HY RU EN
Asset 3

Բեռնվում է ...

Էջի վերջ Այլ էջեր չկան բեռնելու համար

Որոնման արդյունքում ոչինչ չի գտնվել

Հայց. Եկեղեցիոյ բարեկարգութեան հրատապ հարցը

Սկիզբը

Հոգեւորականաց ապրուստը

Նկատի ունենալով ներկայ դարու հասարակական-տնտեսական պայմանները, կրնանք ըսել որ դրամը յատուկ դեր ունի ապրելու արդի պայմաններուն մէջ: Թէեւ այդպէս չէր անցնող դարերուն, սակայն Եկեղեցւոյ պաշտօնէութիւնը վարձատրելու սովորութիւններուն ու աւանդութիւններուն կապակցաբար այսօր դէմ յանդիման կը գտնուինք լուրջ իրողութեան մը, որ կը յուզէ Եկեղեցւոյ պաշտօնեան ի տես իր անձուկ նիւթական գոյավիճակին (բացառութիւնները շա՜տ)։ Հայց. Եկեղեցւոյ պաշտօնէութեան վարձատրութիւնը եւ անոր եղանակը անհրաժեշտ է որ ստանան համահաւասար պատուաւոր ձեւ մը, որպէսզի որեւէ կերպով չվիրաւորեն անհատին արժանապատուութիւնը, եւ հետեւաբար այս վիրաւորական ձեւերն ու նիւթական անձուկ պայմանները հեռու չպահեն արժանաւորները՝ որոնք պիտի փափաքէին հոգեւոր ծառայութեան դաշտ մտնել։

“Պիտի ապրինք վերջապէս, –կ’ըսէ Թորգոմ Պատրիարք Գուշակեան,-- բայց պէտք է ապրինք պատուով, առանց մուրացկանի դիրքին մէջ ձգելու ո՛չ Աստիճանը որ ունինք եւ ո՛չ Սքեմը որ կը կրենք։ Բայց ո՛չ ալ այս երկուքը պէտք է ծառայեցնենք իբրեւ միջոց ճոխ եւ փարթամ կենցաղի մը յղփանքին, որ շատ աւելի անվայել եւ անպատիւ է հոգեւորականին համար”։

Խորէն Ա. Կաթողիկոս Ամենայն Հայոց իր Օգոստոս 1, 1937 թուակիր Զեկուցումին մէջ, որ առաքուած էր բոլոր Նուիրապետական Աթոռներու գահակալներուն, հետեւեալ ձեւով կը բնութագրէր ամուսնացեալ հոգեւորականութեան ապահովութեան խնդիրը. “Հայոց եկեղեցում ընդունուած սովորութեան համաձայն՝ աշխարհիկ հոգեւորականութիւնը իր պաշտօնավարութեան համար որոշ եւ հաստատուն վարձատրութիւն չի ստանում, այլ ապրում է օրինակատարութիւններից ստացած կամաւոր տուրքերով եւ գանձանակադրամով։ Վարձատրութեան այս եղանակը այլ ասպարէզներում չի կիրառւում, եւ ներկայ հասկացողութեամբ եւ քահանայութեան իր իսկ ըմբռնմամբ համարւում է այդ ձեւը վիրաւորական եւ նուաստացուցիչ, որի պատճառով քահանայութիւնը յաճախ կորցնում է իր ներքին անկախութիւնը եւ ենթարկւում անհատ ծխականների քմահաճոյքին, ուստի առաջարկւում է ազնուացնել նիւթական վարձատրութեան ձեւը, ընդունելով ռոճիկի տւչութեան սկզբունքը, որ որոշ տեղերում արդէն ընդունուած է”։

Բարեբախտաբար, Ազգային Սահմանադրութեան հաստատումէն ետք, պատրիարքներու եւ առաջնորդներու վարձատրութեան հարցը պատճառ դարձաւ որ լրջօրէն մտածենք այս հարցի մասին, եւ ժամանակի ընթացքին տակաւ առ տակաւ այս սկզբունքը սկսաւ որդեգրուիլ նախ հարուստ եկեղեցիներու մէջ, ու ապա ի սփիւռս աշխարհի, եւ այդպէս ալ կը շարունակուի մինչեւ այսօր։

