HY RU EN
Asset 3

Բեռնվում է ...

Էջի վերջ Այլ էջեր չկան բեռնելու համար

Որոնման արդյունքում ոչինչ չի գտնվել

Սագօ Արեան

Արիւնը գետին մնալու չէ

Երեւի ոչ միայն Հայաստան աշխարհի մէջ, այլ նաեւ հոն ուր հայ կայ, ակտիւօրէն կը շարունակուին Սաֆարովին Ազրպէյճան յանձնելու, եւ Հունգար իշխանութիւններուն կողմէ ,  Հայոց աչքերուն  փոշի ցանելու ճմլող իրականութեան ծալքերուն մասին թէժ  թեմաները: 

Հայերս շատ ենք զգացմունքային.: Նոյնիսկ Թէլէ-ով ելոյթ կունենան   շատ մը գործիչներ, որոնք նոյն փողոցի զգայնոտութիւնը կուզեն փոխանցել հանրապետութեան սաղ բնակիչներուն:

Այս մեծ «Կավկաս Թամաշայ»ին մէջ,  ի հարկէ հանդիպեցայ քանի մը շատ իրական, ճշմարիտ խօսքերու:

Խօսքը՝պատմաբան եւ ազգային բարձր գիտակցութեան տէր եղող ՝Արմէն Այվազեանի այն խորիմաց ըսածն էր,   թէ՝ « Նաթոյի անդամ Հունգարիան, առանց նոյն Նաթոյի իմացութեանը, Սաֆարովին տուն չէր ուղարկէր ...»:

ՈՒրեմն ինչ է սաղով խառնուած ենք իրար:Հիմա պիտի բարձրաձայնէք ՝ ի՞նչ ընէինք, հապա լուռ անցնէի՞նք, հապա չխօսէի՞նք, չպոռայի՞նք:

Աշխարհով մէկ բողոքի ձայներ պարզ է որ դեռ պիտի բարձրանան, ու անհրաժեշտ է որ բոլոր  իմանան այս մասին, անգամ ամէնէն վերջի  հերթը կանգնած հայը իմանայ թէ ինչ կը կատարուի մեր հետ այսօր:

Հետաքրքրական է սակայն, ու պարտաւոր ենք մենք ընդունիլ, որ զգացմունքային, խղճահարութեան, ցասումի- բողոքի ալիքները կրնան բան մը չաւելցնել այս դատին:

            Կրնան կ'ըսեմ, որովհետւ կրնայ պատահիլ եւ հակառակը:

Այսինքն մեր բողոքը կրնայ հասնիլ այնպիսի տեղեր  որ հանրային կարծիք մը կրնայ շարժիլ ու կողմնորոշուիլ ի սպաս մեր ու Գուրգէն Մարգարեանի դատին:

Թէ մենք, լռելեայն ուզած են տեղ մը գոնէ հաւատալ որ այս մարդասպանութեան խնդիրը, ոչ միայն մեր խնդիրն է այլ նաեւ ՝«առողջ պառաւ» Եւրոպայի խնդիրն է:

Եւրոպան կը խօսի արժէքներէն, բայց կը վաճառէ այդ արժէքները: Եւրոպան աշխարհը դաստիարակելու, եսիմ ինչ մարդոց զանազան ոլորտներէ ներս գնահատանքի գիրեր, նոպէլեան մրցանակներ- կոնգուռներ կը մատակարարէ, սակայն այսօրինակ սպանութեան մը առջեւ լուռ է: Աւելի չուզեր ըմբռնել եղածին ահաւորութիւնը:

Լռութեամբ կը շարունակեն հոսիլ անոր ջուրերը եւ անաղմուկ կը շարունակեն արշաւել անոր մարդատար մեծ ու փոքր մեքենաները:

Խղճի մեծ հնոց էր Եւոպան:

Հիմա սակայն  մարդու ձուլարան է:

