HY RU EN
Asset 3

Բեռնվում է ...

Էջի վերջ Այլ էջեր չկան բեռնելու համար

Որոնման արդյունքում ոչինչ չի գտնվել

Հայց. եկեղեցւոյ բարեկարգութեան հրատապ հարցը

Սկիզբը

ԿԵՆՑԱՂ

Եկեղեցւոյ ամենահրատապ հարցն է եկեղեցականաց կենցաղը, որուն մասին կը խօսինք բայց երբեք չենք փորձեր լուծում մը գտնել այդ մասին։ Կոչում, նկարագիր եւ ուսում կը չքանան, կը ցնդին ի սպառ երբ այդ բոլորը չենք կրնար ապրիլ եւ ապրեցնել մեր կենցաղով, այլ խօսքով՝ մեր խօսքերն ու քարոզները կը դառնան լոկ անիմաստ շրթնային ծառայութիւն, ինչպէս կը տեսնենք բարձրաստիճան հոգեւորականէն մինչեւ համեստ քահանային մօտ։

Ընդհանրապէս երբ կենցաղի մասին կը խօսինք, կարծէք թէ կ’ակնարկենք կուսակրօնութեան մասին: Այս է ժողովրդային ընդհանուր հասկացողութիւնը։ Կուսակրօնութեան գլխաւոր ջատագովը եղած է Պօղոս Առաքեալ. «զի որ անկինն է՝ հոգայ զՏեառն, թէ ո՛րպէս հաճոյ լիցի Տեառն. եւ որ կանամբին է, հոգայ զաշխարհիս, թէ ո՛րպէս հաճոյ լիցի կնոջ իւրում: … զի կոյսն հոգայ զՏեառն, զի իցէ սուրբ մարմնով եւ հոգւով, եւ առնակինն հոգայ զաշխարհիս, թէ որպէս հաճոյ լիցի առն իւրում:» («որովհետեւ կին չունեցողը միայն Տիրոջ հոգը կ’ունենայ, ջանալով Տիրոջ կամքը ընել. մինչդեռ ամուսնացած մարդը երկրաւոր հոգեր կ’ունենայ, ջանալով իր կնոջ կամքը կատարել: … չամուսնացած կինը կամ կոյսը Տիրոջ հոգը կ’ունենայ եւ կը ջանայ մարմինով եւ հոգիով Աստուծոյ նուիրուիլ. մինչ ամուսնացած կինը երկրաւոր հոգեր կ’ունենայ, ջանալով իր ամուսինին կամքը կատարել»: (Ա. Կորն. 7:32-34)) Այլ խօսքով, Եկեղեցւոյ պաշտօնեան պէտք չէ կլանուած ըլլայ իր աշխարհիկ եւ ընտանեկան հոգերով։ Ան պէտք է հայր ըլլայ ոչ՛ միայն մի քանի զաւակներու, զորս կրնայ ունենալ ի մարմնոյ, այլ պէտք է ըլլայ հայրը բազմաթիւ հոգեւոր որդիներու, իր նուիրական կոչումին ծառայութեան դաշտին մէջ։

Պօղոս Առաքեալի տուած պատճառաբանութիւնները սակայն, հիմնաւոր չեն կրնար ըլլալ այսօր՝ երբ մարդկային ընկերային պայմանները ամբողջովին փոխուած են եւ աշխարհագրական հեռաւորութիւններն ալ ջնջուած, իսկ կնոջ ներկայութիւնը իր ամուսնոյն կեանքին մէջ ունեցած է աւելի դրական ներդրում իր մասնակցութեամբ անոր հոգեմտաւոր աշխատանքներուն մէջ՝ քան ժխտական։ Դիտեցէք ձեր շուրջը գտնուող Անկլիքան եւ Բողոքական եկեղեցիներու պաշտօնէութիւնը եւ դուք եղէք դատաւորները։ 

Միշտ կարծուած է որ ամուսնութիւնը հոգեւորականին ուսերուն պիտի բեռցնէ ընտանեկան այնպիսի ծանր հոգեր եւ ընկերային ու տնտեսական պատասխանատուութիւններ, որ անոր սէրը իր հօտին հանդէպ պիտի նուազի, ուստի ան պիտի չկարենայ իր բովանդակ կորովով նուիրուիլ իր կոչումին՝ այսինքն Եկեղեցւոյ ճամբով իր ժողովուրդի հոգեմտաւոր կարիքներուն։ Այսպէս մտածողներ չարաչար կը սխալին, որովհետեւ ան որ իսկական կոչումը ունի իր առաքելութեան, եւ ունի նուիրումի անսակարկ ոգի, ոչ մէկ կերպով կրնայ շեղիլ իր առաքելութեան պարտականութիւններէն եւ պարտաւորութիւններէն։

