HY RU EN
Asset 3

Բեռնվում է ...

Էջի վերջ Այլ էջեր չկան բեռնելու համար

Որոնման արդյունքում ոչինչ չի գտնվել

Հայց. եկեղեցւոյ բարեկարգութեան հրատապ հարցը

Պահեցողութիւն 

 Ոչ-քրիստոնէական՝ արեւելեան հին կրօններու մէջ եւս պահքը կամ ծոմապահութիւնը գոյութիւն ունեցած է։  Պրահմականութեան մէջ ծոմապահութիւնը մաս կազմած է ժողովուրդի ընկերային-հասարակական եւ հոգեւոր կեանքին։ Նոյնն  էր սովորութիւնը եգիպտացիներու  մօտ, որոնք մասնաւոր տօնակատարութեանց կը պատրաստուէին յատուկ ծոմապահութիւններով։              Յունական դիցաբանութեան մէջ ալ կը կարդանք ծոմապահութեան մասին, ինչպէս նաեւ Հռոմի մէջ՝ ուր տեղի կ’ունենային Արամազդի եւ Սէրէզի տօնախմբութիւնները։ Հրեաներն ալ ծոմապահութեան գաղափարը ժառանգեցին եգիպտացիներէն, իսկ քրիստոնեաներն ու մահմետականները՝ հրեաներէն։

Կրօնաբարոյական ըմբռնումով՝ պահեցողութիւնը ձեւով մը լաւագոյն միջոցն է որով մարդ անհատը ոյժ կը ստանայ իշխելու իր մարմնին եւ նուաճելու իր կիրքերը։  Այս հասկացողութեան լաւագոյն օրինակը տուաւ Աստուածորդին՝ երբ կը պատրաստուէր իր երկրաւոր առաքելութեան։

Կրօնաբարոյական այս ըմբռնումէն անկախ՝ նկատի պէտք է ունենալ առողջապահական բարիքները, բժշկական անկիւնէն դիտուած։ Սննդառութեան չափազանցութիւնը այսօր տիեզերական վատառողջութիւն մը ստեղծած է։ Մարդիկ հիւանդ են՝ որովհետեւ սննդառութեան հետապնդումի չափազանցութեան մէջ ընկղմած են եւ շատակերութիւնը կը նկատեն հաճոյք եւ կենցաղավարութեան միակ նպատակ։

Եթէ մեր նախնիք աւելի առողջ, կայտառ եւ զօրաւոր էին քան մենք այսօր, պատճառներէն մէկն ալ այն էր--բացի չքաւորութենէն-- որ անոնք իրենց ակամայ զրկումներու եւ կամաւոր ծոմապահութեան օրերը ապրեցան եւ այդպէսով թոյլ տուին որ իրենց մարմնի գործարանները իրենց պաշտօնը կատարեն կանոնաւորութեամբ։

Բժշկական հասկացողութեամբ՝ սնունդէ զրկումը նախ յառաջ կը բերէ քաղցի-անօթութեան զգացումը, տեսակ մը ջղային գրգրում ու ապա տկարութեան զգացում մը։ Սակայն եւ այնպէս, միեւնոյն ատեն շարժման մէջ կը դնէ թաքուն երեւոյթներ, որոնք շատ աւելի կարեւոր են մեր առողջութեան համար։ Օրինակի համար, լեարդին շաքարը շարժման մէջ կը դնէ, ինչպէս նաեւ ենթամաշկի ամբարներուն ճարպը, մկաններուն, գեղձերուն, լեարդային բջիջներու փրոթէինները (protein): Մարդկային մարմնին բոլոր գործարանները, իրենց սեփական նիւթերը կը զոհեն պահպանելու համար մարմնին առողջութիւնն ու սրտին ամբողջականութիւնը։ Մէկ խօսքով՝ ծոմապահութիւնը կը մաքրէ եւ կը կերպարանափոխէ մեր ամբողջ էութիւնը։

