HY RU EN
Asset 3

Բեռնվում է ...

Էջի վերջ Այլ էջեր չկան բեռնելու համար

Որոնման արդյունքում ոչինչ չի գտնվել

Սագօ Արեան

Գիրքերուս մասին

Յետմիջօրէ: Քայլերդ ամուր են… ուսապարկ, փոքր շիշ մը բիւրեղ եւ Մասսիվի անմահական Հայոց ջուրը:

Անմահականը ջուրն է թէ մարդիկը:

Կրնայ պատահիլ որ մարդիկ դաժան կերպով նային անտեղի բարեւտուքիդ, կան դաժան դէմքեր հոս ալ: Վիրաւոր, խորշոմ կապած ճմռթկուած, հինցած արեւէն տաքցած, օգոստոսի արեւէն նեղացած անհանգիստ դէմքեր:

Առաւելապէս այս դէմքերը հետաքրքրական են ու տալիք ունին քեզի: Իւրաքանչիւրի մորթի ծածկոյթին տակ համար երկու բլանին մէջ կայ խայծ մը որ կու գայ նաեւ քու արմատներէդ:

Արմատներու երկիր է այս երկիրը: Ու զարմանալու բան չկայ երբ մարդիկ Պէյրութի կամ Հալէպի կամ Նիկոսիոյ մէջ տուած անտեղի բարեւներդ չհամրեն, չանսան կամ չլսեն:

Եկել ես բարով ես եկել, յետոյ ինչ ու ինչ կարիք կայ բարեւելու այն մարդոց որոնց չես ճանչնար կամ ընդհանուր ծանօթութիւն մը չունիս:

Սոսկական ու անտեղի բարեւին մասին այսքան:

Երեւանը շատ չի սիրեր անտեղի, անյարմար եւ անկիրթ ու սքրթուած բարեւները:

Ինչու պարզ անոր համար որ անիմաստ են ու անտեղի:

.....

Երէկ բանաստեղծ Հուսիկ Արային հետ էի, կը խօսէինք տարբեր թեմաներէ: Սկսած էր ընդհանրապէս չխմել ու ուրախալի է երբ կ'ըսէր «ինչ ա Աստուած ինձ երկիր առաքեց որպէսզի խմեմ:» ինչքան էր փոխակերպուած հարազատ բանաստեղծս, ինչքան էր պայծառացած ու մաքրուած....

Գացինք քիչ մը ման եկանք, սիկարէթ վերցուց խօսեցանք ու պարզեց իր միտքը Երեւանի սրտոտ ժողովուրդին մասին ու ըսաւ՝ «թէ մեր ժողովուրդը սրտոտ ժողովուրդ է, հասնող զգացուող եւ օգնական ժողովուրդ: Եթէ պատահի որ փողոցում ինչ որ մէկը ընկնի ասենք տես ոնց են հաւաքվում նրան օգնելու....»

Երկու տարբեր պատկերներ, երկու անջատ ու հակոտնեայ պատկերներ: Օգոստոսի տապին տակ փայլող երեւանի մէջ:

......

Երեկոյեան Կնոջս հետ, եղանք Շանթ Ղազարեանի հիւրը: Գեղեցիկ էր տեղը, օղին առատ, սեղանը ճոխ: Այս բոլորը ոչ մէկ նշանակութիւն կրնային ունենալ եթէ սեղանակիցդ կամ ան որուն հետ հաց կը կիսես, չունենար հարազատութիւն հաղորդող մարդ: Շանթը, Ղազար հոօրեղբօրս- սիրելի հօրեղբօրս- միջնեկ զաւակն էր: Ան հանդիսացաւ անոնցմէ որ դեռ վաղ 96-ին, իր ազնիւ կնոջը Ալինին հետ հեռաւոր Գանատայէն եկած հասած էր Երեւան, մեղրալուսինը անցնելու նպատակով: Մութի ու ցուրտի տարիներ էին այդ ժամանակ, ու Շանթը մի քանի պատահար պատմեց այդ օրերէն: Թեմաները դարձան բազմակի: Նիւթը ճիւղաւորուեցաւ ու հասանք մինչեւ իր մօրենական կողմի մեծ հօրը՝ Բժիշկ Բարսեղ Գայայեանին: Հոն արդէն ակներեւ կը դառնար, որ Շանթի ու իր եղբայրներուն մօտ գիրքի պաշտամունքը կը հասնէր այդ գլխագիր մարդէն: Գաղտնիք չէր որ մեր տան մէջ ալ գիրքի հանդէպ սէր կամ ակնածանք չկար: Գիրք կարդալու մշակոյթ չունէինք մենք: Տգիտութեան արդիւնք պէտք չէ սեպել այս մէկը, այլ գիրքի հանդէպ սէր ունենալու պակաս որ կու գար գաղթական ըլլալու երեւոյթէն: Կ'ըսեն որ մեր մեծ մայրերը այբուբենը սորվեցուցած են Տէր Զօրի արիւնաթաթախ աւազներուն վրայ: Բայց գիրքի սէրը ուրիշ բան էր: Մեր տանը մենք գիրք չունէինք. Այդքան: Ես միշտ ալ հիացումով կը նայէի Շանթի գիրքերուն, լաւ կը յիշեմ որ առաջին ունեցած գիրքերս եղած են մանաւանդ իր Քեռիին կողմէ ինծի փոխանցուած կամ նուիրուած գիրքերը:

Իսկ հիմա երբ Պէյրութէ Երեւան կը տեղափոխենք մեր իրերը, տան իրերը, ի յայտ կուգայ որ յիսուն արկղէ աւելի գիրք կը տեղափոխենք: Ու այս ղարմաղալին մէջ ի յայտ կու գայ որ հարազատներէս մին պիտի կանգնի մեր տան սեմին ու բացականչէ ՝ Ինչ են աս գիրքերը, ինչ պէտք ունիս ասքան գիրք հաւաքելու ...

