
Հայց. եկեղեցւոյ բարեկարգութեան հրատապ հարցը
Կարելի չէ անտեսել ժամանակին պահանջները, որովհետեւ ժամանակը ամենազօր ոյժն է որ կը սղոցէ անհարկի եւ անտրամաբանական դիմադրութիւնները եւ հեղեղի նման կը քանդէ եւ կը տապալէ ամէն ինչ որ արգելք կ’ըլլայ ժամանակի պահանջներու իրագործման։ Դարձեալ կարելի չէ, եւ վտանգաւոր է, կառչած մնալ դաւանանքի ու հաւատքի անսրբագրելիութեան, որովհետեւ անփոփոխութիւնը լճացում կը յառաջացնէ, իսկ լճացումը թէ՛թունաւոր է եւ թէ՛վնասակար, որովհետեւ առաջ կը բերէ ճահճացում, մէկ խօսքով՝ ամբողջական ապականացում, որուն դէմ յանդիման կը կանգնի այսօր Հայաստանեայց Եկեղեցին։
Պէտք է ընդունինք որ եկեղեցիներէն խոյս տուած է քրիստոնէական ոգին եւ կրօնքը տագնապի շրջանէ մը կ’անցնի ամբողջ աշխարհի մէջ, որովհետեւ մարդիկ չեն ուզեր մշակել իրենց հաւատքի կարողութիւնները։ Ամէն ինչ դարձած է մեքենականութիւն, այլ խօսքով՝ մեր արարողութիւնները դարձած են կրօնական շարժապատկերի մը նման տափակ, անհամ եւ անհրապոյր ներկայացում մը, ուր աղօթքները կ’արտասանուին շատ անգամ տգէտ եկեղեցականներու կողմէ, որոնք յաճախ իրենց կարդացածը հասկնալու եւ ապրելու ո՛չ միայն յարմարութիւնը չունին, այլեւ պատրաստութիւնը։ Եթէ մեր եկեղեցիներու նստարանները թափուր են այսօր, որովհետեւ աւանդապաշտութիւնն է մտած մեր եկեղեցիներէն ներս միայն, պարպելով մեզ բոլոր հոգեկան ապրումներէ։ Հոն ուր չկայ շարժում, չկայ նաեւ եղափոխութիւն, յառաջդիմութիւն եւ հետեւաբար կայ միայն քարացած մտայնութիւն, որ 21րդ դարու մարտահրաւէրներուն դիմաց չի կրնար որեւէ լուծում առաջարկել հաւատացեալին եւ դատապարտուած է ամլութեան։
Բարեկարգութեան մասին խօսելէ առաջ, նախ սահմանենք թէ ի՞նչ կը նշանակէ բարեկարգութիւն բառը.- լաւ կարգաւորել, դասաւորել, վերակազմել, կարգ-կանոն մտցնել, կազմակերպել, բարենորոգել։ Թէեւ բարեկարգութիւն բառը (Reform կամ Reformation) կրօնական եւ քաղաքական շարժում կը յիշեցնէ միանգամայն, որուն հետեւանքով Կաթողիկէ (Catholic) եկեղեցւոյ միութեան “անխորտակելի” միութիւնը խախտեցաւ։
Լութերական այս շարժումը անտառային հրդեհի նման տարածուեցաւ հեռանալով եւ դուրս ելլելով իր իսկական նպատակէն եւ դարձաւ հոմանիշ Բողոքականութեան, որ իր այլազան եւ բազմազան ճիւղաւորումներով, Եւրոպայի ու ապա մասնաւորաբար Հիւսիսային Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ, յեղափոխեց քրիստոնէական Ընդհանուր Եկեղեցւոյ աւանդական ըմբռնումը եւ դարձաւ մի կերպ քաղաքական ոյժ, հակազդելու Կաթողիկէ Եկեղեցիին, պայքար մը որ տակաւին կը շարունակուի մեր օրերուն կրօնական եւ քաղաքական ճակատներու վրայ։
Կրնա՞յ ըլլալ որ մեր եկեղեցւոյ մէջ կատարուելիք բարեկարգութիւնը ոեւէ ձեւով կարենայ խախտել նաեւ Հայց. Եկեղեցւոյ դիրքը քրիստոնէական պատմական եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքին մէջ։ Անկասկած ոչ. որովհետեւ մեր եկեղեցւոյ մէջ կատարուելիք բարեկարգութիւնը չի մերժեր եկեղեցւոյ հեղինակութիւնը եւ այդ դերը չի տար անհատին՝ ինչպէս պատահեցաւ Բողոքականութեան պարագային։
Բարեկարգութիւնը այն իմաստով զոր մենք կը հասկնանք Հայց. Եկեղեցիէն ներս՝ կը նշանակէ կենդանութիւն արտայայտող վիճակ մը, զարգացման տեւական ընթացք մը, որ ոչ՛ թէ կ’այլափոխէ, կ’օտարանայ, այլ կը զարգանայ իր հիմնական սկզբունքներուն մէջ եւ այս զարգացման վիճակն է որ կ’արտայայտէ անոր կենդանութիւնը, քայլ պահելով իր ժողովուրդի ամէնօրեայ հոգեմտաւոր կեանքին հետ։