Բժշկագիտական փորձերը այսօր ցոյց տուած են որ որոշ ծոմապահութեամբ կարելի է ապահովել երկարակեցութիւն՝ նոյնիսկ անասուններու պարագային։ Հիմնուելով  բժշկագիտական նման տուեալներու վրայ, կրնանք յայտարարել թէ՝ քրիստոնէական հին սովորութեամբ նուիրագործուած ծոմապահութիւնը եւ անոր գործադրութիւնը՝ ո՛չ միայն կրօնական, այլ եւ առողջապահական իմաստով կը նպաստէ մեր կազմախօսական գործարաններուն, իրենց սահմանուած պաշտօնները կանոնաւորապէս կատարելու։

Քրիստոնէական նախնական եկեղեցին պահք ըսելով ծոմապահութիւն կը հասկնար. իսկ այսօրուան պահքի հասկացողութիւնն ու եկեղեցւոյ հրահանգները յետսամուտ են ընդհանրապէս։ Ծոմապահութիւնը սահմանուած էր Զատկի տօնին պատրաստուելու համար։   Քառասնօրեայ Մեծ Պահքի կամ ծոմապահութեան մերօրեայ հասկացողութեան տեղ՝ քառասուն ժամուան ծոմապահութիւն մը միայն գոյութիւն ունէր, ընդհանուր Եկեղեցւոյ հայրերէն Իրենիոսի վկայութեամբ։ Մերօրեայ Մեծ Պահքը կը բաղկանայ ութ շաբաթներէ, Առաջաւորացն ալ միասին հաշուելով։ Եւ որովհետեւ շաբաթ եւ կիրակի օրեր պահեցողութիւնը արգիլուած էր նզովքով (Կանոն Թադէոս առաքեալի թիւ 27), հետեւաբար ութ շաբաթներէն կիրակիներն ու շաբաթները (16 օր) զեղչելով կ’ունենանք Մեծ Պահոց քառասուն օրերը։

Ժամանակի ընթացքին Զատկի տօնին պատրաստուելու սովորութիւնը ընդհանրացաւ եւ ուրիշ տօներ ալ համեմատաբար ունեցան զիրենք կանխող նախապատրաստական պահեցողութեան օրերը։ Նոյն ատեն՝ տօնական օրերէն անջատաբար, չորեքշաբթի եւ ուրբաթ օրերն ալ յատկացուեցան պահեցողութեան։   

Հետզհետէ ստուարացող պահեցողութեան այս կարգադրութիւնները ե՞րբ սկսած են մեր մէջ եւ եկեղեցական ո՞ր ժողովներու կողմէ սահմանուած եւ որոշուած են, կը մնայ անծանօթ։  Մեզի կը պակսին յստակ, ստոյգ որոշ տեղեկութիւններ։

Ահաւասիկ կարճ բացատրողական ներածականէ մը ետք տեսնենք թէ պահքը կամ ծոմապահութիւնը ի՞նչ դեր կը խաղան մեր կրօնաբարոյական կեանքին մէջ։ Դժբախտաբար՝ կրօնական գիտելիքներու եւ զգացումներու թուլացումին հետեւանքով, ժողովուրդը հրաժեշտ տուաւ պահքի սովորութեան եւ այսօր շատ փոքր եւ զանցառելի թիւով անհատներ կը պահեն պահքի սովորութիւնը, այն ալ կրճատուած ձեւով եւ անհատական հասկացողութեամբ ու մեկնաբանութեամբ։

Այսօր՝ Հայց. Եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսական Ընդհանուր Ժողովին կը մնայ պարտականութիւնը՝ նկատի առնել ժողովուրդի կողմէ արդէն իսկ ընդհանրացած այս զանցառութիւնները եւ, եթէ հարկ նկատեն, պաշտօնապէս ջնջեն նաեւ իրենց իմաստէն մերկացած պահքերը, եւ պահեն միայն մէկական շաբաթ պահք՝ Զատկի եւ Ծնունդի տօներուն համար։  