Կուսակրօնութեան հարցը վարդապետական ըլլալէ առաջ եւ աւելի՝ կարգապահական է: Հետեւաբար ընդհանուր գիծերով անդրադառնանք անոր պատմական զարգացումին։ Նախ, պէտք է ըսել որ այս հարցը ո՛չ այսօրուան հարցն է եւ ո՛չ ալ միջնադարու։ Առաքելական օրերէն կայ ան, եւ այդ մասին կը կարդանք Աւետարանի՝ մասնաւորաբար Պօղոս Առաքեալի թուղթերուն մէջ, ուր ան յորդորելով հանդերձ թէ «պատուական է ամուսնութիւնը, եւ անկողինը՝ սուրբ» (Եբր. 13:4), սակայն կը թելադրէ. «… ես պիտի ուզէի որ ամէն մարդ ինծի պէս ապրէր, բայց Աստուած իւրաքանչիւրին իրեն յատուկ շնորհք մը տուած է. մէկուն՝ այսպէս ապրելու շնորհք, միւսին՝ այնպէս: Սակայն ամուրիներուն եւ այրիներուն կ’ըսեմ.- Աւելի լաւ կ’ընեն՝ եթէ ինծի պէս մնան. բայց եթէ չեն կրնար տոկալ՝ թող ամուսնանան, որովհետեւ նախընտրելի է ամուսնանալ քան ցանկութեամբ եռալ» (Ա. Կորն. 7:7-9), նոյն ատեն կշտամբելով հոգեւորականաց սանձարձակ կեանքը, թելադրելով որ  «եպիսկոպոսը պէտք է անմեղադրելի  ըլլայ. մէկ կնոջ ամուսին …» (Ա. Տիմ. 3:2)։ Այս բոլորը մեզի կը թելադրեն որ քրիստոնէական գիտակցութեան մէջ մեծ նշանակութիւն ունէր ամուսնութիւնը, եւ նոյն ատեն մեզ իրազեկ կը դարձնեն այն իրողութեան որ նախնական Եկեղեցւոյ կեանքին մէջ յաճախակի էին աշխարհականներու եւ եկեղեցականաց կեանքի սայթաքումները։

Ընդհանուր եկեղեցւոյ Հայրերէն՝ Տերտուղիանոսի խօսքերէն յստակ կերպով կը հասկնանք որ իր օրերուն եպիսկոպոսներ բազմակնութեամբ ապրած էին, եւ ինչպէս Նազիանզացին ալ կը վկայէ՝ հայրը եպիսկոպոս էր իր ծնած ատեն։ Պատմականօրէն շարքը երկար է նմանօրինակ երեւոյթներու Արեւելեան եւ Արեւմտեան Եկեղեցիներու մէջ։ Մեր նպատակէն չշեղելու համար կը խուսափինք յաւելեալ պատմական  մանրամասնութիւններու մէջ մտնելու…։

Դ. դարուն էր որ նշանաւոր Եկեղեցական Հայրերէն Ոսկեբերան, Եւսեբիոս, Կիւրեղ Երուսաղէմացի եւ ուրիշներ փափաքեցան կուսակրօնութեան հարցը բերել Նիկիոյ Ժողովին եւ առաջարկել որ ամուսնացեալ եկեղեցականներ հրաժարին իրենց կիներէն եւ ընդունին կուսակրօնութիւնը։ Նմանօրինակ առաջարկներու կը հանդիպինք նաեւ այլ Եկեղեցական Ժողովներու մէջ եւ սակայն ո՛չ մէկ ժողով կրցաւ պաշտօնականացնել նման առաջարկ մը եւ պարտադիր դարձնել կուսակրօնութիւնը։

Միայն Զ. դարուն էր (534 թ.) որ Բիւզանդիոնի կայսր Յուստինիանոսի օրինարգիրքը արգիլեց ամուսնացեալ քահանաներուն եկեղեցական աստիճանի բարձրացումը,  յայտարարելով որ «զաւակ ունեցողը չի կրնար եպիսկոպոսանալ», պատճառաբանելով որ եպիսկոպոսը, որպէս հոգեւոր հայր հաւատացեալներու, պէտք է զերծ մնայ մարմնաւոր հոգերէ։ Այս մտածողութիւնը եկեղեցական նուիրագործում ստացաւ Է. դարու վերջերը, 692 թուականին, Կ. Պոլսոյ Տրուլլեան ժողովին մէջ, թելադրելով որ եպիսկոպոսը պարտի զգաստ կեանք մը ապրիլ, իսկ եթէ ամուսնացած է, կինը պարտաւոր է վանք քաշուիլ եւ իր ամուսինէն ստանալ իր ապրուստը։ Իսկ քահանաները, սարկաւագներն ու կիսասարկաւագները պարտին ամուսնանալ ձեռնադրուելէ առաջ։

Ահաւասիկ այս եղաւ եկեղեցականաց կենցաղի հարցին ստացած վերջին ձեւը Յոյն եւ Արեւելեան միւս Եկեղեցիներուն մէջ Է. դարէն սկսեալ եւ կը շարունակուի մինչեւ այսօր։ Այս որոշումները պատճառ դարձան որ Եկեղեցւոյ բարձրագոյն աստիճանները բաց պահուին միայն կուսակրօն եկեղեցականներու առջեւ։   Սակայն Արեւմտեան Եկեղեցին որ ջատագովը դարձաւ այս նոր հասկացողութեան չկրցաւ ընդհանուր հանգամանք մը տալ անոր, որովհետեւ մինչեւ ԺԵ. դարու վերջերը տակաւին գույութիւն ունէին ամուսնացեալ քահանաներ եւ եպիսկոպոոսներ Կաթողիկէ Եկեղեցիին մէջ։

Հայց. Եկեղեցւոյ պարագային այլ նոյնը կատարուեցաւ։ Յուստինիանոսի օրինագիրքին ազդեցութիւնը, ինչպէս նաեւ այլ պատմական հանգամանքներ, յարացոյց են եւ կը հաստատեն որ Արեւելեան Եկեղեցիներու սկզբունքներն են որ մեզ առաջնորդած են այս ուղղութեամբ։ Կուսակրօնութիւնը վանական կեանքի մէկ արգասիքն է եւ յետսամուտ է մեր եկեղեցական կեանքին մէջ, որովհետեւ մինչեւ հինգերորդ դար՝ մեր կաթողիկոսներն ալ ամուսնացած էին եւ կաթողիկոսական աթոռն ալ ժառանգական էր մինչեւ Սահակ Պարթեւ, երբ այս վերջինը չունեցաւ արու զաւակ մը որ բարձրանար կաթողիկոսական աթոռ։

