Ձուկ, ձկնորս, քրէականացում. նօթեր Սեւանայ լիճէն (մաս առաջին)
Արեւ Փափազեան
I. «Ձկնագող»երու հետ
Յունուարի սկիզբն է, 2023: Արդէն երրորդ տարին, որ Դեկտեմբեր-Յունուար ամսիներուն կառավարութիւնը կը խստացնէ Սեւանէն սիկի որսի հսկողութիւնը։ Արգելքի այս ժամանակաշրջանին յատկապէս, թափ կ'առնէ հանրային խօսոյթ մը, որ ուղղակի կամ անուղղակիօրէն Սեւանի ձկնորսները կը պիտակաւորէ որպէս գողեր, մաֆիոզներ, կռուարարներ: Կ'այցելեմ ձկնորսութեամբ ապրող բազմանդամ ընտանիքի մը, միայն 2-3 օր յետոյ այն լուրէն, թէ Նորատուսցի ձկնորսներ մօտեցեր են «Սեւան Ազգային Պարկ»ի (ՍԱՊ) հսկողութեան նաւուն, անոնցմէ երկուքը բարձրացեր նաւուն վրայ եւ ընդհարեր են հսկողութիւն կատարող պաշտօնեաներու հետ:[1] Ընտանիքը նստած կ'ընթրէ՝ նոյն ձուկը եւ նոյն գետնախնձորը, ինչպէս գրեթէ ամէն նախորդող եւ յաջորդող այցերուս. նոյն աժան սնունդը: Խոհանոցը մեծ է, տունը՝ նորոգուած «խոպանճիի փողով», այն օրերուն երբ տան տղամարդիկը շինարարական աշխատանքով կրցած էին Ռուսաստանէն դրամ ղրկել: Բայց երկար չէին դիմացած օտարութեան, տունէն եւ ընտանիքէն հեռու ապրելուն. վերադարձած էին հայրենի գիւղ՝ Նորատուս: Յետոյ 2018ի փոփոխութիւններէն յոյս առած, աւելի՛ խանդավառուած էին մնալու ու աշխատելու իրենց գիւղին մէջ, եւ ինչպէս Նորատուսցի աշխատող տղամարդոցմէ մեծ մաս մը՝ անցած էին ձկնորսութեան:
Նորատուսցիի անհամեմատ հիւրասիրութեամբ, ամէն անգամուան պէս կը հրաւիրեն զիս ընթրիքի սեղան, առատօրէն լեցնելով պնակս: Խոհանոցը լաւ պաղ է: Այդ խոր ձմրան, Գեղարքունիքի 1900 մեթր բարձրութեան վրայ, լայն սենեակի ջեռուցման միակ միջոցը օճախի մէկ աչքը վառած պահելն է: Առաջին անգամը չէ, եւ առաջին ձկնորսները չեն, որ կը խօսին գործի դժուարութենէն, ահաւոր ցուրտ եւ ալեկոծ Սեւանի վրայ նաւարկելու եւ ժամեր անցընելու վտանգէն, սիկի աժանութենէն, կեանքի սղութենէն, չորս սերունդէ բաղկացած բազմանդամ ընտանիքին հոգերուն հասնելէն՝ մեծերուն դեղերը, փոքրերուն ուսումը, գիներու աճը, պարտքերու տակ խեղդուելու ճնշումը... Կը բացատրեն ու կը կրկնեն՝ ժամանակին ուսումը ձրի էր, առողջապահութիւնը ձրի էր, գիւղը՝ լեցուն գործարաններով, գործերը՝ կայուն... հիմա ամէն ինչին համար պիտի վճարես, այդ ալ հազիւ ճարուող եկամուտով...
Այս երեկոյ, շատ վրդովուած են: «Տօնական օրերը ինչպէ՞ս անցուցիք» հարցումս աւելի՛ կը գրգռէ, ու կը սկսին պատմել: «Ի՞նչ տօնական օր, դժո՛խք բերին մեր գլխուն. հսկողութեան նաւը ամսուն 31ին ծով հանեցին»:[2] Երկու-երեք օր առաջ նոյնպէս, Յունուարի առաջին օրերուն, այդ ծեծկռտուքի օրը, ջուրի վրայ էին ընտանիքէն երեք անդամով, իրենց ձկնորսական նաւակով: «Ազգային Պարկ»ի հսկողական ջոկատի պաշտօնեաները փորձած էին իրենց դրացիներուն ձկնորսական ցանցերը ջուրէն դուրս հանել:[3] Որպէս դիմադրութիւն, խումբ մը ձկնորսներ իրենց նաւակներով մօտեցած էին հսկողական նաւուն: Այդ բախումն է, որ աւարտած էր ծեծկռտուքով: Իսկ 31ին, երբ հսկողական նաւուն վրայէն պաշտօնեաներէն մէկը կանչած էր՝ «գացէ՛ք տուն, հանգիստ Նոր Տարի անցուցէք», պատմող ձկնորսը պատասխանած էր՝ «Նոր Տարին միայն ձեզի կ'այցելէ. մեզի չ'այցելեր»:
Ու դառնութեամբ եւ տխրութեամբ շարունակեցին պատմել ու խօսիլ: Ծանր էր խօսքերնին ու յուսահատ: Ուրիշին հաշուոյն հարստանալ ձգտող մարդու խօսք չէր: Ահռելի յոգնած մարդու, պատերազմին ընտանիքի անդամ կորսնցուցածի, անկայուն եւ ջնջին եկամուտով ապրողի, պետական հոգատարութենէ եւ ծառայութիւններէ զուրկ հասարակութեան մը անդամի, եւ օտարութիւն համտեսած հայրենադարձի մտահոգութիւններով, վախերով եւ անիրաւուած ըլլալու զգացումներով լեցուն մարդու խօսք էր:
