HY RU EN
Asset 3

Բեռնվում է ...

Էջի վերջ Այլ էջեր չկան բեռնելու համար

Որոնման արդյունքում ոչինչ չի գտնվել

Հայց. եկեղեցւոյ բարեկարգութեան հրատապ հարցը - 2

Սկիզբը

Կոչում-Նկարագիր եւ Ուսում 

Կոչում, Նկարագիր եւ Ուսում. անբաժանելի երրորդութիւն մը որ իր մէջ կը մարմնաւորէ եկեղեցականաց պատրաստութեան ամբողջական գաղտնիքը։ Ի՞նչ կը հասկնանք կոչում ըսելով։ Ներքին զօրաւոր մղում, ձգտում, ընդունակութիւն, ձիրք, տաղանդ, մէկ խօսքով անշահախնդիր նուիրում եւ ծառայութեան ոգի՝ անհատին մէջ մարմնացած։ Սխալած չենք ըլլար երբ յայտարարենք որ Հայց. Եկեղեցւոյ Բարեկարգութիւն ըսած ատեննիս, կը հասկնանք բարեկարգութիւնը Եկեղեցւոյ պաշտօնէութեան, որովհետեւ առանց բարեկարգ եկեղեցականութեան, կարելի չէ երեւակայել բարեկարգեալ Եկեղեցի մը։

Եկեղեցականներու պատրաստութիւնը յատուկ չէ միայն Հայց. Եկեղեցւոյ, որովհետեւ բոլոր քրիստոնեայ եկեղեցիներն ալ, ամէն դարու եւ ժամանակի պէտքերուն համընթաց, ջանացած են պատրաստել իրենց պաշտօնէութիւնը, դիմագրաւելու նորանոր կարիքները եկեղեցւոյ եւ իրենց հաւատացեալներուն։ Իսկ մեր Եկեղեցւոյ մէջ՝ սկսած Սահակ-Մեսրոպէն մինչեւ մեր օրերը Հայաստանի եւ Կիլիկիոյ զանազան քաղաքներուն մէջ հաստատուած են Դպրոցներ, Դպրեվանքներ, Ժառանգաւորաց Վարժարաններ, Ճեմարաններ, Համալսարաններ, պատրաստելու համար հոգեւոր ծառայութեան ընտրեալ պաշտօնէութիւն մը։

Քահանայական կոչումին ըմբռնումը միջին դարերուն, իր կրօնական բարձրագոյն նշանակութեամբ, հասած էր այնպիսի բարձր մակարդակի, որ պատիւ բերած է մեր վարդապետներու հաւատքին եւ գիտակցութեան, եւ այդ մասին վկայութիւնները բազում են մեր մատենագրութեան մէջ։

Դժբախտաբար սակայն, իրողութիւնը տարբեր եղաւ վերջին դարերուն, զանազան քաղաքական եւ տնտեսական պատճառներով։ Եկեղեցւոյ ղեկավարութիւնը մոռցած ըլլալով իր հոգեւոր պարտքն ու պարտականութիւնը իր սրբազան առաքելութեան, տարուած մասնաւոր անձնական շահերէ եւ նկատումներէ, հոգեւոր պաշտօնի բարձրացուցած է այնպիսի անձեր որոնք ո՛չ մէկ պատրաստութիւն ունեցած են իրենց վստահուած սրբազան պաշտօնին համար։

Ապականութիւնն ու տգիտութիւնը այնքան ահռելի չափանիշներու հասած էին թէ՛ Եկեղեցւոյ եւ թէ ժողովուրդին մէջ, որ ամէն մարդ կրնար եկեղեցական ըլլալ որեւէ միջոցով: Կաշառք, քաղաքական պաշտպանութիւն, յանդգնութիւն, մեծ դերեր ունեցած էին հասնելու բարձր պաշտօններու։     

Օրինակի համար՝ գեղեցիկ ձայն եւ կամ արտաքին ներկայանալի կերպարանք ունեցողներ, բարեկամական եւ ազգակցական կապեր, եւ երբեմն ալ սովորական ուսուցիչներ լեցուցած են շարքերը եկեղեցականութեան, գործածելով վերեւ յիշատակուած լծակները։

Դառնալով հայ եկեղեցականութեան մերօրեայ անկեալ վիճակին, պէտք չէ շփոթել կոչումը ասպարէզին հետ։ Մեր խօսքը անոնց մասին չէ որոնք եկեղեցական կը դառնան պատրաստ հաց մը ապահոված ըլլալու համար եւ կամ իրենց փառասիրութեան գոհացում տալու համար, եւ դեռ աւելին, ինչպէս ժողովրդական առածը կ’ըսէ. «գործը չեղաւ, տէրտէր եղաւ», այլ՝ անոնց մասին, որոնք խորունկ գիտակցութիւնը ունին իրենց կոչումին եւ իրենց կենցաղին օրինակով պատրաստ են առաջնորդել եւ քարոզել Աւետարանի ճշմարիտ խօսքը։