Առնուազն այդպէս կուղղուին անոր  անոր մեծ մեթրոյի ցանցերը, որ մարդ տանել բերելու հետ միասին, չեն մոռնար առեւտուրի մեծ գործարքներուն կողքին կամ անոնց հետ միասին, ձուլել մարդկային խիղճի տեսակներն ու հալեցնել ոգեղէն բոլոր արժէքները:

Լոյսերու Եւրոպան, անոր պոռնիկներն անգամ լուռ են ուր մնաց անոր պոռնիկ քաղաքներու մեծ լեզուաբաններն ու միտք մարդ կախաղալ փորձող  կիսամօրուքները:

Ես արեւելքէն կուգամ, կը գրեմ կովասի մէջ ու փափաքս է՝ «գրական եւրոպա» մտնել մեծ դուռէ մը:

Բայց աս զազրելիութիւնը դժուարամարս ուտելիքի  մը պէս, կը խցկէ կոկորդս:

Թուլքս կը կլլեմ,  եւ  անարդարութեան   մեծ առագաստին դէմ կուզեմ կռուիլ ..

Մինչ բոլորը լուռ են:

Լուռ է հիւսիսի մեր մեծ եղբայրեը, որուն համար  դեռ երէկ կովկասցի իմ նախնիներս մեծ   համաշխարհային  ա.  պատերազմը դարձուցած են հայրենական մեծ  պատերազմ:

Լուռ է ֆրանսան,  այն ֆրանսան որ քիչ մնաց որ Գրաբարը ընդունի իբրեւ պետական լեզու:

Այս բոլորը քաջ գիտենք բոլորս, սակայն  կրկնութեան գնով նորէն կը սերտենք «հին դասերը»:

Անցնինք: 

Հիմա  պէտք է հաւատալ որ զգաստութեան ժամն է:

Բոլոր դաշնակիցները կրնան ուշանալ մեծ ժամադրութեան:

Այս կռիւները մեզի տրուած առիթներ են,նորէն գօտեպնդուելու ...

Այդ սեղմումը, մեր սեղմիրաններուն վրայ զարդարուն այդ գօտեպնդումը, միայն դրօշակ այրելով չըլլար:

 Նոր ռազմերու ու  տարբեր ատեաններու մէջ նոր սպասուելիք ճակատումներով միայն: 

Երեվանի  կամ Նիկոսիոյ ՝Հունգարիոյ դեսպանատան  վրայ գտնուող լոլիկալուացումով միայն, մենք չեն կրնար դիմակայել:

Միայն մէկ ճառ ունինք մենք. Եթէ կը հաւատանք որ բան մը փոխելու հեռանկարը կայ

Այդ գօտեպնդումը ներքին խարոյկի մը հաւատալով է որ կը թարմանայ:

Չէ որ մենք ենք ուժեղը:

Աշխարհը կը սարսափի ուժեղներէն,

Ահա անոր համար էր որ րամիլ սաֆարովով հանդէս եկած հայատեացութեան ոջիլը պիտի սպաննէր Գուրգէնին առանց իմանալու որ մենք նոր Գուրգէններ ծնելու գաղտնիքը ունինք մեր մօտ, հինէն շատ հինէն :

Այդ ուժին համար կատեն մեզ:

Միայն ուժեղներուն կատեն:

Մեր ուժը մեր խորհուրդին մէջ է, ու վստահ եմ որ բողոքի ալիքը պէտք է պահել մեր երակներուն մէջ ու չսպառել այն փողոցային արտայայտութիւններով:

Այդ մասին, այդ ներքին խորհուրդին մասին մտածելու ենք անպայման:

Ու անունները կարեւոր չեն, որովհետեւ  դրուած գերխնդիրը մէկ է  ՝ Գուրգէն Մարգարեանի արիւնը գետին չի մնար:

Այդքան պարզ: 

Մեկնաբանել

Լատինատառ հայերենով գրված մեկնաբանությունները չեն հրապարակվի խմբագրության կողմից։
Եթե գտել եք վրիպակ, ապա այն կարող եք ուղարկել մեզ՝ ընտրելով վրիպակը և սեղմելով CTRL+Enter