HY RU EN
Asset 3

Բեռնվում է ...

Էջի վերջ Այլ էջեր չկան բեռնելու համար

Որոնման արդյունքում ոչինչ չի գտնվել

Հայց. եկեղեցւոյ բարեկարգութեան հրատապ հարցը

Ընկերային հարցեր 

Բարեկարգութեան մէջ կարեւոր խնդիրներէն մէկը լուծուած կ’ըլլայ եթէ նկատի առնենք ժողովուրդի դաստիարակութեան պարագան նոր ժամանակներու պայմանններու համաձայն եւ նոր հասկացողութեան լոյսի տակ: Եւ որպէսզի կարենանք յաջողիլ մեր դաստիարակչական առաքելութեան մէջ, հարկ է որ նկատի առնենք 21րդ դարու արդիական մեթոտները եւ զանոնք կիրարկենք քրիստոնէական մեր կեանքին մէջ։

Հայց. Եկեղեցւոյ կրօնական արարողութեանց հանդիսաւորութիւնն ու խորհրդաւորութիւնը անկասկած մեծապէս կը նպաստեն հաւատացեալներու հոգեւոր դասիարակութեան աշխատանքին, սակայն եւ այնպէս բաւարար չեն մշակելու ժողովուրդին հոգեւոր կեանքը իր բոլոր երեսներուն վրայ։ Անհրաժեշտ է բարեզարդել Եկեղեցւոյ խորանը - բեմը, որպէսզի ան կարենայ կատարել իր դաստիարակիչ դերը հայ ժողովուրդի հոգեմտաւոր կեանքի վերազարթման աշխատանքին մէջ։

Դժբախտաբար այսօր մեր Եկեղեցւոյ բեմերը լուռ են այն իմաստով, որ այնտեղ չկան հոգեւոր նկարագիր ունեցող քարոզներ։ Մեր բեմերը դարձած են ազգային, վարչական եւ այլ ընկերային հարցեր լուծելու քարոզախօսութեան դաշտ։ Բեմ ելլողներ (բացառութիւնները միշտ յարգելի) յաճախ զուրկ են սուրբ-գրական եւ կրօնական այլ գիտութիւններէ որպէսզի կարենան իրենց քարոզախօսութիւնը ծառայեցնել ժողովուրդի հոգեմտաւոր մշակման։

Ահաւասիկ թէ ինչու կը շեշտենք անհրաժեշտութիւնը իրենց կոչումին եւ նուիրումին գիտակից, պատրաստուած եկեղեցականներու (այս մասին լայնօրէն անդրադարձանք մեր երկրորդ յօդուածաշարքին մէջ, ուր շեշտեցինք անհատի մը նկարագրին երեք արժանիքները. Կոչում-Նուիրում-Ուսում), որոնք պիտի կարենան Եկեղեցւոյ բեմը դարձնել զուլալ, մշտահոս ակնաղբիւրը Աւետարանի ճամբով հոգեւոր ճշմարտութիւններու ժողովրդականացումին։

Սուրբ Գիրքը անհրաժեշտ է մատչելի եւ հասկնալի դարձնել մեր ժողովուրդին։ Բարեբախտաբար ներկայիս աշխատանք կը տարուի Սուրբ Գրքի աշխարհաբարի նոր թարգմանութեան, հետեւաբար կ’ակնկալենք որ ան համասփիւռ հայութեան կարենայ մատչելի դառնալ նուազագոյն գիներով, որովհետեւ Սուրբ Գիրքի առանձնական ընթերցումն ու սերտողութիւնը, Եկեղեցւոյ բեմէն անոր ընթերցման եւ մեկնութեան կողքին, մեր ժողովուրդը պիտի պահեն կրօնական կեանքի մթնոլորտին մէջ, եւ պիտի ցանեն անոր մէջ աստուածային շնորհներու առատաբաշխ սերմերը։

Սուրբ Գիրքի եւ հոգեւոր գրականութեան սերտողութիւնը մեծ նպաստ պիտի բերէ մեր ժողովրդային դաստիարակութեան, որուն պիտի ընկերանայ նաեւ հովուական այցելութիւնը որպէս կարեւոր ազդակ հոգեւոր դաստիարակութեան. Հովուական Աստուածաբանութեան գիտութեամբ զինուած հոգեւոր մշակներ տուն առ տուն պիտի կարենան տարածել աստուածային պատգամը եւ ներշնչեն ու դաստիարակեն ժողովուրդը հոգեւոր կեանքի օծութիւններով։ Հայց. Եկեղեցւոյ մշակը պատրաստ պէտք է ըլլայ հովուական այցելութեան՝ իր հոգեւոր հմտութեամբ, նկարագրի բարեսրտութեամբ, կոչումի անձնուիրութեամբ եւ հաստատուն, ապառաժեայ փորձառութեամբ։