 Կոչումը, կ’ըսէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Աթոռակից Բաբգէն Կաթողիկոս Կիւլէսէրեան, «հոգեւորական վիճակ մըն է որ ուրիշ բոլոր յարմարութիւններէն ու հանգամանքներէն կը զանազանուի իր ներքին արժէքով եւ իր ներքին իրականութեամբը: Կոչումը արտայայտիչն է հոգեւոր պաշտօնեայի հաւատքին, համոզումներուն, նուիրումին եւ ծառայութեան»։

Հայց. Եկեղեցին կը գտնուի այսօր այնպիսի ժամանակաշրջանի մը մէջ, ուր ամէն տեսակի կրօնական զգացումներ թուլցած եւ ապականած են։ Գրեթէ չկան մշակներ որոնք կրնան ստեղծել կրօնական ոգի, ապրիլ եւ ապրեցնել կրօնքի խորհրդաւորութիւնը եւ ըլլան հարազատ արտայայտիչները իրենց շնորհքին, ընդունակութիւններուն եւ կարողութիւններուն։ Եթէ չկան մշակներ, պարզապէս անոր համար որ չկան անձեր որոնք կը զգան, կը ճանչնան եւ կը լսեն իրենց կոչումին ձայնը։

Եթէ այսօր եկեղեցականութիւնը կը քննադատուի իր անկարողութեան համար, որովհետեւ այնտեղ կը բացակայի կոչումը։ Այսօր կուսակրօններէն շատեր այս ասպարէզը մտած են (թէեւ պէտք է ըսէինք հոգեւոր ծառայութեան դաշտ), ո՛չ թէ կրօնական կոչումով, այլ մտած են վախնալով ընտանեկան պատասխանատուութիւններէ, մտած են շահու եւ փառասիրութեան գոհացումի համար։ Փակեցէ՛ք կուսակրօններու առջեւ շահու ասպարէզը, խորտակեցէ՛ք իրենց փառասիրութեան վերելքին աստիճանները, առէ՛ք անոնց ձեռքէն իրենց այսօրուան վայելած առանձնաշնորհումները, եւ պիտի տեսնէք թէ կուսակրօնութիւնը իր հմայքէն մերկանալով՝ հետեւող պիտի չունենայ այլեւս։

Ի՞նչ կը հասկնանք նկարագիր ըսելով։ 1. Բնութագիր, նկարագրութիւն. 2. Որոշիչ նշան, որ կը ծառայէ ճանչցնելու առարկայ մը, մասնաւորաբար ամէն ինչ որ կը զատորոշէ էակ մը՝ իր թէ՛ կազմուածքին եւ թէ գործունէութեանց մէջ. պատկեր, դէմք, տիպ, կերպար. 3. Անհատ մը ուրիշներէն զանազանող՝ իր զգալու եւ հակազդելու կերպերուն գումարը. բնաւորութիւն, բնութիւն, բարք, հոգիի կերտուածք. 4. Բնոյթ. 5. Յատկութիւն։

Այսքան ընդարձակ սահմանումներ ունեցող բառ մը անկասկած որ մեծ արժէք ունի անհատի մը կեանքին մէջ, որ պարտի ունենալ զայն՝ իր ծառայութեան կոչումին հետ զուգահեռաբար։

Մարդկային բարոյական սկզբունքներէն մէկն է մարդուն նկարագիրը, որ հոգեւոր մշակի պարագային անհրաժեշտ է որ ըլլայ որոշ, յստակ եւ անշեղ, տեղի չտալու համար աւելորդ մեկնաբանութեանց եւ բամբասանքներու։ Իր նկարագրով ան պիտի կարենայ շահիլ իր ժողովուրդին վստահութիւնը եւ իր խօսքին ու կենցաղին հեղինակութեամբ պիտի կարողանայ առաջնորդել իր ժողովուրդը։ Հոգեւոր մշակը միայն իր անսասան նկարագրով կրնայ ըլլալ համբերատար եւ յաղթահարել բոլոր դժուարութիւնները։

Բացայայտ իրողութիւն է որ յեղյեղուկ նկարագիր ունեցող եւ կամ աննկարագիր եկեղեցականներ (դժբախտաբար ստուար են անոնց շարքերը) վտանգաւոր եղած են Եկեղեցւոյ գործունէութեան՝ ամէն կերպով։ Իրական համոզումներէ պարպուած այս եկեղեցականները, հետամուտ եղած են միայն փառքի, փառամոլութեան, անբարոյութեան, մոլորուելով արծաթսիրութեան տիղմին մէջ։