Կուսակրօնութեան մուտքը Հայց. Եկեղեցիէն ներս՝ ժողովական կանոններու սեղմումներուն ենթարկած է կուսակրօնները, եւ արգիլած՝ անոնց պաշտօնավարութիւնը թեմերէ ներս։  Այս մասին կրնանք կարդալ Ս. Սահակի կանոններուն մէջ (38րդ յօդուած) ուր ցոյց կը տրուի թէ վանքերը շինուած են կուսակրօններու համար։ Այս կանոնը իր ոյժը պահեց դարերու ընթացքին։ Իսկ Շնորհալի Հայրապետ իր «Առ կրօնաւորս խարազնազգեացս որ ի վանորայս» թուղթով կ’արգիլէ կուսակրօններուն թողուլ իրենց վանքերը եւ հաստատուիլ քաղաղաքներու եւ գիւղերու մէջ, նոյն ատեն թելադրելով ամուրի երիտասարդ քահանաներուն (հաւանաբար կ’ակնարկէ այրիացած քահանաներուն) որպէսզի վանք քաշուին, որվհետեւ, կ’ըսէ, «աշխարհիկ իր կեանքին մէջ իր պաշտօնին բերմամբ միշտ յարաբերութիւններ ունենալով կիներու հետ եւ զանոնք խոստովանեցնելով,  կարելի չէ սրբութեամբ ծառայել Աստուծոյ»։

Կուսակրօններու յատուկ այս յանձնարարութիւններն ու վանարգելումը ապացոյց են որ մեր Եկեղեցւոյ հայրերուն անծանօթ չէր կուսակրօն եկեղեցականներու գայթակղական կեանքը քաղաքներու մէջ, եւ այդ պատճառով ալ անոնք արգիլեցին կուսակրօններուն շփում եւ յարաբերութիւն ունենալ ժողովուրդին հետ։ Այս խիստ օրէնքները պատճառ դարձան որ կուսակրօններ իրենց ժամանակը նուիրեն Ս. Գրոց ընթերցման, գրականութեան, թարգմանութիւններու, ձեռագիրներու ընդօրինակութեան, գրչագրութեան եւ զարդանկարչութեան։

Ահաւասիկ հպանցիկ կերպով ներկայացուցինք կուսակրօնութեան զարգացման ընթացքը իր կարգ մը գիծերուն մէջ։ Բայց անհրաժեշտ է իմանալ թէ այս բոլորը որքա՞ն համապատասխան ներդաշնակութիւն ունին ԱՅՍՕՐ մեր հոգեմտաւոր կարիքներու դաշտին մէջ։

Անշուշտ դիւրաւ ըմբռնելի եւ հասկնալի է թէ նման արգելքի դրութիւն մը կուսակրօններու կեանքին մէջ կարելի պիտի չըլլայ շարունակել, նկատի ունենալով որ ընկերային բարքերու թուլացումը, բարեկեցիկ տուներու ազգակցութիւնը կուսակրօն վանականներու հետ, եւ մանաւանդ ամուսնացեալ եկեղեցականներու կրթական անկեալ վիճակը՝ պիտի  դիւրացնէին կուսակրօններու վազքը դէպի քաղաքներ եւ դէպի թեմական պաշտօններու բարձրացում։

Ամուսնացեալ եկեղեցականներու հոգեմտաւոր պատրաստութեան բացակայութիւնը պատճառ պիտի ըլլար որ անոնք դառնային միայն խորհրդակատարներ, ամբողջութեամբ զուրկ եւ սնանկ (բացառութիւնները միշտ յարգելի) եկեղեցագիտական եւ աստուածաբանական բոլոր գիտութիւններէն, ինչ որ իր կարգին առիթ եւ պատճառ պիտի դառնար որպէսզի  համեմատաբար զարգացած կուսակրօններ ուղղուին դէպի քաղաքներ եւ կատարեն հովուական պաշտօններ։ Երբեք զարմանալի չէ այս իրողութիւնը, որովհետեւ երբ քահանան անկարող կը դառնայ գոհացում տալու իրեն յանձնուած հօտին հոգեւոր եւ բարոյական պէտքերուն, ժողովուրդը անյապաղ կը դիմէ կուսակրօններուն։ Նոյնն է պարագան ամէն տեղ այսօր, նամանաւանդ Արեւմտեան երկիրներու մէջ։

Ահաւասիկ այս նորաստեղծ կացութիւնը,-- այսինքն կուսակրօնութեան վանական կեանքէն հեռացումն ու նոր քաղքենիութիւնը,-- պատճառ դարձաւ որ ամբողջութեամբ անտեսուի ամուսնացեալ քահանաներուն զարգացման կարեւորութիւնը, որու հետեւանքով ամուսնացեալ քահանայութեան շարքերը ստուարացան մեծաւ մասամբ անուս, անմշակ, բարոյական արժանիքէ ու նկարագրէ զուրկ կարգ մը մարդոցմով -- ժամկոչներով, իրենց արհեստներուն մէջ ձախողած, սնանկացած, կոչումէ զուրկ անհատներով, որոնք քահանայութիւնը նկատեցին նոր ասպարէզ՝ ապահով կենցաղ մը ունենալու համար։ Եւ այս բոլորին տխուր արդիւնքը  եղաւ այն՝ որ կուսակրօններ, հակառակ եկեղեցական կանոններու, մենատէրները դառնան եկեղեցական բարձրագոյն աստիճաններուն եւ պաշտօններուն։

