HY RU EN
Asset 3

Բեռնվում է ...

Էջի վերջ Այլ էջեր չկան բեռնելու համար

Որոնման արդյունքում ոչինչ չի գտնվել

Հայաստանեայց եկեղեցւոյ բարեկարգութեան հրատապ հարցը

Սկիզբը

Պաշտամունքի լեզուն

Եկեղեցւոյ կրօնական-արարողական պաշտամունքը, որպէսզի ըլլայ հրապուրիչ եւ ունենայ իր ներգործող ազդեցութիւնը հաւատացեալներուն հոգեմտաւոր կեանքի վրայ, հարկ է որ ըլլայ  հասկնալի լեզուով, այսինքն աշխարհաբարով, որ գործածական լեզուն է ժողովուրդին: Նոյն ատեն պէտք է ոչ-ձանձրանալի դարձնել արարողութիւններու տեւողութիւնն ու գեղարուեստական վայելչութիւնը։

Անշուշտ կարելի չէ ուրանալ որ գրաբար ոսկեղինիկ լեզուին արտադրած գանձերն ու ճոխութիւնները  դարերու ընթացքին պիտի շարունակեն մնալ իբրեւ հայ ստեղծագործ մտաւոր երկունքի արտայայտութիւններ։ Այսօրուան մեր գրական լեզուի ճոխութիւնն ու յղկուած գեղեցկութիւնը մեծ մասամբ կը պարտինք Ոսկեդարեան լեզուի բարերար ազդեցութեան։ Բայց եւ այնպէս, գրաբար լեզուի վսեմութիւնն ու ճոխութիւնը պատճառ մը չէ որ մենք կապուած մնանք անոր՝ եկեղեցական մեր արարողութիւններուն մէջ, երբ այդ լեզուն օտարացած եւ անհասկնալի դարձած է ժողովուրդին։

Նկատի ունենալով որ աշխարհաբարն է մեր լեզուն այսօր, որ բիւրեղացած է գրաբարի նուիրական արմատական լեզուէն, եւ որ մեր ընկերային յարաբերութեան լեզուն է, մեր դպրոցներու լեզուն, մեր գրականութեան եւ հրապարակագրութեան լեզուն, ինչո՞ւ զայն չդարձնենք նաեւ եկեղեցւոյ արարողութեանց լեզուն, բան մը որ անհրաժեշտ է մեր ժողովուրդի հոգեմտաւոր դաստիարակութեան համար։ Այլ խօսքով, անհրաժեշտ է որ ժողովուրդը իր հասկցած լեզուով լսէ Աստուածաշունչի պատգամները, նոյն ատեն իր առանձնութեան մէջ կարդայ Սուրբ Գիրքը իր հասկցած լեզուով։

Անկասկած որ կարգ մը պահպանողական անձեր համաձայն չըլլան այս գաղաբարին: Բարեբախտաբար ժամանակն ու հարկը մասամբ մը լուծած են այդ հարցը, սակայն անհրաժեշտ է միաձեւութիւնը պահպանել բոլոր եկեղեցիներուն մէջ, եւ ճիշդ այդ նպատակին համար, հարցը պէտք է իր վերջնական լուծումն ու վաւերացումը ստանայ եկեղեցւոյ բարձրագոյն հեղինակութեանց կողմէ, եւ ո՛չ թէ թեմական կրօնական ժողովներու որոշումով կիսավաւերացուած-օրինականացուած։

Մարդկային տնտեսութեան մէջ, ամէն բան չափ ու սահաման ունի։ լաւագոյն կարծուած երաժշտական կտոր մը, որ իրաւամբ կրնայ գլուխ գործոց մը նկատուիլ երաժշտական քննադատներու կողմէ, կարելի չէ մտիկ ընել անդադրում, երկար ժամեր։ Նոյնպէս, կարելի չէ ամենահամադամ կերակուրն իսկ չափէն աւելի ուտել։ Ո՛չ ալ կարելի է պերճախօս քարոզիչ մը մտիկ ընել ժամերով։ Մարդ արարածը՝ որքան ալ համբերատար՝ կը յոգնի եւ կը ձաձրանայ երկարատեւ պաշտամունքէ կամ կրօնական արարողութենէ, թէկուզ ներկայացուի ան՝ անթերի մեծվայելչութեամբ եւ լրջութեամբ։

Մարդկային կենցաղային պայմանները փոխուած են եւ յաճախ կը փոխուին նոր մարտահրաւէրներու առաջ։ ինչպէս որ մարդկային ընկերութեան հաստատութիւնները կ’ենթարկուին փոփոխութեան, Եկեղեցին ալ զուրկ չի կրնար մնալ այդ բոլորէն որպէս կազմակերպեալ հաստատութիւն։ Հետեւաբար ժամանակի պահանջներուն համաձայն անհրաժեշտ է տնօրինել պարտն ու պատշաճը, մեր արարողութիւնները աւելի գրաւիչ դարձնելու համար։