Իմաստուն հոգեւորականը անշահախնդիր եւ արթուն խորհրդատուն է իր ժողովուրդին եւ միշտ պատրաստ է իր ծառայութիւնները մատուցանելու իր խնամքին յանձնուած իւրաքանչիւր անհատին։ Բարեկարգ եկեղեցի մը կենդանի է եւ աշխոյժ՝ իր բարեկարգ ժողովուրդով, այլ խօսքով՝ հոգեւոր դաստիարակութեամբ եւ աստուածատուր շնորհներով զինուած ու պատրաստուած ժողովուրդով։

Հայ ժողովուրդի կրօնական դաստիարակութեան մէջ իրենց կարեւոր դերը պիտի խաղան մեր համասփիւռ հայ վարժարանները եւ կիրակնօրեայ վարժարանները։ Դժբախտաբար սակայն, այսօր մեր գաղութէն ներս կը գտնենք հայ վարաժարաններ, ուր կրօնական գիտելիքներ երբեք չեն դասաւանդուիր զանազան ընկերային-քաղաքական պատճառներով։

Նոյնքան անհրաժեշտ կը գտնենք Սուրբ Գրոց սերտողութեան եւ մեկնաբանութեան շաբաթօրեայ պահերը՝ մասնաւորաբար պատրաստուած մեր նոր սերունդին համար։ Հոգեմտաւոր սնունդի այս մատակարարումը շատ անհրաժեշտ է զինելու մեր երիտասարդութիւնը ընդդէմ նորելուկ, խաբուսիկ, ժամանակաւոր աշխարհային հրապոյրներու։

Կրկնակի անհրաժեշտութիւն կը զգանք մեր եկեղեցիները օժտելու նիւթական առողջ միջոցներով, եւ քաջալերելու որ անոնք զբաղին նաեւ հոգեւոր գրականութեան մշակմամբ եւ չտարածեն միայն լրատուական թերթիկներ՝ եկեղեցւոյ հոգեհանգիստներն ու նուիրատուութիւնները յայտարարելու։ Իւրաքանչիւր եկեղեցւոյ ամսաթերթ՝ ըլլայ իր ծուխին համար հոգեւոր դաստիարակութեան եւ ներշնչման յորդառատ աղբիւր։

Կասկած չունինք որ այսօր հայ ժողովուրդը իր Եկեղեցիին, հոգեւոր պաշտօնեաներուն, եւ հաւատքի հանդէպ որոշ անտարբերութիւն մը ունի կամ կը ցուցաբերէ, եւ դժբախտաբար ոմանց մօտ այդ անտարբերութիւնը հասած է արհամարհանքի աստիճանին։ Պատճառները շատ են. ըլլան անոնք ընկերային-բարոյական, եւ հոգեբանական։ Պահ մը կանգ առնենք այստեղ եւ փորձենք վերլուծել շարժառիթներն ու պատճառները այդ անհոգութեան եւ անտարբերութեան։

Բոլորս ալ քաջատեղեակ ենք որ քրիստոնէութիւնը կրօնք է, եւ Եկեղեցւոյ հիմնական առաքելութիւնը՝ հոգիներու փրկութեան գործն է, Աւետարանի քարոզութեան ճամբով՝ մարդ արարածը պատրաստելու համար հանդերձեալ կեանքին: Քրիստոնէութեան առաջին քարոզիչներն ու գործիչները Աւետարանի քարոզութեան առընթեր զբաղեցան նաեւ բարոյական եւ ընկերային գործերով: Անոնք փնտռեցին ընկերութենէն հալածուածներն ու թշուառները, անկեալներն ու կարօտեալները, եւ անոնց խորտակուած հոգիներուն մէջ արթնցուցին վաղուան ազատութեան յոյսը։ Հիւանդներու սնարին մօտ տարին աւետարանական մխիթարութեան շունչը եւ կազմակերպեցին հասարակաց սեղաններ՝ կերակրելու անօթիներն ու սովածները։

ԱՅՍՕՐ, սակայն, Հայ Եկեղեցին ամբողջութեամբ տարբեր երեւոյթ կը պարզէ մեր աչքերուն առջեւ։ Փակուած են Մեծն Ներսէսներու հաստատած անկելանոցներն ու հիւանդանոցները, աղքատանոցներն ու հիւրանոցները, եւ ժողովուրդը թողուած է իր տառապանքին մէջ անմխիթար, այլ խօսքով՝ յանձնուած կեանքի բախտախաղին (թէեւ՝ ուրախութեամբ կ’իմանանք որ Ամենայն Հայոց Հայրապետ Գարեգին Բ. զանազան շինարարութիւններով, կը փորձէ վերակենդանացնել Եկեղեցւոյ ծառայութեան եւ սպասաւորութեան դաշտը, Մեծն Ներսէս Հայրապետի օրինակով)։

