արեւմուտքի մէջ, որոնց համար եւս այս ամառ Երեւան գալը աւելի հեշտ է քան Հալէպ երթալը:

Հաճախ այս նիւթիւն հետ կապակցաբար որպէս տուեալ կը ներկայացուի ՀՀ քաղաքացիութեան դիմող սուրիահայերուն թիւը, որ միայն այս տարուայ դրութեամբ մօտ երեք հազարէն աւելի է, ըստ պետական աղբիւրներու: Սակայն ՀՀ քաղաքացիութիւն ստանալը որքանով կապ ունի անոնց Հայաստան տեղափոխման հետ, այդ ալ կը մնայ հարցական:

Այստեղ նկատի պէտք է առնել, որ սուրիահայութեան մեծամասնութիւնը միջին կամ միջինէն ցած դասակարգին կը պատկանին: Նման պայմաններու մէջ ապրող մարդկանց համար այդպէս ալ դիւրին չէ ամէն բան թողելն ու վաճառելը եւ ինչ որ ուրիշ տեղ մը նոր կեանքի սկսիլը՝ ըլլայ ատիկա Հայաստան, Լիբանան թէ այլուր:

Իսկ Սուրիահայ համայնքը մէկ մասն է այդ հասարակութեան, որուն մէջ այսքան տարի ապրած եւ զարգացած է հասնելով իր այսօրուայ (լաւ թէ վատ) վիճակին: Իսկ այդ շրջապատէն բաժամումը կրնայ անշրջելի վնասներ պատճառել թէ՛ սուրիական հասարակութեան, թէ՛ հայ համայնքի անդամներուն եւ թէ ընդհանուր հայութեան: Ուստի պէտք է նաեւ աւելի հաւասարակշռուած մտածել Երեւանի լայն փողոցներուն մէջ սուրիահայութեան դէպի Հայաստան տեղափոխման կոչերով հանդէս գալէ եւ անկապ դրամահաւաքներ կազմակերպելէ առաջ: Վերջապէս այդ մարդիկը իրենց ճակատագրին միակ պատասխանատուներն են: Իսկ Հայաստանի կառավարութեան կը մնայ միայն տէր ելլել անոնց, որոնք օգնութիւն կը հայցեն, ըլլան անոնք սուրիահայեր թէ այլ տեղերէ եկած հայեր: Հայաստանը վերջապէս պէտք է գիտացի, թէ իսկապէ՞ս բոլոր հայերու հայրենինքն է, թէ ամառանոցը:

Սակայն հայաստանեան լրատուական դաշտը կարծես թէ չ՚ուզեր լսել, չ՚ուզեր ուսումնասիրել այս տուեալները եւ չ՚ուզեր քննել ներկայացուած խնդիրներուն խորքերը: Անշուշտ միշտ աւելի հեշտ է մեծ վերնագիրներով եւ աղետալի լուրերով հանդիսատեսին կամ ընթերցողին ուշադրութիւնը գրաւելը:

Մէկ շաբաթ առաջ Բրիտանական BBC լրատուամիջոցէն գործընկեր մը զանգած էր տեղեկութիւններ ստանալու համար նոյն այս թեմային մասին: Փաստօրէն «Հայաստան ապաաստանող սուրիահայերու» թեման միջազգային լրատուամիջոցներուն համար ալ գրաւիչ դարձած է: 40 րոպէ տեւած հեռախօսազրուցի ընթացքին անոր բացատրեցի վերը նշուած բոլոր մանրամասնութիւնները: Սակայն մէկ օր ետք ան տեղեկացուց, թէ խմբագիրը նիւթը ուրիշ գործընկերոջ մը յանձնած է, քանի որ ան յաջողած է գտնել այժմ Հայաստան գտնուող պատահական սուրիահայ մը, որ պատրաստ է «իր փնտռած տեղեկութիւնները» տալու կամ «վկայելու»:

Դժբախտաբար լրատուամիջոցներու չափանիշները այնպէս չեն, ինչպէս որ մեզմէ շատերը կը փափաքէին որ ըլլար: Սակայն այս մէկը կոչ է բոլոր անոնց, որոնք իսկապէս յետաքրքրուած են այս թեմայով, որ աւելի ուշադիր հետեւին զարգացումներուն, եւ աւելի շատ հարցումներ հարցնեն ինքնավստահ յայտարարութիւններ հրապարակող բոլոր կողմերուն: Այնուամենայնիւ, այս գրութեան նպատակը մարդկանց ժխտումի մէջ ապրեցնելը չէ: Այս գրութիւնը ներկայի մասին է, եւ կը մաղթեմ, որ ապագան կը զարգանայ այնպիսի ուղղութեամբ, որ անցեալի փորձառութիւններէն օգտուելով կարենանք շրջանցել բոլոր դժուարութիւններն ու փորձութիւնները:

Մեկնաբանություններ (4)

Նարինե Մխիթարյան
Իմ սիրելի սուրիահայեր , իմ հայ ազգի լավագույն մաս :Ես մտահոգված եմ Ձեր ճակատագրով և շատ եմ կամենում ինչոր բանով օգտակար լինել,ապրում եմ Վանաձորում,եթե ցանկացողներ կլինեն մեր քաղաքում ապրելու ես պատրաստ եմ օգնելու ինչով կարող եմ:
սալբի Գասպարեան
Յարութ ճան կեցցէ'ս Պահ մը կարծեցի , որ յօդուծագիրը ես եմ... ատենէ մը ի վեր հարցին հանդէպ նոյն տեսակէտները յայտնած եմ եւ կը ջանամ ասոր անոր բացատրել կացութիւնը , որ ներկայ տուեալներով սուրիահայութեան ուղղուած վտանգ մը չի համարուիր ... պարզ ըսած սուրիահայերը դեռեւս թիրախ չեն... մեր կարգ մը «բանիմաց» տղոց եւ հայաստանցիներու անպատասխանատու եւ մակերեսային վերլուծութիւններով կոպիտ ըսած «իշուն միտքը ձմերուկի կեղեւ չձգենք...» Հայը շատ բան տեսած է , այս ալ կ'անցնի. մեր 100 տարուան համայնքային կեանք ունեցող կառոյցը պէտք չէ թոյլ տանք որ քանդէն , դեռ անկախ այն իրականութենէն որ ո՞ւր կրնանք կեանք ստեղծել ... յատկապէս հալէպահայութեան գոյութիւնը անգիր սպառնալիք մէն է թուրքիոյ համար , որ սուրիոյ քաղաքացի ըլլալով հանդերձ « վերադառնալու իրաւունք» ին ամուր կառչած միակ հայ տարագիր հաւաքականութիւնն է , որ սահմանէն կը նայի իր բռնագրաւուած հողերուն... Յօդուածիդ միտք բանին պէտք է լայնօրէն տարածում գտնէ...
Անոյշ Քէօրօղլեան- Մարաշլեան
Շատ շիտակ եւ մանրակրկիտ տեղեկութիւն տուիք՝ Սուրիոյ մէջ բնակող Հայ համայնքին մասին. Յստակ է թէ շատ մը հրապարակումներ՝ չարաշահումներու համար են. բայց իրականութիւնը շատ կը սիրենք Հայրենիքը ,բայց գործերնիս ամէն ինչերնիս հոս հաստատած ենք. ամէն տեղ արդէն անգործութիւն է. ինչ գործ պիտի դարձնենք.տուներնիս տեղերնիս մէկ ղուրուշ չի բերեր այս օրերուն : Եթէ դրամական մեծ հաշիւ մը չունենանք՝ ինչպէ՞ս կրնանք տեղերնէս շարժիլ. թէ ոչ՝ կ'ուզենք որ մեր երեխաները հայրենիքի օդը շնչեն եւ ջուրը խմեն. սակայն ձեր յօդուածին մէջ արդէն յիշած էք ,թէ Սուրիահայութեան մեծ տոկոսը արդէն միջակէն վար է նիւթականով , իսկ հարուստներէն շատեր ալ այս օրերուս սնանկացած են.գացողներուն եթէ օգնեն շատ ուրախ պիտի ըլլանք. մենք ալ կը սիրենք մեր Հայրենիքը. թէպետեւ շատ յարմար ժամանակ էր փոխադրուելու համար .դարձեալ օրերը ինչ կը բերեն չենք գիտեր .
Ara Sanjian
Լիբանանահայութիւնը 15 տարի տոկաց ու գոյատեւեց… Պատճառ չկայ, որ սուրիահայութեան ներուժը լիբանանահայութեան դրսեւորածէն պակաս համարուի։ Եթէ Հայաստանը կը ցանկայ աւելցնել սուրիահայութեան տոկունութիւնը, թող մտաւորականներ ուղարկէ Հալէպ ու Դամասկոս, որ յաւուր պատշաճի գրական-հայագիտական հանդիսութիւններու մասնակցին ու մասամբ, թէկուզ մի քանի ժամուան կամ օրուան համար, ցրեն տեղի հայութեան ամենօրեայ մտահոգութիւնները։ Ի վերջոյ, Սուրիան այսօր աւելի վտանգաւոր չէ քան Երկրորդ Աշխարհամարտի ռազմաճակատները։

Մեկնաբանել

Լատինատառ հայերենով գրված մեկնաբանությունները չեն հրապարակվի խմբագրության կողմից։
Եթե գտել եք վրիպակ, ապա այն կարող եք ուղարկել մեզ՝ ընտրելով վրիպակը և սեղմելով CTRL+Enter