Այստեղ կ’արժէ յիշատակել որ ընդհանրապէս Հայց. Եկեղեցւոյ ժամակարգութիւնը, որ եօթէն իննի բարձարացուած է ժամանակի ընթացքին, կարգաւորուած է վանական միջավայրի համար, թէեւ այնտեղ ալ ժամանակի ընթացքին փոփոխութիւններ կատարուած են եւ ժամերգութիւնները իրարու միացած կերպով կը կատարուին երկու բաժիններով՝ առաւօտեան եւ երեկոյեան: Իսկ գաղութներու մէջ մասնաւորաբար, ժամերգութիւնները ամբողջութեամբ կորսնցուցած են իրենց հրապոյրը եւ հազիւ առաւօտու կրճատ ժամերգութիւն մը կը կատարուի Կիրակի օրերը Ս. Պատարագէն առաջ, իսկ ան ալ յաճախ կախեալ է հոգեւոր հովիւին տրամադրութենէն...։ Իսկ այն եկեղեցիները որոնք քիչ-շատ գիտակ սարկաւագ ու դպիրներ ունին՝ ծխատէր քահանային կ’օգնեն Աւագ Շաբթուան որոշ օրերու արարողութիւններուն, որոնք դա՛րձեալ կը կրճատուին մեծ չափերով:

Թէեւ մեր կիրակնօրեայ ժամերգութիւններուն եւ պատարագներուն մէջ կայ հոգեւոր զուարթութիւն մը՝ այլ խօսքով կենդանութիւն իր արարողական երգին եւ ձեւին մէջ, ատով հանդերձ՝ ժողովուրդը կը ձանձրանայ եւ ընդհանրապէս կ’արտայատէ զայն եկեղեցւոյ մէջ իր անտեղի երթեւեկով եւ անհամբեր կը սպասէ աւարտին, երբեմն ալ արարողութիւնը կիսաւարտ թողլով կը մեկնի եկեղեցիէն՝ ամենայն անտարբերութեամբ, դուրսը գաւիթին մէջ եւ կամ եկեղեցւոյ դրան առջեւ ծխելու եւ կամ շատախօսելու ընկերոջ մը հետ։

Այս երեւոյթները մատնանիշ ընելով կ’ուզենք յայտնել թէ երկարատեւ արարողութիւնները երբ ձանձրացուցիչ են, կը դադրին հոգեւոր դաստիարակութեան միջոց ըլլալէ եւ Եկեղեցւոյ կեանքը կ’առաջնորդեն լճացումի եւ ուծացումի։

Արարողութիւններու տեւողութեան հետ սերտ կապ ունի նաեւ պաշտամունքի ձեւերուն վայելչութիւնն ու ներդաշնակութիւնը։  Շատ կարեւոր է երգեցողութեան գեղարուեստական բաժինը, որ հարկ է ըլլայ անթերի, հաճելի եւ հաղորդական։ Եկեղեցին՝ որ հաւաքականութիւնն է նոյն ինքն ժողովուրդին, պարտի ըլլալ ողջ մարմին իր պաշտամունքի բոլոր ձեւերուն եւ արտայայտութեանց մէջ, եւ ամէն տեղ արտացոլացնէ վայելչութիւնը երաժշտական գեղարուեստին իր բարձրագոյն կերպին մէջ։

Հայց. Եկեղեցին Շնորհալիի շրջանին կը պարտի իր երաժշտութեան եւ գեղեցիկ  զգեստաւորումի վայելչութիւնը եւ չենք կրնար ուրանալ այն իրողութիւնը որ Արեւմուտքի հետ մեր շփումները թողած են իրենց ճաշակի դրոշմը մեր Եկեղեցւոյ կեանքին վրայ։

Երաժշտական եղանակ մը կամ շարական մը որպէսզի հասնի իր նպատակին՝ այսինք ներշնչումի յորդառատ աղբիւր դառնայ, հարկ է որ ներկայացուի վայելչութեամբ եւ արուեստի հասկացողութեամբ։ Բաւական չէ երգել, այլ պէտք է հասկնալ երգուածը՝ ապրիլ եւ ապրեցնել։

Ցաւ ի սիրտ կ’անդրադառնանք որ յաճախ մեր եկեղեցիներուն մէջ կը պակսի պաշտամունքի վայելչութիւնը. օրինակի համար՝ առանց լպռտելու, անթերի առոգանութեամբ կատարուած ընթերցումները, շարականներու կամ սաղմոսներու երգեցողութեան անյարիր եւ անհաճոյ անհատական մեկնաբանութեամբ կատարուած երգեցողութիւնները։  Շարքը կարելի է երկարել օրինակներուն, սակայն անհրաժեշտ չենք գտներ այստեղ մանրամասնօրէն մատնանշելու այդ ոչ-վայելուչ երեւոյթները, չշեղելու համար ընդհանուր նիւթէն։