Գիրքը պարապ բան է....

Գիտէի որ գիրքը պարապ բան էր , պարոն: Գիտէի որ գիրքը արժէք չունէր իր եւ իր նման խեղճերուն համար: Ու հաւանաբար երբ սա տողերը կը գրեմ, նոյն մերձաւորը պիտի ինք իրեն հարց տար, որ ի՞նչու այդքան արկեղեր Երեւանէն՝ Պէյրութ տեղափոխելու ծանր ու թանկ հաճոյքը յանձն կ'առնէի ես ...

Որովհետեւ՝ գիրքը պարապ բան էր ....:

Գիրքերս հաւանաբար հիմա կը հասնին Փոթի, հոնկէ զով ճանապարհով պիտի հասնին Երեւան ու յետոյ ալ տեղ են գտնելու մեր տան պահարաններուն մէջ: Հերթաբար, հնազանդ աշակերտներու ու պարկեշտ զինուորեալներու պէս:

Գիրքերս կեանքիս կէսն են: Միւս կէսը, մերթ առաջին բլան մագլցող կէսը, չուրացուող, չմոռցուող, ապրեցնող կէսը:

Գիրքերս եսս են:

Հոն սփիւռքի, զիս գոյացնող սփիւռքին ամբողջ համեմունքները կան: Հայր եւ Որդի Օշականներ, սփիւռքի բանաստեղծութեան սուրբ հոգին կայ՝ Նիկողոս Սարաֆեանը, կայ Պըլտեանը իր բարձրուղէշ բառով, կայ բանաստեղծութեան մեծագոյն արկածախնդիրը՝ Կարիկ Պասմաճեանը, կայ անոր աքսորը՝ Աբրահամ Ալիքեանը եւ կան նոր օրերու բոլոր հին ու նոր Բանաստեղծներու ոգին: Շաղախուած են գիրքերս, մտած են երակներուս մէջ, ու անոնց հոտի կարօտը հիմա կը ճմլէ հոգիս:

Գիրքերուս հոտը, անոնց բոյրը, ամբողջ աշխարհիս աւիշն են:

Այդ պարապ բան եղած, պարապ բան կոչուած սիրելի գիրքերս: Հայերէն գիրքերս:

Առանց հացի ապրելու մասին չեն մտածած իմ նախնիներս, սիրած ու գովաբանած են հացը, օրհնած են հացը, Տէրունի հացը: Այդպէս էր որ Պոլսոյ արդի բանաստեղծութեան ռահվիրան ՝ Կարպիս Ճանճիկեանը պիտի գովաբանէր նոյն այդ հացը:

Առանց հացի կեանքը սեւ է: Առանց գիրքի հոգին դատարկ ու մութ սենեակ է միայն:

Գիրքը պիտի հակինթներ շարէ բոլոր ճանապարհներուդ վրայ, ու ինչքան ժամանակները դառնան դժուար ու անպիտան, դուն ու քեզի պէս մտածողները գիրքի պաշտամունքը պիտի վերածէք առօրեայ աղօթքի:

.....

Կինս Պէյրութ, խնդրած էր որ հին թերթերու թէզերը այնտեղ ձգեմ: Այդպէս ալ ըրի: Չնեղացայ: Այդ դեղնած թերթերուն մէջ ալ կար ամբողջ կեանք մը: Գրական երազներս, մաքառումներ ու անուններ, յիշատակներ ու ցոլքեր՝ գիրի մաքուր ցոլքեր:

Թերթերու տրցակները մնացին Պէյրութ:

Դատարկուած տունիս մէջ, հոգիէ զրկուած տունիս մէջ, անոնց պատկերները հաւանաբար ոտքի կ՝ելլեն ու Վահէ Վահեանի կամ Գրիգոր Շահինեանի խմբագրած թերթերուն «հերոսները» Հայերէն պիտի խօսէին, հայերէնի ու արդէն Գորիսեան բարբարին վարժ դարձած՝ Ասիաին հետ:

Խեղճ խափշիկ, Սփիւռքի բանաստեղծութեան ողջ բեռը դրի ուսերուդ երբ գիրքերս, հատիկ հատիկ կարգի բերիր սրճագոյն ու սպիտակ արկղերուն մէջ:

Ինչ իմանայիր որ Վահէ Օշականի՝ «Թակարդին Շուրջ»ով կամ Արտեմ Յարութիւնեանի «Նամակ Նոյին» քեզմէ հեռու ճամբորդած հատորներու ոգիով պիտի լիանար քու մնացեալ օրերուդ ռիթմն ու իմաստը:

Այսքանը կաթիլ մըն էր միայն, այն գիրքերուս մասին որոնց գալուստին կը սպասեմ ու անհամբեր եմ:

Այն գիրքերուս՝ պարապ-պարապ գիրքերուս:

Մեկնաբանել

Լատինատառ հայերենով գրված մեկնաբանությունները չեն հրապարակվի խմբագրության կողմից։
Եթե գտել եք վրիպակ, ապա այն կարող եք ուղարկել մեզ՝ ընտրելով վրիպակը և սեղմելով CTRL+Enter