«Թող գա՛ն, նենց ոնց հաշուում են՝ ով ինչքան ձուկ ա բռնել, հաշուեն, թէ ով ինչքան պարտք ունի: Մեր հաշիւներն էլ տանք ձեռները, թող է՛դ էլ հաշուեն:»
II. Ուրիշ ակնոցով
2024-2025ի Սևանայ լիճի մէջ սիկի որսի ուժեղցուած արգելքը աւարտեցաւ 20 Յունուարին: Աւելի քան երկու ամիս, Նոյեմբեր 2024ի կէսէն սկսեալ, մամուլին մէջ կարդացինք Շրջակայ Միջավայրի Նախարարութեան (ՇՄՆ), ՀՀ Ոստիկանութեան եւ այլ ներգրաւուած մարմիններու աշխատանքներուն մասին՝ սիկի ապօրինի որսի կանխում, խախտումներու բացայայտում, եւայլն: Եօթը պետական մարմնի աշխատանքներու համատեղում, անցարգելներ, տուգանքի սահմանումներ, ոստիկանական շրջայցեր եւ հերթապահութիւն լճի ափի երկայնքին ու հանրապետութեան տարբեր շուկաներու մէջ, ունեցուածքի առգրաւում, քրէական օրէնքի հղումներ...[4]
Նպատա՞կը: Ըստ ՇՄՆ-ի՝
«Քաղաքացիները, ձկնորսութեամբ զբաղող մեր հայրենակիցները պէտք է յստակ գիտակցեն, որ նման միջոցառումներն ունեն մէկ նպատակ՝ ձկնապաշարների վերականգնման միջոցով վերականգնել Սևանայ լճի էքոհամակարգը, որը բխում է ՀՀ իւրաքանչիւր քաղաքացու շահերից»:[5] [շեշտադրումը՝ իմս]
Իսկ պաշտօնական դիրքորոշման տրամաբանական հիմքը կը ցոլանայ վարչապետին հետեւեալ խօսքին մէջ, ով անցեալ տարուան Փետրուարին, կառավարութեան հերթական նիստին ժամանակ անդրադառնալով տեղի ունեցած ծեծկռտուքին, ըսաւ՝
«Առաջին անգամ է երֆոր մենք սիկի հետ յարաբերուում ենք որպէս պետութիւն: Եւ սա նոյնպէս շատ կարեւոր արձանագրում է: Դա ազգային հարստութիւն է, պետական հարստութիւն է, բայց մեծ հաշուով Սեւանում ձկնապաշարի նորմալ վերարտադրութեան եւ բազմացման առաջին շահառուները հենց Սեւանի աւազանում ապրող մեր այն հայրենակիցներն էին ովքեր փորձում էին ընդդիմանալ կամ բողոքում էին այդ սահմանափակումների կապակցութեամբ: Այսինքն սա առաջին հերթին նրանց համար է արվում որպէսզի նրանք իրենց աշխատանքը երկար ժամանակ բնականոն պայմաններում կարողանան իրականացնել»:[6] [շեշտադրումը՝ իմս]
Այս խօսքը իր մէջ կ'ամփոփէ մի քանի կարեւոր նախադրեալ: Նախ՝ կը հաստատէ պետութեան ներգրաւումը բնութեան օգտագործման կարգաւորման գործընթացին եւ անոր մէկ մասնիկով (սիկով) ապրող մարդոց, տեղացի բնակչութեան, կեանքերը եւ ապագան կառավարելուն մէջ: Աւելին, որոշ տեղի մը կապուած (Սևանայ լճի յատուկ) բնութեան մասնիկը կը ներկայացնէ որպէս ազգային-պետական: Վերջապէս, ներկայի բախումը կը «լուծէ» ապագայի հաշուոյն կատարուած «հոգատար», բայց թէական խոստումով:
Այս տրամաբանութիւնը առաջին անգամը չէր, որ կը բարձրաձայնուէր, եւ վարչապետը միակը չէ, որ կը պաշտպանէ այս տեսակէտը: Ըլլա՛յ պետական պաշտօնական, թէ՝ գիտական-բնապահպանական ոլորտներու խօսոյթին մէջ, իշխող տեղ կը գրաւեն այս համոզմունքները: Թէ ի՛նչ կ'ենթադրեն անոնք եւ ի՛նչ հետեւանք կ'ունենան, կը քննարկենք աւելի ուշ: Կարեւոր է ընդգծել սակայն, որ բոլոր պետական պաշտօնեաները չէ, որ կը բաժնեն այս դիրքորոշումը եւ այս յօդուածի շարունակութեան մէջ ներկայացուած մօտեցումները: Այս քննարկման մէջ խօսքը պաշտօնական պետութեան մասին է, այսինքն պետութեան այն երեսին, որ կ'երեւի հանրային խօսքերուն մէջ եւ կը ստեղծէ տիրապետող պատկերը պետութեան:
Վերադառնանք 2024-2025ի սիկի որսի ուժեղցուած արգելքին եւ անոր մասին զեկոյցներուն: Ուժերու, օրէնքի, քարոզչական մեքենայի եւ մեղադրական լեզուի զօրաշարժը, նման նախորդ տարիներուն, կը ստեղծեն տպաւորութիւն, որ ոճրագործներ բռնելու համար է նախաձեռնութիւնը, երկիրը կողոպտող, ուրիշին ունեցուածքը, արդար հացը հափշտակողներու մասին է խօսքը:
![]() |
![]() |
ՀՀ Ոստիկանութեան «Youtube»ի պաշտօնական էջէն տեսերիզներ[7]
Բնականաբար նաեւ կացութիւնը ճիշդ ձեւով ըմբռնելու չեն օգներ նախորդիւ նշուած դէպքերը, երբ ձկնորսներ ծեծած են պարեկ կամ Ոստիկանութեան աշխատողներ` ի պատասխան անոնց նաւակ կամ ցանց հեռացնելուն: Հանրային խօսոյթին մէջ Սեւանի ձկնորսը դարձած է կռուարար ու գող: Ի՞նչ կը տեսնենք եթէ փոխենք ակնոցները:
Այս յօդուածով կը միտիմ որոշ տուեալներ փոխանցել, որոնք կ'օգնեն պիտակաւորումները դնելու մէկ կողմ եւ լուսարձակի տակ կ'առնեն պայմանները ու տեսակէտը հակառակ կողմին՝ «ձկնագող»ին, «մաֆիոզ»ին, «կռուարար»ին:
Յաջորդող մտքերը հիմնուած են դոկտորական աւարտաճառիս համար կատարած հետազօտութեանս վրայ:[8] Այս նպատակով, 2021ի ամառուընէ մինչեւ 2023ի Յունուար, մօտաւորապէս 15 ամիս ապրած եմ Հայաստան, որմէ մօտաւորապէս 10 ամիսը՝ Սևան քաղաքի եւ Նորատուս գիւղի մէջ, տեղացի հիւրընկալ ընտանիքներու հետ: Այս երկարաժամկէտ դաշտային հետազօտութեան հանգրուանէն բացի, պարբերաբար դարձեալ այցելած եմ Հայաստան եւ քանի մը շաբաթ-ամիս անցուցած թէ՛ Երեւանի, թէ՛ Սևանի եւ Նորատուսի մէջ՝ 2023ի ամրան եւ 2024ի ամրան, հետեւելու համար Սևանի պահպանութեան եւ ձկնորսութեան կարգաւորման կապուած զարգացումներուն, հոլովուող կարծիքներուն եւ ազդուած ընտանիքներու կեանքի փոփոխութիւններուն: Այս ընթացքին կատարած եմ բազմաթիւ հարցազրոյցներ, ունեցած եմ ոչ-պաշտօնական բնական ձեւով զարգացող զրոյցներ, ականատես եղած եմ Գեղարքունիքի բնակիչներու առօրեայ կեանքին, հոգերուն եւ ուրախութիւններուն, մասնակցած եմ կամ դիտած եմ ձկնորսութեան եւ բնութեան պահպանման կապուած տարբեր աշխատանքներ(ու)՝ ձկնորսներու հետ ձկնորսութեան մասնակցիլ, ձկնորսական ցանց հիւսել, ձուկ լուալ եւ ապխտել, ձուկ վաճառել, ՍԱՊ-ի արագ արձագանգման ջոկատին հետ հսկողական շրջայցեր, նոյն ջոկատի, Բնութեան եւ Ընթերքի Տեսչական Մարմնի (ԲԸՏՄ) եւ Գեղարքունիքի Ոստիկանութեան հետ ուժեղցուած արգելքի ժամանակ անցարգելներու վրայ հսկողութիւն, ձկնորսութեան օրինական եղանակի ժամանակ ձկնորսներու արձանագրութիւն ՍԱՊ-ի գրասենեակը, եւայլն: Հետեւաբար, հանդիպած ու զրուցած եմ բազմաթիւ անհատներու եւ ներգրաւուած խմբաւորումներու հետ, թէ՛ ձկնորսական համայնքէն, թէ՛ բնապահպանութեան եւ գիտութեան ոլորտներէն, եւ թէ՛ պետական համակարգի տարբեր բաժանմունքներէ ու մակարդակներէ: Բացի դաշտային հետազօտութենէն նաեւ կատարած եմ մամուլի, պետական օրէնքներու եւ տաբեր ելոյթներու վերլուծութիւն, Սովետական թերթերու արխիւային ուսումնասիրութիւն, եւ բերանացի պատմութեան հաւաքագրում:
Այս բոլորէն է, որ կը բխին այս յօդուածին մէջ տեղ գտնող մտքերը: Թէև շատ մեծ է ծաւալը նիւթերուն որոնց մասին կարելի է զեկուցել եւ հանրայնօրէն քննարկել, այս յօդուածը կը կեդրոնանայ միայն սիկի որսի ուժեղցուած արգելքի ոստիկանական մօտեցման եւ ձկնորսական համայնքներուն եւ աշխատաւոր դասակարգին վրայ անոր ազդեցութեան վրայ։[9]
