HY RU EN
Asset 3

Բեռնվում է ...

Էջի վերջ Այլ էջեր չկան բեռնելու համար

Որոնման արդյունքում ոչինչ չի գտնվել

Մնա՞լ, թէ երթա՞լ

Սուրիոյ ներքին տագնապային եւ իրերայաջորդ տաղտկայարոյց խնդիրները պատճառ դարձան որ  զանազան գաղութներու հայեացքները կեդրոնանան Սուրիահայութեան վրայ: Վերլուածական կամ քննադատական դիտարկումները  կամ մտորումները, ցայսօր թերեւս ի զօրու չեղան սուրիահայութեան ողբալի ճակատագիրը կասեցնելու կամ վերջնական լուծումի մը յանգելու:

Մեծ Եղեռնի օրերուն մազապուրծ փախած եւ իրենց կամքէն անկախ Հալէպ հասած գաղթական հայեր, Սուրիական քաղաքացիութիւն ստանալէ ու Հայրենիք վերադառնալու յոյսը կորսնցնելէ ետք՝Սուրիական հողին ամուր կառչելով իրենց կեանքն ու ապագան անբաժաելի մէկ մասնիկը դարձուցին Սուրիական իրականութիւնէն: Տոգորուած ըլլալով երախտագիտութեան զգացումներով՝ անոնք իրենց էութիւնը,  անմասն չհամարեցին Սուրիական հայրենիքէն եւ շտապեցին իրենց ունեցած կարողութիւնները ի գործ դնել եւ երկրի բարելաւումի համար ջանք ներգործել: Սակայն միշտ հեռաւոր հայրենիքի մը կարօտը  իրենց հոգիին  մէկ ակիւնը ձգելով: Սուրիոյ մէջ անընդհատ աշխատելով նախ զարկ տուին արհեստներու  զարգացման,ապա իրենց աշխատանքի ոլորտը ընդարձակելով ներդրում ունեցան բազմաթիւ այլ բնագաւառներու մէջ:Այսպիսով երախտագիտութեան տուրք մատուցեցին եւ լիիրաւ քաղաքացիի կոչում ստացան:Յետագային երբ Սփիւռք հասկացողութիւնը առաջացաւ՝իրատեսներ Սփիւռք հասկացողութիւնը ընդունեցին, որպէս հայ կեանքի իրական պատկեր, եւ սուրիահայ գաղութը դարձաւ Սփիւռքի կարեւոր մէկ տարրը, նոյնիսկ Հալէպի կարգ մը մտաւորականներ առաջարկեցին Սփիւռքի կառավարութիւն մը հիմնել, իսկ Սփիւռք բառը, որ ցիրուցան կը նշանակէ, դադրեցաւ վիրաւորական  նշանակութիւն ունենալէ:

Սակայն Սուրիոյ վերջին տագնապալից իրադարձութիւնները կը սպառնան Սուրիահայ գաղութի գոյութեան ու ապագայի  լաւատեսական պատկերացումներուն:

