HY RU EN
Asset 3

Բեռնվում է ...

Էջի վերջ Այլ էջեր չկան բեռնելու համար

Որոնման արդյունքում ոչինչ չի գտնվել

Սագօ Արեան

Երազ եւ իրականութիւն

(Տիգրան Պասկեւիչեանի հեղինակած «Անծանօթ իմ հայրենիք» ֆիլմին առթիւ)

Քանի մը օր առաջ  Տիգրան Պասկեւիչեանի Ֆիլմի ներկայացումն էր, Երեվանի մէջ: Փոքր ու շատ գողտրիկ սրահի մը մէջ, Երեվանի Թումանեան փողոցի վրայ: Սրահը լեփ- լեցուն չէր. Սակաւ թիւով  ծանօթներ, հիւրեր ու ներգաղթի թեմայով հետաքրքրուած մարդիկ եկած էին ֆիլմը նայելու:

«Անծանօթ Իմ  Հայրենիք» այդպէս էր կոչած Տիգրանն իր ֆիլմը, ու պարզ կը դառնար որ սա  մօտիկ ապագային իրագործուելիք ծրագրի մը առաջին տեսաշարն էր: Կը հաւատամ որ Տ. Պասկեւիչեան  յատուկ կերպով  ֆիլմի անունը  անգլերէնով վերակոչած էր՝ LOST FATHERLAND.Ու կարեւոր ալ չէր  թէ մարդը իր ամբողջ կեանքի ընթացքին,  իր կորսուած հօրը կամ մօրն էր աւելի փնտռելու .... Մեր արեւմտահայերուս պարագային, ոչ մայր կայ, ոչ հայր: Մեր հայրենիքը Թողած ենք հոն Անատոլու,  իսկ այսօրուան Հայաստանի մասին պատկերացում ունինք որ այն՝ «մեր մայրն»  է: Ու այդ պատճառով զայն կը կոչենք ՝ Մայր Հայաստան:  Ֆիլմի բեմադրիչն է ՝ Արա Շիրինեանը: Այստեղ պէտք է նշել որ «Դարձ Ի Շրջանս Իւր» ծրագրի շրջանակներուն մէջ կը գործէ նաեւ ներգաղթի Թեմային նուիրուած կայքէջը որուն Հասցէն է՝  www.hayrenadardz.org

Ֆիլմը մօտաւորապէս մէկ ժամ է: Մէկ շունչով  կը դիտուի, սակայն աւարտին՝  անոր տռոփները զգալիօրէն կը դառնան աւելի ծանր ու տխուր:Հասկնալի է այդ տխրութիւնը,  որով ներգաղթի թեման երիզուած է տխուր   մոխարգոյն ժապավէնով: Հոն կը ներկայացուին ներգաղթը նախորդող  պատմական կարեւոր ժամանակաշրջանը, ու միով բանիւ կը բացատրուի թէ ինչպէս  կայացաւ  ներգաղթ կազմակերպելու ծրագիրը: Ու ինչպէս տրուեցաւ այդ խորհուրդը . այդ հայրենակերտ գաղափարին արմատները պարզ չէ որ ուրկէ հոսեցան- բայց ճշմարիտ է որ առանց այդ  պատմական որոշումին այսօրուան Հայաստանը այլ կերպ կրնար ըլլալ, կրնար նաեւ չըլլալ...