Յօդուածի հիմնական պնդումը այն է, որ սիկի որսի հանդէպ սաստկացող հսկողութիւնը եւ պետութեան ու օրէնքի հարկադրական թեւերու օգտագործումը կը հարուածեն խոցելի դասակարգը, յատկապէս աղքատ աշխատաւորը: Սեւանայ լճի եւ յատկապէս սիկի որսի շուրջ ծաւալուող բախումը դասակարգային բնոյթի է, զայն կարելի չէ լուծել ոստիկանութեամբ ու առանց ներառելու ընկերային-տնտեսական խնդիրներու լուծում: Բնութիւնը իր մէջ կը ներառէ նաեւ մարդիկը, անոնք ապրող էակներ են այնպէս ինչպէս ձուկը, եւ որեւէ էակի նման անոնք կը սնանին բնութենէն, կ'ապրին անոր մէջ, կ'ազդեն անոր միւս մասնիկներուն վրայ ու կ'ազդուին անոնցմէ: Հետեւաբար, բնապահպանութիւնը պատասխանատու է նաեւ մարդոց նկատմամբ, յատկապէս ա՛յն մարդոց, որոնք ուղիղ կապն են տուեալ «պահպանուող» բնութեան հետ:
III. Պետութեան հետզհետէ աճող ներկայութիւնը Սեւանի ձկնորսական համայնքներէն ներս
2020էն սկսեալ ՀՀ պետութիւնը նոր թափով եւ շունչով մտաւ Սեւանի ձկնորսական կեանքի ու տնտեսութեան տարածք եւ ծանրացուց իր շուքը Գեղարքունիքի ձկնորսական համայնքներէն ներս: Տեղական կեանքին մէջ յարաբերաբար աւելի ուժեղ միջամտութեան միջոցները օրէնքն էին եւ հետզհետէ աճող ու ընդլայնուող պետական մարմինները, որոնք սկսան ուղղակի հսկողութիւն կիրառել Սեւանի ձկնորսական ոլորտին մէջ: Թէեւ նոր օրէնքը կը վերաբերէր որսի օրինականացման ու կարգաւորման, ան միաժամանակ խթան էր խստացնելու որսի արգելքը:[10] Ձկնորսութեան կարգաւորման օրէնքի մուտքագրումով, կառավարութիւնը ճամբայ բացաւ, որ իր կեդրոնացեալ ու հարկադրիչ ուժերը մտնեն ձկնորսական տնտեսութեան դաշտ եւ զգալիօրէն աւելի մեծ ներկայութիւն ըլլան Գեղարքունիքի մէջ:
Արդիւնաբերական ձկնորսութեան կարգաւորման օրէնքի որդեգրման զուգահեռ էր, որ կազմուեցաւ ՍԱՊ-ի արագ արձագանգման ջոկատը: Իր թիւով եւ իր գործունէութեան ուղեկցող քարոզչութեամբ արդէն իսկ այս մարմինը մէկ քայլ անդին էր մինչեւ այդ գործող ՍԱՊ-ի տեսուչներու դրութենէն՝ աւելի՛ երեւելի էր լճի շրջակայքը իր կատարած 24 ժամեայ շրջայցերով, եւ սիկի ձուադրման եղանակին, գործակցելով ԲԸՏՄ-ի եւ Ոստիկանութեան հետ՝ աւելի վճռակամ:
2023ի աւարտին եւ 2024ի սկիզբը, կառավարական նոր որոշումներ եւ նոր ջոկատներու հիմնումներ դարձեալ փոփոխութեան ենթարկեցին Գեղարքունիքի մէջ պետական հսկողութեան ձեւը եւ մակարդակը, ու ա՛լ աւելի ներկայ դարձուցին պետութեան շուքը մարզի ձկնորսական համայնքներէն ներս: Հիմնուեցան երկու նոր բաժանմունքներ որոնք թէեւ համապետական են, բայց ուղղակիօրէն եւ ուժեղ ազդեցութիւն ունին Գեղարքունիքի վրայ Սեւանայ լճի հսկողութեան ընդմէջէն: Մէկը՝ Էկոպարեկն է, որուն տակ անցաւ ՍԱՊ-ի արագ արձագանգման ջոկատը. միւսը՝ Ոստիկանութեան ջրային պարեկը, որ ըլլալով ջրայի՛ն, կը գործէ յատկապէս Սեանայ լճի վրայ:[11] Այս փոփոխութիւններով՝ ա) աշխատանքէ արձակուեցան ՍԱՊ-ի տեսուչները եւ վերացաւ ուղղակիօրէն ՍԱՊ-ի ենթակայ մասնաճիւղերու դրութեամբ աշխատող հսկողութիւնը. բ) զգալիօրէն աճեցաւ ներկայութիւնը հսկողական ուժերու Սեւանայ լճի վրայ եւ շուրջ, թէ՛ թիւով, թէ՛ ժամանակի առումով. գ) բարձրացաւ հսկողութեան արդիւնաւէտութիւնը շնորհիւ նոր փոխադրամիջոցներուն (օրինակ՝ շարժիչանաւակներ), ափին դրուած կեդրոններուն, մինչեւ իսկ զէնք կրելուն: Թէ՛ տեսուչներու դրութեան քանդումը՝ բաղկացած տեղացիներէ – ձկնորսնական նոյն համայնքներու բնակիչներ, թէ՛ ընդլայնուած հսկողական կեդրոնացեալ ուժերու ներկայութիւնը եւ նոր գործիքներն ու միջոցները, կը սաստկացնեն ոստիկանական մօտեցումը Սեւանի ձկնորսութեան եւ ձկնորսական համայնքներուն նկատմամբ, որովհետեւ տեղացիին ցաւը բաժնող պաշտօնեան կը մղեն դուրս, ու կը ներմուծեն աւելի կտրուկ ու կոպիտ մօտեցում։