Եթէ ազգովին կը պահաջենք որ մեր հոգեւորականութիւնը ունենայ բարձր արժանիքներ, --զինուած՝ կոչումով, նկարագրով եւ ուսումով,-- նոյնքան պարտինք ազգովին մտահոգուիլ անոնց արդար եւ արժանավայել վարձատրութեամբ։ Այլ խօսքով՝ ժողովուրդը պարտաւոր է հոգալ իր հոգեւորականներուն ապրուստը՝ ապահովելու համար անոր արժանիքներուն ամբողջական ներգործութիւնը հոգեւոր սպասաւորութեան կեանքին մէջ, որուն որպէս արդար հետեւանք՝ պիտի վերանան գայթակղութիւնները Եկեղեցւոյ մէջ, նամանաւանդ երբ քաջ գիտենք որ արծաթսիրութիւնը մարդկային տկարութիւններէն մէկն է։

Քրիստոնէական հասկացողութեամբ, եկեղեցին Աստուծոյ տունն է, եւ հետեւաբար խուսափելու է շուկայական ամէն տեսակի հաշիւներէն եւ տգեղութիւններէն, չարատաւորելու համար անոր խորհրդաւոր նուիրականութիւնն ու սրբութիւնը։ Հոգեւոր պաշտօնեան պէտք չէ ակնկալէ եւ նայի ժողովուրդի ձեռքին ամէն անգամ որ հոգեւոր եւ այլ ծառայութիւն մը կը մատուցանէ, նամանաւանդ՝ աղօթքներու եւ կամ խորհրդակատարութեանց համար։ Ան, որպէս եկեղեցւոյ թոշակաւոր սպասաւոր, պարտի իր ամբողջ ուշադրութիւնը կեդրոնացնել իր կատարած արարողութեանց վրայ առանց մտքի դեգերումներու։ Նիւթական հոգերէն պէտք չէ որ գրաւուի ան, ընդհակառակը իր բովանդակ հոգեմտաւոր ոյժերը պարտաւոր է ուղղելու իր հոգեւոր ծառայութեան արդիւնաւորութեան վրայ։ Մեր անձնական փորձառութեամբ տեսած ենք որ պարկեշտ եւ պարտաճանաչ, իր կոչումին գիտակից եկեղեցականը միշտ ալ ունեցած է գոհացուցիչ ապրուստ եւ հանգիստ, որովհետեւ հայ ժողովուրդը միշտ ալ գնահատած է իր արժանաւոր հոգեւորականները։

Դժբախտաբար այս փափուկ եւ կնճռոտ հարցը տարբեր կերպարանք կը ստանայ բոլոր անոնց պարագային` որոնք եկեղեցական ասպարէզ մտած են ոսկեհանք մը գտնելու եւ հարստանալու միտումով: Անոնք, սակայն, իրենց ընչաքաղցութեամբ որքա՛ն ալ հարստանան՝ դարձեալ գոհ պիտի չմնան իրենց վիճակէն, որովհետեւ, յղփացած իրենց երկրաւոր հարստութեամբ, պիտի զրկուին աստուածատուր երկնաւոր օրհնութիւններէն։

Հոգեւոր կամ կրօնաւորական կեանքի ապրումին մաս կը կազմէ նաեւ Աղքատութեան Ուխտը։ Իւրաքանչիւր եկեղեցական ձեռնադրութեան ժամանակ կ’ընթեռնու զայն, խոստանալով հրաժարիլ արծաթսիրութենէ եւ չծառայել մամոնային, վասն արքայութեան երկնից, եւ քաջաբար յայտարարել Պետրոս Առաքեալի նման եւ ըսել. Տէ՛ր, ահաւասիկ թողուցինք ամէն ինչ եւ եկանք ետեւէդ (Մարկ. 10:28: Հմմտ.՝ Մատթ. 19:27): Աղքատութեան հաւատարիմ պահպանումով կը ծաղկի հոգեւոր կեանքը եւ անտարակոյս կը փրկէ ենթական վերահաս կործանումէ:

Դժբախտաբար կարգ մը եկեղեցականներ, որոնք կը “ծառայեն” հարուստ եկեղեցիներու մէջ, զուրկ եւ դատարկ հոգեւոր կեանքէ, կը յոխորտան ու կը հպարտանան միայն իրենց ունեցած նիւթական հարստութեանց փետուրներով։ Եկեղեցականներ (բացառութիւնները միշտ յարգելի) որոնք այս անփառունակ ճանապարհը ընտրած են, իյնալով արծաթսիրութեան տիղմին մէջ ու չարաշահելով ժողովուրդին քրիստոնէական հոգեւոր ազնիւ զգացումները կը ոտնակոխեն քրիստոնէական բոլոր սկզբունքները։ Իսկական եկեղեցական մը, երբ իր արժանավայել ամսաթոշակը կը ստանայ՝ իր եւ իր ընտանիքին մարդկային կարիքները բաւարարելու չափ, այնուհետեւ ի՞նչ կը մնայ իրեն մտահոգուելիք՝ եթէ կը հաւատայ իր ուխտին եւ առաքելութեան։

