
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսարանի արեւմտահայերէնի դասընթացք
Արեւմտահայերէնի անթերի գործածութեան եւ անոր պայծառ դիմագիծի պահպանման նախանձախնդրութենէն մեկնած` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Կրթական-Հայագիտական Բաժանմունքի գրասենեակը, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ ու քաջալերանքով, որոշեց իրականացնել հայ լեզուի խտացեալ դասընթացք մը` ուսուցիչներուն, ազգային, կրթական եւ միութենական կառոյցներու մէջ ծառայող քարտուղար-քարտուղարուհիներուն եւ հայերէնի հանդէպ յատուկ սէր տածող հայորդիներուն համար:
Շաբաթական երկօրեայ դրութեամբ, Կաթողիկոսարանի շրջափակէն ներս, Երեքշաբթի եւ Ուրբաթ օրերը, յետ միջօրէի ժամը 5.00-7.00, մասնակիցներուն պիտի փոխանցուին քերականական, շարահիւսական, ուղղագրական եւ լեզուական կարեւոր գիտելիքներ: Չորս ամիսներու վրայ երկարող այս խտացեալ դասընթացքին նիւթերը պիտի աւանդեն Տոքթ. Արմենակ Եղիայեան եւ Տեարք` Ժիրայր Դանիէլեան, Կարօ Յովհաննէսեան եւ Սարգիս Կիրակոսեան:
Ծրագիրը գործադրութեան պիտի դրուի դիմում կատարած ենթականերուն պարզած պատկերին լոյսին տակ:
Մեկնաբանել