HY RU EN
Asset 3

Բեռնվում է ...

Էջի վերջ Այլ էջեր չկան բեռնելու համար

Որոնման արդյունքում ոչինչ չի գտնվել

Բացում Պէյրութի Սէն Ժոզէֆ համալսարանի Արա Հրեշտակեան հայագիտական ամբիոնին

27 Հոկտեմբեր 2027-ին Պէյրութի Սէն Ժոզէֆ համալսարանի Արեւելեան գրադարանի դահլիճին մէջ մեծ շուքով կատարուեցաւ Արա Հրեշտակեան հայագիտական ամբիոնին բացումը։ Ակադեմական այս նոր կառոյցը իրականացաւ Հրեշտակեան ընտանիքին կատարած նուիրատւութեան շնորհիւ։ Ամբիոնը պիտի գործէ Արեւելեան գրադարանին մէջ, պիտի կեդրոնանայ գլխաւորաբար հետազօտական աշխատանքներու վրայ, պիտի կազմակերպէ գիտական եւ մշակութային նիւթերու շուրջ համագումարներ, աշխատանոցներ, ցուցահանդէսներ, իր միջոցով պիտի կազմակերպուին հայագիտական նիւթերու դասաւանդում։

Հանդիսութեան բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Արեւելեան գրադարանի տնօրէն եւ օրուան հանդիսավար Տոքթ. Ժոզէֆ Ռուսթոմ։ Ան ներկաներուն յիշեցուց, որ 1933-ին նոյն Սէն Ժոզէֆ համալսարանին մէջ գործած է Հայագիտական ամբիոն մը, որուն հիմնադիրը եղած է յիսուսեան միաբանութենէն՝ Հայր Ժան/Յովհաննէս Մըսըրեան։ Անոր օրով է նաեւ, որ Արեւելեան գրադարանին մէջ սկսած է կազմուիլ հայերէն եւ հայագիտական գիրքերու հարուստ հաւաքածոյ մը, որ մինչեւ օրս կը պահուի։ Ռոսթոմ նշեց նաեւ, որ վերջին տարիներուն, նոյն գրադարանը ձեռք ձգած է լուսանկարիչ Վարուժան Սէթեանի լուսանկարներու հաւաքածոն, ինչպէս նաեւ Տիրան Աճէմեանի ծաղրանկարները։

Ռոսթոմի խօսքէն ետք, բեմ բարձրացաւ «Հեքիաթ» երաժշտական խումբը, որուն անդամներն են Նարեկ Քէշիշեան (քախոն), Սեւատա Անտոնեան (կիթար) եւ Գարմէն Պալեան (երգ)։ Անոնք ներկայացուցին հայերէն երգեր։

Ապա խօսք առաւ Սէն Ժոզէֆ համալսարանի տնօրէն Հայր Սալիմ Տագգաշ, որ շնորհակալութիւն յայտնեց Հրեշտակեան ընտանիքի ներկայացուցիչ՝ Փիթըր Հրեշտակեանին՝ ամբիոնի ծրագիրը իրականութիւն դարձնելու համար։ Ան դիտել տուաւ, որ վերջին տարիներուն քանի մը անյաջող փորձեր եղած էին հայագիտական այս ամբիոնը վերաբանալու։ Տնօրէնը  երախտիքի իր խօսքը յայտնեց նաեւ յիսուսեան միաբանութեան անդամ հայ կրօնաւորներու, որոնք կարեւոր ներդրում ունեցած են հայագիտական հետազօտութիւններու մէջ։

Այնուհետեւ բեմ հրաւիրուեցաւ Փիթըր Հրեշտակեան, որ իր ընտանիքին անունով սրտի խօսքը յայտնեց եւ կենսագրական տեղեկութիւններ տուաւ հանգուցեալ հօր՝ Արա Հրեշտակեանի մասին, որու անունով ալ կը կոչուի նորակառոյց ամբիոնը։ Հրեշտակեան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ Հայր Ֆրանսուա Պոէտէքի, որ Յունուար 2026-էն սկսեալ պիտի ստանձնէ Սէն Ժոզէֆ համալսարանի տնօրէնի պաշտօնը։