Ֆիլմը նկարհանուած է Լոս Անճելըս, Պէյրութ եւ Երեւան: Այս երեք  վայրերուն մէջ   ներգաղթի հետ առնչութիւն ունեցող  համեստ մարդիկ կը բերեն իրենց  վկայութիւնը, հետաքրքրական  դիպաշարով մը: Նաեւ ակներեւ է տարբեր մասնագիտութեան տէր մտաւորակնններու  վկայութիւնները:Պօղոս Սնապեան, Ժիրայր Դանիէլեան, Զաւէն Մըսրլեան, Հայր Անդրանիկ Կռանեան, Եղիա Ճէրէճեան, եւ ուրիշներ ՝ տարբեր տեսանկիւններէ մեկնեաբանելով կը ներկայացնեն, այդ օրերուն Պյէրութի մէջ տիրող կացութիւնը եւ առկայ եղած բաժանումները: Պասկեւիչեան ամէն բան ըրած է, ճիգ չէ խնայած որպէսզի հոն տեղ գտնեն թեր ու թէմ կարծիքները: Ի հարկէ առանց հայհոյութեան: Մարդիկ կը պատմեն  իրենց  հայրերուն կամ մեծ հայրերուն այն գերագոյն կիրքին մասին, որ կուզեն անպայման վերադառնալ Հայսատան ու ապրիլ,   այն օրերուն պատերազմէն  յաղթական դուրս եկած   Սովետական  Հայաստանի մէջ: Հետաքրքրական է Պատմաբան Հարութիւն Պարսամեանի հօր պատումը (այժմ Ա.Մ.Ն. հաստատուած), որ Պէյրութէն   իր ունեցած չունեցածը- կօշիկ արտադրելու գործարանը- հաւաքած է ուհճամբայ ելած դէպի    Հայաստան, սակայն հանդիպած տխուր իրականութեան մը:  Այնտեղ Սովետկան ուժերը այդ սարքերը բռնագրաւած են եւ ուղղարկած Մոսկուա: Պարսամեանն ամբողջ կեանքը մը մաշեցուցած է,  որպէսզի  տիրանայ իր սարքերուն եւ Երեւանի մէջ հաստատէ կօշիկ արտադրելու գործարան – ան նոյնիսկ ՝«Մեծն Ստալինին» կօշիկ էր պատրաստած որպէս նուէր:Բայց երազը մնացած է երազ: Քիչ չէ թիւը նաեւ այն հայերուն, որոնք փորձած են Սվետի սահմաններէն դուրս գալ :Սակայն իւրաքանչիւրը հանդիպած է   տարբեր բնոյթի դժուարութեան: Շատերը փրկուած են դիպուածով,  ու այլոց  ճակատագիրը յայտնուած է ՝  սառուցեալ Սիպերներու մէջ:

Պիտի ըսէք, հայու բախտ: Կրնայ ըլլալ: Պիտի յուզուինք պահ մը, ու այդ գոշմարը, այդ հալածանքի ուրուականը կրնայ ծանր նստիլ մեր հոգիներուն վայ: Այդպէս է ինչ  առած: Պատմական այդ ժամանակշրջանը եղած է ծանր ու ահաւոր:Այս բոլորէն անդին սակայն,   ինչպէս վերեւը նշեցի, պէտք է համաձայնինք, գէթ պատմութեան առջեւ  որ առանց  այդ ներգաղթին այսօրուն  այս փոքրիկ Հայաստանն անգամ չէր կայանար:Այդպէս է, պատմութեան ընթացքին, միշտ պիտի ըլլան զոհեր ու մարդիկ որոնք իրենց էութիւնը պիտի նուիրաբերեն գաղափարի մը:

Այդ գաղափարը, Հայաստան ունենալու գաղափարն էր:

Մարդիկ անցան,  մինչեւ սիպիրները տարուեցան, անյայտ փոշիացան.: Բայց կայացաւ այդ ԵՐԱԶԸ. Կերտուեցաւ՝ ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ:

Ու այսօր, երբ մեր մամուլի եւ լրատուական այլ միջոցները անընդահատ կը բողոքեն,  որ Հայաստանն ամէն օր կը դատարկուի, վհատելու չենք:

Ստալինըի սեւ ձեռքերուն հարուածները  իր ողնաշարէն ստացած Հայսատանը, դիմակայած է ու մնացած ՝ կանգուն:

Կը մնայ Հաւատալ այդ երազին: 

Ի վերջոյ ողջունելի է Տիգրան Պասկեւիչեանի կատարած յոյժ կարեւոր այս գործը, այն իմաստով որ մեր ուշադրութեան արժանի կը դարձնէ, մեր համար այդ կարեւոր Հայրենադարձութեան թեման, որուն մասին վստահ եմ, շատ խօսիլիք կայ, շատ գրելիք կայ դեռ:

Վստահ եմ: 

Մեկնաբանել

Լատինատառ հայերենով գրված մեկնաբանությունները չեն հրապարակվի խմբագրության կողմից։
Եթե գտել եք վրիպակ, ապա այն կարող եք ուղարկել մեզ՝ ընտրելով վրիպակը և սեղմելով CTRL+Enter