Այնքան ատեն որ Հայց. Եկեղեցին կը շարունակէ այս եկեղեցական դասակարգի երկուութիւնը, որքան ատեն որ եկեղեցական բարձրագոյն պաշտօններն ու աստիճանները (եպիսկոպոսութիւն, պատրիարքութիւն, կաթողիկոսութիւն) վեղարաւոր կուսակրօնութեան առանձնաշնորհումը կը շարունակեն ըլլալ, Եկեղեցին պիտի չկարենայ տոկալ 21-րդ դարու մարտահրաւէրներուն եւ պիտի չկարենայ մատակարարել իր ժողովրդին հոգեմտաւոր կարիքները։

Բոլորիս ծանօթ է Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ կարգ մը կուսակրօններուն ապրած ցոփ ու անպարկեշտ կեանքը Արեւմտեան աշխարհի, եւ մասնաւորաբար Միացեալ Նահանգներու մէջ, որուն հետեւանքով Եկեղեցին ո՛չ միայն նիւթական հսկայական գումարներ տուժեց, այլեւ հաւատացեալներու  հսկայ բազմութիւններ հեռացան Եկեղեցւոյ խորանէն։ Դժբախտաբար նոյնն է եղած, առաւել կամ նուազ չափով,  հայ կուսակրօնին կենցաղը վերջին հարիւրամեակին։ Անբասիր (անբիծ, անարատ, մաքուր) յորջորջումը ծաղր մըն է պարզապէս, նետուած՝ յարաբերաբար ժուժկալ կենցաղ ունեցող կուսակրօններուն երեսին, որոնք հաւանաբար մատի վրայ կը համրուին եթէ ուզենք արդար ըլլալ մեր ախտաճանաչումին մէջ։

Թէեւ շատ հակիրճ ակնարկութիւններ կատարեցինք պատմականօրէն մեր Եկեղեցւոյ կեանքին մէջ պատահած կուսակրօններու սայթաքումներու մասին, բայց այսօր մեր աչքին առջեւ կը պարզուին խայտաբղէտ սայթաքումներ եւ գայթակղութիւններ։ Կը ճանչնանք կուսակրօն եկեղեցականներ որոնք ապօրէն յարաբերութիւններ մշակած են իրենց հոմանուհիներուն հետ, ուրիշներ՝ ամուսնացած են եւ զաւակներու տէր են։ Այստեղ կրնամ վկայակոչել Երջանկայիշատակ Վազգէն Ա. Կաթողիկոսի հայրական թելադրութիւնները իր միաբաններուն, մասնաւորաբար համայնավար վարչակարգի տարիներուն. «Սիրելի միաբաններ, քաջածանօթ եմ որ հակառակ մեր եկեղեցական օրէնքներուն կը կենակցիք կանանց հետ եւ ձեզմէ շատեր զաւակներ ալ ունին: Լաւ կ’ըլլայ որ առ նուազն պետական ամուսնութիւն կնքէք, որպէսզի ձեր զաւակները ապօրէն չնկատուին»: Ահաւասիկ անկեղծութիւնը որ կայ Հայրապետին խօսքերուն մէջ, տեսնելով իր շուրջ կատարուած անուրանալի մարդկային բարոյական սայթաքումները։

Դարձեալ, դժբախտաբար, վերջին հարիւրամեակին՝ չգտնուեցաւ հոգեւոր հեղինակութիւն մը (Գերագոյն Խորհուրդ, Ազգային Ընհանուր Ժողով իրենց բոլոր յարակից մարմիններով) որ գործադրէր Շահապիվանի Ժողովին 14-րդ կանոնը, որ կը հրամայէ «կարգալոյծ ընել եպիսկոպոսը, երէցը կամ սարկաւագը որ կին կը պահէ»։ Վերջին յիսուն  տարիներուն, մեր միաբանական կեանքի տարիներու ընթացքին,-- անկէներս եւ դուրս, եւ անկէ ետք ալ,-- տեսած ենք եւ կը տեսնենք կուսակրօններ որոնք անպատկառ շնականութեամբ գլխէ հանած են իրենց բարեկամներուն եւ պաշտօնեաներուն կիները, պատճառ դարձած են ընտանեկան քայքայումի, ուրիշներ՝ իրեց վարքով դէպի անձնասպանութիւն մղած են կանայք,  իսկ ուրիշներ մանկապիղծ եղած են:  Իսկ այս բոլորէն վեր ու անդին, եւ աւելի սարսափելին՝ ներկայութիւնը միասեռականներուն--արուամոլ թէ՛ իգացեալ։  Բազում են նաեւ կուսակրօններէ (վարդապետ, եպիսկոպոս, արքեպիսկոպոս, պատրիարք, կաթողիկոս) ծնած երեխաները…:

Այստեղ դարձեալ կը վկայակոչեմ 1920-ական թուականներուն Բենիկ Վարդապետին «Իմ պատասխանը բոլոր զրպարտիչներին» խորագրով հրապարակած նամակ-յօդուածը, ուր կ’արտայայտուի այսպէս. «Տասն եւ հինգ տարի է ամուսնացած եմ անթաքչելի կերպով. ընտանիքով ապրել եմ նաեւ Էջմիածնի վանքի մէջ, ուր ապրում էին եւ ապրում են իրենց ամուսինների հետ Ներսէս Արքեպիսկոպոս Խիւդավէրտեանը, Ադամ Վարդապետը, Եղիշէ Վարդապետը, Գէորգ Վարդապետ Չէօրէքճեանը, Դանիէլ վարդապետը, եւ Հայրապետներից եւ ո՛չ մէկը չպահանջեց, որ անոնք բաժնուին իրենց ամուսիններից։ Այժմու Վեհափառը (Գէորգ Ե.) երբ հրաւիրեց Գէորգ Եպիսկոպոսին վարդապետանալ, վերջինս ազնուութիւն ունեցաւ նախապէս յայտնելու, թէ կին ունի: Իսկ այս հանգամանքը Կաթողիկոսը արգելք չհամարեց, որ նա վարդապետանայ, եպիսկոպոսանայ, արքեպիսկոպոսանայ, առաջնորդ դառնայ։  Սակայն նոյն Կաթողիկոսը պաշտօնական թղթով 1919թուին հրամայեց վանական անառակներին, որ երեք օրուայ ընթացքում աղախիններին եւ մանկահասակ տղայ ծառաներին հեռացնեն վանքից….»:

Ահաւասիկ ախտաբոյր իրականութիւնը որ կը տիրէր Ամենայն Հայոց Հայրապետութեան Աթոռանիստ Ս. Էջմիածնի վանքին մէջ։ Բենիկ Վարդապետին յօդուածը պարզապէս ցոյց կու տայ որ հայութեան հոգեւոր կեդրոնը, Էջմիածինը՝ դարձած էր ապականութեան բոյն մը։ Արդեօք տարբե՞ր է պատկերը այսօր մեր նուիրապետական ա՛յլ Աթոռներէ ներս….։

Այս բոլորը մեզի ցոյց կու տան որ կուսակրօնութիւնը ժամանակավրէպ իրողութիւն մըն է, եւ բոլոր անոնք որոնք կը տուայտին այդ կեանքին մէջ՝ կ’ապրին իսկական ինքնախաբէութեամբ։ Կուսակրօնութիւնը որպէս պարտադիր կենցաղ  պահպանել ու շարունակել՝ կը նշանակէ քաջալերել շնութիւնն ու պոռնկութիւնը, կը նշանակէ կրօնապէս վաւերացնել եւ հովանաւորել անբարոյականները, ուստի եւ ուրանալ ամուսնութեան սրբութիւնը եւ ստորադասել զայն ապօրէն յարաբերութեան եւ կամ կենակցութեան։

Մարդկայնօրէն անհնարին է պայքարիլ մարմնական-բնախօսական կարիքներուն դէմ։ Բնութեան օրէնքը անտեղիտալի է եւ միշտ յաղթական ամենազօրաւոր կամքին դէմ։ Հետեւաբար, երբ Եկեղեցւոյ արգելիչ կանոնները չեն կրնար յաղթել բնութեան օրէնքին, կուսակրօններուն օրինաւոր ամուսնութիւն կնքել արգիլելով ՝ քաջալերած կ’ըլլանք անոնց մեղապարտ եւ ապօրէն կենակցութիւնը։  Այս բոլորը քաջաբար գիտնալով, անհրաժեշտ է բարեփոխել դժբախտաբար շնութեան համազօր դարձած կուսակրօն կենցաղը, եւ ազատ թողուլ բոլոր փափաքողները՝ օրինաւոր ամուսնութիւն կնքելու, իսկ կամաւոր կուսակրօններուն թելադրել եւ պարտադրել որ ապրին աղօթանուէր վանական կեանք մը, եթէ իսկապէս կ’ուզենք պահպանել եւ պարտադրել Աւետարանին բարոյականը, եթէ կ’ուզենք պահպանել ամուսնութեան սրբութիւնն ու ընտանեկան պարկեշտութիւնը եւ ունենալ իր կոչումին գիտակից եւ հաւասարակշռուած մտքով ու նկարագրով եկեղեցականներ։Աստուծոյ գործին նուիրուած ծառայական կեանքը՝ անպայմանօրէն չէ՛ կապուած կուսակրօն կենցաղի հետ։

Վերջին հարիւրամեակին՝ մասնաւորաբար 1917-ի համագումարի ընթացքին  կուսակրօնութեան հարցի մասին երեւան եկած են երկու մտածողութիւններ: Անոնցմէ առաջինը համաձայն եղած է կուսակրօնութեան ջնջումին, զայն նկատելով անբնական երեւոյթ, եւ ուխտադրժումը՝ անխուսափելի (ակնյայտ են  փաստերը բոլոր նուիրապետական Աթոռներէ ներս)։ Իսկ երկրորդը համաձայն եղած է կուսակրօնութեան պահպանումին, պնդելով որ ուխտադրժութիւնը չի կրնար հիմք ծառայել անոր ջնջումին, որովհետեւ սեռային անհաւատարմութիւնը եւ ամուսնական ուխտադրժումները տեղի կ’ունենան նաե՛ւ ամուսնացեալ քահանաներու (մեզի ծանօթ պարագաները շատ են) եւ աշխարհականներու մօտ։

Այս երկրորդ մտածողութեան ջատագովներուն յառաջ բերած պատճառաբանութիւնները, մեր կարծիքով, օրինական-իրաւաբանական եւ կրօնական տեսակէտէ խախուտ հիմք ունին, որովհետեւ մէկուն գործած ոճիրը չի կրնար արդարացում ծառայել ուրիշի գործած ոճիրին, քաջ գիտնալով որ կուսակրօնին ուխտադրժութիւնը անխուսափելի է մարդկային սեռային կազմախօսական տեսակէտով, հետեւաբար բնական (եթէ կարելի է այսպէս ըսել)՝   կուսակրօնի պարագային, իսկ խոտորում (aberration) եւ դիպուածական երեւոյթ՝ ամուսնացածներու պարագային։ Կ’արժէ այստեղ յիշեցնել որ երկու դասակարգերու մէջ գործուած ուխտադրժութիւնները, իրենց հետեւանքներով, ժամանակին ենթակայ էին օրինական կանոններու առանձին պատժամիջոցներուն։ Կուսակրօնին գործած շնութեան պատիժը «կարգազրկութիւն»ն էր Շահապիվանի Ժողովի կանոններուն 14-րդ յօդուածին համաձայն, մինչ շնացող աշխարհականին պատիժն էր, Ժողովի կանոններուն 3-րդ յօդուածին համաձայն, «կշտամբանք օգտակար խօսքով, ծեծով եւ տուգանքով» (անշուշտ քաղաքակիրթ աշխարհը այսօր իր օրէնսդրութեամբ՝ չ’ընդունիր որեւէ ծեծ)։