Նկատի ունենալով պահքի կրօնական ըմբռնումի թուլացումը մարդկային կեանքին մէջ, որպէս միջոց մեղքերու թողութեան եւ հոգեկան մաքրագործումի, անհրաժեշտ է շեշտել պահեցողութեան առողջապահական ըմբռնումը եւ զայն դարձնել մարդկային ֆիզիքական կեանքը կանոնաւորող միջոց։ Դժբախտաբար մարդիկ այսօր դարձած են ստամոքս մը, եւ ամբողջութեամբ կլանուած վայելքի եւ հաճոյքի զգացումներէն։ Ամէն մտածում եւ աշխատանք նուիրած ու սեւեռած են ստամոքսի գոհացումին։  Մարդ արարածը կորսնցուցած է վայելքի կիրքերը սանձելու իր կարողականութիւնը։  Զրկումի գաղափարն իսկ անհանդուրժելի դարձած է  բոլորին համար, որովհետեւ ան կը կաշկանդէ ախորժակներու եւ կիրքերու անսանձ  կիրարկումը։

Այս բոլորէն վեր, անշուշտ կը մնայ ծոմապահութիւնը որպէս միջոց միստիք ապրումի եւ հոգեբանական ազնիւ հակումներու։   Դժբախտաբար քրիստոնէական քաղաքակրթութիւնը նոր սերունդներուն մէջ ցամքեցուցած է հոգեկան հայեցողութեան, աննիւթին ու բարոյականին տենչացող ազնիւ խոյանքները։ Շատ ունենալու եւ շատ վայելելու հրամայական պէտքն ու յօժարութիւնը քանդած են մարդուն հոգեկան եւ բարոյական տաճարը։

Բոլոր կրօններու հիմնադիրները, իրենց գործունէութեան պատրաստուած են ծոմապահութեան կամաւոր զրկումէ ետք։ Տիպար մարդուն արժէքը կը սկսի հիմնաւորուիլ այն օրէն՝ երբ ան կը սկսի տիրանալ ինզինքին իշխելու, ինքզինքը որոշ նպատակի մը առաջնորդելու կարողութեան։ Ահաւասիկ այդ նորաստեղծ անհատականութեան մեծապէս պիտի նպաստէ կամաւորապէս գործադրուած ծոմապահութեան ազնիւ սովորութիւնը։

Բոլորս ալ գիտենք որ սննդառութեան չափազանցութիւնը  այսօր տիեզերական վատառողջութիւն մը ստեղծած է։  մարդիկ ոչ՛ միայն հիւանդ են բարոյականով, այլեւ ֆիզիքականով։  Չափազանցած չենք կրնար ըլլալ՝ եթէ յայտարարենք որ մեր վայելած առողջութիւնը արուեստական է։  Ահաւասիկ այս հիւանդագին մտայնութեան սերմերը պէտք է փնտռել մեր օգտապաշտ քաղաքակրթութեան հետապնդած ուղղութեան մէջ։

Արդեօք Եկեղեցին պիտի կարենա՞յ  մարդուն մէջ վերստեղծել կորսուած հոգեւոր ներդաշնակութիւնը։  Պիտի կարենա՞նք ունենալ ձեռնհաս առաքեալներ ու քարոզիչներ որոնք պիտի կարողանան այդ հրաշքը գործել, թէ՝ պիտի մնանք հին համոզումներու վրայ ձեւուած, լճացած եւ ուծացած մի կրօնական կազմակերպութիւն։   

Բարեբախտաբար Հայց. Եկեղեցին կրօնական հաստատութեան մը հանգամանքէն անկախ, նաեւ ազգային աւանդութիւններու, ազգային միութեան եւ բաղձանքներու օրրան մըն է՝ միջնաբերդի հանգամանքով օժտուած։ Կրօնապէս ան կրնայ անտեսուած ըլլալ իր ժողովուրդէն՝ ինչպէս բոլոր քրիստոնէական եկեղեցիները այսօր, սակայն ոչինչ կը կորսնցնէ իր դարաւոր հմայքէն եթէ մեր նուիրեալ, իր կոչումին խոր գիտակցութիւնը ունեցող եկեղեցականութիւնը գիտնայ զայն մօտեցնել ժողովուրդի սրտին եւ հոգիին։

 Շար. Ը.                                                          

Ոսկան Մխիթարեան 

Մեկնաբանել

Լատինատառ հայերենով գրված մեկնաբանությունները չեն հրապարակվի խմբագրության կողմից։
Եթե գտել եք վրիպակ, ապա այն կարող եք ուղարկել մեզ՝ ընտրելով վրիպակը և սեղմելով CTRL+Enter