Շատերու աչքին այս փոփոխութիւնները դրական կրնան թուիլ՝ «Կառավարութիւնը վերջապէս լրջօրէն կը մօտենայ բնապահպանութեան խնդրին»: Այդ չէ պարագան: Յօդուածի շարունակութիւնը կը միտի մանրամասնել թէ ինչու: Բայց նախքան այդ, քանի մը բառ այս հսկողական խումբերու գործունէութեան ընկերակցող խօսոյթին մասին, որ կը վերարտադրէ կարծրատիպեր:
IV. Ձկնորսներու քրէականացում. ոստիկանութիւնը, մամուլը ու կարծրատիպերու վերարտադրութիւնը
Ոստիկանական գործողութիւններու զեկոյցներուն կ'ընկերակցին ծանուցումներ եւ տեսահոլովակներ, որոնք կը ներկայացնեն միայն պետական պաշտօնական դիրքորոշումը եւ կը վերարտարդրեն պատկերը հերոս պետական պաշտօնեայի ու մեղադրելի ձկնորսի: Աւելի՛ն, անոնք կը վերարտադրեն կարծրատիպեր, որոնք կ'արդարացնեն ձկնորսներու քրէականացումը եւ անոնց հանդէպ ուժի կիրառումը:[12] Բացի անկէ, որ ոստիկանական մօտեցումը եւ պատկերները ինքնի՛ն թափ կու տան մեղադրական բնութագրումերու, նաեւ օգտագործուած լեզուն ու նոյնիսկ չըսուածները կ'ամրապնդեն ատիկա: Երբ որ լրատուակայանները կամ պետական զեկուցումները չե՛ն ներկայացներ ձկնորսական համայնքի կեանքի պայմանները (իրականութիւնը ձկնորսներուն տուներէն ներս, անոնց հոգերն ու դժուարութիւնները…), կը ստեղծեն մասնակի պատկեր: Իսկ ոճրագործական ոլորտի կապուած բառամթերքի օգտագործումը, ա՛լ աւելի կը սրէ անարդար ներկայացումը ու ջուր կը լեցնէ կարծրատիպերու աւազանին:
Առաջին Լրատուակայանի 18 Նոյեմբեր 2024ի Լուրերու հաղորդումին մէջ, ձկնորսները նկարագրուած էին այնպէս, որ կարծես մաֆիոզական ցանցի մէջ են կամ այդ մշակոյթը կրող՝ «Հենց այդ ժամանակ էր որ անցած տարի Նորատուսում մաֆիոզ ծովամարտ, ու ծեծ ու ջարդ հրահրուեց»:[13] Մաֆիոզ բառի օգտագործումը մէկ խնդիր, կրաւորական եղանակը ուրիշ խնդիր: Ո՞վ հրահրեց: Մա՞րդ կայ ձկնորսներուն ետեւ. եթէ կայ, ո՞վ են. ինչո՞ւ չի խօսուիր անոնց մասին կամ ինչո՞ւ չեն հետապնդուիր անոնք:
Այլ օրինակ. «12,844,540 դրամ՝ [շրջակայ միջավայրին] պատճառուած վնասի չափ» - կ'ամփոփէ ԲԸՏՄ-ի եզրափակիչ զեկոյցը:[14] Ինչպէ՞ս պատճառուած է վնասը, ո՞վ կ'որոշէ այդ վնասին արժէքը դրամով. իսկ ինչքա՞ն է Սեւանէն ջուր արտաթափելուն պատճառած վնասը, հաշուող կա՞յ. ինչո՞ւ որսի պատճառած վնասը քանակականօրէն կ'արձանագրուի, բայց մասսայական մաշտաբով աշխատաւոր ժողովուրդին պատճառուած վնասը զայն շահագործողներու կողմէ՝ չ'արձանագրուիր:
Կրաւորական ու վերացական այս լեզուն, համեմուած քրէական ոլորտի բառամթերքով (մաֆիոզ, ձկնագողութիւն, վնաս, վարչական ու քրէական վարոյթ, յայտնաբերում ու առգրաւում...) կը խեղադիւրէ իրականութիւնը, հասարակութիւնը կը լարէ ձկնորսներուն դէմ, եւ ուշադրութիւնը շեղելով դէպի այս թեմաները՝ կ'անտեսէ աւելի խորքային հարցեր, ըլլան անոնք կապուած ոչ-մարդկային բնութեան կամ մարդոց:
V. Աշխատանքային ծանր պայմաններ եւ շահագործում Սեւանի ձկնորսութեան տնտեսութեան մէջ
Քրէականութիւնը միակ կարծրատիպը չէ Սեանի ձկնորսական համայնքներուն կպած: Տարածուած է այն առասպելը, որ Սեւանի ձկնորսը հարուստ է, որ կարելի է ձկնորսութեամբ հարստանալ, որ Նորատուսցին երկյարկանի (հարուստ) տան մէջ կ'ապրի եւ «եաշիկ» մեքենայ կը քշէ: Եկէ՛ք մէկ անգամ ընդմիշտ կոտրենք այդ առասպելը:
Ինչպէս ձկնորսներ եւ իրենց համագիւղացիներ յաճախ կ'անդրադառնան՝ «էդի Սովետի վախտ էր», «հա մէկ-երկու հոգի կարող ա շատ ներդրում անի, շատ ցանց ունենայ, լաւ վաճառի, մի քիչ հարստանայ. բայց չեն կարայ սաղ դենց անեն. ձկնորսը ընդհանրապէս աղքատ ա»: Իսկ եղած երկյարկանի տուներն ալ կա՛մ արդիւնք են արտերկրէն եկած եկամուտի, թերեւս պարտքով կառուցուած, կամ ժառանգուած են, կամ պարզապէս չե՛ն պատկանիր ձկնորսի: Գեղարքունիք անցուցած ժամանակիս ընթացքին չեմ հանդիպած ոեւէ ձկնորսի, որ թանկարժէք ինքնաշարժ ունի կամ, որ տունը նորոգած է ձկնորսութենէն բխած դրամով: Ընդհակառակը՝ մեծամասնութիւնը պարտքերու տակ է եւ խնայողութեամբ կ'ապրի: Խօսքը ձկնորսին մասին է եւ ամենափոքր մակարդակի ձկնավաճառին, ոչ շղթային աւելի բարձր օղակներուն պատկանող մեծ վաճառականներուն կամ արտահանողներուն:[15] Շարունակելու համար աղքատութեան թեման, նախ հասկնանք թէ ինչպէս կ'աշխատի Սևանի ձկնորսութիւնը, ով են այդ տնտեսութեան աշխատողները, ինչքան կը շահին, ինչու ընտրած են այդ աշխատանքը, եւայլն:
Սեւանի ձկնորսութեան մասին գրութիւններ եւ պատմութիւններ կան ցարական ժամանակներէն սկսած, փաստագրութիւն եւ յիշողութիւն՝ Սովետական ժամանակներու մեծ ծաւալներով արդիւնաբերական ձկնորսութեան մասին, եւ տակաւին բաւական թարմ ապրուած փորձառութիւն՝ մութ ու ցուրտ օրերու սովէ փրկող ձկնորսութեան: Այս ամէն մէկ ժամանակահատուածի եւ ներկայի պայմանները իրարմէ շատ տարբեր են, ըլլան անոնք բնական-նիւթական պայմաններ, քաղաքական-տնտեսական համակարգեր, կամ ընկերային-մշակութային դրուածքներ: Բնականաբար, այս բոլորը կ'ազդեն մարդոց աշխատանքի պայմաններուն, ապրուստի մակարդակին, եւ ընկերութեան միւս անդամներուն հետ յարաբերութեան վրայ: Հետեւաբար, անհեթեթ է մէկ ժամանակաշրջանը քննել եւ դատել նախորդէն մնացած գաղափարներով եւ կարծիքներով:
Սովետի ժամանակ ձկնորս ըլլալը պատուաւոր, յարգուած գործ էր, կ'ապահովէր որոշ չափով կայուն եկամուտ, նպաստներ, պետական օժանդակութիւն: Սովետի ժամանակ, ձկնորսութիւնը պետական ըլլալով, անհատաբար ինքն իր ընտանիքին համար ձուկ բռնողը կ'անուանուէր «ձկնագող»: Ունեցուածքի, աշխատանքի եւ առուտուրի յարաբերութիւնները բոլորովին տարբեր էին այսօրուընէ:
Այսօրուան պայմաններով, Գեղարքունիքի ձկնորսութեամբ զբաղող բնակավայրերուն մօտ շատ քիչ են կարելիութիւնները կայուն աշխատանք ունենալու: Չկան Սովետի ժամանակուան գործարանները, չկայ ուժեղ ենթակառուցուածք, նոյնիսկ՝ բանուկ երթեւեկութիւն երկրի գլխաւոր քաղաքներուն հետ (բացի լճի հիւսիսային հատուածէն), եղանակային եւ հողի պայմանները չեն նպաստեր մրցունակ հողագործութեան, կայ աղքատութիւն, եւ շուկայական համակարգ, որուն մէջ կը գոյատեւէ ա՛ն ով ունի աւելի շատ միջոցներ ներդրում կատարելու եւ ռիսքեր առնելու: Հետեւաբար, մարդոց աշխատանքի ընտրանքները շատ չնչին են, կախեալ՝ մրցակցութենէ եւ ուրեմն շատերու համար քիչ եկամուտաբեր, եւ կա՛մ կը պարտադրեն մեկնիլ դուրս՝ դէպի աւելի մեծ քաղաքներ, դէպի Երեւան, կամ արտերկիր: Այս պայմաններուն մէջ, ձկնորսութիւնը, որպէս տնտեսութեան առաջնային հատուած (հում նիւթի եւ անմիջական սնունդի արտահանման հետ առնչուող), ըլլալով որոշ չափով ինքնավար աշխատանք, կը լեցնէ անգործութեան պարապը եւ զուգահեռաբար արդիւնաբերական դերակատարութեան, նաեւ կը գործէ որպէս կենսապահովման տնտեսութիւն (տրուած ըլլալով, որ ձկնորսներու ընտանիքները նաեւ ուղղակիօրէն կը սնանին ջուրէն հանուած ձուկով): Ի տարբերութիւն Սովետի ժամանակուան հսկայ մաշտաբներու արդիւնաբերական ձկնորսութեան, այսօրուան ձկնորսի եկամուտը չափազանց անկայուն է, կախեալ եղանակային պայմաններէ եւ շուկայական մրցակցութենէ: Իսկ, ի տարբերութիւն 90ականներու եւ 2000ականներու ձկնորսութեան, այսօր ձուկը շատ աւելի քիչ է լճին մէջ, լճի ճահճացման ընթացքին եւ նախորդ տանամեակներու գերորսին պատճառով:[16] Աւելի՛ն, քանի որ աժան է, պէտք է շա՛տ որսալ բաւարար եկամուտ ունենալու համար, ինչ որ կը տանի խնդրի վերարտադրման եւ ձկնորսը կը պահէ կախեալ լիճ մտնելէ օրակա՛ն հաշուարկով:
Այսինքն, այսօր Սեւանի ձկնորս ըլլալ կը նշանակէ օրական պայքար մղել հանապազօրեայ հացի համար, կեանքը վտանգել փոթորկոտ ալեկոծ ջուրի վրայ, որ բազմաթիւ կեանքեր կը շարունակէ խլել, ամէն օր դիմադրել 1900 մեթր բարձրութեան ուշ գիշերուան-կանուխ առտուան սաստիկ ցուրտին, եւ տառապիլ մէջքի ու թեւերու ցաւէ (ցանց քաշելու արդիւնք): Այսօր, Սեւանի ձկնորս ըլլալ կը նշանակէ պարտքով ցանց գնել եւ երբրեմն մի քանի օ՛ր յետոյ միայն՝ ցանցը կորսնցնել, կա՛մ քանի որ հովէն եւ հոսանքներէն պատռած է, կա՛մ քանի որ ճահճացման ընթացքի մէջ եղող Սեւանի ջրիմուռներէն հանգուցուած՝ անգործածելի դարձած է: Այսօր, Սեւանի ձկնորս ըլլալ կը նշանակէ ծախսել քարիւղի, կազի, ցանցի վրայ՝ յաճախ դիմացը ստանալով միայն մի քանի ձուկ, ամէն մէկը ծախելով մի քանի հարիւր դրամի, ամրան մինչեւ իսկ 50ի: Կը նշանակէ առերեսուիլ այն իրականութեան հետ, որ հակառակ ձուկի տնտեսութեան թիւ մէկ օղակը ըլլալուն եւ ամենադժուար, ֆիզիքապէս հիւծող աշխատանքը կատարելուն՝ շատ աւելի քի՛չ կը շահիս քան տնտեսութեան շղթայի երկրորդական եւ երրորդական օղակները՝ վաճառողը եւ վերավաճառողը: Սեւանի ձկնորս ըլլալ այսօր կը նշանակէ կախեալ ըլլալ քեզմէ աւելի շատ նիւթական աղբիւրներ ունեցողէն, որս կատարելու պիտոյքը ունենալու համար, յաճախ զայն առնելով պարտքի (ձկնորսական ցանց, նաւակ): Կախեալ ըլլալ նաեւ գնորդէ, որ երբեմն նոյնինքն պարտատէրդ է որուն հետ կը ստիպուիս ունենալ երկարաժամկէտ կախուածութեան յարաբերութիւն: Այսօր Սեւանի ձկնորս ըլլալ կը նշանակէ շարունակականօրէն լսել նախատական խօսքեր, եւ տեսնել ինչպէս հացի եւ ապրելու պայքարդ կը հաւասարեցուի գողութեան հետ եւ երբեմն նոյնիսկ աւելի՛ վտանգաւոր եւ ոճրագործ կը համարուի քան՝ մեծ ծաւալներով կողոպուտը եւ ժողովուրդի ունեցուածքի կորզումը:
Դեռ, այսքան անկայուն պայմաններու մէջ աշխատող ձկնորսէն աւելի՛ խոցելի աշխատողն ալ կայ այս տնտեսութեան մէջ: Երբ կը խօսինք Սեւանի ձկնորսութեան տնտեսութեան մէջ աշխատողներուն մասին, խօսքը միայն ձկնորսներուն մասին չէ. ձկնորսութիւնը եւ ապա ձկնավաճառութիւնը կարելի դարձնող անտեսանելի աշխատուժ մը կայ, որ շատ աւելի լայն է քան ձկնորսներն ու ձկնավաճառները, եւ որ կը մնայ կախեալ այդ տնտեսութենէն: Երբեմն 15-16 տարեկան պատանի տղաք կը ստիպուին իրենց հօր օգնել ձկնորսական նաւուն վրայ (երկու հոգի կը պահանջէ աշխատանքը). Հետեւաբար՝ կը ձգեն դպրոցը կամ դասերէն առաջ առաւօտ կանուխ կը մեկնին ձկնորսութեան ու դասարան կը հասնին յոգնած ու անքուն: Ուրիշ անկայուն եւ ուրիշէ կախեալ աշխատանքով մարդիկ են ցանց կապող եւ ապխտած ձուկ պատրաստող կիները, ամենաանտեսանելիները: Երկուքն ալ ֆիզիքապէս հիւծող գործեր՝ վիզը կախ հիւսել երկար ցանցեր, մաքրել ձուկեր, կամ շալկել աղի ջուրի մէջ մնացած ու ծանրացած քիլօներով ձուկեր: Երկուքին ալ վարձատրութիւնը ահաւոր քիչ: Նորատուսի մէջ ապխտած ձուկ պատրաստող կիներէն մէկը ամէն մէկ ձուկը ապխտելուն դիմաց կը ստանար միայն 25 դրամ:
Այսքան քիչ եկամուտով մարդոցմէ ակնկալել խնայողութիւն ընել, կարենալ գոյատեւելու համար ձկնորսութեան արգելքի շրջանը, աներեւակայելի պահանջք է: Դեռ չենք խօսիր այն իրականութեան մասին, որ աժան ձուկը նաեւ շատերու հիմնական սնունդի աղբիւրն է, տնտեսութեան մէջ աշխատողներէն անդի՛ն, Գեղարքունիքի մէ՛ջ թէ դո՛ւրս: Արագ ակնարկ մը բաւարար է նկատելու, որ բազմաթիւ ընտանիքներ Հայաստանի մէջ միսի սնունդը կը փոխարինեն Սեւանի աժան սիկով:
Մէկ խօսքով, երբ կը խօսինք Սեւանի ձկնորսութեան տնտեսութեան հիմնական աշխատողներուն եւ սպառողներուն մասին, կը խօսինք մեծաւ մասամբ աղքատ, աշխատաւոր դասակարգի մը մասին, թերեւս Գեղարքունիքի եւ Հայաստանի ամենաաղքատ դասակարգերէն եւ այդ դասակարգը սնանող կարեւոր աղբիւրներէն մէկուն մասին: Այս հանգամանգը ո՛չ թէ միայն կարելի չէ անտեսել, այլ պէտք է անընդհատ, ամէ՛ն վայրկեան յիշել եւ ներառել Սեւանի բնութեան պահպանման եւ ձկնորսութեան մասին որեւէ՛ զրոյցի մէջ, որեւէ՛ որոշում առնելու պարագային. եւ պէտք է այդ ընել ո՛չ որպէս կողմնակի փաստ, այլ՝ որպէս առաջնային անհրաժեշտութիւն:
Ինչո՞ւ:
(Շարունակելի)
[1] https://www.aravot.am/2023/01/07/1315761/
[2] Գեղարքունիքցիք լիճը սովորաբար կ’անուանեն ծով:
[3] Շրջակայ Միջավայրի Նախարարութեան հովանիին տակ եղող «Սեւան Ազգային Պարկ» Պետական Ոչ-Առեւտրային Կազմակերպութիւնը խօսակցական կ'անուանուի «Ազգային Պարկ». պաշտօնական կրճատումը՝ ՍԱՊ:
[4] http://www.env.am/news/sevan-lake-13-11; https://www.youtube.com/watch?v=PPTSG5Unik0
[5] http://www.env.am/news/sevan-lake-13-11
[6] https://www.youtube.com/watch?v=3fj8Asb0eaM
[7] https://www.youtube.com/watch?v=BVZvQZwqaUE; https://www.youtube.com/watch?v=1wNLMBi3aQ8
[8] Հետազօտութիւնս ընկերա-մշակութային մարդաբանութեան եւ քաղաքական էքոլոկիայի մեթոտներով, տեսութիւններով եւ դիտանկիւնով կ'ուսումնասիրէ բնութեան կառավարումը եւ այդ ծիրէն ներս ուժային յարաբերութիւնները կապուած բնութեան պահպանման եւ օգտագործման հետ:
[9] Յօդուածի ամբողջ երկայնքին, մանրագիրով` ոստիկանութիւն բառը կ'օգտագործեմ իր բնատիպ իմաստով՝ ոստիկանական մօտեցմամբ գործողութիւններ: Երբ նոյն բառով կ'անդրադառնամ Ոստիկանութեան հիմնարկին, զայն կը գրեմ գլխագիրով: Ոստիկանութեան հիմնարկը կը զբաղի ոստիկանութեամբ, բայց ոստիկանութիւնը կը կիրառուի նաեւ այլ հիմնարկներու կողմէ, կամ անհատներու կողմէ, նոյնիսկ լեզուուվ: Փափուկ կամ կարծր ուժի օգտագործման եղանակով հասարակական ենթադրեալ կարգ ու կանոն հաստատելու նպատակով հսկողական կամ պատժական գործողութիւններու կիրառման ընթացքն է:
[10] https://www.1lurer.am/hy/2020/08/20/Վաղվանից-թույլատրվում-է-սիգի-որսը/297126
[12] Քրէականացում բառը կ'օգտագործեմ իր լայն իմաստով, ոչ թէ օրէնքի նեղ սահմանումով (քրէական օրէնքի կիրառման հանգամանգով):
[13] https://www.youtube.com/watch?v=PPTSG5Unik0
[14] https://hetq.am/hy/article/172198
[15] Ձկնավաճառները միատարր խումբ մը չեն: Ձկնավաճառներէ՛ն ալ շատեր աղքատ են, պարտքով կ'ապրին, ձուկը փողոցը կը վաճառեն կամ խեղճուկ կրպակի մէջ: Կան աւելի բարեկեցիկներն ալ անշուշտ, աւելի լաւ կահաւորուած խանութներով: Եւ կան ամենաբարձր օղակինները՝ ճաշարաններու կամ հանրախանութներու տէրերը ու ձուկ արտահանողները: Կարելի չէ բոլորին նոյն խումբին մէջ դնել:
[16] Ասի չի նշանակեր որ այսօր չկայ գերորս. բայց ձուկի քանակի նուազեցումը տարիներու որսի արդիւնք է, մէկ կողմէն. միւս կողմէն, պէտք է հասկնալ որ ինքզինք կրկնող օղակաձեւ շղթայ մըն է՝ ձուկին քիչ ըլլալը կը հանգի աւելի մեծ համեմատութեամբ որս ընելու, ինչ որ յարաբերաբար աւելի՛ կը պակսեցնէ ձուկի քանակը լճին մէջ:
Տեսանյութեր
Լուսանկարներ

Մեկնաբանել