Մարդ արարածի նկարագրին ճառագայթումներն են իր բարոյական եւ կենցաղագիտական արժէքները, ինչպէս նաեւ իր սկզբունքներն ու համոզումները։ Առանց այս ստորոգելիներուն՝ ան իրաւունք չունի ծառայութեան կոչուելու Հայց. Եկեղեցւոյ անդաստանէն ներս։ Կայուն նկարագիրը կ’առթէ նաեւ վստահութիւն, որ ապառաժեայ դրամագլուխ մը կամ զօրութիւն մըն է որուն կրնայ կռթնիլ մարդ իր գործունէութեանց մէջ, եւ առաւել եւս եկեղեցւոյ մշակը՝ իր հոգեւոր ծառայութեան դաշտին մէջ։

Դժբախտաբար այսօր հայ ժողովուրդը, որ ինքնին եկեղեցին է, չի ներշնչուիր իր Եկեղեցւոյ ղեկավարութենէն եւ հոգեւոր պաշտօնեաներէն, որովհետեւ անոնք չեն ներշնչած վստահութիւն իրենց նկարագրով եւ ապրելակերպով։ Հոգեւորականը, այսօր, ժողովուրդին համար մեքենացած խորհրդակատար մըն է որ իր պարտականութիւնը կատարելէ ետք պէտք է վարձատրուի, որովհետեւ այդ է սովորութիւնն ու աւանդութիւնը։ Խախտած են բարոյական սկզբունքները Հայց. Եկեղեցիէն ներս եւ ալեկոծուած է հայ ժողովուրդի հոգեւոր կեանքը։     

Բոլոր ժամանակներէն աւելի ԱՅՍՕՐ պէտք է շեշտել ուսման կարեւորութիւնը, մանաւանդ անոնց համար՝ որոնք կոչուած են հոգեւոր ծառայութեան եւ պատասխանատուութիւններ ստանձնած են եւ կամ պիտի ստանձնեն։ Եթէ հոգեւոր մշակը չունենայ պահանջուած մտաւոր պատրաստութիւնն ու գիտութիւնը, չի՛ կրնար ունենալ դրական ծառայութիւն՝ ուրիշները լուսաւորելու իր անձնական կեանքի լոյսով եւ օրինակով, նամանաւանդ համալսանաւարտ մեր նոր սերունդը, որ հայ կեանքի լուսանցքին վրայ կեցած, անտարբեր կը դիտէ Հայց. Եկեղեցւոյ գահավիժումը եւ հայ եկեղեցականին մտաւոր եւ հոգեւոր սնանկութիւնը։

Բարեկարգութեան ճամբուն վրայ հրամայական պէտք մըն է՝ մշակուած, զարգացած, իր կոչումին եւ պաշտօնին գիտակից եւ արժանի եկեղեցականութեան մը գոյութիւնը։ Բարեկարգեալ եկեղեցի մը առանց արժանաւոր մշակներու, --կ’ըսէ Բաբգէն Կաթողիկոս Կիւլէսէրեան,-- «անխօս արձանի կը նմանի որ կրնայ արուեստագէտները հրապուրել բայց ո՛չ ամբողջ ժողովուրդ մը»։ Եւ որովհետեւ ժողովուրդի մեծ զանգուածն է որ կը կազմէ կենդանի Եկեղեցին, անհրաժեշտ է անոր մէջ արթնցնել հաւատքին գիտակցութիւնը, Եկեղեցիին սէրը եւ անոր նուիրուելու անսակարկ ոգին, շունչն ու եռանդը։

Քսանմէկերորդ դարը մասնագիտութեան դար է, եւ հետեւաբար միայն ընդհանուր ծանօթութիւններ բաւական չեն անհատը պատրաստելու իր ասպարէզին։ Ինչպէս որ հոգեբաններ, իրաւաբաններ, բժիշկներ, ուսուցիչներ մասնագիտօրէն կը պատրաստուին իրենց ասպարէզներուն համար, նոյն ձեւով անհրաժեշտ է որ հոգեւոր մշակները պատրաստուին իրենց ժողովուրդի կրօնական եւ հոգեմտաւոր առաքելութեան-ծառայութեան դաշտին մէջ նետուելէ առաջ։

Նկատի ունենալով ներկայ դարու զարգացած հասարակութիւնը, կը կարծենք որ հոգեւոր մշակին պատրաստութիւնը կենսական հարց է, որպէսզի ան, գօտեպնդուած իր կոչումով, զօրացած իր մասնագիտական ուսումով, դառնայ տրամաբանութեան ու հաւատքի անառիկ ամրոց մը, ճոխացած եւ լուսաւորուած՝ իր գիտութիւններով, եւ պատրաստ՝ առաջնորդելու ու հովուելու իր ժողովուրդը։