Նկատի ունենալով որ Հայ ժողովուրդի մեծամասնութիւնը ոչինչ կը հասկնայ Եկեղեցւոյ դաւանաբանական խնդիրներէն, հետեւաբար այդքան ալ հետաքրքրուած չէ այդ բաժնի բարեկարգութեամբ։ Զինք հետաքրքրողը աւելի՝ եկեղեցականներու պատրաստութիւնն է, անոնց վարքն ու բարքը, եկեղեցական արարողութեանց տեւողութիւնը եւ ներդաշնակ երգեցողութիւնը, եւ այնպիսի հարցեր որոնք անմիջական կապ ունին իր հոգեմտաւոր աշխարհի հետ ԱՅՍՕՐ։
Հայց. Եկեղեցւոյ բարեկարգութեան խնդրին մէջ կարեւորագոյնն է եկեղեցւոյ պաշտօնէութեան պատրաստութիւնը, որովհետեւ հոգեւոր եւ մտաւոր պատրաստութիւն ունեցող եկեղեցականութիւնն է որ պիտի կարենայ Եկեղեցին պահել եւ ղեկավարել 21րդ դարու բոլոր մարտահրաւէրներու դիմաց։ Մէկ խօսքով, պատրաստուիլ ժամանակի պահանջներուն համաձայն, ինչպէս ըրաւ Կաթողիկէ Եկեղեցին երբ Բողոքականութեան նուաճումներու հետեւանքով կորսնցուցած հաւատացեալները կրցաւ փոխարինել միսիոնարական դաշտերու մէջ ձեռք բերուած յաջողութիւններով: Իսկ այս բոլորը՝ ան կը պարտի պատրաստուած, զինուորեալ Յիսուսեան միաբանութեան, որ տակաւին կը գործէ նոյն աշխուժութեամբ կազմելով Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ ողնասիւնը։
Պատրաստութիւն ըսելով կը հասկնանք ամբողջական պատրաստութիւն. այսինքն բացի աստուածաբանական գիտելիքներէ (Ընդհանուր Եկեղեցւոյ պատմութիւն, Եկեղեցական մատենագիտութիւն, Հայրախօսութիւն, Քահանայագործութիւն, Ծիսակատարութիւն)՝ նաեւ արտաքին գիտութեանց եւ քաղաքագիտութեան հմտութիւն (օրինակ՝ Հոգեբանութիւն, Փիլիսոփայութիւն, Ընկերաբանութիւն, Իրաւաբանութիւն, Ճարտարապետութիւն, Բժշկութիւն, եւայլն), համաձայն ժամանակի պահանջներուն։
Նկատի ունենալով Հայց. Եկեղեցւոյ մերօրեայ աւելի խիստ եւ խրթին պահանջները, անհրաժեշտ է ունենալ եւ շեշտել կարիքը որակեալ պաշտօնէութեան, որոնք կրնան լրացնել եկեղեցականէ մը ակնկալուած բոլոր պայմանները՝ Կոչում, Նկարագիր, Ուսում, Կենցաղավարութիւն։ Այս առաքինութիւններու համադրումն է որ պիտի կարենայ ապահովել Եկեղեցւոյ գոյատեւումն ու բարգաւաճումը նոր լուասաւորութեամբ եւ մեկնաբանութեամբ:
Բայց ո՞վ պիտի կատարէ բարեկարգութիւնը: Անկասկած որ մեր Եկեղեցական-Ազգային Ժողովները, թէեւ՝ անցեալին, միջին դարերուն Գրիգոր Տաթեւացիէն սկսած մինչեւ Գէորգ Ե. Կաթողիկոս Ամենայն Հայոց, որպէս հեղինակաւոր պատրաստուած եկեղեցականներ (կաթողիկոս, եպիսկոպոս եւ վարդապետ) բարեկարգչական ձեռնարկներ կատարած են իրենց անձին հեղինակութեան հմայքով. ինչպէս՝ վարդապետական աստիճաններու ստեղծում, տօնացուցական փոփոխութիւններ, պսակի արգիլուած օրէնքներու փոփոխութիւն եւ այս բոլորը տակաւ առ տակաւ ընդունուած են եւ գործածուած մեր եկեղեցական կեանքին մէջ։ Եթէ ուզենք աւելի խոր կերպով ուսումնասիրել, պիտի տեսնենք որ ժամանակի ընթացքին շատ մը յաւելումներ, յապաղումներ եւ սրբագրութիւններ կատարուած են միայն անհատական նախաձեռնութեամբ եւ ժամանակը վաւերացուցած է զանոնք։
Սակայն այսօր, երբ բոլոր ժամանակներէ աւելի պահանջը կայ բարեկարգութեան, բարեկարգութիւնը պէտք է ըլլայ միայն Ազգային-Եկեղեցական Ժողովներու որոշումով, իրենց ժողովուրդին հոգեմտաւոր ապագայով նախանձախնդիր ու մտահոգ աշխարհականներու եւ հոգեւորականներու մասնակցութեամբ, նուիրապետական բոլոր Աթոռներէն անխտիր։
