HY RU EN
Asset 3

Բեռնվում է ...

Էջի վերջ Այլ էջեր չկան բեռնելու համար

Որոնման արդյունքում ոչինչ չի գտնվել

Սագօ Արեան

Մենք պիտի գոչենք՝ յառա՜ջ…

Քիչ առաջ աւելի քան 300 հոգի հաշուող երիտասարդներու խումբ մը, Երեւանի՝ Զագեան փողոցին վրայ գտնուող Հունգարիոյ դեսպանատան առջեւ կազմակերպած են բողոքի ցոյց: Երիտասարդները բարձրացուցած են 2004-ի փետրուարի 14-ին դաւադրաբար սպաննուած ՀՀ բանակի սպայ ԳՈՒՐԳԷՆ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆԻ նկարները:

Գիտենք, որ Մարգարեան այդ օրերուն կը գտնուէր Հունգարիա, Եւրոպական միութեան զինգործակցութեան ծրագիրներէն մէկուն առընթեր ծառայելու նպատակով: Սեւ թուական է այդ օրը Հայոց համար:

Այդ օր Գուրգէնը կացինահար կը սպաննուէր ազրպէյճանցի սպայի մը կողմէ՝ Րամիլ Սաֆարով: Սաֆարով, որ գիշերուան անդորրը կը պատռէր, կացինի հարուածով սպաննելով Հայոց բանակի սպան:

Դէպքը ցնցիչ էր:

Հրանդ Տինքի եւ Սեւակ Պալըքճիի կողքին Գուրգէն Մարգարեանի անունը կը դառնար ազգամիջեան խռովութեան նենգ քողին ու Հայատեացութեան խարոյկին մէջ, մատաղ եղողի մը անունը: Նահատակ էր Գուրգէն Մարգարեան: Ան կարծես մեր բոլորին, Երկրի ու արտերկրի հայերուս մեծ Խաչը շալկելով կը մօտենար Չարենցի պատկերացումներուն մէջ, միշտ վառ մնացած վերջին զոհի, վերջին մարտիրոսի մեծ պատարագասեղանին:

Այդ զոհասեղանը, որուն մասին մենք, մեր առօրեայ բանակռիւներուն ու մաքառումներուն մէջ կը մոռնանք, ահա այսօր յանկարծ կը պարզուի: Այսօր երբ Հունգարիոյ «եղբայր» յորջորջուած պետութեան արդարադատ մարմինները  զոհի պատմուճանն իր ուսերուն անցուցած դահիճը կը յանձնեն Ազրպէյճանական իշխանութիւններուն:

Զիս չեն հետաքրքրեր թէ Ազրպէյճանի նախագահն ու պատկան մարմինները ինչ ձեւով պիտի ընդունէին այս պաշըպոզուքը (ինչպէս պիտի կոչէր զինք ՀՀ նախագահ՝ Ս. Սարգսեան): Կամ չեմ ալ ուզեր մասնաւորել թէ ինչ պայմաններու հենելով է որ նոյն Հունգարիան, ինչ հաւէսով կամ «բարի կամեցողութեամբ» ոճրագործը անպարտ արձակելով, Սաֆարովը կ'ուղղարկէր իր երկիրը: Այս բոլորը երկրորդ բլանի թեմաներ են:

Ես պիտի ուզէի «ներսէն» դիտել խնդիրները:

Այսօրինակ արարքներ միշտ ալ միացուցած են մեր բազմերես, բազմերանգ եւ տարտղնուած ժողովուրդի մասնիկները: Վաղը նոյնիսկ կանխատեսելի է, որ Սփիւռքի մէջ տեղի ունենան բողոքի ակցիաներ, անգամ իրար խառնուած ու շփոթահար ՖՊ-ի ընկերներէս մին, կոչով մը հանդէս կու գար խնդրելով՝ ԱՍԱԼԱ-յէն որ համապատասխան քայլերով հակադարձէր եղածին:

Դեռ չեմ խօսիր ՀՀ իշխանութիւններուն վճռած այն որոշումներուն մասին, որոնք պիտի սկսէին ԱԺ նախագահին Հունգարիա նախատեսած այցին ջնջումով, ու մինչեւ ծայր երթալով՝ Հայաստանի Հանրապետութիւնը ժամանակաւորապէս կը խզէր իր դիւանագիտական կապերը Հունգարիոյ հետ:

Այս բոլորը պարզ են: Վաղը նաեւ տեղի կունենայ նաեւ Բողոքի մեծ ցոյց Հունգարիոյ Դեսպանատան առջեւ: Հոն կրնան հնչել բարձր ոճի լոզունգներ, հոն կրնան հնչել Հունգար պետութեան հանդէպ վիրաւորանքի արտայայտութիւններ:

Այս բոլորը տեղին են ու սպասելի: Այս բոլոր կատարուածին դէմ որպէս արդար բողոք պիտի ընդունուին ու բարձրօրէն լսելի դարձնեն, Երեւանի ազգային երակը իրենց մէջ կրող բոլոր «տաքարիւն» հայերուն արդար ու անկասելի բողոքի ճիչը:

Այո Ճիչն անկասելի է որովհետեւ կարծեցեալ Եւրոպական մեծ ընտանիքին համար, ամէն ինչ զոհելու պատրաստ Հայաստանը խոցուած է:

Վիրաւոր է մեր արժանապատուութիւնը: Վիրաւոր ենք մենք բոլորս, ու մեր արդար բողոքի ձայնը լսելի պիտի դառնայ Երեւանէն մինչեւ այն հեռաւոր կէտը ուր կանք մենք, ուր կ'ապրին մեզի պէս, մեր վէրքին ու խաչին բեռը իրենց ուսերուն ու բարձրաճակատներուն զմայլելիութեամբը յառաջ տանիլ փորձող բոլոր հայերը: Յառա՜ջ, ուրեմն:

Մեր նշանաբանն է այդ, բոլոր վէրքերէն, բոլոր ցաւերէն, բոլոր շուարումներէն, բոլոր տուայտանքներէն ու բոլոր անկումներէն յետոյ ...

Մենք պիտի բարձրաձայնենք՝ ՅԱՌԱ՜Ջ...

Մեր կոչը, գոյն չունի ու մեր երթն անխափան է, այնքան ատեն որ Գուրգէն Մարգարեաններու, Հրանդ Տինքերու եւ Սեւակ Պալըքճըներու դատը իր արդար  դատաստանին չէ արժանացած:

Մենք պիտի աղաղակենք՝ Յառա՜ջ:

Մեր աղաղակն անկասելի է, որովհետեւ մենք կը հաւատանք՝ արդարութեան: 

Լուսանկարը՝ «Արմենպրեսի»

Մեկնաբանել

Լատինատառ հայերենով գրված մեկնաբանությունները չեն հրապարակվի խմբագրության կողմից։
Եթե գտել եք վրիպակ, ապա այն կարող եք ուղարկել մեզ՝ ընտրելով վրիպակը և սեղմելով CTRL+Enter