Բոլորս ալ լաւ գիտենք որ եկեղեցականը պէտք է ըլլայ օրինակելի տիպար մը իր ժողովուրդին, եւ հետեւաբար անոր բարոյական սայթաքումները կրնան ստեղծել համայնական եւ համահայկական  գայթակղութիւններ։  Աշխարհականներու եւ ամուսնացեալներու պարագային, ուխտադրժութեան երեւոյթները այսպէս ասած՝ բացառիկ են եւ շատ փոքր տոկոսային յարաբերութիւն մը կը ներկայացնեն ժողովուրդի թիւին հետ։ Սակայն կուսակրօններու պարագային ուխտադրժութեան պարագաները դարձած են անգիր օրէնք։ Եզրակացնելով, կրնանք ըսել որ կուսակրօն կենցաղը պահպանել կը նշանակէ պոռնկութիւնն ու սեռային անբարոյութիւնը նուիրականացնել կրօնքի ճամբով։

Այս բոլորը քաջ գիտնալով հանդերձ, ժողովուրդը անտարբերութեամբ կը նայի եկեղեցականներու ցոփ կեանքին, ձգելով ամէն ինչ պատահականութեան եւ կեանքի բախտախաղին։ Այսօր՝ բոլոր ժամանակներէն աւելի, մերօրեայ նիւթականացած աշխարհին մէջ՝ անհրաժեշտ է ունենալ իր կոչումին գիտակից ու պարտաճանաչ եկեղեցականութիւն մը, որ իր մէջ կը մարմնացնէ կրօնքին ներշնչած անսակարկ ծառայութեան, նուիրումի սէրը։ Այլ խօսքով, հոգեւոր մշակներ՝ որոնք իրենց ինքնամոռաց անձնուիրութեամբ կրնան նոյնանալ իրենց ժողովուրդին բոլոր կարիքներուն եւ ցաւերուն հետ, հասնելու համար անոնց ծով կարիքներուն։

Բոլոր անոնք որոնք կը ջատագովեն կուսակրօնութեան պահպանումը, առարկելով թէ կուսակրօն հոգեւորականութիւնը անհրաժեշտ է Եկեղեցւոյ գոյութեան պահպանումին համար, ոչ՛ մէկ իրաւական եւ փաստական տուեալներու վրայ կը հիմնեն իրենց համոզումները։ Հետեւաբար մեզի կը մնայ ընդունիլ թէ ի՛նչ որ անբնական է եւ գայթակղեցուցիչ՝ չի՛ կրնար օժանդակել Եկեղեցւոյ առողջ գոյութեան։ Անբնական այս իրողութիւնը միայն քայքայիչ ոյժ մը կրնայ ըլլալ: Հետեւաբար՝ Եկեղեցի մը որ իր գոյութեան պահպանութիւնը յանձնած է  բնականէն իրենց ուխտը դրժելու նախասահմանուած կուսակրօններու ձեռքը՝ դատապարտուած է ամլութեան, քաքայումի եւ խորտակումի։

Մեր բոլոր փոքր եւ բարձրաստիճան եկեղեցւոյ պաշտօնեաները որոնք ամուսնացած էին առաջին հինգ դարերուն, արդեօ՞ք նուազ գիտակից էին իրենց կոչումին, եւ նուա՞զ անձնուրացութեամբ պաշտպանեցին ու պահպանեցին Եկեղեցիին գոյութիւնը։  Արդեօ՞ք նուազ ապահով է Անկլիքան Եկեղեցիին գոյութիւնը այսօր՝ ամուսնացեալ եկեղեցականութեան ձեռքին մէջ։ Եւ արդեօ՞ք նուազ պահպանուած են Բողոքական յարանուանական եկեղեցիները ամուսնացեալ քարոզիչներու ձեռքին մէջ։  Հետեւաբար կարելի է ըսել որ մեր Եկեղեցւոյ կազմակերպութեան տեւականութիւնը կամ գոյութիւնը կախեալ է նախ՝ իր հոգեւորականութեան՝ մասնաւորաբար ամուսնացեալ եկեղեցականութեան հոգեւոր ու մտաւոր մակարդակի բարձրացումէն եւ անոր գործունէութեան ասպարէզին ընդլայնումէն, եւ երկրորդ՝ անոր կարգապահութեան ոգիէն։

Այսօր դժբախտաբար՝ Եկեղեցին կորսնցուցած է իր բարոյական հեղինակութիւնը, որովհետեւ այլ ազդակներու կողքին՝ ամուսնացեալ եկեղեցականութեան մտաւոր ու հոգեւոր պատրաստութեան բացակայութիւնը եւ մասնաւորաբար կուսակրօնութեան ապրած ցոփ եւ անբարոյ կեանքը (բացառութիւնները միշտ յարգելի) նսեմացուցած են Եկեղեցւոյ պատկերը իր ժողովուրդին առջեւ։   Հետեւաբար ի՞նչ է բարւոք լուծումը այս իրողութեան եւ ինչպէ՞ս փրկել Եկեղեցին իր գահավիժումէն։