Ակներեւ է վտանգը այլեւս մեր ազգային-եկեղեցական կեանքին մէջ, որովհետեւ խախտած են հայկական կեանքին մէջ մեր հարիւրամեայ ժողովական կարգերը։ Երբ ասդին եկեղեցական հանրային-հասարակական կեանքն է որ կը քայքայուի, մարդիկ քար անտարբերութեամբ կը դիտեն համազգային նուիրականութիւններու, օրէնքի, կանոնագրութեանց հանդէպ գործուած անպատկառ խախտումներու հետեւանքով յառաջացած անմխիթար դրութիւնը։ Անարդարանալի դասալքութիւնն է որ կը տիրէ ամէն տեղ, առիթ տալով պատեհապաշտներուն որպէսզի կեղեքեն եկեկեղեցին ու ազգը, իրենց անհատական կամ խմբակցական շահերուն համար։
Անկեղծութեան եւ քաջութեան պակասը կայ ամէնուրեք։ Թորգոմ Պատրիարք Գուշակեան հետեւեալ բառերով կը բնորոշէ բարեկարգութեան կարիքը. “նուիրական բայց -չքաշուինք ըսելէ- նոյն ատեն ծանրակշիռ հարց է որ կը դրուի մեր առջեւ. հարկ է անոր մօտենալ երկիւղածութեամբ եւ իմաստութեամբ միանգամայն”։ Պատշաճութեան սկզբունքը պատրուակ ծառայեցնելով, շատեր կոյր կամ խուլ կը ձեւանան եւ ձեռնածալ կը մնան բացայայտ ապօրինութիւններու եւ սահմանազանցումներու նկատմամբ, ուստի եւ իրենց անտարբերութեամբ կը դառնան մեղսակիցներ հանրային վստահութիւնը չարաշահողներուն։ Երբ ժողովուրդի մը կեանքին մէջ օրէնք, հանրային կարծիք եւ հաւաքական հակակշիռ կը պակսին ու մարդիկ ուս թօթուելով կ’անցնին, անկասկած որ կամակոր, կամապաշտ օրինական խախտումներ կը շեշտուին ու կը դառնան հանապազօրեայ հաւաքական կեանքի մէկ այլանդակ ձեւ։ Մեր ժողովուրդի առօրեայ կեանքէն բխող հրատապ հարցերը, ինչպէս նաեւ Եկեղեցւոյ կեանքին ներքին հարցերը, անյապաղ լուծման կը կարօտին։
21րդ դարուն երբ մարդկային իրականութեան մէջ ամէն շարժում լոյսով, գիտութեամբ եւ բարձր իմացականութեամբ կը կատարուի, տգէտներ եւ անուսներ չեն որ պիտի առաջնորդեն Հայց. Եկեղեցին իր ծով կարիքներուն մէջ, այլ բոլոր անոնք՝ որոնք իրենց վանական Ընծայարանի գործնական եւ հովուական աստուածաբանական ուսումներէն ետք, բաց մտքով եւ հոգիով կը յաճախեն բարձրագոյն համալսարաններ, թէկուզ Կաթողիկէ կամ Բողոքական, ինչպէս կատարեցին վերջին հարիւրամեակին՝ Կարապետ Տէր Մկրտչեաններ, Երուանդ Տէր Մինասեաններ, Գէորգ Չէօրէքճեաններ, Գարեգին Յովսէփեաններ, Կոմիտասներ, Պերլինէն մինեւ Հռովմ, Փարիզէն մինչեւ Լոնտոն ու ապա Ամերիկեան համալսարաններու մէջ պատրաստուեցան եւ զինուեցան նոր գիտութեամբ եւ ջատագովներն ու ռահվիրաները դարձան Հայց. Եկեղեցւոյ բարեկարգութեան։
Հայց. Եկեղեցին ԱՅՍՕՐ պէտք ունի վարչական, ծիսական եւ կանոնական բարեկարգութեան, որովհետեւ երբ կրօնի ուսուցումը կը դադրի ու կը կորսնցնէ իր հմայքը, երբ քրիտոնէական բեմը կը դադրի մեր եկեղեցիներուն ամենէն կենսունակ զօրութիւնը ըլլալէ՝ անկարող եւ անպատրաստ քարոզիչներու պատճառով, մենք կը դատապարտուինք ուծացումի։ Հայց. Եկեղեցին տասնութ դարերէ ի վեր հայ ժողովուրդին կեանքն ու ճակատագիրը վարող ոյժը եղած է, որպէս կրօնական եւ ազգային հաստատութիւն. չենք կրնար ձգել զայն պատահականութեան։
Եկեղեցւոյ պաշտօնական նախաձեռնութեամբ, եւ եկեղեցական ու աշխարհական մասնագէտներոու մասնակցութեամբ համազգային ժողովի մը անհրաժեշտութեան կարիքը կը զգանք մեր Եկեղեցին առաջնորդելու դէպի բարեկարգութեան առաջին քայլերը։
Շար. Ա.
Ոսկան Մխիթարեան
Մեկնաբանություններ (7)
Մեկնաբանել