Կանադայի Հայոց թեմի եկեղեցականների վերանշանակում
Գանատայի Հայոց Թեմի Ս. Նշան Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Հոգաբարձութեան հրաւէրով, Կիրակի, Օգոստոս 12, 2012-ի երեկոյեան, տեղի ունեցաւ ողջերթի երեկոյ, տարիներու Հոգեւոր Հովիւ՝ Արժանապատիւ Տ. Կոմիտաս Աւագ Քհնյ. Փանոսեանին:
Առաջնորդ Սրբազան Հօր հրահանգով, Տէր Հայրը գործուղղուեցաւ Թորոնթօ, ծառայելու Ս. Աստուածածին Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ ծուխէն ներս՝ որպէս օգնական հովիւ:
Իսկ Ս. Նշան Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ նշանակուեցաւ Տ. Գեղարդ Վրդ. Քիւսպէկեանը, որ վերջին երեք տարիներուն կը ծառայէր Սէնթ Գաթրինզի համայնքէն ներս, միատեղ վարելով Առաջնորդարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Խորհուրդի Վարիչի պաշտօնը:
Մեր եկեղեցականներուն կը մաղթենք ոյժ եւ կորով՝ անվերապահ ծառայելու համար մեր դարաւոր ու սուրբ եկեղեցւոյ պայծառութեան։
Մեր աղօթքն է որ բարձրեալն Աստուած մշտական խաղաղութիւն եւ պայծառութիւն պարգեւէ Հայոց Ազգիս եւ Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ եկեղեցւոյ։
ԴԻՒԱՆ
Գանատայի Հայոց Թեմի
Ազգային Առաջնորդարանի
Տեսանյութեր
Լուսանկարներ
Մեկնաբանել