Նոյնքան կարեւոր է պահպանել եկեղեցւոյ պատկառանքը։  Եկեղեցին շատ բան կը կորսնցնէ իր խորհրդաւորութենէն, երբ պարզ կենցաղային սկզբունքներ չեն յարգուիր այնտեղ։ Օրինակի համար անտեղի երթեւեկը թէ՛ ժողովուրդին, թէ՛ եկեղեցւոյ պաշտօնեաներուն, եւ թէ դպիրներուն, փոքրիկներու աղմուկներն ու լացերը, կողմնակի խօսակցութիւնները, կոկորդ եւ քիթ մաքրելու ոչ-վայելուչ ձեւերը, բջիջային հեռախօսներու զանգերը --շարքը կարելի է երկարել--, այս բոլորն ալ դժբախտաբար տեղի կ’ունենան արարողութեանց ժամանակ եւ կը նսեմացնեն սրբավայրին պատկառանքը։

Անկասկած որ այս բոլորը կապ ունին մեր ժողովուրդի դաստիարակութեան հետ։  Հետեւաբար անհրաժեշտ է եւ անյետաձգելի եկեղեցւոյ բարեկարգութեան հարցը, որուն մէջ կարեւոր դեր ունի նաեւ ժողովուրդի դաստիարակութեան հրամայականը, իրողութիւն մը որուն համար մեր եկեղեցւոյ վերին իշխանութիւնները պարտին միջոցներ ստեղծել  ժողովուրդի ճաշակն ազնուացնելու համար, որովհետեւ՝ պէտք չէ մոռնալ որ ժողովուրդն է նոյն ինքն եկեղեցին։

Եկեղեցւոյ պատկառանքը պահելու առընթեր, անհրաժեշտ է նաեւ ապահովել հաւատացեալներու գործնական մասնակցութիւնը արարողութեանց՝ թէ՛ երգեցողութեան եւ թէ աղօթքներու մէջ։  Այսօր՝ գրեթէ բոլոր քրիստոնէական եկեղեցիները որդեգրած են նման դրութիւն մը. նոյնպէս ալ Հայց. Եկեղեցին պարտի որդեգրել եւ քաջալերել հաւատացեալներու մասնակցութիւնը։  Թէեւ կարգ մը հայ եկեղեցիներու մէջ կը լսենք ժողովրդային մասնակցութիւնը, բայց եւ այնպէս պէտք է դաստիարակել եւ ապահովել ժողովրդային մասնակցութիւնը ամէնուրեք, որպէսզի անոնք իրենց կրաւորական դիրքէն ելլելով, մաս եւ բաժին դառնան հոգեպարար արարողութեանց։

Վերեւ յիշատակուած երեւոյթը նորութիւն չէ Հայց. Եկեղեցւոյ կեանքէն ներս: Ընդհակառակը, Ս. Պատարագի ատեն սարկաւագն ալ յաճախ կը յիշեցնէ հաւատացեալներուն եւ կը խնդրէ որ բոլորն ալ Տէր ողորմեա՛ ըսեն “Ասասցուք ամենեքեան միաբանութեամբ Տէր Ողորմեա”։  Ժողովուրդը անգիտակ այս իրողութեան, լուռ կը մնայ, որովհետեւ անհրաժեշտ դաստիարակութեան պակասը, զինք պահած է միշտ կրաւորական վիճակի մէջ։

Եզրակացնելով պիտի յայտնենք որ անհրաժեշտ է կրթել եւ դաստիարակել ժողովուրդը, որպէսզի մասնակցի արարողութեանց եւ իր մասնակցութեամբաւելի մշակէ իր հոգեմտաւոր զգացումները եւ Շնորհալիներու խնկաբոյր աղօթքներն ու շարականները դառնան ճառագայթումները իր քրիստոնէական էութեան։ Այնուհետեւ ապրին եւ ապրեցնեն եկեղեցւոյ աղօթքներն ու շարականները իրենց ամէնօրեայ կեանքին մէջ։

Շար. Է.                                                          

Ոսկան Մխիթարեան

Մեկնաբանել

Լատինատառ հայերենով գրված մեկնաբանությունները չեն հրապարակվի խմբագրության կողմից։
Եթե գտել եք վրիպակ, ապա այն կարող եք ուղարկել մեզ՝ ընտրելով վրիպակը և սեղմելով CTRL+Enter