Սուրիան ու Սուրիահայութիւնը
Սուրիան՝ քաղաքակրթութիւններու օրրանը, մարդկային պատմութեան մեծ թատերաբեմը, բոլոր մեծութիւններու երկրորդ հայրենիքը (ինչպէս կ՝ըսէր Ֆրանսացի հնագէտ Անտրէ Փառօն) տակաւին արիւն կուլայ ու աշխարհը տարուած ու մտահոգ կը թուի ըլլալ անոր ապագայով....
2012 թուական՝ քաղաքակրթական երկար ճամբայ անցած երկիր մոլորակը իր անվերջ փորձերը չաւարտեց տակաւին՝ վերջնականապէս աշխարհը խաղաղակ անի ու լուսաւորի վերածելու: Նոյն այդ փորձերու գնահատանքը կամ ալ այդ փորձերու ձախողման պատճառներու քննութիւնը (հակադիր դիրքերով առծարծ պահելով պատերազմներն ու արիւնահոսութիւնը..) շատ երկար նիւթ է ու մեզ այստեղ կը մնայ միայն կարճ ու յաճախ հեգնանք պարունակող նախադասութիւնը կրկնենք մէկընդմիշտ՝ ԱՇԽԱՐՀԻՆ ՅԱՒԻՏԵԱՆ ԽԱՂԱՂՈՒԹԻՒՆ Է ՀԱՐԿԱՒՈՐ: Սիրիա՛, Սուրիա ինչքան ալ տարբեր ըլլան անունները, դատերն ու ուղղութիւնները. մէկ է, շրջանի հիմնաքարը այս երկիրն է ու բոլոր ծրագիրները ազնիւ ըլլան անոնք կամ ոչ. կը հանդիպին իր սահմաններուն քով, իսկ Սուրիայի սահմանները աշխարհագրական չեն:
Հայութիւնը հազարաւոր տարիներէ ի վեր գտնուած է Սուրիայի մէջ ու իր մշակոյթն ու կեանքը խառնած է այդ հողին ու հիմա ճիշդ այս օրերուն մարդիկ հարցեր կուտան՝ ինչ՞ է սուրիահայութեան կեցուածքը, ուր՞ է սուրիահայութեան ապագան...հարցեր, որոնք շահարկումի կամ ալ անկեղծ մտահոգութեան առարկայ կրնան դառնալ ու յաճախ զանազան կողմեր պաշտօնական կամ ոչ, կեցուածքներ կամ քաղաքականութիւններ կուզեն ձեւակերպել այդ հարցերուն շուրջ, տարբեր միջոցներով ու տարբեր շահերէ մեկնած:
Այստեղ Պարզ ու մէկին (առանց ներկայացնելու ոչ մէկ կողմ ու յարգելով հայկական պաշտօնական բոլոր կեցուածքները) կուգամ յայտնելու որ սուրիահայերը, իրենց պատմական ու ազգային առաքելութեամբ ամենաշատ կանգնողներն են արդարութեան կողքին: Արդարութիւն բառը կրնայ զաւեշտական հնչել մեր աշխարհին մէջ, բայց հոս առանց չարչրկելու արդարութիւնը, որեւէ կողմէ աւելի կամ պակաս թող թոյլ տրուի ըսելու որ Սուրիահայերը իրենց օրինակելի քաղաքացիական վարքով, իրենց մշտական ներդրումով տնտեսութեան ու մշակոյթին մէջ եւ իրենց նախանձրախնդրութեամբ հաւաքական շահերու հետապնդման գործով` արդարութեան ջահակիրներն են…ու այդ չի կրնար պայմանական համարուիլ որեւէ հանգամանքով:
Ցեղասպանութեան բոհով անցնած ու հայ դատի բարոյական ու մարդկային բացարձակ իրաւացիութիւնը վառ պահած՝ սուրիահայութիւնը պատմական ու քաղաքացիական արժէք կը ներկայացնէ: Սուրիական հայրենիքի խաղաղութեան ու զարգացման համար անոր բարձրագոյն կեցուածքները կը մնան լուսաւոր իսկ Սուրիայի միասնութեան ու անոր ժողովուրդի բարօրութեան համար պայքարը հայ դատի ալ ուղեցոյցով նոյն պայքարն է ընդէմ բոլոր անարդարութիւններուն ինչպէս՝ Պաղեստինի անկախութեան համար մղուած պայքարը ...
Սուրիահայերուն կեցուածքն ու խնդրանքը տեւական արդարութիւնն է ...
Տիգրան Գաբոյեան
Տեսանյութեր
Լուսանկարներ
Մեկնաբանել