Մարդկային ընկերութեան մէջ կան ու միշտ եղած են անհատներ որոնք նախընտրած են ամուրի մնալ զանազան պատճառներով։ Ոմանք կը սիրեն ապրիլ առանձին, խաղաղ, ամուսնական կեանքի աղմուկէն եւ տաղտուկէն հեռու։ Ուրիշներ ալ այնքա՛ն գրաւուած են իրենց մասնագիտական գործով կամ արուեստով՝ որ ժամանակ չունին ուրիշ բանի մասին մտածելու եւ ուրախութեամբ կը հրաժարին ամուսնացեալ կեանքի մը առաւելութիւններէն։ Իսկ ոմանք ալ այնպիսի ասպարէզներու մէջ են որ ամուսնական կեանքը կրնայ խոչընդոտ մը հանդիսանալ իրենց բնականոն կեանքին։ Եւ կան տակաւին այնպիսիներ որոնք կը նախընտրեն մնալ ամուրի զանազան եւ բազմազան պատճառներով։

Հետեւաբար՝ անհրաժեշտ է բաց թողուլ Եկեղեցւոյ բոլոր նուիրապետական կարգերը քահանայութեան առջեւ, եւ կուսակրօնութիւնը վերածել կամաւոր վանական դրութեան մը՝ փափաքողներուն համար։  Իսկ կրօնական աստիճաններու բարձրացումը հիմնուած պէտք է ըլլայ ոչ՛ թէ եկեղեցականին ամուրի կամ ամուսնացեալ ըլլալուն, այլ անոր պատրաստութեան եւ նկարագրի ապացուցեալ արժանիքներուն վրայ։

Նմանօրինակ միտք մը կ’արտայայտէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Աթոռակից Բաբգէն Կաթողիկոս Կիւլէսէրեան իր «Հայց. Եկեղեցւոյ Բարեկարգութեան Խնդիրներ» յօդուածաշարքին մէջ, ըսելով. «շնորհիւ այս ազատ կենցաղի ընտրութեան ուրիշ կարեւոր խնդիր մըն ալ պիտի գտնէ իր լուծումը, այսինքն՝ Եկեղեցւոյ մէջ հոգեւոր աստիճանները այս կերպով բաց կը մնան միայն արժանաւորներու առջեւ։ Անարժան մը, որովհետեւ կուսակրօն մըն է, չի կրնար բարձրանալ, զոր օրինակ վարդապետութեան եւ եպիսկոպոսութեան աստիճանին, չի կրնար առաջնորդ ըլլալ. եւ ասոր հակառակ, արժանաւոր մըն ալ, որովհետեւ ամուսնացած է, չի զրկուիր այդ աստիճանէն եւ պաշտօնէն։ Եկեղեցւոյ պաշտօններուն մէջ յառաջացումներ եւ վարձատրութիւններ կը հիմնուին, եւ պէտք է հիմնուին, շինուած եւ փորձուած արժանիքի վրայ. այսինքն այնպիսի արժանիքներու վրայ, որոնք ինքնին կ’արտացոլան կոչումի եւ նկարագրի տէր եւ լաւ պատրաստուած ուսեալ հոգեւորականի մը կեանքին եւ գործունէութեան արդիւնքներէն»։

Թորգոմ Պատրիարք Գուշակեան եւս հետեւեալ կարծիքը կ’արտայայտէ իր «Սիոն»ի յօդուածներէն մէկուն մէջ. “ քանի որ սուրբ է ամուսնութիւնը եւ քրիստոնէական կրօնի Խորհուրդներէն մին, քանի որ Հայաստանեայց Եկեղեցին, չմերժելով ամուսնացեալներուն քահանայացումը, նովին իսկ էապէս ընդունած կ’ըլլայ արդէն սա սկզբունքը թէ ամուսնական կեանքը ժխտումը չէ հոգեւորականութեան, քանի որ անցեալին մէջ, այս կամ այն կերպով, ամուսնացեալներուն առջեւ չէ փակուած աստիճանային բարձրացումին ճամբան, ինչո՞ւ այսօր, իր անցեալէն նոյնիսկ իրեն մատուցուած փաստով կամ լոյսով չկարենայ ընդառաջել ներկայի պահանջներուն, յեղաշրջում մը յառաջ բերելով իր կազմին կամ կարգին վրայ՝ որ չունի վարդապետական կամ դաւանական որեւէ կողմ, եւ թոյլ չտալով որ ի սպառ մեռելութեան դատապարտուի եկեղեցական պաշտօնէութիւնը»։

«Շեշտելով հանդերձ այն խոշոր դժուարութիւններուն վրայ, որոնք ի սկզբան մանաւանդ պիտի յառաջ գան, երբ ընդունուի ու գործադրուի քահանայական ասպարէզի բացման սկզբունքը, որոնք, սակայն եւ այնպէս, բոլորովին ալ անյաղթելի խոչընդոտներ չեն կրնար ըլլալ իմաստուն եւ զօրեղ իշխանութեան մը համար. իրականութիւն է թէ այլեւս հասած է ամուսնաւոր հոգեւորականներուն առջեւ եկեղեցական յառաջացումի եւ վարչական ընդլայնման ժամը: Զայդ կը պահանջէ ոչ՛ միայն դարուն ոգին, այլ մանաւանդ ներքնապէս եկեղեցական ուժաւորման հարկը, ու ատոր չեն հակառակիր ոչ կրօնքին հոգին, եւ ոչ մեր Եկեղեցւոյ նախկին եւ նոյնիսկ ներկայ իարաւաբանութիւնը»:

Որեւէ ընկերութեան մէջ յառաջ եկած փոփոխութիւնները սկիզբ չեն առներ իշխանութեան բարձր աթոռներու վրայ բազմած օրէնսդիրներու նախաձեռնութեամբ։ Փոփոխութիւնները յառաջ կու գան իբրեւ հետեւանք ժողովրդական ճնշումներու եւ կարիքներու, որ իր ամէնօրեայ ապրումներուն մէջ փորձառութեամբ կը զգայ տիրող օրէնքներուն եւ սովորութիւններուն ամլութիւնն ու անբաւականութիւնը։ Ահաւասիկ, հիմնուելով այս ժողովրդավարական սկզբունքներու վրայ՝ վերջին հարիւրամեակին կուսակրօնութեան կանոնէն շեղումներ արտօնուեցան թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ սփիւռքի մէջ։ Կարգ մը կուսակրօն եկեղեցականներ հեռանալով իրենց վանական կեանքէն՝ ամուսնացան եւ ընտանիքներ կազմեցին, բայց յետոյ հրաւիրուեցան շարունակելու իրենց եկեղեցական ասպարէզը, որովհետեւ համայնավար վարչակարգի տիրապետութեան տարիներուն խիստ պակասը կար հոգեւորականներու, մասնաւորաբար հայրենիքէն ներս։

1922 թուականին  Գէորգ Ե. Կաթողիկոս նշանակելի քայլ մը առաւ որ լուրջ ազդեցութիւն ունեցաւ կուսակրօնութեան կանոնին վրայ։ Լուսաւորիչ-Սահակ Պարթեւի օրերէն սկսեալ մինչեւ Գէորգ Ե. Կաթողիկոս, Եկեղեցին երբեք չէր արտօնած այրիացած քահանաներու վերամուսնութիւնը, որովհետեւ Եկեղեցւոյ կանոններուն համաձայն արգիլուած էր ամուսնութիւնը ձեռնադրութենէն ետք։ Գէորգ Ե. Կաթողիկոս քաջութիւնը ունեցաւ, համախորհուրդ իր եպիսկոպոսներուն, հրատարակելու կոնդակ մը ուղղուած ամբողջ հայութեան։ Այդ կոնդակով ան արտօնութիւն կու տար եպիսկոպոսներուն որ թոյլատրեն այրիացեալ քահանաներու վերամուսնութիւնը։ Այս արարքով վեհափառը բեկանած եղաւ  Հայց. Եկեղեցւոյ դարաւոր կանոնը, որուն համաձայն՝ ոչ՛ մէկ հոգեւորական, որքան ատեն որ կը մնար կարգին մէջ՝ չէր կրնար ամուսնանալ։

Թէեւ այս հարցը ենթարկուած չէ Հայց. Եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսական Ժողովի մը պաշտօնական որոշումին, եւ սակայն անիկա սկիզբ դրաւ նոր հասկացողութեան մը. «Հարկ լուծանէ զօրէնս»։ Համաշխարհային առաջին պատերազմին հետեւանքով ահազանգային վիճակ մը ստեղծուած էր Հայաստանի եկեղեցւոյ կեանքին  մէջ։ Այրիացեալ քահանաներու ծառայութիւնը այդ օրերուն կենսական անհարաժեշտութիւն էր եւ հաւանաբար անոնց այրի մնալը կը հեռացնէր զիրենք Եկեղեցւոյ ծառայութեան դաշտէն։ Իմաստուն որոշում մըն էր Գէորգ Ե.ի կարգադրութիւնը, որ մեծապէս օգտակար եղաւ Եկեղեցւոյ գոյութեան եւ ծառայութեան յարատեւման։

Այրիացեալ քահանաներու վերամուսնութիւնը արտօնող այս կոնդակը շատ սերտ եւ նշանակալից դեր ունեցաւ յաջորդող տասնամեակներու մտածողութեան վրայ։ Հոգելոյս Վազգէն Կաթողիկոս, նկատի ունենալով կուսակրօններու հեռացումը միաբանական կեանքէն, ինքն ալ հետեւեցաւ Գէորգ Ե. Կաթողիկոսի օրինակին եւ մտածողութեան, եւ իր յատուկ որոշումով, պաշտօնապէս յայտարարեց ըսելով՝ «ոչ յօրինակ այլոց» եւ արտօնեց որ յոյլ մը կուսակրօն եկեղեցականներ ամուսնանան եւ շարունակեն իրենց եկեղեցական ծառայութիւնը։ Թէեւ իր արարքով՝ բեկանած եղաւ Հայց. Եկեղեցւոյ դարաւոր կանոնը, եւ սակայն նկատի ունենալով օրուան պահանջն ու կարիքը հոգեւոր մշակներու, այդ յոյլ մը պատրաստուած կուսակրօն եկեղեցականները փրկեց ու պահեց Եկեղեցւոյ ծոցին մէջ, եւ այսօր անոնք աշխուժութեամբ կը շարունակեն իրենց հոգեւոր ծառայութիւնները։ Կորսնցուցի՞նք բան մը. անկասկած ո՛չ: Ընհակառակն, շահեցանք, որովհետեւ Ամենայն Հայոց Հայրապետը ճիշդ եւ արդար էր իր կշռադատումներուն մէջ։ 

Կուսակրօնութեան հարցը այսպէս պարզելէ ետք, մեր համոզումն ու կարծիքն է որ, Հայց. Եկեղեցւոյ բարեկարգութեան հարցին մէջ, այս խնդիրը լուծելու համար անհրաժեշտ է ազատ թողուլ եկեղեցականութեան թեկնածուները իրենց կենցաղային ընտրութեան մէջ, եւ անոնց մէջ փնտռել մարդկային ազնիւ նկարագրի արժանիքներն ու աստուածատուր շնորհները։

Շար. Գ.
Ոսկան Մխիթարեան

Մեկնաբանել

Լատինատառ հայերենով գրված մեկնաբանությունները չեն հրապարակվի խմբագրության կողմից։
Եթե գտել եք վրիպակ, ապա այն կարող եք ուղարկել մեզ՝ ընտրելով վրիպակը և սեղմելով CTRL+Enter