
Օգնութիւնները
Ստեղծուած իրավիճակին մէջ, զանազան կեդրոններ կը գործեն բարեսիրական նպատակներով: Կեդրոնական Մարմինին կողքին, կը գործէ նաեւ Հայ Բաեգործական Ընդհանուր Միութիւնը: Ընտանիքներու անդամներ կուգան դիմումնագիր մը կը լրացնեն որուն մէջ կը նշեն իրենց անունը, ամուսնացած կամ ամուրի ըլլալը, ընտանիքի անդամներուն թիւը, համայնքը, տան եւ գործատեղիի հասցէներն ու հեռայայնի թիւը:
Նպաստներու սնտուկ-տուփը կը պարունակէ շաքար, ձաւար ձէթ, իւղ պահածոյ մսեղէններ եւայլն, մօտաւորապէս 2500 ս.ո. ($ 35):
Տխուր իրականութեան մէջ ուրախալի էր տեսնել, Հ.Բ.Ը.Մ.ի եւ Հ.Ե.Ը.ի ղեկավարներն ու այլ պատասխանատուներ «ձեռքով-ոտքով» կ'աշխատէին: երիտասարդ տղաքն ու սկաուտները սնտուկները կը տեղաւորէին Լ.Ն.-Գ.Կ. վարժարանի օթօքարներուն մէջ որոնք նպաստն, ու նպաստընկալները կը հասցնէին իրենց տուները, բան մը որ նպաստ տրամադրելու չափ կարեւոր է ներկայ իրավիճակին մէջ:
-Իսկ եթէ այս վիճակը շարունակուի պիտի շարունակէ՞ք ձեր նպաստը:
-Բարեգործականը միշտ պատրաստ պիտի ըլլայ հասնելու մեր հայրենակիցներուն,- պատասխանեցին:
-Իսկ արաբներո՞ւն:
-Եթէ ուզող ըլլայ, այո՛:
Ուրեմն այսօր Հալէպի մէջ արդէն հարիւրաւոր ընտանիքներ կան որոնք այսպիսի օգնութեան կարիք ունին: Այս թիւերը կարելի է կրկնապատկել, որովհետեւ համարեայ նոյն քանակութեամբ նպաստներ տրամադրուած են այլ ճակատ ներկայացնող միութիւններու կողմէ...
Այդքան շա՞տ է արդէն կարիքաւորներու թիւը: Մարդիկ անմիջական օգնութեան կարիք ունին որովհետեւ չեն աշխատիր, գործատէրերը իրենց գործաւորներուն աշխատավարձ չեն տար:
Մէկ շաբաթ ետք Օգնութեան Կեդրոնական մարմինի մօտ Նպաստընկալ կարօտեալներու թիւը անցած է իննը հարիւրը, եթէ այս թիւին գումարենք Հ.Բ.Ը.Մ.-ի եօթհարիւր յիսունը... կրնանք սոսկալ- թէեւ նպաստընկալները կրնան արձանագրուած ըլլալ երկու կողմերուն մօտ ալ որովհետեւ համակարգուած չէ նպաստներ բաշխելու աշխատանքը: Ասոնց կարելի է գումարել նաեւ Հայ կաթողիկէ համայնքի բարեսիրական յանձնախումբը, նաեւ Հայ աւետարանականներու նպաստները:
Այստեղ պէտք է նշել որ Կեդրոնական մարմնի մօտ հաւաքուած գումարը նպատակային էր, ծախսել համայն գաղութին համար եթէ արտակարգ վիճակի հասներ իրադրութիւնը, այսինքն այն պարագային երբ հայերը կամ հայերէն մաս մը , ստիպուած ըլլային իրենց տուները լքելով ապաստանիլ, հայկական դպրոցներ կամ եկեղեցիներ, ակումբներ եւայլն: Իրականութեան մէջ հայկական կազմակերպութիւններու նեդրած գումարը ոչինչ է (հինգ-վեց հարիւր հազար)... Ինքը Կեդրոնական մարմինը կը խոստովանի իր անփորձ ըլլալը...:
Վահագն Քէշիշեան
Մեկնաբանություններ (2)
Մեկնաբանել