Այն ահաւոր տագնապը, որուն ենթարկուած են այսօր աշխարհի բոլոր քրիստոնեայ եկեղեցիները, արդիւնքն են Եկեղեցւոյ առաքելութեան կարեւոր դաշտերէն մէկուն՝ ընկերային կոչման թերացումին։ Եկեղեցին պահ մը չանդրադարձաւ որ ծէսերն ու վարդապետութիւնները առանձինն անկարող պիտի ըլային կենդանի պահելու կրօնական որեւէ հաստատութիւն։ Որքան քիչ է ընկերային օժանդակութեան գործընթացը Եկեղեցւոյ մէջ, այնքան անհրապոյր է Եկեղեցւոյ կրօնական ձեռնարկը իր ժողովուրդի աչքին։ Որքան տկար է բարոյական ներշնչումի աղբիւրը Եկեղեցիէն ներս, այնքան տկար է անոր քաշողականութիւնն ու հմայքը ժողովուրդի կեանքէն ներս։

Ընդհանուր քրիստոնէական եկեղեցին, Հայց. Եկեղեցին ալ մէջը ըլլալով, ո՛չ միայն արհամարեց կարօտեալն ու աղքատ դասակարգը, այլեւ քաջալերեց հարուստին մոլութիւններն ու փառասիրութիւնները։ Խորհուրդներու մատակարարութիւնը սակագիներով պղտորեց։ Եկեղեցւոյ Ս. Սեղանը շուկայի վերածեց՝ հաստ ու բարակ մոմերու վաճառքով։ Փառաւոր հանդիսութիւններով պատուեց այլասերած հարուստներու բորբոսած դիակները եւ աղքատին վերապահեց անհոգի եւ սնանկ արարողութեան մը փշրանքները։

Քրիստոնէական Եկեղեցին, մասնաւորաբար Կաթողիկէ եկեղեցին, շատերէ երազուած արքայութիւնը հարուստներուն վաճառեց, եւ անոնց առջեւ փակեց դժոխքին դռները՝ վճարուած հսկայական գումարներու փոխարէն, իսկ ժողովուրդի աղքատ եւ միջակ դասակարգերը, որոնք բո՛ւն իսկ ժողովուրդն են՝ այսինք Եկեղեցւոյ իսկական գանձը, զրկեց երկրաւոր եւ երկնային բարիքներէն։

Եկեղեցին առողջ է եւ կենդանի երբ մղում կու տայ ընկերային ծառայութեան եւ կը խորտակէ պատուարները խտրականութեան, արուի եւ էգի, հարուստի եւ աղքատի։ Ժամանակն է այրելու մեր Եկեղեցւոյ խորհուրդներու սակագիներու ցանկերը, աղօթքները դրամով ծախելու սովորութիւնները, անարժաններու՝ դրամին փոխարէն Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի, Ս. Մեսրոպի, Շնորհալիներու եւ ա՛յլ անուններով շքանշաններ տալու սովորութիւնները, կարենալ իրականացնելու համար մահամերձ հաւատքին վերակենդանացումը։

Արդի կրօնական անտարբերութեան սերմերը պէտք է փնտռել մեր օգտապաշտ քաղաքակրթութեան հետապնդած ուղղութեան մէջ։ Մեզ առաջնորդող քաղաքակրթութիւնը որ ծանօթ է քրիստոնէական (շատ անգամ նաեւ՝ Յուդայաքրիստոնէական (Judeo-Christian) քաղաքակրթութիւն անունով, նիւթականացուցած է ամէն ինչ՝ նոյնիսկ մարդը։ Մեքենական յառաջդիմութիւնները, քիմիական զարգացումները, ճարտարարուեստական յաջողութիւնները, ստամոքսի եւ քսակի հետ կապ ունեցող խնդիրները՝ հիմը կը կազմեն դժբախտաբար այսօրուան կրօնքին։

Այս բոլոր ախտաճանաչումները կատարելէ ետք, պիտի կարենա՞նք արդեօք յայտարարել որ Հայց. Եկեղեցին պատրաստ է վերստեղծելու կորսուած կրօնական ներդաշնակութիւնը հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ։ Դժուար է պատասխանել, որովհետեւ մեզի կը պակսին ձեռնհաս հոգեւոր մշակներ եւ քարոզիչներ այդ մեծ հրաշքը իրագործելու համար։

Պէտք չէ թողուլ որ Հայց. Առաքելական Եկեղեցին կանգնի գահավիժումի եզրին։ Անհրաժեշտ է որ մեր Եկեղեցւոյ վերին իշխանութիւնները, ընդառաջելով ժողովրդական ընդհանուր բաղձանքին եւ ժամանակի պէտքերուն ու մարտահրաւէրներուն,բարեկարգիչ ձեռնարկներով Եկեղեցին անգամ մը եւս մատչելի դարձնեն իր ժողովուրդին եւ անոր հոգեմտաւոր ծով կարիքներուն։

Ոսկան Մխիթարեան

Մեկնաբանել

Լատինատառ հայերենով գրված մեկնաբանությունները չեն հրապարակվի խմբագրության կողմից։
Եթե գտել եք վրիպակ, ապա այն կարող եք ուղարկել մեզ՝ ընտրելով վրիպակը և սեղմելով CTRL+Enter