Վերջին հարիւրամեակին զանազան լուրջ եւ խոր մեկնաբանութեամբ յօդուածներ գրուած են այս առաջադրութեամբ՝ հանրածանօթ, օրինակելի բարձրաստիճան եկեղեցականներու կողմէ (Օրմանեան, Տէր Մկրտչեան, Տէր Մինասեան, Պէհրիկեան, Դուրեան, Գուշակեան, Սերոբեան, Կիւլէսէրեան, Յովսէփեան), եւ սակայն դժբախտաբար տակաւի՛ն եկեղեցականութեան, նամանաւանդ ամուսնացեալ քահանայութեան կը հրաւիրուին՝ բացառութիւնները միշտ յարգելի նկատելով՝ երկրորդական ուսում չունեցող անձեր, որոնք ո՛չ միայն չունին տարրական ընդհանուր գիտութիւն-ուսում, այլ ամբողջութեամբ չունին ծանօթութիւն Աւետարանի ուսուցման, Հայ Եկեղեցւոյ պատմութեան եւ, աւելորդ է ըսել, աստուածաբանութեան վերաբերեալ։

1922 թուականին Գէորգ Ե. Կաթողիկոսի Կոչին մէկ բաժինը նուիրուած է բարեկարգեալ եկեղեցիի նոր եկեղեցականութեան, որ զինուած պարտի ըլլալ «նորագոյն գիտութեամբ, ունենայ փիլիսոփայական եւ քրիստոնէական լայն աշխարհայեացք։ Նա հիմնականօրէն ծանօթ պիտի լինի ներկայ բնական գիտութիւնների, իմաստասիրական եւ սոցիալական գիտութիւնների եզրակացութիւններին, ուսումնասիրած լինի քրիստոնէական կրօնի հիմնական սկզբունքները, եւ այն իր կեանքի առաջնորդ եւ ղեկավար ճանաչէ։ Նոր հոգեւորականութիւնը կարողութիւն պիտի ունենայ ըմբռնելու իր ժամանակաշրջանի ոգին եւ ուղղութիւնը։ Պիտի հասկնայ, թէ ո՞ւր է գնում ընհանուր շարժումը, եւ իրեն յանձնուած նաւի ղեկը այնպէս ուղղէ, որ նաւը խաղալիք չդառնայ ժամանակի տարբեր հոսանքներին։ Եւ ահա այս նպատակին ծառայելու համար նոր հոգեւորականը պիտի ունենայ բարձրագոյն կրթութիւն՝ ընդհանուր եւ մասնագիտական բնոյթ կրող»:

Բնականաբար կրօնականներու յատուկ բարձրագոյն կրթական ծրագիր մը կարելի պիտի ըլլայ գործադրել աստիճանական յառաջացումով, երբ մեր ձեռքին ունինք պատրաստուած խնամուած ծրագիր մը, որ կղերը պիտի առաջնորդէ բարձրագոյն ուսման իր նախաքայլերուն մէջ։

Առանց յստակ եւ բնորոշիչ յատկութիւններու, ծրագիր մը դատապարտուած է ամլութեան եւ ձախողութեան։

Ուսումն է որ քաջութիւն եւ թռիչք պիտի տայ կոչում եւ նկարագիր ունեցող եկեղեցականին, ապա թէ ոչ ան պիտի մնայ պարզ խորհրդակատար իր ապրուստը ապահովելու համար։

Այլ խօսքով՝ եկեղեցականութիւնը իրեն համար կոչում չէ այլեւս, այլ լոկ ասպարէզ մը ՝ պարպուած իր մարդկային բոլոր ազնիւ առաքինութիւններէն, ուր կայ միայն անձնական հաշիւ, հարստահարութիւն, կեղեքելու իր ժողովուրդին կրօնական ազնիւ եւ բարեպաշտ զգացումները։ Ահաւասիկ այս իրողութեան վկայութիւնը կը տեսնենք մեր Եկեղեցւոյ թափուր նստարաններուն մէջ։

Երիտասարդութեան եկեղեցիէ բացակայութիւնը մեզ պէտք է յուզէ եւ խռովէ եթէ իսկապէս մտահոգուած ենք Հայց. Եկեղեցւոյ ապագայով, եւ պէտք է դիմենք այնպիսի միջոցներու որ Եկեղեցին իր հոգեւորականութեամբ դառնայ նոր մագնիսական ոյժ իր ծոցին մէջ պահելու իր հաւատացեալները։

Ոսկան Մխիթարեան

Մեկնաբանել

Լատինատառ հայերենով գրված մեկնաբանությունները չեն հրապարակվի խմբագրության կողմից։
Եթե գտել եք վրիպակ, ապա այն կարող եք ուղարկել մեզ՝ ընտրելով վրիպակը և սեղմելով CTRL+Enter