Իսկ մասնաւորաբար բոլոր այն կուսակրօն եկեղեցականները, որ կը բնակին եւ կը գործեն մեծ քաղաքներու մէջ՝ հոգեւոր հովուի, քարոզիչի կամ առաջնորդական պաշտօններու բերումով, իրենց յատկացուած շռայլ ամսականներով Արեւմտեան աշխարհի եւ նամանաւանդ Ամերիկաներու մէջ կրնան շատ հանգիստ քրիստոնէավայել կեանք մը ունենալ, հեռու մնալով ամէն զեխութենէ: Ուստի հարկ չկայ որ մտահոգուին իրենց ապագայով, եթէ իսկապէս կը հաւատան իրենց կոչումին եւ առաքելութեան։ Ներկայիս ա՛յս է հոգեւորականներու ապրուստին եւ կամ ապահովութեան հարազատ պատկերը։

Թէեւ անցեալին հոգեւորականաց վարձատրութեան անբաղձալի վիճակը առիթ տուած է անկարգութիւններու, եւ երբեմն ալ գայթակղութեան տեսարաններու, (ինչ կը վերաբերի պսակի, ժամուցի, աջահամբոյրի, հիւանդաց այցելութեան, միջնորդական աշխատանքի, նշանի եւ պսակի օրհնութեան, թաղման եւ գերեզմանի օրհնութեան, տնօրհնէրքի առթիւ ծխատիրական արշաւանքի անհամութիւններու, կեղծ փաստաթուղթերու պատրաստութեան) պատճառ դառնալով որ անոնք՝ հոգեւորականները պիտակուին իբրեւ “հոգեւոր մեծապատիւ մուրացկաններ”, այսօր սակայն՝ երբ ժամանակներն ու պարագաները փոխուած են՝ որեւէ պատճառ չկայ որ եկեղեցականը իյնայ այս գայթակղալի վիճակներուն մէջ երբ կը բաւարարուի իրեն բաժին ինկած, իր ուսման եւ արժանիքներուն համաձայն տրուած աշխատավարձքով։

Հոգեւորականը պիտի ծառայէ ժողովուրդին՝ առանց անոր ծառան ըլլալու, առանց նիւթական հաշիւներով հոգաբարձուներու եւ ղեկավարներու քմահաճոյքին խաղալիք դառնալու։ Ու պիտի ծառայէ ան՝ անսակարկ կերպով որպէս եկեղեցւոյ սպասաւոր: Իսկ եկեղեցին (այսինքն հաւատացեալներու հաւաքականութիւնը) ի՛նք պէտք է ստանձնէ իր պաշտօնեային արդար վարաձատրութիւնը, հեռու պահելով զայն աշխարհիկ բոլոր մտահոգութիւններէ, որպէսզի ան չտարուի ագահ կիրքերէ եւ շուայտ կեանքի հակումներէ, այլ ապրի իր պատուով եւ արժանապատուութեամբ։

Եկեղեցւոյ հոգեւոր իշխանութիւնը, համագործակցաբար աշխարհական ղեկավարներու, պարտի արդարութեամբ ղեկավարել եւ հոգալ եկեղեցականաց ապրուստի հարցը, առիթ չտալով որ իր պաշտօնեաները նիւթական մտահոգութիւններով անտեսեն իրենց հոգեւոր պարտականութեանց նուիրական աշխատանքները եւ իրենց գործելակերպով սեփական դիրքն ու վարկը դարձնեն ծաղրանքի առարկայ։

Եթէ մեր ժողովուրդը կ’ուզէ բարեկարգեալ եկեղեցի մը՝ բարեկարգեալ եկեղեցականութեամբ, պարտի լրջօրէն հետաքրքրուիլ Եկեղեցւոյ ներքին կեանքով, հասկնայ եւ ըմբռնէ իրեն ինկած պարտականութեան կարեւորութիւնն ու լրջութիւնը, բարեկարգութեան իր գործօն մասնակցութիւնը բերէ եւ զայն կատարէ խոր եւ անկեղծ գիտակցութեամբ։           

Շար. Դ.                                                         

Ոսկան Մխիթարեան

Մեկնաբանել

Լատինատառ հայերենով գրված մեկնաբանությունները չեն հրապարակվի խմբագրության կողմից։
Եթե գտել եք վրիպակ, ապա այն կարող եք ուղարկել մեզ՝ ընտրելով վրիպակը և սեղմելով CTRL+Enter