
Մեծ սուտը
«Զարմանում եմ, որ էլ ոչ մի բանից չեմ զարմանում...» Արթուր Մէսչեան
Ամէն տարի այս օրերուն հալէպահայութիւնը զանգուածաբար եւ կամովի կը տեղափոխուեր Քեսապ, անշուշտ Աստուածածնի տօնակատարութեան համար, ինչպէս նաեւ գայլիկներ, սկաուտներ, պատանիներ եւ երիտասարդներ կ'ունենային իրենց բանակումները, հաւաքները, ճամբարները եւ տողանցքները: Մէկ խօսքով՝ Հալէպը իր բոլոր խաւերով եւ բաժանմունքներով, աղքատներով եւ հարուստներով, իր ազատ կամքով ժամանակաւորապէս կը տեղափոխուեր դէպի Քեսապ:
Այդ ժամանակ եթէ մարդ Հալէպ մնար եւ փողոցներուն մէջ քալեր, կը զգար, թէ փողոցները դատարկ են՝ սակայն շատ լաւ գիտնալով, որ բոլորը Քեսապ մեկնած են զուարճանալու, օդափոխութեան, եւ կամ պարզապէս քանի որ արդեն սովորութիւն դարձած է: Այսօր տակաւին Հալէպ եմ:
Նոյն փողոցներուն մէջ կը քալեմ, սակայն նոյն դէմքերուն չեմ հանդիպիր: Մարդ չէ մնացած: Մաս մը իրենց տուներուն մէջ բանտարկուած նստած են, մաս մը գացած են Երեւան, մասը մը Պէյրութ, վիճակով լաւերն ալ աւելի հեռու, բայց հաստատ ոչ ոք ուղղուեցաւ դեպի Քեսապ:
Անշուշտ խնդիր կը կայանայ այսօր տակաւին Հալէպի մէջ մնացողներուն համար: Մարդիկ այստեղ մնացած են յաճախ անկարողութեան պատճառով եւ «տեղ երթալու դրամ չունինք, ո՞ւր պիտի երթանք, որո՞ւն քով պիտի մնանք» կ'ըսեն:
Ուրիշ խումբ մըն ալ որոշած է հոս մնալ, որովհետեւ ուրիշ տեղ չունի... «Հոս կը մնամ, հոս ալ կը մեռնիմ... Մինչեւ չի վռնդուիմ տունէս չեմ ելլեր... Ո՞ւր երթամ... ունեցած-չունեցածս այս է, եւ այստեղ անոնց կառչած պիտի մնամ» կ'ըսեն անոնք:
Այլ խումբ մըն ալ ճակատը բաց կը յայտարարէ «ես հոս ապրած եմ, հոս մեծցած եմ, դպրոց եւ համալսարան աւարտած եմ, այս է իմ քաղաքս, ինչպէ՞ս թողեմ եւ հեռանամ»:
Մէկ խօսքով, տարբեր տեսակետներ կան Հալէպ մնացողներուն մէջ: Ի տարբերութիւն հեռացողներուն, որ բոլորը կը միանան մէկ տեսակետի շուրջ՝ անվտանգութիւն եւ ապահովութեան փնտռտուք:
Ինծի համար ոչ մէկը սխալ է կամ միւսը ճիշդ, ոչ ալ մէկը զարմանալի կամ դատապարտելի, իսկ միւսը՝ գնահատելի: Միայն մէկ բանի կ'ափսոսամ, որ մայր գաղութ կոչուած Հալէպը, բանակ մը ղեկավարներով եւ կուսակցութիւններով, այսպէս, յանկարծ կը դատարկուի եւ կ'իյնայ...
Տարիներ շարունակ մեր կազմակերպութիւնները խօսած են հայապահպանման մասին, անիմաստ մարտական մարմնամարզումներով ու գործունէութիւններով երիտասարդներու ապագան քանդած եւ մաշեցուցած են, ոչ մէկ տեղացի կազմակերպութեան հետ յարաբերութիւն չեն մշակած, ասոր-անոր դաւաճան պիտակած են, իրենք զիրենք աւելի վեհ եւ կազմակերպուած համարած են... Իսկ երբ պահը հասաւ, ու պէտք էր այդ կարծեցեալ ուժն ու կազմակերպուածութիւնը ցուցաբերէին, յանկարծ հրապարակի վրայ մարդ չմնաց, դատարկութիւնը երեւաց, ամէն ինչ գետնի վրայ նետուած... Ամէն մակարդակի վրայ ուղղակի խայտարակութիւն մըն էր:
Իսկ այն կազմակերպութիւնները եւ խումբերը, որոնք մերոնց համար յաճախ ծիծաղի եւ ծաղրանքի առարկայ էին, ի յայտ եկան, որ շատ աւելի կազմակերպուած ու հեռատես են, քան բոլոր Հայկական կազմակերպութիւնները...
Ափսոս... Ժամանակին կարդացած էի, թէ դժուար է սուտ խօսիլը, բայց աւելի հեշտ է, քան սուտ լսելը... Այսօր կրնամ ըսել, որ այս խօսքը մորթիս վրայ զգացի... Ափսոս, իսկապէս,
Ափսոս...
Սաղաթէլ Պասիլ
Մեկնաբանություններ (4)
Մեկնաբանել