Ապա խօսքը տրուեցաւ դերասանուհի Արսինէ Խանճեանի, որ ստանձնած է ամբիոնի վարիչի (Titulaire de la Chaire) պաշտօնը։ Ան վերյիշեց Լիբանանի մէջ անցուցած մանկութեան եւ պատանեկութեան իր տարիները, երբ երազած էր յաճախել Սէն Ժովէֆ համալսարան։ Խանճեան շնորհակալութիւն յայտնեց Սէն Ժոզէֆ համալսարանին, ինչպէս նաեւ ընդհանրապէս Լիբանանին, որ առիթը ընծայած են հայութեան նուիրելու Արա Հրեշտակեան հայագիտական ամբիոնը՝ լուսաւորութեան, յիշողութեան եւ նորարութեան այս նոր վայրը։

Վերջին խօսք առնողը եղաւ Արա Հրեշտակեան ամբիոնի գործադիր տնօրէն Տոքթ. Վահէ Թաշճեան։ Ան բարեբախտութիւն համարեց նոր ամբիոնին հաստատումը Արեւելեան գրադարանին մէջ, ուր կարելի է ո՛չ միայն հոն գտնուող հայերէն գիրքերու հարուստ հաւաքածոյէն օգտուիլ, այլ նաեւ զանոնք հարստացնել նոր գիրքերով, ինչպէս նաեւ գրադարանին հետ գործակցաբար կազմել հայկական յիշողութեան նիւթերու (հին լուսանկար, ֆիլմ, վաւերաթուղթ, ձեռագիր յուշեր, եւայլն) արխիւ մը։ Թաշճեան անդրադարձաւ այս իմաստով 15 տարիէ ի վեր Յուշամատեան կայքէջի ընդհանուր տնօրէնի իր փորձառութեան վրայ, երբ աշխարհի չորս կողմերէն բազմաթիւ հայեր իրենց ընտանեկան նիւթերը թուայնացուած տարբերակով կը տրամադրեն Պերլին հաստատուած Յուշամատեան կազմակերպութեան։ Սէն Ժոզէֆ համալսարանի Արեւելեան գրադարանի շրջարկին մէջ, այսպիսի ընտանեկան նիւթեր կրնան այսուհետեւ ֆիզիքապէս հաւաքուիլ եւ արխիւացուիլ։

Թաշճեան այնուհետեւ կեդրոնացաւ յատուկ ծրագիրի մը վրայ, որ կրնայ դառնալ նոր ամբիոնին առաջին կարեւոր նախաձեռնութիւններէրն մէկը. Լիբանանի եւ ընդհանրապէս Միջին արեւելքի հայկական համայնքներուն մասին կայքէջի մը ստեղծումը՝ նպատակ ունենալով համայնքային եւ ընտանեկան կեանքի յիշողութեան վերականգնումը։ Վերջապէս, ան յոյս յայտնեց որ նոր ամբիոնը միայն մասնագէտներու հաւաքավայրը չըլլայ, այլ անոր գործունէութեամբ հետաքրքրուին նաեւ երիտասարդներ բոլոր կրթանքներու պատկանող։ Միաժամանակ, Թաշճեանի կարծիքով, նոր ամբիոնը պէտք է հետաքրքրէ նաեւ ոչ-հայերը, որոնք հայկական մշակոյթին եւ պատմութեան ճամբով պիտի ծանօթանան ո՛չ միայն հայկական ժառանգութեան, այլ նաեւ՝ լիբանանեանին, եւ աւելի ընդհանուր առումով՝ համամարդկայինին։

Արա Հրեշտակեան հայագիտական ամբիոնի բացման հանդիսութիւնը ամբողջութեամբ կրնաք դիտել սոյն կապով՝ https://www.youtube.com/@chea-usj

Կրնաք հետեւիլ նաեւ ամբիոնի Instagram-ին՝ https://www.instagram.com/chea.usj/

Մեկնաբանել

Լատինատառ հայերենով գրված մեկնաբանությունները չեն հրապարակվի խմբագրության կողմից։
Եթե գտել եք վրիպակ, ապա այն կարող եք ուղարկել մեզ՝ ընտրելով վրիպակը և սեղմելով CTRL+Enter