Հալէպի մէջ օրէ օր աւելի վատթարացող վիճակը, պատերազմական մթնոլորտը եւ հայկական թաղամասեր վտանգուած տեսնելու  հնարաւորութիւնը Սուրիահայուն մտքին մէջ կ'աւելցնեն   հարցադրումներու թիւը:Մօտաւորապէս դարէ մը ի վեր Սուրիահայ բնակչութիւնը որ ցարդ կ'ապրէր  խաղաղ պայմաներու մէջ, թերեւս  չէր կանգնած «մնա՞լ թէ՞ երթալ»ու հարցկանին առաջ: 20 տարիէ ի վեր անկախացած Հայաստանը տակաւին այնքան գրաւիչ չէր դարձած Միջին Արեւելքի գաղութներուն համար, որպէսզի զանգուածային ներգաղթի մասին մտածէին, իսկ 1940ական թուականներէն մնացած «ներգաղթ» արտայայտութիւնը, թէեւ յիշողութիւներէ վերացած, սակայն լիովին դրական տարազում չէր ստացած, այս իմաստով ալ Հայաստանը Սուրիահայու մտքին մէջ կը մնար ազգային գիտակցութեան մէկ յիշողութիւնը կամ երազը, ուր ներգաղթելը բացարձակ հարկաւորութիւն չէր նկատուեր:Իսկ Ասադեան  պետութիւնը հայերուն որոշակի իրաւունքներ վերապահուած ըլլալուն պատճառով , ինչպիսին է հայերէնը օգտագործել, որպէս կրօնքի լեզու, եւ ազգային այլ ելոյթներով հանդէս գալով կամ այլ  հայապահպանման գործօններով՝  նեգաղթելու մտայնութիւնը բացարձակ պահանջ ըլլալէ դուրս կը ձգէին:2011ի Մարտին  Սուրիոյ մէջ  կը ծագէր որոշակի ընդվզումի մեծ ալիք մը, ու աստիճանաբար հայկական շրջաններ ներթափանցումով՝ գաղութին խաղաղ դրուածքը  կը տատանուէր::Անորոշ վիճակի մատնուածներ ստիպուեցան վերաքաղել պատմութեան էջերը, որպէսզի առողջ ելք մը գտնելը դառնար կարելի բանեւ այդպիսով գաղութի զաւակներուն արտահոսքը դառնար  կանխարգիլելի: Պատամութեան յետադարձ ակնարկով մը ոմանք կը փորձեցին  Հայեր- Սուրիա անխզելի մէկ մաս ըլլալը փաստել՝ թէ Հալէպը Մեծն Տիգրանի օրերէն հայերուն համար նշանակալից վայր եղած է, ուրիշներ ցոյց կուզէին տալ թէ Հալէպը Կիլիկիոյ շրջանի մաս կը կազէր, ուր գրիչներ ձեռագրութիւն կը զարգացնէին, ոմանք ալ կը պնդէին որ Հալէպը ռազմավարական նշանակութիւն ունէր Հայաստանի անվտանգութիւնը ապահովելու համար: 

Գալով ազգային իշխանութիւներուն, անոնք անպատշաճ կը նկատէին  տարիներ շարունակ արաբ ժողովուրդի հետ կեանք բաժնեկցելէ ետք դժնդակային մէկ պահուն զանգուածային գաղթ կազմակերպելը  դէպի Հայաստան, հակառակ որ արտագաղթը դէպի Արեւմուտք կամ Ամերիկա եւ այլուր անյիշելի ժամանակներէն սկսած էր նօսրացնել Միջին Արեւելքի հայկական գաղութները, սակայն այդ գաղթերը պարբերական եւ անհատական դրդապատճառներէ մեկնած ըլլալով ՝ գաղութի ղեկավարները այնքան ալ ուշադրութիւն չէին կեդրոնացուցած  այդ ուղղութեամբ:Արտագաղթի երեւոյթը ընդհանրապէս  հրապարակաւ չէր արծարծուեր մինչ օրս:Իշխանութիւններուն համար ահաւորը զանգուածային վերացումն է:

Ներկայի իրավիճակը կը պարտադրէ «երթալ» կողմորոշումը:«Քանի մը օր մնաց, բոլոր խնդիրները հարթուելու են» մտայնութիւնը արդէն իսկ սկսած է հեքիաթանման հնչել ու ապագայի լաւատեսական հեռանկարները՝ նպատակազերծ են արդէն::Իսկ ֆիզիքական վտանգին առաջ դէմ յանդիման ըլլալու վտանգը ,ամէնօրեայ հրացանաձգութիւնները, ռմբակոծումներու ձայները, հեռուէն լսուելով հանդերձ՝ ահարկու սարսափ սկսած են  առաջացնել:Թէեւ հայերը կրակոցներու թիրախ չեն, սակայն կռուողները չափազանց դրական տրամադրութիւններ չունին հայերուն նկատմամբ: Այս իմաստով ալ պատահական կրակոցի մը զոհ երթալը ակնթարթային դրոյթով մը պայմանաւորուած է:

Ներգաղթելու հնարաւորութիւն ունեցողներ որոշակի քայլերու կը ձեռնարկեն, սակայն այս մէկը այնքան ալ ընդունելի չի նկատուիր Հալէպահայ աւանդապաշտ հասարակութեան կողմէն: Անմիջապէս մէջտեղ եկաւ  «դաւաճան» պիտակումը, թէ ճգնաժամի պահուն «գաղութ լքելը խելոքի գործ չէ» եւ կամ  խօսք կ'երթար որ Հայաստան մեկնած հայեր  պիտի չկարենային Սուրիա հայերէնիքէն դուրս իրենք զիրենք զգալ ապահով ու հանգիստ: Ոմանց համար ալ  «Հայաստանը այն տեղը չէ ուր Հալէպահայեր կրնան յարմարուիլ եւ վերջնականապէս հաստատուիլ»,այս բոլորը պայմանաւորուած է այն բանին հետ, որ Հայաստանցիներ լսելով Սուրիոյ ահազանգային վիճակը Սուրիահայերը վտանգէ փրկելու համար հայրենադարձութեան ծրագիրներով հանդէս եկան՝ պետութենէն խնդրելով ոէ աջակցի Սուրիահայերուն եւ զանոնք- Սուրիահայերը  հայրենիք տեղափոխելով զբաղի, նոյնիսկ ֆպ-ի սոցիալական ցանցերուն վրայ խումբեր կազմուեցան, որպէսզի կամաւոր աշխատողներուն համար  կարելի ըլլար օգնել ներգաղթող Հայերուն, բայց այս մէկը հաշտ աչքով չդիտուեցաւ Հալէպահայ հասարակութեան կողմէ, որովհետեւ ներգաղթ կազմակերպելով պիտի «պարպուի գաղութը», որ «դարերու» պատմութիւն ունի, շատ չանցած «ներգաղթը» ստացաւ «հայաթափում» յորջորջում, իսկ աւելի խաղաղ պայմաններու մէջ արտասանուած «ազատ անկախ հայրենիք»ի երազը, «հայրենադարձութիւն» գաղափարները մէկընդմիշտ շոգիացան ու անոնց փոխարինեց «Երազային ու պատմական Հալէպ»ը, որմէ կարելի չէ խուսափիլ ոչ մէկ գնով:

Արդարեւ,վրայ հասնող տնտեսութեան քայքայումն ու կենսական տարրական պահանջներու պակասը Սուրիահայերուն հայեացքը սեւեռել կու տան Սուրիոյ սահմաններէն անդին:«Երթալ»ու պահանջը,ստիպողական պարտադրանքի մը պէս, օրէ օր ինքզինք աւելի կը շեշտէ: Հետզհետէ ուռճացող տնտեսական տագնապը, բնակարաններու արժէքի սրընթաց նուազումն ու դրամական արժոյթի զառիթափումը լուրջ մարտահրաւէրներու առջեւ կը դնեն ներգաղթել ուզող Սուրիահայերը: Միջին դասակարգի անձանց համար- որ կը կազմէ մեծ տոկոս- ճակատագրական մեծ քայլերու դիմելն անհարկի կը նկատուի:Մէկ կողմէ տնտեսական աւելի ծանր վիճակի մտանուելու վախը  եւ միւս կողմէ  «Հայաստան աշխատանք չկայ, նոյնիսկ բնակիչները կը մտածեն արտագաղթել» մտայղացումը, կը ստիպեն պահ մը  մտածել գործելէ առաջ...Իսկ զոհեր եւ մեծ կորուստներ ունենալու  բայց   Սուրիական հայրենիքի վրայ պինդ մնացողները  այսօր, կը դառնան  արիւնալի պատերազմի մը  պաղարիւն դիտորդները  միայն ....

Ի վերջոյ՝  Սուրիահայուն իրավիճակը Սուրիոյ տարածքին  վրայ  դեռ եւս վճռուած  չէ:

Հուրի Քէշիշեան

Մեկնաբանել

Լատինատառ հայերենով գրված մեկնաբանությունները չեն հրապարակվի խմբագրության կողմից։
Եթե գտել եք վրիպակ, ապա այն կարող եք ուղարկել մեզ՝ ընտրելով վրիպակը և սեղմելով CTRL+Enter